ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ

Խօսք. «Մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է. “Ամէն մարդ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ”» (Յհ 6.45):

Մեկնութիւն. Բազմաւորապէս կ՚ըսէ՝ մարգարէներէն. նախ՝ այն կը ցուցնէ, թէ բոլոր մարգարէները միեւնոյն Հոգիով խօսեցան: Երկրորդ՝ եթէ անոնցմէ մէկը բան մը ինչ որ կերպով ըսաւ, բոլորն ալ նոյնը ըսին: Այս խօսքը գրուած է Յովելի մէջ. «Եւ դո՛ւք, ո՛վ Սիոնի որդիներ, ձեր Տէր Աստուծմով ցնծաէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք, որովհետեւ ձեզի արդարութեան ուսուցիչ մը տուաւ» (տե՛ս Յվլ 2.23): Իսկ Եսային յիսունչորրորդ գլուխին մէջ կ՚ըսէ. «Քու բոլոր որդիներդ Տիրոջմէ պիտի սորվին» (Ես 54.13), իսկ Երեմիան չորրորդ գլուխին մէջ կ՚ըսէ. «Ձեզի Իմ սիրտիս յարմար հովիւ մը պիտի տամ, ձեզ իմաստութեամբ հովուելու համար» (տե՛ս Եր 3.15), եւ թէեւ Քրիստոսի խօսքը կատարելապէս ըստ Յովելի, Եսայիի ու Երեմիայի ձայնին ու նկարագրածին պէս չէ, սակայն ըստ միտքին անթերի է, եւ այդ պատճառով մարգարէները կ՚ըսէ, ցոյց տալով, թէ մէկը մարգարէ մը միայն վկայութիւն չ՚առներ, այլ՝ շատերէ: Ասով յայտնի է, թէ Քրիստոս եւ առաքելաները Սուրբ Գիրքերէն վկայութիւններ չէին առներ ըստ նկարագիրին, այլ՝ միայն ըստ միտքին:

Այստեղ երեք հարցում կ՚ըլլայ:

Առաջին. ի՞նչ է «Բոլորս ալ Աստուծմէ պիտի սորվինք» (Յհ 6.45):

Պատասխան. Կրկին է. նախ այն կ՚ըսէ, թէ մարգարէները, առաքեալները, փիլիսոփաները ու արուեստաւորները, բոլորն ալ Աստուծմէ սորված են, ըստ այնմ, որ Պօղոս կ՚ըսէ, թէ՝ «աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ Անոր իմաստութիւնը» (Ա. Կր 1.21): Երկրորդ՝ ցոյց կու տայ, թէ այստեղ ու հանդերձեալին մէջ Աստուծմէ կը սորվինք:

Երկրորդ հարցում. ապա ի՞նչ է առաւելը:

Պատասխան. Նախ՝ որովհետեւ մարգարէները միջնորդով ու օրինակներով սորվեցան, իսկ առաքեալները՝ անընդմիջաբար, իսկ փիլիսոփաները բնական բանականութեամբ սորվեցան, իսկ եկեղեցին ճշմարտութիւնը գիտութեամբ շնորհեց, իսկ հնադերձեալին փառքով եւ դէմ յանդիման է տեսութեամբ ուսումը: Երկրորդ՝ դարձեալ Հօրմէն ծածկաբար եւ մարմնացեալ Բանէն ու Սուրբ Հոգիէն հեղմամբ կ՚ուսանինք. ա՛յս է առաւելն:

Երրորդ հարցում. բոլորը ինչպէ՞ս սորված են, որովհետեւ տակաւին շատեր հաւատքը չեն սորված:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ կրկին միտքով. նախ՝ ուսուցիչին կողմէ, որ է Աստուած, պարտ է, որ բոլորը սորված ըլլան, թէեւ մարդուն կողմէ շատ խափանում կ՚ըլլայ: Երկրորդ՝ օրինակի համար, քաղաքի մը կամ վանքի մը մէջ մէկը փոքրերուն համար ուսուցիչ կ՚ըլլայ, թէեւ ոմանք անկէ չեն սորվիր, սակայն ըստ հասարակաց խօսքին կ՚ըսեն, թէ բոլորն ալ անկէ կը սորվին, այսինքն՝ ով որ կ՚ուզէ սորվիլ, այդպէս ալ եւ իւրաքանչիւր անձ, որ հաւատքի ճշմարտութիւնը կը սորվի, Աստուծմէ կը սորվի, հաւատքի հեղմամբ, ինչպէս որ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ով որ Հօրմէս կը լսէ եւ Իրմէ կը սորվի՝ Ինծի կու գայ» (Յհ 6.45):

Մեկնութիւն. Նախ՝ ցոյց կու տայ մեր ազատ կամքը, որովհետեւ ո՛չ հարկադրաբար կամ բռնութեամբ հաւատքի կու գանք, այլ՝ յօժար կամքով, քանի որ մարդ այն ատեն կը լսէ Հօրմէն, երբ շնորհաց հեղումը կ՚ընդունի իր սիրտին մէջ, եւ այն ատեն կը սորվի, երբ կը յօժարի, ու այդպիսի մարդը հաւատքով կու գայ Քրիստոսի՝ տեսակցեալ սիրով: Երկրորդ՝ ցոյց կու տայ Հօրմէն լսելը, նախ՝ ծածուկ հեղումով, երկրորդ՝ մարգարէներով, երրորդ՝ Յորդանանի մէջ ձայնով: Իսկ Հայրն Աստուած սորվեցնելով մարդուն, ոչ զգալապէս երեւալով որպէս մարդ եւ կամ կերպարանեալ մարմինով, ինչպէս հրեշտակներ, եւ կամ ինչպէս Աստուծոյ Որդին, որ մարմինին միաւորեցաւ, եւ կամ ինչպէս Հոգին աղաւնակերպ եւ հրեղէն լեզուով, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ոչ ոք Հայրը տեսած է, բացի Անկէ՝ որ Աստուծմէ է, որովհետեւ միայն Անիկա տեսած է Հայրը» (Յհ 6.46):

Մեկնութիւն. Որպէս թէ ըսել, թէեւ ընտրեալները Հօր Աստուծմէ կը սորվին, սակայն չեն տեսներ զԱյն, այլ՝ միայն ըստ բնութեան Անոր Որդին կը տեսնէ զԱյն, որ Իր յղացումին սկիզբը Կոյսին արգանդին մէջ տեսաւ աստուածային էութիւնը, ոչ թէ քիչ մը կամ առժամեայ յանկարծաբար տեսութեամբ, այլ՝ մնացական ունակութեամբ: Տե՛ս, թէ ինչ մեղմագոյն խօսքով Ինքզինք Աստուծոյ Հօր էութենէն ցոյց տուաւ, եւ ոչ՝ Յովսէփի Որդի, ինչպէս անոնք կը կարծէին:

Խօսք. «Ով որ Ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի» (Յհ 6.47):

Մեկնութիւն. Սիրով հաւատքը կ՚ըսէ, որ ի սպառ ուղիղ կերպով ի սէրն Աստուծոյ կայ: Եւ դարձեալ՝ ով որ այնպէս կը հաւատայ, այդպիսին կը ճաշակէ մարմնացեալ Բանը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.48):

ԹԷ ՅՈՅՍՈՎ ԿԵՆԴԱՆԱՑԱՆՔ

Այլ գիտելի է, որ յաւիտենական կեանք ըսելով չկարծես, թէ մարմնաւոր մահ չի կրեր, սակայն այս կեանքին մէջ յաւիտենական կեանքին սկիզբը մեր մէջ կ՚ընդունինք չորս կերպով, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ1:

Նախ՝ ինչպէս կենդանի մարմինով մեղքը մեր մէջ մեռած է, այդպէս ալ մեռեալ մարմինով հաւատքով կենդանի ենք:

Երկրորդ՝ յարութեան հաւատքն ու յոյսը մեր մէջ հաստատուած մահը որպէս ննջում համարուած է, ըստ Պօղոսի. «Աստուած ննջեցեալները Յիսուսի միջոցով Իր հետ կեանքի պիտի բերէ» (Ա. Թս 4.14):

Երրորդ՝ այստեղ ծածուկ եւ զօրութեամբ ունինք յաւիտենական կեանքը, իսկ այնտեղ՝ ներգործութեամբ յայտնապէս կը ստանանք:

Չորրորդ՝ այստեղ շնորհքով ունինք եւ այնտեղ՝ փառքով, որովհետեւ մկրտութիւնը, հաղորդութիւնը, դաւանութիւնն ու միւս բոլոր բաները շնորհքով է մեր մէջ, ինչպէս սերմը եւ ծաղկած արմատը, իսկ այնտեղ՝ զարդարեալ փառօք, ինչպէս ծաղկեալ եւ պտղաւետեալ:

ԹԷ ՀԱՑ Կ՚ԱՆՈՒԱՆՈՒԻ

Խօսք. «Ե՛ս եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.48):

Մեկնութիւն. Եւ գիտելի է, թէ հացը տասը կերպով կը լսուի. նախ՝ հաց, այսինքն՝ խնդրողներուն տրուած է: Երկրորդ՝ հաց, այսինքն՝ որ խնդրողները հաւատքով կը փրկէ: Երրորդ՝ հաց, այսինքն՝ կեանք տուող: Չորրորդ՝ հաց, որ մարդոց կերակուր է: Դարձեալ՝ հաց երեք տառ եւ մէկ վանկ. նախ՝ որովհետեւ երեք բանէ միացած է մէ՛կ Քրիստոսը: Երկրորդ՝ որովհետեւ եռակի կը տարորոշէ Քրիստոսի մարմինը: Երրորդ՝ քանի որ մարմինով, հոգիով եւ միտքով կը ճաշակենք հացը: Չորրորդ՝ որովհետեւ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը հաղորդուինք Անոր: Հինգերորդ՝ քանի որ մարմինին, հոգիին եւ խօսքերուն մեղքերու թողութիւն կը շնորէ: Վեցերորդ՝ որովհետեւ այստեղ, մահէն ետք եւ յարութեան փրկութիւն է զԻնք ընդունողներուն համար:

ՄԱՆԱՆԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Մեր հայրերը մանանան կերան, բայց մեռան» (տե՛ս Յհ 6.49):

Մեկնութիւն. Նախ այն տեսէք, թէ հրեաները մարմնաւոր հաց կը խնդրէին, այլեւ փոքրը, անցաւորը եւ անօգուտը կը խնդրէին, իսկ Քրիստոս հոգեւորը, մեծագոյնը, մնացականն ու օգտակարը շնորհեց եւ միշտ այդպէս կը կատարէ Իրմէ խնդրողներուն:

Դարձեալ՝ մանանան փոքր կ՚ըսէ, վեց բաներու համար. նախ՝ որովհետեւ մահէն չապրեցուց: Երկրորդ՝ պատուհասէն չփրկեց: Երրորդ՝ աւետեաց երկիր չհասցուց: Չորրորդ՝ մեղքերը չներեց: Հինգերորդ՝ տանջանքներէն չազատեց: Վեցերորդ՝ երկինք չհանեց:

Իսկ Քրիստոսի մանանայի հացը ասոր հակառակ. նախ՝ որովհետեւ կեանք կու տայ ու պատուհասէ կը փրկէ, վերին Երուսաղէմ կը տանի, մեղքերը կը ներէ, պատիժներէն կ՚ազատէ, երկինք կը հանէ եւ միւս բոլոր բաները:

ԹԷ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՀԱՑԷՆ ՏԱՐԲԵՐ Է

Հարցում. Ինչո՞ւ համար այդքան կը կրկնէ հացը:

Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ հրեաները հաց կը ցանկային: Երկրորդ՝ որպէսզի հաստատէ, թէ երկինքէն է: Երրորդ՝ մանանայէն աւելի օգուտ ունենալուն համար: Չորրորդ՝ որպէսզի երկրաւոր հացէն զատորոշուի, ատոր համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ե՛ս եմ երկինքէն իջած հացը» (տե՛ս Յհ 6.50, 51):

Մեկնութիւն. Քրիստոսի մարմինի հացը տասն կերպով կը զատորոշուի հասարակաց հացէն. նախ՝ որովհետեւ այս հացը երկրէն է, երկրորդ՝ որովհետեւ ապականացու է, երրորդ՝ քանի որ անկենդան է, չորրորդ՝ որովհետեւ կեանքի պատճառ չէ, այլ՝ կեանքը պահող, հինգերորդ՝ քանի որ մարմնաւոր է, վեցերորդ՝ մարմինը կը զօրացնէ, եօթներորդ՝ բնական կերակուր, ութերորդ՝ հասարակաց, իններորդ՝ աւելին ուտելը մեղք է, տասներորդ՝ ուտողներուն մօտ կը փոխուի:

Իսկ Քրիստոսի մարմինի հացը ասոնց հակառակ. նախ՝ երկինքէն է: Երկրորդ՝ անապական: Երրորդ՝ որովհետեւ կենդանի է կենդանի Բանին հետ միացած: Չորրորդ՝ կեանքի պատճառ է: Հինգերորդ՝ որովհետեւ հոգեւոր կերակուր է: Վեցերորդ, հոգին կը զօրացնէ: Եօթներորդ՝ շնորհներու կերակուր: Ութերորդ՝ հաւատքով եւ յոյսով կ՚ուտուի: Իններորդ՝ մեղքերուն թողութիւն է: Տասներորդ՝ մեզ դէպի Իրեն կը փոխէ, որ է Աստուած եւ Աստուծոյ մարմին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 61

Վաղարշապատ


1 Նանան:

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020