ԱԿՆԱՐԿ - 55 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԳԷՈՐԳ Զ. ՉՈՐԵՔՃԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԷՆ (ՊԱՀՔԻ, ԶՂՋՈՒՄԻ ԵՒ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ)

• Մեծ պահքի մասին, կը գրէ Հայրապետը.

- Բարեկենդանի բերկրալից օրերուն Մեծ պահքի լռութեան եւ սուսունքի օրերը կը յաջորդեն: Մարդկային կեանքը՝ զուարճութեան գագաթնակէտին հասնելով՝ եկեղեցւոյ կոչով սթափելու, ներքնապէս ամփոփուելու եւ ինքն իրմէ իր արարքներուն համար հաշիւ պահանջելու կը հրաւիրէ, առաջնորդուելով մեր Փրկիչին, մեր կեանքի Առաջնորդին մեզի տուած սկզբունքով:

Եկեղեցւոյ կոչը Փրկիչին քարոզն է, թանկագին ժողովածուները կը կազմեն մանաւանդ Մեծ պահքի կիրակիներուն՝ ճաշու առակներով հարուստ Աւետարանները, որոնք քրիստոնեայ մարդու համար զարթուցիչ կոչնակի դեր կը կատարեն:

- Օրհնեալ ըլլան Մեծ պահքին օրերը, օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ տունը՝ այս տաճարը իր սուգի զարդերով, օրհնեալ ըլլան Տիրամօր սենեակները՝ իւրաքանչիւր խաղաղ սենեակ իր աղօթքի անկիւնով, որոնք մեզ աշխարհէն կը հանեն, կը սթափեցնեն եւ մեր հայեացքը դէպի վեր՝ դէպի Տէրը կ՚ուղղեն։ Ով որ այս առանձնութեան եւ ինքնամփոփման ժամուն իր սիրտը բանայ Տիրոջ առջեւ՝ անառակ որդիին նման, ողորմութիւն կը գտնէ։ Վա՜յ անոր, ով դէպի աշխարհ դառնայ եւ այնտեղ մխիթարութիւն փնտռէ զղջացող Յուդային նման. «Մեզի ի՞նչ, ատիկա քու գիտնալիքդ է» (Մտ 27.4), սառն ու չկարեկցող պատասխանը կը ստանայ, որուն վախճանը մահը կ՚ըլլայ, ինչպէս եղաւ Յուդային վախճանը. «Դրամը նետեց տաճարին մէջ եւ հեռացաւ։ Ապա գնաց եւ ինքզինք կախեց» (Մտ 27.5)։ Ահա՛ բոլոր անոնց վախճանը, որոնք մեղքերու ճամբային մէջ չե՛ն փնտռեր շնորհքի աղբիւրը՝ կեանքի Տիրոջը, մեղաւորներու Փրկիչին։ Սիրելինե՛ր, փրկութեան այդ ճամբան լայն բացուած է ապաշխարութեան այս օրերուն. Գողգոթայի խաչէն մեր Փրկիչը Իր օգնող բազուկները դէպի մեզի պարզած է, Անո՛ր դիմեցէք, եւ Դաւիթին խօսքը մեր առաջնորդը թող ըլլայ. «Ես աչքերս չեմ հեռացներ Տիրոջմէ, որ զիս անփորձանք դուրս կը բերէ չարին ցանցերէն» (Սղ 25.15):

- Ի՜նչ երանի էր, որ մեր սիրտերն ալ կատարեալ զղջումով լեցուէին եւ Տիրոջ շնորհքին արժանանալով՝ վերստին ապրէինք։ Ի՜նչ երանելի կ՚ըլլար, որ ապաշխարութեան այս օրերուն, Փրկիչի խաչի զօրութեան եւ հովանիին տակ, մեր ապաշխարանքն ալ երկնային պտուղներ բերէր՝ ոսկիի նման մաքրելով եւ սրբելով մեր հոգին, արդարութեան ու անձնուիրութեան ճամբան բռնէր եւ սիրոյ գործեր ծնէր։ Ի՜նչ երանի կ՚ըլլար, որ մեր ապաշխարութեան արցունքներն ալ ի զուր տեղ չթափէին, այլ՝ գարնան ջերմ անձրեւին նման մեր սիրտը պտղաբերէին եւ արդարութեան ծիլեր տային:

• Զղջումի-ապաշխարութեան մասին կը գրէ.

- Ո՛վ կատարելապէս ապաշխարած է, ո՛վ կորստեան ճանապարհէն դարձած է, ո՛վ ըմբռնած է խաղաղութեան ուղին, ո՛վ տօնած է իր վերածնունդը՝ ան անշուշտ ճաշակած է զղջումի քաղցրութիւնը՝ ներքին ազատութիւն զգացած, ան գիտակցած է, թէ այլեւս աշխարհի՝ մեղքի զաւակ չէ, այլ՝ Յիսուսի՛ աշակերտ՝ Աստուծոյ որդեգիր:

- Ճշմարիտ զղջումն է, որ Փրկիչին ներումին եւ ողորմութեան շնորհիւ, դէպի նոր կեանք կը տանի:

- Փրկիչը «մեղաւորին մահը չ՚ուզեր, այլ՝ անոր դարձն ու ապաշխարելը»։ Ուստի, եթէ մեր մէջ ալ Թովմասներ կան՝ սակայն հետամուտ են իրենց հաւատքը հաստատելու. թերահաւատ եւ ուրացող Պետրոսներ՝ սակայն դառնապէս լացող եւ ապաշխարող. բարոյապէս ինկած Մագթաղենացիներ՝ սակայն սեփական արցունքով իրենց մեղքերը լուալու ընդունակ, թո՛ղ հաստատ գիտնան, որ Փրկիչը այդպիսիներ է որ կը փնտռէ եւ անոնց կը բաշխէ Իր խաղաղութեան ողջոյնը, անոնց կը շնորհէ Իր խաղաղութեան ժպիտը, ինչպէս երբեմն՝ Իր աշակերտներուն։

Եթէ դուք ալ, սիրելի եղբայրնե՛ր եւ քոյրեր, Փրկիչին խաղաղութիւնը կ՚ուզէք ճաշակել եւ Անոր ուրախ եւ պայծառ դէմքը տեսնել, ձեր սիրտը Անոր նուիրեցէք, Անոր ճամբայէն քալեցէք, Անոր կեանքով ապրեցէք եւ հաւատացէք, որ այսօր իսկ Ան կ՚այցելէ ձեր գիւղը եւ կը մտնէ ձեր լացող բնակարանները՝ մխիթարութեան եւ օգնութեան ողջոյնով։ Կու գայ ձեր տունը, այր ու կնոջ, քոյր եւ եղբօր, ծնողներու եւ որդիներու բաժան սիրտերուն միութեան եւ սիրոյ ողջոյն կը բերէ։ Կ՚այցելէ կասկածամիտ հոգիներուն եւ մանկական հաւատք ներշնչելով՝ վերջ կը դնէ անոնց յաւիտենական մաքառումներուն։ Կը մօտենայ մեղաւոր հոգիներուն եւ զղջումի զգացում արթնցնելով՝ խաղաղութեան ողջոյն կը բերէ։ Տանջուող հիւանդին անկողինին մօտ կը կանգնի եւ հեծող մեռնողի մահիճին առջեւ եւ մխիթարութեան ողջոյն կու տայ:

- Եկէ՛ք, ուրեմն, ապաշխարող եղբայրներ եւ քոյրեր, թմրութենէն զարթնինք եւ մեր ուժերը աշխատանքի հրաւիրենք. մեր սիրտն ու զգացմունքը ուղղենք դէպի մեր Արարիչը՝ Անոր կամքը մեզի համար առաջնորդ ընտրենք, որովհետեւ աշխատանքն ու Աստուծոյ կամքի հպատակութիւնն է միայն՝ աշխարհի եւ մարդուն կատարելութեան ճանապարհը:

- Լսէ՛, ո՜վ մարդ, եթէ սիրտդ չմաքրես՝ Տիրոջ թագաւորութեան մէջ մաս չունիս: Լսէ՛, ո՜վ աշխարհասէր, երկրային հաճոյքներուն եւ անցաւոր գանձերուն պրպտումները երջանկութիւն չեն շնորհեր քեզի, եթէ սիրտդ չլուաս: Լսէ՛ նաեւ, դո՛ւն, ո՜վ քրիստոնեայ, ու քրիստոնեայ անունդ, յաճախ եկեղեցի երթալդ եւ կատարած արտաքին արարողութիւններդ անօգուտ կ՚անցնին, եթէ սիրտդ չլուաս ու չսրբես:

- Երկրի ցեխը ու փոշին ո՛չ միայն ոտքին կը կչպի, այլ՝ կ՚արատաւորէ մարդուն մինչեւ իսկ գլուխը. ահաւասիկ մեր ձեռքերը՝ անարդար, ահաւասիկ մեր աչքերը՝ ցանկասէր, ահաւասիկ մեր լեզուն՝ ստախօս, ահաւասիկ մեր ճակատը՝ մեծամիտ, ահաւասիկ մեր սիրտը՝ չար խորհուրդներով լեցուն: Ի սրտէ զղջումն ու ապաշխարութիւնն են մեր այս վէրքերուն բժիշկը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024