ՀԱՅՈՑ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՎԵՀԱՓԱՌԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին
2018-ի ամրան առաջին օրերը գեղեցիկ օրեր չէին մեր եկեղեցւոյ համար։
Հայաստանին բարիք բերելու միտումով յաջողութեամբ պսակուած յեղափոխութիւնը, որ կամաց-կամաց կը տարածուէր երկրի բոլոր համակարգերուն մէջ, կը ստեղծէր անօրինութեան այնպիսի տխուր մթնոլորտ մը, որուն հետեւանքները ցայսօր ալ կը շարունակուին։
Անգործութեան, քննադատելու, օրէնքը գետին զարնելու եւ նախկին իշխանութիւնները հրէշացնելու ծրագիրը կը դառնար հիմնական մղիչ ուժը, որու շղարշին տակ ալ կը ծածկուէին նոյն այդ յեղափոխութիւնը իրականացուցած (իբր թէ իրականացուցած) մեծ ու փոքր ամէն տեսակի յանցանքները։ Այդ «անօրինութեան» եւ ամենաթողութեան մթնոլորտին մէջ էր նաեւ, որ «մարմին կը ստանար» շարժում մը, որու նպատակն էր, այդ «բարի» եւ «թաւիշ» յեղափոխութիւնը տանիլ հասցնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պարիսպներուն։ Այդպէս ալ կը պատահէր։ Բողոքի հաւաքներ, անկիրթ խօսքեր, մեղադրանք, սուտ դատապարտումներ եւ այս բոլորին հետ ալ Ամենայն Հայոց Վեհափառը ամէն գնով թիրախ դարձնելու սեւ փորձեր։
Չեմ ուզեր այս նեղ սիւնակով այդ «գործողութեան» կարեւոր ծալքերուն անդրադառնալ, սակայն, աւելի քան յստակ էր, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողոկոսին դէմ շղթայազերծուած շարժումը ունէր արմատներ, ունէր ջատագովներ եւ, անշուշտ, ունէր այդ շարժումին «ուժ» տուող ու վարագոյրներու ետին թաքնուած «մութ»ի մարդիկ համարուող անհատներ։ Խնդիրը այն չէ, թէ այդ շարժումը ի՛նչ դատապարտելի ձեւերով «պաշարեց» Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Խնդիրը այն չէ, որ այդ շարժումի անդամները ինչ քայլերով «առաջ տարին» իրենց ծրագիրը, այլ՝ այն, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ինչպէս արձագանգեց այս բոլորին։ Գուցէ եւ եթէ այդ շարժումը չըլլար, իմ նման լրագրական ոլորտի գործիչները պիտի չկարողանային թափանցել Վեհափառի վեհ ու բարի կամեցողութեան բոլոր շնորհներու իր մէջ պահած կրօնական առաջնորդի հոգիին։ Հիմակուան պէս կը յիշեմ այն պահը, երբ այդ շարժումի անդամները «գրաւելէ» ետք Վեհարանի յարակից դիւանատան շէնքը, ինչ յոխորտանքով եւ գրոհ մը յաջողցնելու ապիկար մօտեցումներով կը շփուէին լրագրողներուն հետ։
Յայտարարութիւններ կ՚ընէին, կը սպառնային ու կը վստահեցնէին, թէ «մինչեւ վերջ գնալու են...»։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ես ականատես եղայ, թէ ինչ համարձակութեամբ այդ շարժման անդամ երեք անհատներ՝ տեսնելով Վեհարանի ետին գտնուող տարածքէն հետիոտն անցնող Վեհափառը արագ քայլերով (վազելու պէս) կը մօտենային անոր ու խօսքի կը բռնուէին իրեն հետ։ Վրայ կը հասնէի ես ու զարմացած հայեացքով, քիչ մըն ալ տհաճութեան միտող զգացումներով կը դիտէի պատահածը։ Ի վերջոյ ո՞վ էր իրենց դիմաց կանգնած հոգեւորականը, ի՞նչ ոճով պէտք է խօսէին իրեն հետ ու ի՞նչ յարգանք պէտք է մատուցէին մեր եկեղեցւոյ հայրապետներու արդար ժառանգն ու ջահը իր ձեռքերուն պահած Վեհափառին հետ։ Ի տես անոնց անգրագէտ մօտեցումին, գլուխս կախ կը հետեւէի, կ՚ակնկալէի նոյնիսկ, որ Վեհափառը, որու օգնականները նոյնպէս հասած էին դէպքի վայր, խրոխտ ձայնով մը վտարէ զանոնք...
Սակայն Վեհափառը յուսախաբ ըրաւ զիս...։ Յուսախաբ ըրաւ ո՛չ միայն անոր համար, որ մինչեւ վերջ լսեց անոնց անհիմն ու անիմաստ խօսքերը, այլ անոր համար, որ երբեք չարձագանգեց ու մինչեւ անոնց հանդարտիլը լուռ կերպով լսեց զանոնք...։
*
Աշխարհը շուռ եկած էր ու մինչեւ այս պահը, երբ նստած շուրջ երեք տարի առաջ պատահած դէպքերը կը նկարագրեմ, հիմա ալ կը շարունակուի այդ «շուռ եկած» վիճակը Հայաստանիս մէջ։ Հայաստանը միայն արեան ու ցաւի գեհենէն անցնելու համար չէ, որ տխո՛ւր է... Այլ տխո՛ւր է, որովհետեւ այսօր գետին ինկած են մեր բոլոր արժէքները։ Ոչ մէկ բան իր արժէքին վրայ է։ Եկեղեցին թիրախ էր երէկ ու այսօր ալ կը շարունակէ թիրախ մնալ։ Հայկական աւանդական ընտանիքը եւ անոր արժեհամակարգը թիրախ էին երէկ ու այսօր ալ թիրախ են... Հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը թիրախ էին երէկ ու այսօր ալ տակաւին թիրախ են... Ու այս բոլորին մէջ ըսէք, խնդրեմ, ըսէք պարոնայք, ո՞ւր է այն Հայաստանը, որուն համար հազար-հազարներ իրենց արիւնը տուած եւ քրտինքը ցանած են այս հողին մէջ։
Գուցէ ընթերցողս նկատէ, որ բաւական անկումային տրամադրութիւններով կը գրեմ այս բոլորը, ո՛չ միայն մեզի վիճակած Արցախի խայտառակ պարտութեան ու անոր յաջորդած դէպքերուն պատճառով, այլ անոր համար, որ շատ լաւ գիտեմ, թէ այդ պարտութենէն առաջ մեր արժէքները պարտութիւն կրեցին։ Ու այդ ամբողջ եղելութեան մէջ կար նաեւ Եկեղեցին «ծունկի բերելու» փորձը, հայ ընտանիքը ներսէն հարուածելու փորձը, նաեւ հայ դպրոցն ու գիրը ոտնակոխ ընելու դարանակալ միտումը։ Մինչ Արցախի պատերազմը աւարտին հասած է, տակաւին այդ մեծ ու փոքր հակազգային պատերազմները կը շարունակուին... Կը շարունակուին մութին մէջ, կը շարունակուին չարակամ ձեւերով ու յստակ ալ չէ, թէ ե՛րբ պիտի աւարտին անոնք։
Ու այս բոլորի կողքին կան համբերութիւնը, պայքարելու ոգի ու կորով։ Այս բոլորի ամենէն պայծառ ներկայացուցիչներէն մին է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը, որուն համար պարտք կը զգամ հրապարակաւ շնորհակալութեան խօսք մը ըսել։
Ձեր շուքը անպակաս ըլլայ Հայրապետ Հայոց ու ձեր կամքով եւ արի ոգիով դանդաղ, բայց վստահ քայլերով դարձեալ ի մի պիտի բերենք մեր տունը, վառ պիտի պահենք մեր օճախը եւ լուսաւոր պիտի դարձնենք մեր օրն ու կեանքը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան