ԱԿՆԱՐԿ - 33 - ՄԵՆՔ ՍՏՐՈՒԿՆԵՐ ԵՆՔ
Երէկ դիմատետրը յիշեցուց, թէ մէկ տարի առաջ՝ 18 սեպտեմբեր 2022-ին ինչ տեղադրած եմ էջիս վրայ: Ահաւասիկ.
«Քաղաքամայր Երեւանի մէջ անգամ մը Ռուսաստանի, անգամ մը Ամերիկայի եւ չեմ գիտեր ի՜նչ-ինչ երկիրներու դրօշակները ծածանեցնելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան, իմա՝ ապագաղութացման մասին կ՚երազեն...
Ողբա՜մ այդպիսի ինքնիշխանութիւնը։
Յ.Գ. Մինչեւ մեր՝ իւրաքանչիւրիս ներսի ստրուկը չմեռցնենք եւ տեղը ՑԵՂԱԿՐՕՆ ՀԱՅը չարթնցնենք, չենք կրնար ինքնիշխան ու անկախ ըլլալ։ Երբ յաջողինք մեր ներսի ստրուկը սպաննել, ապա այդ դրօշակները ներկայացնող երկիրները ի նպաստ մեր ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան կը ծառայեցնենք։
Ասկէ դուրս ստրկութենէ մը ուրիշ ստրկութեան կ՚երթանք եւ ոչ աւելին...»։
Այս տողերը կարդալով մտաբերեցի Գրիգոր Արծրունիի մէկ յօդուածը՝ «Մենք ստրուկներ ենք» խորագիրով: Ընթերցողը այդ յօդուածը կարդալով, պիտի նկատէ որ մեր վերը մէջբերած հատուածին մէջ մատնանշուած երեւոյթին եւ մեր առօրեային մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ այլ երեւոյթներու պատճառը մեր ստրկամտութիւնն է, որ ըստ Արծրունիի սիրոյ զգացումին մեռած ըլլալու հանգամանքէն ծնունդ առած է: Գրիգոր Արծրունի վերոնշեալ յօդուածը արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը դնեմ մեր սիրելի ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:
*
Անհերքելի է, որ դարերով ստրկութեան մէջ մնացած ազգ մը կը կորսնցնէ իր մարդկային ամենէն ազնիւ, ամենէն նուրբ յատկութիւններուն գլխաւորները եւ աւելի կոշտ, կոպիտ ու նիւթապաշտ կը դառնայ:
Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդկութեան կեանքի յառաջդիմութեան եւ զարգացման ամենէն զօրաւոր, անյաղթելի եւ միշտ յաղթող գործիչը՝ միշտ սէ՛րը եղած է:
Սիրել կը նշանակէ ապրիլ. սիրել կը նշանակէ մարդկութեան համար գործել. սիրել կը նշանակէ իր նմաններուն համար զոհուիլ:
Սէրը հասարակական գործիչ է: Մարդկութեան կեանքին մէջ ան խթող է իւրաքանչիւր նշանաւոր, կարգէ դուրս երեւելի գործերու:
Եթէ սէրը չըլլար, չէին ըլլար մարդկային կրօնական եւ բարոյական վարդապետութիւնները, մարդկութիւնը փիլիսոփայութիւնը չէ՛ր ծներ, քրիստոնէութիւնը չէ՛ր ունենար…: Սէրն է Աւետարանը պարգեւողը: Սէրը առաջինն է որ մարդկութեան քարոզած է ազատութեան, հաւասարութեան, եղբայրասիրութեան հասրակական գաղափարները:
Սէրն է որ ստեղծած է հասարակութիւնը: Սիրոյ զգացումին դրդումով մարդկութեան մէջ գիտութիւնը ծնունդ առած է…:
Ո՞ր կողմ նայիք, մարդկային ո՞ր հիմնական գաղափարին, ո՞ր հասարակական կամզակերպութիւնը հետազօտէք՝ ամէն տեղ սէրը կը նշմարէք, իբրեւ զօրաւոր ստեղծագործական ուժ: Կրօն, ընտանիք, գիտութիւն, փիլիսոփայութիւն, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, արհեստ, շքեղարուեստ, երաժշտութիւն, մանկավարժութիւն, հասարակական կազմակերպութիւններ՝ ինչպէս ընկերակցութիւններ, աղքատանոցներ, վանքեր, ուսումնարաններ, մշակ դասակարգի փոխադարձ օգնութեան ընկերութիւններ. այս բոլորին սկզբնական գրգռող ուժը, սկզբնապատճառը՝ մարդուն դէպի մարդկութիւնը ունեցած սիրո՛յ զգացումն է…:
Առանց սիրոյ զգացումին, մարդկութիւնը ոչինչ է: Առանց սիրոյ՝ հասարակութիւնը մեռած մեծ մարմին մը կ՚ըլլար:
Ինչքան մարդկութիւնը աւելի ազատ կը դառնայ, այդքան սիրոյ զգացումը զօրաւոր ու գիտակցական կը դառնայ…:
Ստրուկ հասարակութեան մէջ միայն ի զուր կը փնտռէք սիրոյ զգացումի հետքեր:
Հայոց ազգը ինչպէս ըսինք, դարերով ստրուկ եղած է, կարծես կորսնցուցած է սիրոյ զգացումը՝ այդ մարդկային հասարակական ցանկացած գործողութեան համար անհրաժեշտ հասարակական գործիչը:
Ի զո՜ւր սէր կը փնտռէք հայոց հասարակութեան որեւէ շրջանակի, հայերու հասարակական որեւէ գործողութեան եւ կազմակերպութեան, հայոց միտքի եւ ոգիի որեւէ արտայայտութեան, հայերու իրարու հետ որեւէ մէկ յարաբերութեան մէջ…:
Հայոց ընտանիքը սիրոյ զգացումի վրայ հիմնուած չէ, այլ՝ ասիական բռնաւոր եւ եսական կոպիտ իշխանութեան սկզբունքի վրայ: Հայ մարդուն յարաբերութիւնը դէպի հայ կինը սիրոյ բարոյական զգացումով պայմանաւորուած չէ: Հայը կնոջ կը նայի, ինչպէս իր սեփականութեան կը նայի ու անոր մէջ միայն երկու արժանաւորութիւններ կը տեսնէ. կամ արտաքին գեղեցկութիւնը, մարմինը, կամ նիւթական հարստութիւնը: Հայոց թէ՛ հին, թէ՛ նոր գրականութեան եւ ժողովրդական երգերուն մէջ փնտռեցէ՛ք սէր դէպի կինը, եւ դուք միմիայն անասնական սէր կը գտնէք, սէր դէպի կնոջ մարմինին հրապուրիչ գեղեցկութիւնները եւ ո՛չ թէ իտէալական, բարոյականացնող, բարձրացնող սէր…:
Հայը սէր չունի դէպի իր ազգութիւնը, ան ինքզինք բնա՛ւ չի զոհեր իր ազգութեան համար:
Հայուն սէրը դէպի իր նմանները կեղծաւոր է, սուտ է: Հայը պատրաստ է իր նմանները հարստահարել՝ իր անձնական նիւթական շահերուն համար: Հայը միւս հայերը կ՚աղքատացնէ, որպէսզի ինք հարստանայ: Ասիկա ընդհանուր երեւոյթ մըն է հայոց հասարակութեան մէջ: Քաղաքացին այսպէս կը վարուի գիւղացիին հետ, վաճառականը՝ երկրագործ արդիւնաբերողին հետ, եղբայրը՝ եղբօր հետ, նոյնիսկ ծնողները զաւակներուն հետ:
Հայուն համար օտար է հասարակական սէրը: Աշխարհի վրայ թերեւս ո՛չ մէկ ազգ՝ ինչքան հայերը, դէպի գաղթականութիւնը, դէպի զիրար ցրուելը, իրարմէ փախչիլը հակում չունի: Հայը լաւ կը համարէ բախտաւոր ապրիլ օտարութեան մէջ, քան թէ իր ազգին մէջ, իր արիւնակիցներուն հետ բաժնեկից ըլլայ անոնց բոլոր ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն: Հայուն թուլութիւնը միշտ այդ եղած է եւ Հայաստանի՝ որպէս քաղաքական մարմինի, անկումին պատճառը:
Հայը, ի վերջոյ, սէր չունի նաեւ դէպի իր հայրենիքը. ան առաջին անախորժ դէպքէն ետք կը փախչի իր հայրենիքէն եւ յետոյ, հեռուէն կը սկսի կեղծաւոր կերպով անհամ սիրահարական երգեր երգել իր հայրենիքին…:
Այն ազգը, որու մէջ սիրոյ զգացումը մեռած է, ան ստրուկ է, իսկ ստրուկը ընդունակ չէ որեւէ բարոյական եւ հասարակական յառաջդիմութեան («Մշակ», Գրականական եւ քաղաքական շաբաթաթերթ, № 9, փետրուար 10 (22), 1877, էջ 1-2):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ