ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ՀԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ
Այս տողերով կ՚ուզեմ ըսել անհրաժեշտն ու ճշմարիտը։ Չեմ փորձեր աշխարհը համոզել։ Ընթերցելը երկնքի եւ լոյսի պատուհանները բացող ջերմութիւն է՝ ինչպէս ըսած են իմաստունները։ Յաճախ կը զգանք, բայց յաճախ ալ չենք հասկնար, որ ընթերցելը ոգի ալ է:
Ու լաւատեղեակ ենք, որ մարդիկ ընդհանրապէս կը կարդան իրենց ազատ կամ նոյնիսկ զբաղ ժամերուն։ Իրենց նախասիրութեան համաձայն, լրագիր կամ ամսաթերթ, հատոր կամ վէպ կը կարդան: Կ՚ընթերցեն, երբեմն արագ եւ յաճախ ալ դանդաղ։ Կը կարդան, թերեւս միայն յօդուածներու վերնագիրները: Վերջապէս կը կարդան, որովհետեւ ամէն մարդ ունի իր ճաշակը, նախասիրութիւնը: Որովհետեւ կը սիրեն «բան»ով մը զբաղուիլ... կարդալուն կը դիմեն:
Բայց կը կարծեմ, որ հայ թերթ կարդացողներու պարագան, բոլորովին տարբեր է: Մարդիկ հայ թերթ կը կարդան, որովհետեւ կը հաւատան, որ հայ լուրը հայ ընթերցողին հասցնող հայ մամուլը, իրենց մտքին թելը կը բռնէ եւ այս ձեւով զիրենք ազգին խուլ ցաւերուն եւ նոյնպէս ալ ուրախ կանչերուն կը միացնէ:
Իսկ գիրքի կամ հատորի պարագային՝ իրենց ընթերցումով, ապրումները ժողվելով միատեղ կամուրջ մը կը նետուի հեղինակին եւ իրենց միջեւ։ Այս պարագային ընթերցումը, միտք կը փոխանցէ։ Կարծիք կը կազմէ եւ գաղափարները լճացումէ կը փրկէ։ Էականը այն է, թէ ընթերցողը գիրն ու գրականութիւնը քաջալերողն է։
Որովհետեւ տպագիր հայերէնի ընթերցումներով, հայ գիրի տարածումն ալ կ՚ապահովուի։
Նորութիւն մը բերած պիտի չըլլամ, երբ յեշեմ, որ հայ գրողը, ըլլայ ան հայ մամուլի անխոնջ խմբագիր, թղթակից կամ աշխատակից եւ տակաւին մտաւորական եւ կամ զանազան առիթներով գրաւոր կերպով իր միտքերը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնող եւ բաժնող գրիչ, եթէ չունենար ճերմակ թուղթին վրայ սեւով գրուած իր տողերը կարդացողը կամ ընթերցողը, հաւատացէ՛ք, ժամանակ մը վերջ, հայ գիրի ակօսները վար ու ցան ընողներու թիւը պիտի նօսրանար։
Ինծի համար շատ հետաքրքիր մէկն է մեզի ծանօթ եւ անծանօթ, լայն ու նեղ «սահմաններ» ունեցող մեր հայ անհատ ընթերցողը: Անոնք բոլորն ալ ձեւով մը կեանք կը կարդան։ Որովհետեւ կը հաւատան, որ առանց ընթերցողի գիրքը, էջերու վրայ տողերու հաւաքածոյ մըն է։
Ուրեմն՝ գիրք, օրաթերթ, ամսաթերթ, հեռաձայնային եւ կամ ֆէյսպուքեան պատգամներ այս բոլորը կը պատկանին ընթերցող հասարակութեան: Միւս կողմէ, կրնանք նաեւ հաստատել, որ եթէ մեր մամուլը կ՚ապրի, սա կը նշանակէ, որ ունի իր հաւատարիմ պահակը՝ իր ընթերցողը: Բայց անկախ այս բոլորէն, անշուշտ այս տողերուն գըլ-խաւոր միտքը չէ կեդրոնացած ակամայ ընթերցողի ճակտին, այլեւ անպայման՝ ա՛յն մէկուն, որ միշտ կը հետեւի հայ մամուլին։ Ան հայ թերթ կը գնէ կամ նամակատան եւ այլ միջոցով զայն կը ստանայ։ Հայերէն գիրք կը գնէ եւ միշտ ներկայ կ՚ըլլայ անոր հրապարակային շնորհանդէսներուն եւ գինեձօներուն:
Մէկ խօսքով, դրական կերպով կը քաջալերէ:
Ահա այս մէկն է իրաւ ընթերցողը, որուն բացակայութեան հաւատացէ՛ք «ամէն բան պիտի խամրէր: Պիտի լճանար: Պիտի չորնար»:
Տակաւին կը յիշեմ, երբ տարիներ առաջ այս երկիրը նոր հաստատուած էինք, զարմանքով կը տեսնէի օդակայաններու կամ հանրային պարտէզներու նստարանները գրաւող մարդիկ՝ իրենց ժամերը ընթերցելով կը վատնէին: Մեծ եւ պզտիկ։ Հասկնալի էր, որ այս երկրի կեանքի պարզ ոճին մաս կը կազմէր այս մէկը: Անմիջականութիւն մը: Կարդալ։ Ընթերցել։ Իրենց համար, գիրք կամ թերթ կարդալու հաճոյքը, մտքի վայելք ալ էր: Գաղափարներ կը նորոգէ: Մտահոգ եւ գիտակից միտքերու հետաքրքրութեան «ծարաւ»ը կը յագեցնէ: Ընթերցողին միտքը կը հարստացնէ: Ու այս ձեւով «գրիչը» հրապոյրը կը ստանայ իր ընթերցողներէն:
Իսկ այս օրերուն...
«Ժամանակը արդէն արագացած է եւ աշխարհը նոր հունի մէջ է», կրկնած ենք միշտ։ Վախս է, որ առանց ընթերցողի, վաղը հետզհետէ հորիզոնները պիտի նեղնան։ Ուրեմն, հայ գիրին ու գիրքին կողքին՝ նաեւ անհրաժեշտ է ունենալ հայ ընթերցողի տեւական ներկայութիւնը, որպէսզի շարունակենք պարիսպը։ Բայց, փառք Աստուծոյ, տակաւին կան ընթերցողներ, որոնք հաւատարմօրէն կը շարունակեն իրենց այս օրինակելի ընթացքը։ Անկասկած, այս վերջինները իրենց ներուժը ստացած են մեր մշակոյթէն, իրենց կորովը՝ հայ լեզուէն, հայ գիրէն եւ գրականութենէն։
Ու մեծապէս գնահատելով հայ ընթերցողը, մենք, մեր տարբեր ժողովուրդ մը ըլլալը կը հաստատենք։ Հայը երբեք անտարբեր չէ եղած իր զաւակներուն ստեղծագործ ճիգերուն հանդէպ։ Հայ գրական երեւակայութեամբ զբաղուողները տակաւին կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը, այնքան ատեն, որ իրենց կողքին ունին հայ հաւատարիմ ընթերցողները։
Ուստի սէրս ու յարգանքս՝ արժանաւորին, այս պարագային հայ ընթերցողին, որուն գիտակցութիւնը հոգեկան վայելք եւ խանդավառութիւն կը շնորհէ հայ գրիչին։ Ու ի սրտէ բիւր յարգանք՝ հայ ընթերցողին ու նաե՛ւ շնորհակալութիւն ե՛ւ բարերար գնահատում ու երախտագիտութիւն՝ որպէսզի հայ գիրին եւ գրականութեան երազը իր ներկայութեամբ եւ զօրակցութեամբ տեւական եւ ամուր կեանքով ապրին։
Տողերս, հայ ընթերցողին բարերար եւ սոսկ գնահատումէ մը աւելին են անկասկած:
Արդ, բիւր յարգանքս քե՛զի, հայ ընթերցող:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ