Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդ Միութեան 90-ամեակին Առիթով
Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը (ՊՀԵԵ միութիւն) սփիւռքահայ հնագոյն կազմակերպութիւններէն մին է:
Այսօր անիկա արդէն 90 տարեկան երիտասարդն է: Հակառակ անոր որ երկրին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն բերումով ենթակայ է բազում դժուարութիւններու, սակայն տակաւին պատնէշին վրայ կանգուն կը մնայ:
Մեր ազգային ինքնութեան պահպանման նպաստող ամենէն կարեւոր նախաձեռնութիւնն էր այս, որ իրականացաւ յետեղեռնեան Իրաքի մէջ կայք հաստատած գաղափարապաշտ հայորդիներու անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ:
Հարուստ պատմութիւն ունեցող միութիւն մըն է անիկա, որ 90 տարիներու ընթացքին եղաւ տիրական դէմքը իրաքահայ պատմութեան մէջ՝ նպատակ ունենալով «Սատարել իր անդամներուն եւ հայ հասարակութեան մտաւոր, մշակութային, բարոյական եւ ֆիզիքական զարգացման», ինչպէս իր կանոնագիր-ծրագիրը կ՚ըսէ: Անիկա անշեղօրէն այդ նպատակները կրցաւ իրականացնել իր անդամներու անսակարկ նուիրումով, տարիներու յամառ ճիգերով ու տքնաջան աշխատանքով:
1926-ին, երբ կը հիմնուէր ՊՀԵԵ միութիւնը, ամբողջ Իրաքի տարածքին գործող հայկական ոչ մէկ պաշտօնական միութիւն կար: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Իրաքի մէջ ունէր գործող մասնաճիւղ մը, որ միայն բարեսիրական գործունէութիւն կը ծաւալէր: Կար նաեւ թատերասիրացի խումբը, որուն անդամները առաջին իսկ օրէն միացան նորակազմ երիտասարդաց միութեան:
Երիտասարդացը եղաւ մշակութային, ընկերային եւ մարզական կազմակերպութիւն մը, որ երկար ժամանակ առանձինն գործեց, մինչեւ որ գաղութը աւելի զարգանալով՝ յաջորդաբար կազմուեցան բարեսիրական, մարզական եւ այլ տեսակի միութիւններ: Սակայն անիկա իւրայատուկ իր դերով մնաց ու տակաւին կը մնայ կեդրոնական կազմակերպութիւնը Իրաքի մէջ: Իր ծաւալուն գործունէութեամբ մեծ բարիք մը եղաւ իրաքահայ կեանքէն ներս:
Միութիւնը եղաւ ամենէն կարեւոր մշակութային կեդրոնը՝ երիտասարդութիւնը խանդավառող եւ հայ հասարակութիւնը ազգային ոգիով ներշնչող:
Բեղուն մարզական գործունէութեան կողքին, անիկա ունեցած է թատերախումբեր, երգչախումբեր եւ պարախումբեր: Առանց անոր թատերախումբերուն ու ներկայացուցած բազմաթիւ թատրերգութիւններուն՝ իրաքահայ թատերական պատմութիւնը չափազանց աղքատ պիտի ըլլար:
Կարապետ Քիշմիշեանի կազմած քառաձայն երգչախումբը, 1957-ին, միանալով միութեան, նոր թափ ստացան թէ՛ միութիւնը եւ թէ նորակազմ խումբը, հարստանալով՝ նոր խանդավառութիւն մը ստեղծեցին: Երգչախումբը 50 տարի շարունակ հայ երգը սիրցնողը, դաստիարակողը եւ տարածողը եղաւ: Դժբախտաբար վերջին 10 տարիներուն, անիկա արդէն դադրած է:
Կազմակերպուած են բազմաթիւ գրական-գեղարուեստական երեկոներ, դասախօսութիւններու շարքեր, վիճաբանական երեկոներ, գիտական համագումարներ, հայ ուսանողներու մասնաւոր դասընթացքներ, մանուկներու հաւաքներ, կիներու եւ օրիորդներու կարի եւ ձեւագիտութեան, ձեռագործութեան դասընթացքներ ու ընկերային զանազան ձեռնարկներ: Իրագործուած են նաեւ հայ համալսարականներու շաբաթական հաւաքներ ու տարեկան մեծ երեկոյ՝ նուիրուած շրջանաւարտներուն:
Մասնաւորաբար երիտասարդները համա-խըմբելու նպատակով կազմակերպուած են տարբեր տեսակի ձեռնարկներ, որոնց կարգին՝ գրական խմբակներ: 1970-ական թուականներուն կազմուեցաւ գրական խմբակներու վերջինը, որ բաւական աշխոյժ գործունէութիւն ունեցաւ: Խմբակը վերածուեցաւ պատմական յանձնախումբի, որ հայոց պատմութեան դասընթացքներ կազմակերպեց. երիտասարդներու համախմբում մը, որ իր շուրջ հաւաքած էր տասնեակներով երիտասարդներ:
Այս բոլորին կողքին, միութիւնը կազմակերպած է բարեսիրական ձեռնարկներ: «Կոմիտաս» երգչախումբի երգահանդէսներէն գոյացած հասոյթները եւ տարեկան պարահանդէսներէն մասնաւոր բաժին մը մինչեւ 1972 թուականը տրամադրուած են Ազգային վարժարանին եւ հայ չքաւորներուն:
Ազունիէի հիւանդանոցին ի նպաստ տարեկան պարահանդէսները շարունակուած են մինչեւ 1970-ական թուականները:
Միութեան հիմնադիրները եղած են՝ Արամ Տիւզեան, Գարեգին Սահակեան, Արտաշէս Մկրտիչեան, Յովհաննէս Ս. Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Մ. Յովհաննէսեան եւ Խիկար Մովսէսեան: Իր առաջին հիմնադիր ժողովին մասնակցած են Պաղտատի մէջ օրուան բոլոր ծանօթ մտաւորականները՝ առանց բացառութեան:
Միութիւնը ունի իր սեփական մեծ կեդրոնը՝ թատերասրահով, ժողովասրահով, ճոխ գրադարանով, ճաշարանով, լողաւազանով եւ մեծ պարտէզով: Հայկական կեդրոն մը, ուր սփիւռքէն եւ Հայաստանէն այցելած բոլոր մտաւորականները հիւրընկալուած ու ելոյթներ ունեցած են՝ խանդավառելով մեր հասարակութիւնը:
Յայտնի պատճառներով, դժբախտաբար, այսօր անցեալի եռուզեռն ու մթնոլորտը չկան, բայց միութիւնը կը գործէ մեծ դժուարութիւններով. կեդրոնը միշտ բաց է, եւ օրուան պատասխանատուները, ի գին մեծ զոհողութիւններու, կ՛աշխատին ներկայ պայմաններուն ու իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ գործել:
Անկասկած, առանց երիտասարդացի գոյութեան, իրաքահայ պատմութիւնը մեծ բաց մը պիտի ունենար:
ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ