ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՈԳԻՆ…
Յաճախ լսած ենք, թէ մարզական խաղերու եւ մրցումներու ընթացքին՝ յաղթելը կամ պարտուիլը կարեւոր չէ՝ այլ մասնակցիլը։ Մարզական ոգին այդ կը պահանջէ, չէ՞։
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ճաբոնի մայրաքաղաք Թոքիոյէն՝ ուր այս տարուան 23 յուլիսէն մինչեւ 8 օգոստոս, տեղի ունեցան Ողիմպիական 32-րդ խաղերը։
Այդ մրցաշարքը ծրագրուած էր տեղի ունենալ անցեալ տարի, սակայն քորոնաժահրի համաճարակին պատճառաւ յետաձգուեցաւ այս տարուան եւ դարձեալ նոյն այդ ժահրին պատճառաւ՝ տեղի ունեցաւ առանց հանդիսատեսներու ներկայութեան։ Բան մը՝ որ առաջին անգամ ըլլալով կը պատահի Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ։
Գալով մարզական ոգի ցուցաբերող դէպքին, անոր հերոսներն են 800 մեթրի երկու վազողներ՝ ամերիկացի Այզէյա Ճէուէթ եւ պաթսուանեացի Նիճէլ Ամոս։
Վազքի գրեթէ աւարտին՝ անոնք ակամայ իրար զարնուելով ինկած են։ Սակայն անմիջապէս իրար օգնելով ոտքի կանգնած են եւ շարունակած վազքը…
Այզէյա եւ Նիճէլ թէեւ կորսնցուցած են առաջնորդութիւնը՝ սակայն աւարտած են վազքը, առաջին հանդիսացողէն 54 երկվայրկեան ետք։ Սա է իսկական մարզական ոգին, որ ցուցաբերուած է երկու երկիրներ ներկայացնող մարզիկներու կողմէ՝ որոնք հաւանաբար զիրար չէին ճանչնար Թոքիոյ չմեկնած։
Անդրադառնալով այդ դէպքին՝ Այզէյա սապէս արտայայտուած է. «Չնայած թէ որքան բարկացած ես, դուն ի վերջոյ պէտք է հերոս ըլլաս։ Որովհետեւ հերոսները այդպէս կ՚ընեն։ Անոնք կը ցուցաբերեն իրենց մարդկութիւնը՝ ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուին, եւ այսպէսով կը յատնաբերեն, թէ իրենք լաւ մարդիկ են։»
Իսկ Այզէյայի քոյրը՝ Վիքթորիա աւելցուցած է. «Իր այս ընթացքով եղբայրս կրցաւ հաստատել, թէ ան նախ մարդ է եւ յետոյ մարզիկ։ Բան մը՝ որ բոլորին սրտին կը խօսի»։
Առ ի գիտութիւն՝ նշեմ ու Հայաստանի Հանրապետութեան մարզիկները շահած են չորս մետայլներ, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ։ Ապրիք հայեր։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ