ԴԻՏԵՆՔ ՆՈՐ ՀԻՐՈՇԻՄԱՆ ԵՒ ՆՈՐ ՆԱԿԱԶԱՔԻՆ, ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Նախանձ առթող լուսանկարներ, որոնց բաղդատուելով հայը կը խեղճանայ:
Երկու քաղաքներ՝ որոնց վրայ պայթած էին հիւլէական ռումբերը:
Հիրոշիմա եւ Նակազաքի՝ 1945-ին ռմբահարութենէն ետք եւ 2020-ին…
Այսօրուան Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի պատկերները դիտող անտեղեակ անձը չի կրնար երեւակայել, թէ ի՞նչ պատկեր պարզած են անոնք 1945-ին:
Միամիտի ցաւով կը բաղդատեմ այդ պատկերները Երեւանի կեդրոնէն դուրս եղող Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն: Երկրաշարժէն եւ վերանկախացումէն երեսուն տարի ետք, երկրի մեծ մասին մէջ կարծէք ժամանակը կը յառաջանայ կաղնիկաղ:
Եւ միտքս կը հարուածէ նախանձի հարցումը. ինչպէ՞ս Հիրոշիման եւ Նակազաքին վերածնած են այդքա՜ն գեղեցիկ եւ արդիական տեսքով: Ինչո՞ւ ճաբոնցին այնքա՜ն գեղատեսիլ քաղաքներով փոխարինած է հրկիզուած քաղաքները: Կը խորհիմ, որ ան այդ ըրած է իր նախնիներուն արժանի ըլլալու հպարտութիւն նուաճելու համար:
Բնութեան արտակարգ հրաշքով մը չեն վերաշինուած այդ քաղաքները, այլմոլորակայիններ չեն եկած այդ հրաշքը գործելու:
Հողին վրայ մնացած, աստանդական չդարձած, չարտագաղթած, երկրին եւ ազգին տէր մարդիկ գործած են, աշխատած են, եղած են ներկայ, յանձնառու, իրենք են հրաշագործները, ո՛չ գերբնական կամ արտաքին ուժեր:
Պարտուած, հիւծած, պատերազմի ընթացքին իր երիտասարդութիւնը զոհած Ճաբոնի երկու քաղաքները պատմութեան առաջին հիւլէական զոյգ ռումբերու տակ մոխրացած էին (մաղթենք, որ երրորդ ռումբ մը չպայթի ուրիշ ոեւէ տեղ): Հիմա անոնք երկու արդիական եւ գեղատեսիլ քաղաքներ են, առաջինը աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութեամբ, երկրորդը՝ մէկ միլիոնէն նուազ: Ամէն ճաբոնցի մայրաքաղաք Թոքիօ չէ գացած:
Բաղդատել հին պատկերները նորերուն հետ: Անոնք այնքա՜ն խօսուն են: Եւ բաղդատուիլ: Որպէս հայ ազգի անդամ առնուազն մտածել, ներսը եւ դուրսը:
Ինչպէ՞ս եւ որոնց ճիգերով վերածնած են այդ քաղաքները: Երկրի հայրենատէր ժողովուրդով, կազմակերպութեամբ եւ աշխատանքով: Երեք իմացումներ, զորս պէտք է փոխադրել մեր ժողովուրդին մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Հայրենատիրութիւնը ո՛չ զուռնա է, ո՛չ շաբաթավերջի ձանձրոյթ փարատող խրախճանք, եւ ո՛չ ալ կրկնութիւն-աղմուկ, զոր կը կոչենք ճառ, երբեմն ալ՝ բանաստեղծութիւն: Հայրենատիրութիւնը ներկայութիւն է, անբաղդատելի՝ լաւ ապրելու իրաւունքի համար հայրենալքման, որ հակասութիւնն է հայրենատիրութեան: Ան թեթեւամիտ հայրենասիրութեան թելադրած նկարչական զբօսաշրջութիւնն ալ չէ:
Հայրենատիրութիւնը ժողովուրդի մը ազգային եւ քաղաքական որակն է, այնքա՜ն տարբեր մոլորակի մէկ ծայրէն միւսը բազմապատկուող խելքաբաշխութենէն:
Հայրենատէրը Հիրոշիմա եւ Նակազաքի կը վերակառուցէ որպէս ինքնուրոյն ազգ մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ:
Արտագաղթողը հայրենատէր չէ, հայրենաթող է:
Սփիւռք(ներ)ի համար հայրենատիրութեան կենսական քաղաքական իմաստութիւնը հայրենադարձութիւնն է, որ պիտի ապրեցնէ հայրենիքը այնպէս ինչպէս որ ան կայ, այնպէս ինչպէս որ ան պիտի ապրեցնէ այսօր բռնագրաւուած հայրենիքը, երբ հնչէ արդարութեան եւ հատուցման փողը:
Հայրենատէր եւ ներկայ ճաբոնցիները պատմական չարիքին ոչ ըսելով իրենք վերականգնած են հիւլէական կրակով կիզուած իրենց քաղաքները:
Այս մասին պէտք է խօսիլ մեր ներսի եւ դուրսի ժողովուրդին, փոխանակ խրելու մնայուն ախտ դարձած մրցակցութիւններու, թշնամութիւններու, անտառի օրէնքի վերաբերումներու, գինովցնող փառասիրութիւններու եւ ընչաքաղցութեան մէջ, որպէսզի ունենանք տոկալու եւ տեւելու կամքով ապագայատեսութիւն:
Շատ կը սիրենք ճառել միասնութեան մասին: Բայց կարծէք այդ միասնութիւնը միւսին անտեսումն է, միւսին անգիտացումը, միւսին չէզոքացումը, ինչ որ քաղաքական նախնականութիւն է, որմէ դուրս պէտք է գալ: Այդ ընելու համար հաւաքական շահի ըմբռնումը առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ:
Յաճախ կը մտածեմ ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ Լը Սէնի պարզ, դիպուկ եւ լայնահորիզոն խօսքի մասին: Ան ըսած է, որ պէտք է մտածել եւ գործել այնպէս, որ ՈՒՐԻՇԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԻՄ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՍ Է: Եթէ այդպէս մտածենք, կը ծաղկին Հայաստանի բոլոր քաղաքները եւ գիւղերը, Հայաստանը չ՚ըլլար միայն Երեւան, միաքաղաք երկիր, կը ստեղծուին լաւ կեանքի պայմաններ Սիսիանի, Մեղրիի եւ բոլոր քաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչներուն համար, ինչպէս Երեւանի կեդրոնի: Այդ լաւ պայմանները իրաւունք են բոլորին համար, անոնց իրականացումով կը վերականգնենք Հայաստանը, օր մը՝ Հայաստանները, ինչպէս հայրենասէր ճաբոնցիները վերականգնած են Հիրոշիման եւ Նակազաքին:
Այս ըսուածը ընթացիկ հայրենասիրական բառերով բեմական յուզումի բարոյախօսութիւն չէ:
Այլ, ներսը եւ դուրսը, առանց եսի եւ ճապկումի, ճշմարիտ հայրենատիրական գաղափարախօսութիւն:
Որպէսզի Վարդենիսը չնախանձի Երեւանի:
Դիտել աւերուած եւ վերականգնած Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի պատկերները եւ… բաղդատուիլ, նախանձիլ եւ ճամբայ ելլել:
Մենք մեզի միշտ յուշելով այն միտքը, որ աշխարհի ամենէն գեղեցիկ եւ հարուստ աշխարհները մեր անհետացման կայաններն են, Հայրենիք չեն:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
16 օգոստոս 2020, Նուազի-լը-Կրան