«ՏԷՐՈՋԸ ՄԵԾ ՕՐԸ ՄՕՏ Է»

«Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի»
(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2)։

Մարգարէական գիրքերը Աստուածաշունչին մէջ լեցուն են մարգարէական տեսիլքով, որոնք կրնան նոյիսկ սահմռկեցուցիչ տրամադրութիւններ եւ մթնոլորտ ստեղծել։ Տակաւին ինչ խօսք Աստուածաշունչի Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքին մասին, որ կը բնութագրէ «աշխարհի վերջը», ինչպէս որ մեր պատանեկան տարիներուն վարժ էին սորվեցնելու մեզի։ Մարգարէական գիրքերը կը խօսին գալիք օրերու հաշւոյն եւ թէ ինչպէս կը բացատրուի Տէրոջ մեծ օրը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, որ կրնայ մօտ ըլլալ։

Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ «մօտ է» թուարկումը։ Մօտի հասկացողութիւնը կրնայ յարաբերական ըլլալ՝ տեսութեամբ եւ բացատրութեանբ։ Այս իմաստով Սոփոնեայ մարգարէն, որ ապրած էր Յուդա թագաւորի օրերուն (640-609 ՔԱ), ամենէն շատ ինք արձանագրած է, թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է» (Սոփոնեայ 1.7)։ Մարգարէական գիրքերուն մէջ եթէ կը խօսին Տէրոջ օրուան մասին, բայց նաեւ այն բոլոր իրադարձութիւններուն եւ իրավիճակներուն վրայով, որ աշխարհ կ՚ապրի։ Այդ ապրուած իրականութիւններու նկարագրականներէն են. «նեղութեան եւ տառապանքի» եւ «կործանումի, աւերումի, խաւարի ու մէգի» օրեր (Սոփոնեայ 1.15)։ Արդեօք այս իրավիճակները պէտք է դիտել միայն որպէս ապագայի տեսութիւններ, թէ առընչել զանոնք ներկայի մեր ապրած օրերուն եւ կեանքերուն հետ։

Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներու իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Այն ժամերուն եւ ժամանակներուն համար, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.1)։ Ժամը՝ յունարէն արմատին մէջ, կու գայ որպէս «chronos», որ կը բացատրուի որպէս ժամացոյցի ժամ։ Իսկ «ժամանակը», նոյն արմատին մէջ կու գայ որպէս «kairos», որ կը բացատրուի որպէս մասնաւոր կամ իւրայատուկ ժամանակաշրջան։ Պօղոս առաքեալ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է» հասկացողութիւնը կը նոյնացնէ եւ կը համեմատէ ժամի եւ ժամանակի հետ եւ մանաւանդ երբ կը՚սէ. «Պէտք չէ ձեզի բան մը գրել»։

Պօղոս առաքեալ ապա կը յստակացնէ ըսելով. «Տիրոջ օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2)։ Գիշերը՝ ըստ Պօղոս առաքեալի եւ «մօտ»ը ըստ Սոփոնեայ մարգարէին, չունին ժամի եւ ժամանակի յստակ բնորոշում։ Այս կրնայ բացատրուիլ որպէս որեւէ ժամ եւ ժամանակ, առանց յստակ բնութագրումի։ Առաքեալը այս իմաստով կը քաջալերէ քրիստոնեան ապրելու համար «Տէրոջ օրը մօտ է» հասկացողութիւնը տեղադրելով զայն ներկային մէջ։ Ան կը բնութագրէ քրիստոնեան՝ որ անկախ բոլոր տիրող իրավիճակներուն եւ պայմաններուն, կ՚ապրի ներկան առանց երբեք խաւարի մէջ ըլլալու։ Այսինքն քրիստոնեան կ՚ապրի լոյսին մէջ, նոյնիսկ երբ ներկայի կեանքը դժուար է եւ մութ ու Տէրոջ գալը անյստակ եւ անժամանակ։ Պօղոս առաքեալ կը խօսի քրիստոնեային պարտականութեան գիտակցութիւնը ապրելու եւ գործելու, երբ նեղութիւն, տագնապ, կործանում եւ աւերում կայ. իրավիճակներ՝ որոնք դժբախտաբար ներկայ աշխարհը պակաս չէ այդ բոլորէն։ Պօղոս առաքեալ կը քաջալերէ քրիստոնեան եւ եկեղեցին, որպէսզի չքնանան, հապա արթուն եւ զգաստ ըլլան, որպէսզի փրկութիւն ստանան։

Մարգարէութիւններուն մէջ գրուածը՝ «Տէրոջը օրը մօտ է» եւ Պօղոս առաքեալի՝ «Տիրոջ օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի», կու գան արդիւնաւորուելու եւ նշանակութիւն ստանալու Նոր Կտակարանին «Երեք ծառաներու առակին» մէջէն (Մատթէոս 25.14-30)։ Մարդ մը կը կանչէ իր երեք ծառաները օտար երկիր մը ճամբորդելէն առաջ։ Մարդուն ճամբորդութիւնը ունի յստակ ժամ եւ ժամանակ՝ յար եւ նման Քրիստոսի, որ խաչուեցաւ, մահացաւ եւ յարեաւ մեռելներէն։ Հոս ժամը ու ժամանակը յստակ են։ Բայց այն ինչ որ յստակ չէ, առակին մէջի մարդուն վերադարձն է, որ կը համեմատուի Քրիստոսի եւ անոր վերադարձի ժամուն ու ժամանակին հետ։ Մեկնելէն առաջ ան իր ծառաներէն մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ, երկրորդին՝ երկու եւ երրորդին՝ մէկ, «Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ» (Մատթէոս 25.15)։ Մարդուն փափաքն էր, որ իր երեք ծառաները աշխատէին իրենց կարողութեան եւ տաղանդին համեմատ։ Մարդը վերադարձաւ առանց նախօրօք զգուշացումի։ Ան վարձատրեց ծառան, որ հինգ տաղանդին վրայ հինգ մըն ալ աւելցուցած էր, նոյնպէս երկրորդ ծառան, որ երկուքին վրայ աւելցուցած էր ուրիշ երկու ալ։ Ան սակայն նախատեց եւ պատժեց երրորդը, որովհետեւ ան բան մը չէր աւելցուցած իր մէկ տաղանդին վրայ։

Հարցումը իւրաքանչիւրիս այս է, թէ ե՞րբ է Տէրոջ մեծ օրուայ ժամը եւ ժամանակը։ Պէտք է սպասե՞լ անոր։ Անպայման այո եւ այս է մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը, որ Քրիստոս նորէն պիտի գայ։

Բայց մինչ այդ, ի՞նչ պարտինք ընել։

Պօղոս առաքեալ կու տայ պատասխանը։ Քրիստոնեաները «լոյսի եւ ցորեկուան որդիներ են» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.5)։ Լոյսի մէջ եղողը լոյս կը սփռէ այս աշխարհին՝ հոն ուր, յատկապէս ներկայ օրերուն, խաւարը կը տիրապետէ։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր կարողութեան չափով պարտաւոր է լոյս սփռել՝ ըլլայ այդ փոքր, միջակ թէ մեծ ուժգնութեամբ։ Լոյսը՝ անկախ իր քանակէն եւ ուժէն, անպայմանօրէն լոյս կը սփռէ։ Լոյսը սփռելու առաքելութեան մէջ կայ կարեւոր մէկ գրաւական՝ լոյսի մէջ եղողները եւ լոյսը սփռողները պէտք է որ «իրարու օգնեն» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.11)։ Երբ նայինք «իրարու օգնելու» արտայայտութեան յունարէն բնագրին, հոն գործածուած է «oikodomeo» բառը։ Յունարէն բառին գործածութիւնը կը պարփակէ շինարարական գործընթացի ծրագիր մը։ Հոն ուր մարդիկ միասին կը գործեն եւ նոր շինարարութիւն մը կ՚իրագործեն։ Այս հասկացողութեամբ պէտք է հասկնալ Պօղոս առաքեալի «իրարու օգնեն» արտայայտութիւնը։ Օգնել կը նշանակէ կեանքերը շինել, որ կ՚անցնի նիւթական օժանդակութեան սահմաններէն եւ կ՚ընդգրկէ միասին կերտել մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերը ու տակաւին հայրենիք։ Օգնելու եւ շինելու այս գործընթացը կ՚իրականանայ ու կ՚ամբողջանայ, երբ առկայ է զիրար հասկնալը եւ յարգելը։ Նոյնիսկ երբ տարբեր մտածողութիւններ կան եւ տակաւին ոչ նոյնանշանակ աշխատանքային ոճ եւ գաղափար-միտք։

Մենք կ՚օգնե՞նք իրարու։ Կը հասկնա՞նք զիրար։ Կը յարգե՞նք զիրար։ Պատրա՞ստ ենք մեր կեանքերը միասին շինելու եւ ամբողջացնելու։

Արցախի պատերազմի քառասուն եւ չորս օրերու թշնամիին յարձակումները դիմադրելէ ետք հայ ժողովուրդը այսօր կ՚ապրի իր պատմութեան մէկ այլ ճակատագրական ու բախտորոշ իրականութիւն մը։ Հայուն կեանքին մէջ այսօր կայ նեղութիւն, տառապանք, կործանում եւ աւերուածութիւն։ Աշխարհի անարդար եւ անիրաւական համակարգերու եւ չափանիշներու շահարկումներու մէջէն հայուն կեանքը կ՚անիրաւուի անգամ մը եւս։ Այս հայուն պատմութեան նոյն կրկնուող խաւարի կեանքն է, որուն մէջէն ան դարձեալ պիտի քալէ։

Պատմութեան ստեղծած իրավիճակները չենք կրնար փոխել։ Բայց կայ կեանքին մէջ գիտակցութիւնը, որ կրնայ փոխել նոյն պատմութեան ստեղծած օրերուն ընթացքը։ Տէրոջ օրուան գիտակցութիւնը եւ անոր ստեղծած լոյսի մէջ ապրելու գրաւականն է, որ կրնայ յաղթել խաւարին։ Լոյսը՝ որ պիտի ջլատէ խաւարը մեր կեանքերէն եւ մեր երկրէն։ Լոյսը լուսաւորելու համար պէտք է գործը եւ աշխատանքը, որոնք կ՚իրականանան, երբ հայը կը մնայ զգաստ, թէ՝

իրարու պիտի օգնենք,

զիրար պիտի հասկնանք ու

զիրար պիտի յարգենք։

Մեր հաւաքական ու հայրենի կեանքերը միասին պիտի շինենք։

«Տէրոջ մեծ օրը մօտ է»։ «Մօտը» կ՚իրականացնենք, երբ կը շարունակենք մնալ լոյսին մէջ։ Լոյսով ստեղծուած գործը կը յաղթէ խաւարին ստեղծած բարոյալքումին եւ անէծքին։ Իսկ յաղթելու համար պէտք է իրարու օգնենք, զիրար հասկնալով եւ յարգելով։ Եւ մեր կեանքերը միասին շինելով։

«Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»։

Այս «մօտ»ի գրաւականին մէջ հայը պարտի Լոյսի կեանքին մէջ շարունակել մնալ։ Իրարու հետ եւ միասին։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

20 նոյեմբեր 2020, Քուէյթ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020