ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Հետաքրքրական առած մը լսած եմ աշխատասիրութեան մասին, որ կ՚ըսէ. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնայ, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր»: Առակացին մէջ աշխատասիրութեան մասին արդեօք որեւէ մէկ բան կա՞յ գրուած:
Պատասխան. Սիրելի՛ բարեկամ, իմացած առածդ նոյնինքն Առակաց գիրքէն առնուած է, եւ հետեւաբար այդ առածին հեղինակը Սողոմոն Իմաստունն է: Այդ նախադասութեան կը հանդիպինք Առակացի 6-րդ գլուխին 6-րդ համարին մէջ. իսկ այդ նախադասութեան շարունակութիւնը այսպէս է. «Վասն զի անիկա թէեւ իշխան, ոստիկան կամ տիրող չունի, բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ: Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս: Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար, այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս» (Առ 6.7-11):
Ապրելու, գոյատեւելու եւ արարելու համար, մարդ պէտք է անպայման աշխատի, գործէ ու արարէ: Առանց աշխատանքի, առանց արարումի մարդ չի՛ կրնար ապրիլ, գոյատեւել: Առանց աշխատանքի մարդ չի՛ կրնար պահպանել իր ֆիզիքական առողջութիւնը, իսկ առանց արարումի մարդ չի՛ կրնար հսկել եւ տիրապետել իր հոգեւոր ու մտաւոր ներաշխարհին, զանոնք պահելով առողջ, արթուն, զգաստ եւ գիտակից իր արարքներուն եւ վարք ու բարքին:
Ըսուած է, թէ աշխատանքը հոգին, մարդը կ՚ազնուացնէ: Արդար եւ իրաւ: Որովհետեւ, աշխատող մարդը իր բնաւորութեամբ խաղաղ ու հանգիստ կ՚ըլլայ, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած կ՚ըլլայ իր աշխատանքին վրայ, որպէսզի կարելի եղածին չափով կարենայ իր աշխատանքը կատարեալ եւ լաւ կերպով իր աւարտին հասցնէ եւ ըստ արժանւոյն վարձատրուի:
Աշխատանքը առաքինութիւն մըն է, եւ ով որ ունի այդ առաքինութիւնը, նման է ան մարդուն, որ բազմաթիւ ունեցուածքներ ունի:
Աշխատանքը սրբութիւն է, որովհետեւ կը սրբացնէ (կը մաքրէ) մարդուն հոգին ու մարմինը, զայն հեռու պահելով մեղքերէ: Այս մասին երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ. «Աշխատանքը սուրբ է եւ աւելին՝ սրբացուցիչ: Անաշխատ ընթացքը մարդու կեանքին՝ մոլութեանց դուռն է եւ չարիքներու հեշտ ճամբան: Որովհետեւ կեանքը դատարկութիւն չի ճանչնար…: Աշխատութիւնը այն է երկրին ու կեանքին համար, ինչ որ է հոգին՝ մարմինին: Հանեցէ՛ք մարդուն հոգին՝ մա՛հ է այնտեղ: Հանեցէ՛ք աշխատութիւնը կեանքէն՝ մեռելութի՛ւն է այնտեղ…»:
Աշխատանքը բարօր կեանք մը ապրելու գրաւականն է, որու բացակայութեան մարդուն վիճակը ահաւոր թշուառ ու ողորմելի կ՚ըլլայ:
Աշխատանքը հոգեւոր առողջութեան կարեւորագոյն միջոցներէն, չըսելու համար զէնքերէն մէկն է, որու առկայութեան պարագային, չարը մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպի իր յարձակումներու ընթացքին եւ շատ յաճախ՝ մանաւանդ եթէ աշխատանքին միացած է հոգեւոր կեանքը՝ վահանուած աստուածպաշտութեամբ, ապա գրեթէ անկարելի կը դառնայ կոտրել այդպիսին:
Առակացի հեղինակը հետաքրքրական կերպով որպէսզի իր խօսքը ազդեցիկ ըլլայ, կու տայ մրջիւնին օրինակը՝ որպէս աշխատասիրութեան խորհրդանիշ: Իրապէս ալ, բոլոր անոնք որոնք գէթ մէկ անգամուան համար հետեւած ըլլան մրջիւններու ընթացքին, պիտի համաձայնին Իմաստունի ըսածին, որովհետեւ մրջիւնը առանց որեւէ մէկ պարտադրանքի, իր բարիքին ու օգուտին համար կ՚աշխատի ու կը պատրաստուի ձմրան, որպէսզի ինքզինք ապահով պահէ:
Մարդ արարածն ալ, մրջիւնի նման պէտք է աշխատի թէ՛ հոգեւորապէս եւ թէ՛ ֆիզիքապէս, որպէսզի թոյլ չտայ չարին խաթարելու իր ընթացքը դէպի յաւիտենականութիւն, միւս կողմէ՝ աշխարհի պանդխտութեան իր օրերուն կարենայ բարօր կեանք մը ունենալ:
Մարդ պէտք է աշխատի ինքն իրեն համար, որովհետեւ իւրաքանչիւր ոք ինչ որ կ՚ընէ նախ եւ առաջ ի՛րեն համար է, որ կ՚ընէ եւ ապա միայն շուրջիններուն: Առակագիրը, որպէսզի իր յառաջ բերած օրինակը աւելի դիւրըմբռնելի դարձնէ, կը շարունակէ, ըսելով. «Վասն զի անիկա թէեւ իշխան, ոստիկան կամ տիրող չունի, բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ»: Արդարեւ, երբ մարդ ինքն իրեն համար կ՚աշխատի՝ հոգեւորապէս կամ ֆիզիքապէս, այսինքն՝ այս աշխարհի վրայ իր գոյութիւնը պահպանելու համար, իսկ հանդերձեալին՝ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու համար, կարիք պէտք չէ ունենայ իշխանի, ոստիկանի կամ տիրողի մը, որպէսզի աշխատի, ընդհակառակը, պէտք ունի պարզապէս գիտակցութեան, թէ իր կատարած աշխատանքը իր բարիքին ու օրհնութեան համար, իր առողջութեան եւ հանդերձեալին մէջ յաւիտենական հանգիստ վաստակելուն համար է, հետեւաբար առանց դժգոհելու եւ կամ նեղանալու մարդ պէտք է աշխատի, տքնի, քրտինք թափէ, չէ՞ որ ա՛յդ է Տէրունական առաջին պատուիրաններէն մէկը. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցաւ. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծն 3.19): Հետեւաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրին կարեւորագոյն պարտաւորութիւնն է աշխատանքը: Այս ուղղութեամբ Բարսեղ Մաշկեւորցին այսպէս կը գրէ. «Աստուած մարդը բնութեամբ գործունեայ ստեղծած է, նման երկրին՝ որ տունկեր եւ սերմեր աճեցնելու զօրութիւնը ունի իր մէջ: Ինչպէս երբ հողը չմշակենք, չտնկենք ու չսերմանենք, զանազան տեսակի փուշեր եւ խոտեր կը բուսնին, նոյնն է պարագան մարդուն. ան բնութեամբ գործունեայ ըլլալով՝ երբ բարիք չգործէ, բնականաբար չարիք կ՚ընէ: Դարձեալ, երբ բարի բաներ չխորհի, անպէտ գործերու մասին մտածելով կը կործանի: Իսկ եթէ սկիզբէն իսկ զգոյշ ըլլաս եւ չար մտածումներ չունենաս, կ՚ազատիս մեղքէն»: Իսկ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, կը գրէ. «Մարդը մարդ չի կրնար ըլլալ ձեռքերը ծալած, աչքերը շլմորուն, ոտքերը թափառաշրջիկ, եւ… միայն բերանը բաց՝ դատարկ խօսքի որպէս հրաբուխ…: Մարդը մարդ է, երբ իր ձեռքերուն կու տայ շարժում, երբ իր աչքերը կը յառէ նպատակակէտի մը, երբ իր ոտքերը կը քալեն նպատակասլաց գնացքով, երբ իր շրթները կը շարժին իմաստաւոր եւ շինիչ խօսքերով:
Գործօնութիւնը մարդուն ճշմարիտ ինքնաարտայայտութիւնն է: Անգործութիւնը, ծուլութիւնը, դատարկապորտութիւն ժխտումն են մարդուն իսկութեան եւ կոչումին: Կամաւոր անգործութիւնը անաստուածութեան ամենէն ակներեւ փաստն է. որովհետեւ ինչ որ ունինք՝ Աստուծմէ կու գայ»:
Առակագիրը շարունակելով խօսքը ծոյլին ուղղուած, կ՚ըսէ. «Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս: Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար, այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս»: Մեզմէ շատեր կ՚իյնան այսօրուան գործը վաղուան ձգելու փորձութեան մէջ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու այն ասացուածքին, որ կ՚ըսէ, թէ՝ այսօրուան գործդ վաղուան մի՛ ձգեր: Կ՚ըսենք մենք մեզի, ինչ կ՚ըլլայ, սա բանն ալ վաղը կ՚ընեմ, իսկ երբ վաղը գայ, այլ զբաղմունքներ կը յառաջանան, որով երէկի գործը կը մնայ, վաղուան յաջորդող վաղն ալ իր հետ հաշիւի չառած զբաղմունքներ կը բերէ իր հետ, որով երէկի երէկուան գործը դարձեալ կը մնայ, դուռ բանալով նոր գործերու վաղուան ձգելու փորձութեան, որով ծուլութիւնը աննկատ կերպով մեր դռնէն ներս սողոսկած կ՚ըլլայ, որմէ ձերբազատիլը օր օրի կը սկսի դժուարանալ:
Լսե՛նք Առակագիրին, որովհետեւ եթէ մենք մեզ ծուլութեան տանք, ապա աղքատութիւնը ճամբորդի մը պէս պիտի գայ, իսկ կարօտութիւնը՝ սպառազինեալ մարդու պէս, եւ վա՜յ անոր, որ կամաւոր կերպով կ՚աղքատանայ ու կարօտ կը դառնայ:
Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը այսպէս կը գրէ. «Մեր Տէրը երկնաւոր առաքինութիւն եւ հրեշտակային վարք կ՚առաջարկէ մեզի, մինչ մենք ծուլութիւնն ու քունը կը պատուենք՝ մայրը բոլոր թշուառութիւններուն»: Արդարեւ, հետեւինք մեր Տիրոջ առաջարկին՝ երկնաւոր առաքինութեան եւ հրեշտակային վարքին, հեռո՛ւ վանենք մեզմէ ծուլութիւնը, որով մենք մեզ ազատած կ՚ըլլանք բազմաթիւ մեղքերէ: Սպառազինուինք աշխատասիրութեամբ, որով չարին յարձակումները անարդիւնք կը դառնան, որովհետեւ աշխատութիւնը կեանքին օրհնութիւնն է (Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 10
10-11 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ