ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿ
«Մենք արդէն ունինք շուրջ քսան հաստատուած հրաւէր, այսինքն, շուրջ քսան երկիր հաստատած է իր մասնակցութիւնը Քազանի գագաթաժողովին՝ առաջնորդներու մակարդակով։ Այս ցանկը կ՚ընդլայնի», յայտարարեց վերջերս Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներէն Սերկէյ Ռիապքով։
Յայտարարութիւնը, որ խորքին մէջ կը համարուէր յաղթանակ մը BRICS-ի գագաթաժողովի նախօրեակին, անշուշտ, ունէր քաղաքական ենթաթեքստ։
Միջազգային հանրութեան համար զարմանալի կը թուէր, թէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ հազար ու մէկ խնդիրներու մէջ խճճուած է, պիտի կարենայ մեծ նախաձեռնութիւն մը վերցնել ու ամբողջ աշխարհին յայտարարել, թէ յառաջիկայ 22-24 հոկտեմբերին Քազանի մէջ տեղի կ՚ունենայ BRICS-ի գագաթաժողովը։
Այս կէտին, անշուշտ, հարցը միայն նման գագաթ մը կազմակերպելու կարեւորութեան չի վերաբերիր։ Ռուսաստան տակաւին ուժ ունի կազմակերպելու նման քաղաքական-տնտեսական գագաթաժողով մը, հակառակ որ Ուքրայնա ներթափանցած է ռուսական Քուրսք քաղաքը։ Սոյն գագաթաժողովին նպատակն է տնտեսական այլընտրանքային համակարգ մը ստեղծել։
Այս բոլորէն անդին, կայ նաեւ կարեւոր գաղափար մը, որ առաւելաբար կը խօսի այն հեռանկարին ու հաւանականութեան մասին, թէ BRICS կրնայ դառնալ միջազգային մակարդակով շփումներու կեդրոնատեղի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ո՛չ միայն Ռուսաստանի մօտիկ երկիրները, այլեւ յատկապէս անոնք, որոնք ձեւով մը կապ ունին ռուս-ուքրանական տագնապին հետ, իբր այդ ալ հետամուտ են որոշ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ։
Այդ երկիրներէն մին է Թուրքիան, որ այս մեծ տագնապին կապակցութեամբ մի քանի առիթներով փորձեց նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ։ Ճիշդ է, որ ան չյաջողեցաւ ամբողջական խաղաղութեան մը ծրագրով հանդէս գալ, սակայն պատերազմի ամենաթէժ փուլերուն Անգարայի ուղղակի մասնակցութեամբ՝ Ռուսաստանին եւ Ուքրայնային յաջողուեցաւ առնուազն փրկել «Հացահատիկի համաձայնութիւն»ը, որուն շնորհիւ ալ կարելի եղաւ զերծ պահել երրորդ աշխարհի երկիրները աւելի խոր ճգնաժամէ։
Բաց աստի, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին ալ վերջին ամիսներուն այցելեց Մոսկուա եւ Քիեւ։ Եւ իսկապէս Հնդկաստանի դերը ունի ուղենիշային հիմնադրոյթներ, որովհետեւ ան սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի հետ, որ Արեւմտեան պոլքին կողմէ կը համարուի թշնամի։ Բայց եւ այնպէս, այդ երկիրը անկարելի է Ռուսաստանին թշնամի համարել, այլեւ ան բարեկամն է երկու հակամարտող երկիրներուն։ Իբր այդ, Ռուսաստան յոյս կապած է BRICS-ին՝ ո՛չ միայն տնտեսական հարթութեան հանդիպման ուղենշային վայր, այլեւ ռուս-ուքրանական պատերազմի հանգուցալուծման կարեւոր օղակ, որովհետեւ ան թէ՛ աշխարհը կը յուզէ եւ թէ դարձած է հրատապ օրակարգ։
Միւս կողմէ, կարեւոր է, թէ BRICS-ի գագաթաժողովին ի՞նչ մակարդակի շփումներ տեղի կրնան ունենալ Նիւ Տելհի-Մոսկուա եւ Նիւ Տելհի-Քիեւ առանցքներուն վրայ։ Այս կապակցութեամբ վերլուծաբան Վահրամ Աթաննէսեան հրապարակած է «BRICS-ի գագաթաժողովին՝ Հնդկաստանէն բարեւագիր» խորագրեալ յօդուած մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն յօդուածէն հատուածներ։
Ըստ վերլուծաբանին՝ BRICS-ի երկիրներու անվտանգութեան պատասխանատուներու Սեն Փեթերսպուրկի հանդիպման Ռուսաստանի նախագահ Փութինի մասնակցութիւնը կը վկայէ, որ ան այնտեղ շատ կարեւոր ընելիքներ ունի:
Ըստ «ՌԻԱ-Նովոսթի»ի՝ Փութին հանդիպում ունեցած է ազգային անվտանգութեան հարցերով Հնդկաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Տովալի հետ: Հանդիպման մամուլին առջեւ բաց հատուածին մասին վերջինս ըսած է, որ վարչապետ Մոտի ուզած է, որ ինք մեկնի Սեն Փեթերսպուրկ եւ Ռուսաստանի նախագահին անձամբ ներկայացնէ Հնդկաստանի վարչապետի եւ Ուքրայնայի նախագահի բանակցութիւններու ընդհանուր պատկերը։ «Հանդիպումը փակ ձեւաչափով էր, ես վարչապետին հետ էի», ըսած է Տովալ եւ խոստացած է, որ Ռուսաստանի նախագահին կը տեղեկացնէ բանակցութիւններու բոլոր մանրամասնութիւնները:
Ռուսաստանի նախագահը Հնդկաստանի վարչապետի յատուկ բանագնացը ո՛չ թէ Քրեմլինի կամ մերձմոսկովեան նստավայրի մէջ ընդունած է, այլ անոր հետ հանդիպելու համար ինք մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ։ Այս կը վկայէ, թէ Փութին մեծ կարեւորութիւն կու տայ Մոտի-Զելենսքի բանակցութիւններուն:
Ընդ որում, հարկ է ընդգծել, որ Զելենսքիի հետ 23 օգոստոսին բանակցութիւններէն երկու օր անց Մոտի Փութինի հետ հեռախօսազրոյց ունեցած էր:
Եւ եթէ գրեթէ մէկ ամիս անց անհրաժեշտութիւն յառաջացած է, որ անոր յատուկ բանագնացը Վլատիմիր Փութինին մանրամասնութիւններ ներկայացնէ, ապա կարելի է ենթադրել, թէ Փութին-Մոտի հեռախօսազրոյցէն ետք Ուքրայնայի հարցով Ռուսաստան դիրքորոշում ճշդելու կարիք ունի:
Ինչի՞ մասին է խօսքը, որեւէ յստակ կանխատեսում ընելը բարդ է: Ուշադրութեան արժանի է, որ Զուիցերիոյ վարչապետի գրասենեակը նախօրէին յայտնած է ուքրանական կարգաւորման երկրորդ Խաղաղութեան խորհրդաժողովին Մոսկուայի մասնակցութեան հարցով Քիեւի հետ քննարկումներու մասին: Նման միջոցառման մը Ռուսաստանը ներգրաւելու օգտին անդրադարձած է նաեւ Հնդկաստանի վարչապետը։
Ուքրանական ռազմաճակատին իրավիճակը կը վկայէ, որ զէնքի ուժով Քիեւին անձնատուութիւն պարտադրելու Մոսկուայի նախագիծը հարցականի տակ է: Տպաւորութիւն կայ, որ Հնդկաստան կրնայ առաջարկել միջակայքային տարբերակ մը: Եւ Տովալ զայն պիտի ներկայացնէ Փութինին։ Ըստ երեւոյթին, Փութինի պատասխանէն կախեալ է՝ Մոտի կը մասնակցի՞ BRICS-ի գագաթաժողովին, թէ ոչ։
Հարկ է նշել, անշուշտ, որ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Փութին իր ելոյթի ընթացքին ըրաւ շարք մը քարոզչական եւ ինքնագովազդային յայտարարութիւններ։ Նման մակարդակի քննարկումներուն Փութինի մասնակցութիւնը, սակայն, կը վկայէ, որ ան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ընելիքներ ունի: Աւելի վերջ Իրանի լրատուամիջոցները անդրադարձան Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի յայտարարութեան, ըստ որուն՝ Ռուսաստան կը ճանչնայ Իրանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Պարսից ծոցի երեք կղզիները:
Առաջին հայեացքով շարքային-արարողակարգային կրնայ ընկալուիլ այս տեղեկատուութիւնը, սակայն Սեն Փեթերսպուրկի մէջ զայն գայթակղութիւն յարուցած է, քանի խօսքը կը վերաբերի Իրան-Սէուտական Արաբիա տարածքային վէճին:
Սէուտական Արաբիան Մերձաւոր Արեւելքի ազդեցիկ երկիրներէն մին է, որ սերտ յարաբերութիւններ ունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ, եւ այդ միապետութեան հետ Ռուսաստանը չի կրնար կատակել։
Այս մէկը, անշուշտ, օրինակներէն մին է, խորքին մէջ ի՞նչ քննարկումներ ծաւալուած են Սեն Փեթերսպուրկի մէջ՝ միայն կարելի է ենթադրել։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ BRICS-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու ձեւաչափով կազմակերպութեան յետագայ ընդլայնման հարցով դադար տալու համաձայնութիւն ձեւաւորուած է։ Սա կարեւոր բացայայտում է, եթէ հաշուի առնենք, որ Փութինի Պաքու այցէն անմիջապէս ետք Ատրպէյճան յայտարարեց BRICS-ին անդամակցելու պաշտօնական յայտ ներկայացնելու մասին, որուն հետեւեցաւ Թուրքիոյ նոյնաբովանդակ յայտարարութիւնը:
Ռուսական մամուլի տեղեկութիւններով՝ BRICS-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այժմ կ՚աշխատին կազմակերպութեան գործընկեր երկրի կարգավիճակի յարաչափերու յստակեցման եւ համաձայնեցման ուղղութեամբ: Եթէ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուին, ապա փաստաթուղթը կը ներկայացուի BRICS-ի գագաթաժողովի հաստատման:
Գաղտնիք կը մնայ, թէ ո՞ր երկիրները եւ ի՞նչ պատճառաբանութեամբ դէմ եղած են BRICS-ին Ատրպէյճանի իրաւահաւասար անդամակցութեան: Եւ եթէ BRICS-ի մէջ այդ հիմնաւորումները ընդունուած են, ապա հնարաւոր կ՚ըլլա՞յ համաձայնեցնել գործընկեր երկրի կարգավիճակի յարաչափերը, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, ո՛չ միայն տնտեսական են, այլեւ՝ իրաւաքաղաքական, թերեւս՝ նաեւ քաղաքակրթական:
Միւս կողմէ, Փութին Սեն Փեթերսպուրկի հանդիպման մասնակիցներէն խնդրած է իրենց երկիրներու առաջնորդներուն ողջոյններ փոխանցել եւ աւելցուցած՝ որ զանոնք կը սպասէ Քազան: Եւ հիմա հիմնական հարցադրումը այն է, թէ արդեօք Փութինի սպասումները պիտի արդարանա՞ն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան