ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԵՐԵԽԱՅ ԱՐԺԱՆԻ Է ԽՆԱՄՔԻ

Ի՞նչ կ՚ընէիք, եթէ հասարակական վայրէ մը ներս վեցամեայ երեխայ մը առանձին տեսնէիք։

ԻՒՆԻՍԷՖ թողարկած է կարճ տեսանիւթ մը, որ երկու միլիոն դիտում ունեցած է։ Տեսանիւթը կը ցոլացնէ վեցամեայ դերասանուհի Անանոն, որ հագցուած է տարբեր ձեւերով, տարբեր իրավիճակներու մէջ։ Երբ Անանօ մաքուր ու լաւ հագուած է, կը տեսնենք, թէ մարդիկ անմիջապէս կ՚օգնեն անոր։ Բայց երբ Անանոյի արտաքինը փոխուի եւ աւելի աղտոտ հագցուի, կը տեսնենք, թէ մարդիկ նոյնիսկ կը խուսափին իրեն մօտենալու եւ անմիջապէս կը հեռանան անկէ։

Ինչո՞ւ մարդիկ իր հագուածքին համեմատ տարբեր կերպով կը վարուին Անանոյի հետ։

Թէեւ պարծենալու իրավիճակ չէ, սակայն բացատրութիւնը հետեւեալն է. մարդիկ արմատացած նախապաշարումներ ունին եւ կը նախընտրեն օգնել «առանձնաշնորհեալ»ներուն, այլ ոչ թէ անապահովներուն: Իր գիսախռիւ Անանոն կը նմանի փողոցային երեխայի մը։ Դարձեալ, նոյն հանգամանքներու մէջ մենք կրնանք մտածել տարբեր մշակութային ծագումով այլ երեխայի մասին: Զարմանալի չէր ըլլար տեսնել, որ այս մարդոց արձագանգը նոյնը կը մնայ։ Իրականութեան մէջ տեսանիւթին մէջի մարդիկը չեն տարբերիր մեզմէ։ Եթէ ​​նոյն իրավիճակի մէջ ըլլայինք, նոյն ձեւով կարձագանգէի՞նք։

Կը փափաքիմ առաջարկել Անանոյի իրավիճակի վերաբերեալ այլ տեսակէտ մը, որ կը լուսաբանէ այն խնդիրը, թէ ինչպէս կ՚արձագանգենք այլ մարդոց: Կարեւոր տարբերութիւն կայ հրատապութեան եւ անհրաժեշտութեան միջեւ: Եթէ բան մը կը պահանջէ անյապաղ ուշադրութիւն եւ գործողութիւն, ան հրատապ է։ Օրինակ՝ մարդուն խեղդուիլը արտակարգ դէպք մըն է, քանի եթէ մէկը չօգնէ, այդ մարդը խեղդամահ կ՚ըլլայ։ Եթէ բան մը անհրաժեշտութիւն է, յատկապէս տարրական անհրաժեշտութիւն, մէկու մը համար անփոխարինելի կամ շատ կարեւոր է. օրինակ՝ լաւ կեանք վարել։ Նախնական կրթութիւնը կը համարուի այդ երեխայի հիմնական կարիքը, քանի առանց հիմնական կրթութեան երեխայի համար գրեթէ անհնար է ձեռք բերել այն գիտելիքները, որոնք անհրաժեշտ են հասարակութեան մէջ ճիշդ գործող անհատ մը ըլլալու համար։

Թերեւս Անանոյի տեսանիւթը կը բացայայտէ իրողութիւն մը. երբ մարդիկ հասարակական վայրի մը մէջ առանձին կը տեսնեն խնամուած երեխան, անմիջապէս կ՚արձագանգեն։ Ի հարկէ, սա բնականոն իրավիճակ մը չէ, քանի որ աղջիկը կրնայ կորսուած ըլլալ։ Եւ եթէ ան հանդիպի սխալ մարդոց, ապա կրնայ աւելի մեծ վտանգի դէմ յանդիման մնալ։ Ենթադրենք, սա արտակարգ իրավիճակ է եւ մարդիկ պատրաստ են օգնելու։ Ընդհակառակը, երբ անոնք կը տեսնեն անխնամ տեսքով Անանոն, կարծես թէ սա արտակարգ իրավիճակ չեն համարեր: Ցաւօք սրտի, սա կը վերաբերի բոլոր երեխաներուն, որոնք անխնամ տեսք ունին: Դժուար չէ կռահել, որ մարդիկ կը կարծեն, թէ այս աղջիկը կ՚ապրի փողոցի վրայ։ Նոյնիսկ ընտանիքը զինք փողոց կ՚ուղարկէ մուրացկանութեան։ Մինչ մարդիկ թերահաւատօրէն կը վերաբերին, թէ ով պատասխանատու է (ընտանի՞քը, թէ պետութիւնը) երեխայի կարիքները հոգալու համար, անոնք կը կարծեն, թէ պատասխանատուութիւն չունին այդ երեխաներուն օգնելու համար:

Հրատապութեան եւ անհրաժեշտութեան տարբերակումը մեզի կու տայ տրամաբանական բացատրութիւն տեսանիւթի պարագային մարդոց պահուածքի կապակցութեամբ, բայց սա չ՚արդարացներ անոնց դիրքորոշումը։ Անցորդները կը խաբեն իրենք զիրենք, թէ պատասխանատուութիւն չունին օգնելու անխնամ երեխաներուն՝ որովհետեւ անոնք արտակարգ իրավիճակի մը մէջ չեն: Իրականութեան մէջ մենք բոլորս պարտաւոր ենք հոգալ ողջ մարդկութեան հիմնական կարիքները:

Կարգ մը մարդիկ կը հաւատան, որ քանի չեն վնասեր ուրիշները, պարտաւոր չեն օգնելու ոեւէ մէկուն, որ իր կողքին ունի ընտանիք եւ ընկերներ: Բայց եթէ այս տեսարանը ճշմարիտ է, մենք նոյնիսկ կարիք չունինք օգնելու անծանօթ մարդու մը արտակարգ իրավիճակի պարագային:

Այլ մարդիկ կրնան մտածել, որ պատասխանատու են միայն արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած մարդոց օգնելու: Բայց կ՚արժէ մտածել այս բանի շուրջ։ Մենք պէտք է փորձենք փոխել մեր վերաբերմունքը անօթեւան Անանոներու նկատմամբ եւ պատրաստակամ օժանդակութեան՝ առանց նախապաշարումի։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2022