ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ

Հաւանաբար վերջին քսան տարուայ մէջ ամենախօսուած նիւթերէն մէկն է համաշխարհայնացումը, թէ՛ մասնագիտական շրջանակներուն եւ թէ՛ պարզ ամենօրեայ զրոյցներուն մէջ սովորական մարդոց կողմէ:

Համաշխարհայնացումը մէկ ու միասնական որակում ու սահմանում չունի. այն կրնայ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու տարբեր դրսեւորումներ, կառոյցներ ու շարժեր ունենալ, բայց եթէ փորձենք պարզագոյն եւ ուղղակի իմաստով հասկնալ ու դիտարկել այդ մէկը, կրնանք ըսել, որ համաշխարհայնացում կը նշանակէ՝ բաց աշխարհ ու գրեթէ նոյնակերպ ապրուստ ամէն տեղ:

Պատմականօրէն, եւ նոյնինքն հասնելով մեր օրերուն, համաշխարհայնացման ճիգն ու անոր կառուցուածքային ուղեգիծն ու կենսունակութիւնը բնականաբար առընչուած է քաղաքական կառոյցի մը գործունէութեան հետ. օրինակ՝ որեւէ պետութեան կազմութիւնը կամ նոյն այդ պետութեան մեծացումն ու կայսրութեան վերածումը՝ տեւաբար զուգակցած է վարչական ու ռազմական ջանքով մը, առաւելագոյն չափով ընդլայնում եւ այսպէս ձեւակերպուած՝ նուաճումներ ապահովելու համար: Այդ նուաճումները աշխարհակալական հենք ունին եւ բոլոր կայսրութիւնները փորձած են առաւելագոյն սահմաններով աճիլ ու աշխարհը ինքնուրոյն ղեկավարել: Եւ նախ եւ առաջ նոյն այդ աշխարհակալական եղանակներով է, որ համաշխարհայնացումը կայացած է ու ձեւաւորուած՝ սկսեալ Հռովմէական կայսրութենէն հասնելով սպանականին ու անգլիականին, որոնք ուզած են այսպէս ըսած՝ աշխարհը բանալ ու ղեկավարել:

Փաստացիօրէն չխուսափելով քաղաքական բովանդակութենէն՝ համաշխարհայնացման մէջ նախ եւ առաջ ղեկավարի մը դերն ու գործունէութիւնն են, որոնք առաջ կու գան եւ հետեւանքներ կը ձգեն։ Այդպիսի դերերն ու գործունէութիւններն են, որոնք ձեւակերպում տուած են որեւէ պատմական կամ արդի համաշխարհայնացման:

Աշխարհը իր ղեկավարմամբ ու նուաճումներով միշտ փափաքած է ըլլալ համաշխարհային եւ հաւանաբար առաջին ղեկավարն ու նուաճողը, որ ուզած է տեսնել համաշխարհայնացած աշխարհ, յատկապէս քաղաքակրթական վերջնական համարկումով մը, Ալեքսանտր Մակեդոնացին է, որ փորձեց արեւելքն ու արեւմուտքը միացնել ու կերտել առաջին բաց ու փոխկապակցուած եւ ընդելուզուած աշխարհ մը: Իսկ եթէ փորձ մը ընենք ներկայ աշխարհի համաշխարհայնացումը բնութագրելու բաղդատած անցեալ դարերուն հետ՝ կը տեսնենք, որ հակառակ ամերիկեան ղեկավարման ու հունաւորման ներկայիս միջազգային բացուածութեան, թեքնոնժիք յեղափոխութեամբ կազմուած ոչ-կեդրոնական ու տնտեսական մեծ փոխլրացուցիչ աշխարհը անցեալի չափ քաղաքական անազատութեան մէջ չէ, այսինքն հիմա ունինք աննախադէպօրէն աւելի ազատ ու բաց աշխարհ, ինչ որ հակառակ աթոմական ռումբերու առկայութեան, մեր ժամանակները կը դարձնեն աւելի հասկնալի ազգերուն, ժողովուրդներուն, երկիրներուն ու ցամաքամասերուն համար:

Առանց չափելու հոս այժմեան համընդհանուր թշնամութիւններուն աստիճանները, կարելի է նկատել, որ բացուածութիւնն ու չդադրող շփումները երկիրներու ու մանաւանդ հաւաքականութիւններու եւ անհատներու միջեւ, կը մեղմացնեն թշնամութիւնները ամէն տեղ ու համատարած անհանդուրժողականութիւնները կը վերացնեն ձեւով մը:

Ներկայ ժամանակներու համաշխարհայնացումը շատ մը ազգերու եւ երկիրներու համար բողոքի եւ բացասականութեան ալ առարկայ կը դառնայ, քանի շատեր վտանգուած կը տեսնեն զիրենք ձուլուելու, հալելու մեծ աշխարհին մէջ եւ նոյնիսկ կորսնցնելու իրենց ինքնիշխանութիւնը:

Իսկ միւս կողմէ, առանց խորանալու մէկ աշխարհ ու մէկ ղեկավարում կամ ուրիշ դաւադրական տեսութիւններու մէջ, համաշխարհայնացումը իր փոքր տեղական ու մեծ համընդհանուր մակարդակով կարգ մը ժողովուրդներու եւ երկիրներու համար դրական ազդակ ու պարարտ հող է եւ առիթ կ՚ընծայէ՝ մշակոյթ, գիտութիւն եւ ընկերային ստեղծագործութիւններ տարածելու իմաստով:

Օրինակ՝ հայերն ու հրեաները միշտ իրենց պատմութեան մէջ եղած են միջազգային ազգեր ու կրցած են պահել իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը եւ միեւնոյն ժամանակ շատ բան տալ աշխարհին:

Համաշխարհայնացումը ներկայիս արդէն իրողութիւն է, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ է անոր ճարտարապետն ու շարժիչ ուժը եւ կարելի է ըսել, որ անձ-անհատը ո՛ւր որ ալ ապրի ներկայ աշխարհին մէջ, կամ ո՛ր երկրին ալ քաղաքացին ըլլայ, շատ բան ունի բաժնեկցնելու, փոխանակելու, նոյնականացնելու կամ լրացնելու հեռու կամ մօտ գտնուող ուրիշ անհատներու եւ ընկերութիւններու հետ:

Այո՛, պետութիւններուն դերը տակաւին մեծ է, բայց ազատ տեղափոխումները, վաճառականութիւնները, համագումարներն ու մեծ համաշխարհային ընկերութիւններն ու կազմակերպութիւնները ստեղծած են տեղի, հասցէի, ուղղութեան նուազագոյն յարաբերութիւններ, դիւրացնելով ձեւով մը կեանքը եւ տեղ մըն ալ աւելի հետաքրքրական դարձնելով զայն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

20 յունիս 2022

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022