ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

Դպիրները կ՚երգեն. «Աստուծոյ Որդի, որ Հայրը մեզի հետ հաշտեցնելու համար պատարագուելով կը բաշխուիս մեր մէջ որպէս կենաց հաց. կ՚աղաչենք Քեզի, Քու Սուրբ Արեանդ հեղումով ողորմէ՛ Քու Արիւնովդ փրկուած հօտին»: Դարձեալ վկայութիւն մըն է, որ դպիրներուն շուրթներով ամբողջ ժողովուրդը կը բարձրաձայնէ, խոստովանելով, թէ Տէր Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին, որպէսզի մեզ՝ Աստուծոյ ձեռագործը եղող մարդիկս հաշտեցնէ մեր Արարիչին հետ, Ինքզինք որպէս պատարագ, որպէս ընծայ մատուցեց Հօր Աստուծոյ: Տակաւին, պատարագուելով որպէս Կենաց Հաց կը բաշխուի բոլոր մարդկութեան:

Կարդանք Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած տողերը, ուր Տէր Յիսուս կը յայտարարէ, թէ Ի՛նքն է կեանքի հացը:

«ՅԻՍՈՒՍ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՑԸ

Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝ որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ որ հոն միայն մէկ նաւակ կար, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձին գացին. իսկ Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ։ Յետոյ Տիբերեայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բազմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն։ Ժողովուրդը տեսնելով որ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ Իր աշակերտները, նաւակները առին եւ Կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար։ Երբ զԻնք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին.

-Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս։

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

-Կ՚ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք։ Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու,  ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած Իր հաւանութեան կնիքը դրաւ Անոր վրայ։

Անոնք հարցուցին.

-Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք։

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

-Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք Անոր՝ որ Ինք ղրկեց։

Անոնք ըսին.

-Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ Քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես։ Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է. «Անոնց երկինքէն հաց տուաւ ուտելու համար»։

Յիսուս անոնց ըսաւ.

-Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր։ Հայրս է, որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։ Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը Ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին։

Անոնք ըսին.

-Տ՜էր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը։

Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ Ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։ Բայց հիմա ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար։ Բոլոր անոնք որ Հայրը Ինծի կու տայ՝ Ինծի պիտի գան, եւ Ես Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ Ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ Իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը Անոր՝ որ զիս ղրկեց։ Զիս ղրկող Հօրս լոր անոնցմէ՝ որ Ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ Անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ Ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։

Հրեաները սկսան տրտնջալ Իրեն դէմ, որովհետեւ ըսած էր՝ թէ «Ես եմ երկինքէն իջած հացը», եւ կը հարցնէին.

-Այս մարդը Յովսէփի որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը կը ճանչնանք. ինչպէ՞ս ուրեմն կ՚ըսէ՝ «Ես երկինքէն իջայ»։

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

-Կը բաւէ՛ դուք ձեզի քրթմնջէք։ Ոեւէ մէկը չի՛ կրնար Ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն Ինծի չբերէ. եւ Ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ Մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է. «Ամէն մարդ Աստուծմէ սորվուած պիտի ըլլայ»։ Ով որ Հօրմէս կը լսէ եւ Իրմէ կը սորվի՝ Ինծի կու գայ։ Ոչ ոք Հայրը տեսած է, բացի Անկէ՝ որ Աստուծմէ է, որովհետեւ միայն Անիկա տեսած է Հայրը։ Ու Ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ով որ Ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի։ Ե՛ս եմ կեանքի հացը։ Ձեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, բայց մեռան. մինչդեռ ով որ ուտէ երկինքէն իջած այս հացէն՝ պիտի չմեռնի։ Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ Ես պիտի տամ՝ Իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ։

Այս խօսքին վրայ Հրեաները սկսան իրարու հետ բուռն կերպով վիճաբանիլ, ըսելով.

-Ինչպէ՞ս կրնայ այս մարդը Իր մարմինը մեզի տալ ուտելու համար։

Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք Անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ։ Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք։ Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք։ Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի եւ Ես՝ անոր մէջ։ Ինչպէս Հայրը, որ զիս ղրկեց, կ՚ապրի, Ես ալ Իրմով կ՚ապրիմ։ Նմանապէս, ով որ Իմ մարմինս կ՚ուտէ՝ պիտի ապրի ինձմով։ Ա՛յս է երկինքէն իջած հացը։ Ասիկա չի նմանիր այն մանանային, որ ձեր հայրերը կերան եւ յետոյ մեռան։ Ով որ այս հացը ուտէ՝ յաւիտենական պիտի ապրի» (Յհ 6.22-58):

Այստեղ, վերը մէջբերուած հատուածին վերաբերեալ հատուածներ կը տեղադրենք Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի Յովհաննէսի Աւետարանին մեկնութենէն: Այսպէս.

Խօսք. «Դուք զիս կը փնտռէք՝ որովհետեւ այդ հացէն կերաք» (տե՛ս Յհ 6.26):

Մեկնութիւն. Երեք պատճառի համար յանդիմանեց. նախ՝ որովհետեւ հրեաներէն շատեր կը փնտռէին զԻնք մարմնաւոր կերակուրին համար, որ անոնց տուաւ ու կը յուսային դարձեալ ստանալ: Երկրորդ, որովհետեւ ո՛չ թէ հաւատքի ու նշաններուն համար կը փնտռէին զԻնք, այլ՝ խաբէութեամբ: Երրորդ, յանդիմանեց, որպէսզի հոգեւոր գործը սորվեցնէ:

Խօսք. «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ 6.27):

Մեկնութիւն. Առաջին միտք՝ իւրաքանչիւր չար գործ կորստական է. նախ՝ որովհետեւ ինք կորստական է: Երկրորդ՝ գործողը կը կորսնցնէ:

Իսկ բարի գործը մնացական է. նախ՝ ըստ ինքեան: Երկրորդ՝ գործողը մնացական կը դարձնէ յաւիտենական կեանքին մէջ:

Դարձեալ, մարմինի կերակուրը կորստական է չորս կերպով. նախ՝ ըստ իրին, թէ ինչքան է իր էութեան մէջ, անօգուտ է մեզի, եւ երբ մեր մէջ կը կրենք, այդ իրը կ՚ապականի, որովհետեւ կերակրուիլը կրել կը լսուի: Երկրորդ, որովհետեւ քիչ ժամեր մեզի զօրութիւն կու տայ եւ այդ ալ կը կորսուի: Երրորդ, որովհետեւ յիշատակն ալ կը մոռցուի: Չորրորդ, եւ վարձք ալ չունի:

Սոյնպէս չորս բանով կը կորուսանէ. ըստ իրին, ըստ զօրութեան, ըստ յիշումին, ըստ վարձքին: Եւ դուն տե՛ս, որովհետեւ եթէ կերակուրը, որ մեր էութեան կը խառնուի, այնպէս կորստական է, ինչքա՞ն աւելի եւս ստացածները, որոնք օտար են ու մեզմէ հեռու:

Իսկ հոգեւոր կերակուրը չորս բանով մնացական է. նախ՝ ըստ իրին: Երկրորդ՝ ըստ մեզի տուած օգուտին: Երրորդ՝ Աստուծոյ մօտ յիշմամբ: Չորրորդ՝ հատուցման վարձքով:

Խօսք. «Որովհետեւ այս հացը Աստուծմէ կ՚իջնէ» (տե՛ս Յհ 6.33):

Մեկնութիւն. Այստեղ Իր Մարմինն ու Արիւնը մանանայէն աւելի բարձր կը դնէ՝ վեց կերպով.

Նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս Աստուած է, եւ Իր մարմինը՝ Աստուծոյ մարմին, ինչպէս կ՚ըսէ. «Այս հացը Աստուծմէ է», իսկ մանանան՝ Աստուծոյ հրամանով նոր իր գոյացաւ:

Երկրորդ, Քրիստոսի մարմինը երկինքէն է Աստուածութեան համար, իսկ մանանան օդէն, ցօղի կամ եղիամի նման իջած:

Երրորդ, ճշմարիտ քաղցրութեան համար, որովհետեւ Քրիստոսի մարմինը ճշմարիտ քաղցր եւ ծայրագոյն բարի է, իսկ մանանան՝ այս բարութեան ստուերական նմանութիւնը:

Չորրորդ, օգտակարութեան համար, որովհետեւ մանանան մարմնաւոր կեանք կու տար ուտողներուն, իսկ Քրիստոսի մարմինը՝ հոգեւոր եւ յաւիտենական կեանք կու տայ:

Հինգերորդ, որովհետեւ Բանն Աստուածը մարմնացեալ կերակուր է բոլոր հաւատացեալներուն համար, իսկ մանանան՝ միայն հրեաներուն տրուեցաւ:

Վեցերորդ, մանանան որոշ ժամանակի մը համար էր, իսկ Քրիստոսի մարմինը հաւատացեալներուն համար մշտամնայ կերակուր է. այստեղ՝ հացին խորհուրդով, այնտեղ՝ իմանալի տեսութեամբ, այն է՝ «Հօր սեղանին պիտի նստեցնէ ու պիտի սպասարկէ» (տե՛ս Ղկ 12.37):

Խօսք. «Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը» (Յհ 6.34):

Մեկնութիւն. Երբ ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կրնանք հասնիլ հոգեւոր կերակուրին, այժմ կը ցուցնէ, թէ ի՞նչ է այդ կերակուրը:

«Կ՚ըսեն, մի՛շտ տուր մեզի». նախ՝ հրեաները երբ այս հացի բարութեան մասին լսեցին, այդ պատճառով միշտ կը խնդրեն, որպէսզի առանց աշխատելու ուտեն: Երկրորդ, ինչպէս սամարացի կինը ըսաւ՝ «Տէ՛ր, տուր մեզի այդ ջուրը, որպէսզի այստեղ չգամ ջուր հանելու» (տե՛ս Յհ 4.15), իսկ հոգեւոր ջուրը չէր իմանար, նոյնպէս ալ ասոնք հոգեւոր հացը չիմացան, այդ պատճառով Քրիստոս ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ է այս հացը:

Խօսք. «Ես եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.35):

Մեկնութիւն. Հացին ներգործութիւնը մարմինին կենդանութիւնը պահելն է, իսկ Քրիստոս ո՛չ միայն կենդանութիւնը կը պահէ, այլեւ՝ հոգեւոր եւ յաւիտենական կեանք կու տայ: Եւ այս է երրորդ խօսքը՝ որ ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս Աստուած է, որովհետեւ Անոր մարմինը կեանքի եւ անմահութեան հաց է:

Խօսք. «Ան որ Ինծի կու գայ, պիտի չանօթենայ ու պիտի չծարաւնայ» (Յհ 6.35):

Մեկնութիւն. Գալը հաւատքով եւ սիրով կ՚ըսէ:

Խօսք. «Բոլոր անոնք որ Հայրը Ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան» (Յհ 6.37):

Մեկնութիւն. Նախ տեսնենք, թէ ի՞նչ է Հօր տալը: Գիտելի է, թէ առաքեալները ի սկզբանէ Հօրմէն ընտրուած են:

Հօր տալը երեք կերպով է. նախ՝ յայտնել հաւատքը, ինչպէս Պետրոսին ըսաւ: Երկրորդ, Հօր տալը կամենալն է, որ ընտրեալներուն փրկութեան կ՚ախորժի: Երրորդ, տալը դէպի հաւատք առաջնորդելն է, թէ՛ ծածկաբար եւ թէ ալ յայտնապէս, ըստ այնմ. «Որեւէ տունկ, որ երկնաւոր Հայրս չէ տնկած՝ արմատախիլ պիտի ըլլայ» (Մտ 15.13):

Խօսք. «Ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (Յհ 6.40):

Մեկնութիւն. Այս է կարգը. նախ՝ այստեղ մահն է, ապա՝ յարութիւնը, ապա՝ դատաստանը, ապա՝ յաւիտենական կեանքը, որ հատուցումն է: Ասով կը մորմոքեցնէ հրեաները, որ կ՚ըսէ, թէ Ի՛նքն է այս բաները ներգործողը:

Դարձեալ՝ «պիտի յարուցանեմ» կ՚ըսէ, երեք պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ Ինք Աստուած է, որովհետեւ յարութիւնը Աստուծոյ զօրութեամբ կ՚ըլլայ, եւ ո՛չ թէ՝ մարդկային տկարութեամբ: Երկրորդ, քանի որ Քրիստոսի յարութիւնը ըստ մարմինի պատճառ ու օրինակ է [մեր] հասարակ մարմինի յարութեան: Երրորդ, որովհետեւ այդ յարութիւնը պարգեւներու հատուցումին համար կ՚ըլլայ, որ միայն Աստուծմով կարելի է պարգեւուիլ, իսկ թէ երբեմն բարձրագոյնները եւ երբեմն խոնարհագոյնները կը ճառէ, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ այս հատորի համարին մէջ:

Խօսք. «Ո՛չ ոք կրնայ Ինծի գալ՝ եթէ Հայրս զայն Ինծի չբերէ» (Յհ 6.44):

Մեկնութիւն. Նախ՝ այն է տեսութիւն, ինչպէս ըսուեցաւ Որդիին տալուն մասին երեք կերպով, այսինքն՝ շնորհքով, կամքով ու առաջնորդելով: Դարձեալ՝ Մեկնիչդ1 կրկին կ՚ըսէ. նախ՝ հաւատքով, երկրորդ՝ մարգարէներով, որովհետեւ ով որ Հօր կը հաւատայ, սակայն Անոր Բանը կ՚ուրանայ, այդպիսին Հօր չի հաւատար: Դարձեալ, այլ վարդապետներ կ՚ըսեն, որովհետեւ իր մը չի՛ կրնար վերանալ դէպի այն, որ բարձր է, բացի եթէ ուրիշէ մը դէպի այն չբերուի [չքաշուի], ինչպէս որ քարը չի՛ կրնար դէպի վեր ընթանալ, եթէ ոչ ուրիշներու շարժմամբ, իսկ հաւատքը տեսակցեալ սիրով կերպով մը մարդը դէպի աստուածային բնութիւն կը քաշէ, ինչպէս որ Պետրոս իր ընդհանրական թուղթին մէջ կ՚ըսէ. «Որով մեծամեծ ու պատուական աւետիսներ պարգեւուած են մեզի, որպէսզի անոնց միջոցով աստուածեղէն բնութեան հաղորդակից ըլլանք» (Բ. Պտ 1.4):

Խօսք. «Ով որ Ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի» (Յհ 6.47):

Մեկնութիւն. Սիրով հաւատքը կ՚ըսէ, որ ի սպառ ուղիղ կերպով ի սէրն Աստուծոյ կայ: Եւ դարձեալ՝ ով որ այնպէս կը հաւատայ, այդպիսին կը ճաշակէ մարմնացեալ Բանը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.48):

Խօսք. «Ե՛ս եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.48):

Մեկնութիւն. Եւ գիտելի է, թէ հացը տասը կերպով կը լսուի. նախ՝ հաց, այսինքն՝ խնդրողներուն տրուած է: Երկրորդ, հաց, այսինքն՝ խնդրողներուն հաւատքով կը փրկէ: Երրորդ. հաց, այսինքն՝ կեանք տուող: Չորրորդ. հաց, որ մարդոց կերակուր է: Դարձեալ՝ հաց երեք տառ եւ մէկ վանկ. նախ՝ որովհետեւ երեք բանէ միացած է մէ՛կ Քրիստոսը: Երկրորդ, որովհետեւ եռակի կը տարորոշէ Քրիստոսի մարմինը: Երրորդ, քանի որ մարմինով, հոգիով եւ միտքով կը ճաշակենք հացը: Չորրորդ, որովհետեւ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը հաղորդուինք Անոր: Հինգերորդ, քանի որ մարմինին, հոգիին եւ խօսքերուն մեղքերու թողութիւն կը շնորէ: Վեցերորդ, որովհետեւ այստեղ, մահէն ետք եւ յարութեան փրկութիւն է զԻնք ընդունողներուն համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5

6 յունիս 2022, Վաղարշապատ


1Նանան:

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022