«ԿԱՆԱՉ» ՁԵՌՔ
Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ:
Օր մը, մեր տան ետեւի բաժինը, որ քանի մը պտղատու ծառերով շրջապատուած եւ անուանած՝ «մեր մեծ պարտէզը», այր եւ կին վերջապէս որոշեցինք անկէ որոշ բաժին մըն ալ յատկացնել բանջարանոցի մը համար: Ուրիշ ի՞նչ անուն կրնայի տալ: Չեմ գիտեր:
-Բաւական լաւ եւ պարարտ ու անմշակ խոտածածկ հող ունէինք.- մտովի ես զիս կը համոզէի.- իսկապէս կրնայինք ո՛չ միայն բանջարեղէններ կամ թուփեր տնկել, այլ շատ մը ուրիշ բաներ ալ:
Ու աշնանացած առաւօտ մըն էր, երբ բաւական դժուար հեռացայ թուղթերէս, համակարգիչէս, տետրակներէս, նոյնիսկ մատիտներէս, ուղղակի նոր աշխատանքիս համար պարտէզ ուղղուեցայ, քաջ եւ համարձակ: Նախ «կարաժ»էն ձեռնոցներ եւ տեսակաւոր պարարտացուցիչներու տոպրակներու հետ բահ, բրիչ շալկելով մօտեցայ հողաշերտին: Գիտէի «ընելիքներս»: Ինծի համար դիւրին գործ մը չէր: Պարտիզպան ըլլալ... պարտիզպանութիւն ընել: Ես ո՜ւր, «պարտիզպանութիւնն» ուր: Լեռ ու ձոր տարբերութիւն կար:
Թէեւ այս որդեգրում-որոշումովս կամաց կամաց ազատ ժամերու մուրացկան մը պիտի դառնայի, բայց ուրիշ ելք չունէի: Որոշած էինք եւ վերջ: Այս անգամ ես էի կամաւորը նման ծրագրի իրականացման: Ու անմիջապէս ներքին հաշտութեան զգացում մը զիս պատած էր: Կարծես նոր ուժ առած էի: Ես արդէն պատրաստ էի:
Դուրսէն տեսնողը պիտի կարծէր, որ ե՛ս մեր տան ամենէն երիտասարդն էի:
Նախ, ամբողջ ուժովս, բահով հողը փորել փորձեցի: Ուզեցի տակն ու վրայ ընել: Սակայն հողը չոր եւ կարծր գտայ: Զարմանալի եւ նոյնքան ալ իրական: Շաբաթը քանի մը անգամ ծառերուն հետ, այս մասն ալ ջրած էի: Իսկապէս որ ի տես այս իրականութեան, վայրկեաններս կորսնցուցած էին իրենց շրջագիծը: Անպիտան հողակոյտը հարուածներուս յամառօրէն կը դիմադրէր: Հողը կարելի չէր տեղէն շարժել: Ու յանկարծ անօրինակ բացագանչութիւն մը փրթաւ բերնէս: Հառաչանքի նման քանի մը բառեր, կուրծքէս պոկուիլ սկսած էին, ինքնածին, նոյնքան ալ անհանգիստ: Չէի կրնար դիմանալ... ձեռքս չէր...: Վերջ ի վերջոյ, ես ալ մարդ էի...:
Բայց, հիմա ատոր ատենը չէր եւ հոգս ալ չէր: Ես, իմ «ձուկս ունէի տապկելիք».- ինչպէս որ կ՚ըսեն: Յայտնի էր, թէ գլխուս մէջ կուտակուած խառն մտածումներ կային: Ուղղակի շփոթի նման բան մը: Տեսակ մը անօրինակ եւ ինծի համար ալ անհասկնալի քաոս: Ուստի արագ մը մտածեցի հողը կակուղցնել: Ու լուծումս գտայ: Նախ՝ առատօրէն ջրել: Ու այս «գործողութիւնը» քանի մը օրերու համրանքով ալ շարունակեցի, մինչեւ որ հողը վերջապէս սկսաւ «հնազանդիլ» բահիս հարուածներուն:
Շաբաթ մը ետք, այր եւ կին, մեր ծրագրած «յատակագիծին» համաձայն, սկսայ հողին մէջ կարգով եւ մէկիկ-մէկիկ տեղաւորել տեսակաւոր բանջարեղէններս: Օրին, երբ մեծ բանջարանոց-վաճառատունէ մը հունտերու եւ թուփերու գնումներս կը կատարէի, մեքսիքացի պաշտօնեան պէտք եղած բոլոր թելադրանքներն ու բացատրութիւնները արդէն տուած էր: Ու հիմա, այդ բոլոր գնածներս մեծ ուրախութեամբ եւ նոյնքան ալ խանդավառութեամբ եւ մանաւանդ անսահման ակնկալութիւններով՝ սկսած էի հողին «յանձնել»:
Հաստատապէս մեր տան նոր պարտիզպանն էի, թէեւ միւս կողմէ ալ, ամիս մը հեռու ու զրկուած պիտի մնայի գրասեղանիս վրայ որբացած համակարգիչէս, բայց հիմա անոր ատենը չէր:
Ու այսպէս, ամէն օր սկսայ շատ մօտէն եւ հաճոյքով հետեւիլ նորակազմ բանջարանոցիս աճման հանգրուաններուն: Կնոջս կարծիքով, պարտէզին մէջ միայն թուփերուն մօտ պառկիլս մնացած էր: Ու այս գործողութիւնները ամէն օր կրկնեցի: Ջուր տուի, թուփերը կապեցի, պարարտացուցիչ աւելցուցի, դարձեալ ջրեցի, թուփերուն վրայ պտտող մրջիւնները մաքրեցի, միշտ հսկեցի չըլլայ թէ հովէն կամ սկիւռներէն, այցելու թռչուններէն եւ կատուներէն նորատունկերս վնասուէին:
Իրենց կարգին տնեցիք ալ սկսած էին շատ մօտէն հետեւիլ բոլոր շարժումներուս: Այնքա՜ն մօտէն, որ մանչերուս մեծ ուշադրութեան առարկան դարձած էի: Մեր ընտանեկան հաւաքներուն, անոնք միշտ կը փորձէին կատակով մը աշխատանքս «քաջալերել» ըսելով.
-Պապ... քանի մը ամիս ետք, պզտիկ աթոռ մը եւ սեղան մըն ալ առ եւ քաղած սոխերդ ու սխտորներդ տոպրակներու մէջ լեցնելէ ետք, զանոնք թաղին ծայրը նստած ծախել սկսէ... քեզի համար ժամանց կ՚ըլլայ եւ թէ՛ ալ՝ տոլար «կը շինես»:
Ահա՛, քեզի անհամ կատակ: Հոգ չէր: Հարկաւ օր մը իրենց այս խօսքերուն համար իմ բանջարանոցս պիտի ամչցնէր զիրենք: Կը հաւատայի ու ես զիս այսպէս կը համոզէի: Ու անհամբեր այդ «նոր» օրուան կը սպասէի:
Բայց եկուր տես, որ երկու եւ քիչ մըն ալ աւելի ամիսներ ետք, ամբողջ թուփերս, չես գիտեր ինչէ՞ն, գլուխնին ծռեցին, կամաց կամաց չորցան: Ջուր, աղբ, հոգատարութիւն՝ անօգուտ: Բոլորն ալ մեռան: Ինծի համար բոլորովին անհասկնալի իրավիճակէն մեկնած, վազեցի վաճառատուն եւ ուղղակի մեքսիքացի վաճառողին մօտ՝ պատասխան մը, դարման մը խնդրելու:
Մարդը նոր պարարտացուցիչներ գնել առաջարկեց: Հնազանդեցայ: Բայց դարձեալ անօգուտ: Յոյսերս ա՜լ փճացած էին: Այս ձեւով կորսնցուցած էի թէ՛ ժամանակս եւ թէ՛ նիւթականս:
Կինս յիշեցուց, որ Ֆրեզնօ հայրենակից մը ունէինք, տարիքաւոր եւ անկեղծ, որ բաւականին հողաշերտեր ունէր եւ անոնց վարձքով՝ «թագաւորի» նման կ՚ապրէր, անոր կարծիքն ալ առնէի. «նայինք ի՞նչ պիտի ըսէ»:
Հնազանդեցայ: Հեռաձայնեցի: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այս տարիքիս յուզումով եւ քիչ մըն ալ տխրութեամբ, բանջարանոցիս ներկայ վիճակն ու ճակատագիրը իրեն պարզեցի: Հայրենակիցս, զիս երկար ու հանդարտ մտիկ ընելէ ետք, վերջապէս շատ պարզ խօսեցաւ.
-Յարգելիս... գիտես ի՞նչ... ճիշդ ըրած ես ամէն բան... բայց մէկ բան մոռցած ես... քու ձեռքդ «կանաչ» չէ... պէտք է ձեռքդ «կանաչ» ըլլայ... ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ Աստուած քեզ այդպէս ստեղծած է...:
Վայրկեանին բան չհասկցայ: Եւ երբ սենեակս առանձնացած սկսած էի կրկին ու կրկին անգամներ մտաբերել հայրենակիցիս խօսքերը, այն ժամանակ մտքիս մէջ պարզուեցաւ հետաքրքրական այդ ճշմարտութիւնը:
Ու այդ գիշեր, աղօթքիս ու աղերսներուս մէջ, Ամենակալէն ջերմապէս խնդրեցի, որ եթէ իմ ձեռքերս «կանաչ» չէին, գոնէ մեր մեծերուն, ղեկավարներուն ձեռքերը «կանաչ» ընէր, որպէսզի մեր բոլոր հողերն ալ շուտով բարգաւաճէին...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024