ՎԱՐԿԱՆԻՇ ԽՆԱՅԵԼՈՒ ՏԽՈՒՐ ՀԱՇԻՒՆԵՐ

«Հայաստանի իշխանութիւնները՝ Ատրպէյճանին նորանոր զիջումներու մեղքը կը փորձեն բարդել ռուսերուն վրայ»։ Այսպէս խորագրած է իր վերջին յօդուածը յայտնի վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեան՝ «Սիվիլնէթ» կայքէջին վրայ։ Եթէ հեղինակը այլ անուն մը ըլլար, շատ արագօրէն քննադատութիւններու մեծ տարափ մը պիտի «թափուէր» անոր վրայ։ Պիտի նշուէր, որ ան կը տառապի «ռուսականութենէ»։ Պօղոսեան, սակայն, վկայ իր հաւասակշռուած մօտեցումներն ու կշռադատուած տեսակէտները՝ հեռու է որեւէ կողմի ջրաղացին ջուր լեցնելէ։

Ուշագրաւ է, որ Բերձորի նիւթի մասամբ սառեցումէն ետք ու մասնաւորապէս՝ «Սուրմալու»ի պայթումին զուգահեռ՝ հակառուսական նոր իրավիճակ մը կը ստեղծուի Հայաստանի կարգ մը շրջանակներէն ներս՝ յատկապէս իշխանական լրատուամիջոցներու հարթակներուն վրայ։ Այդ մօտեցումներուն պատճառ հանդիսացան Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանութեան կողմէ հրապարակուած իրերայաջորդ հաղորդագրութիւնները, որոնք կերպով մըն ալ բաց զգուշացման գիրեր են՝ ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք, ինչպէս զանազան փուլերու մէջ, այս օրերուն ալ չեն գիտեր ինչպէ՛ս վարուիլ երկրի գլխաւոր դաշնակցին՝ Ռուսաստանին հետ։

Յիշեցման կարգով նշենք, որ Ռուսաստանի դեսպանատան վերջին հաղորդագրութիւնը կ՚առընչուէր «Սուրմալու»ի պայթումին։ Այնտեղ առանց անուն տալու կը քննադատուէին որոշ կողմեր՝ պայթումին հետ Ռուսաստանը առընչակից դարձնելու եւ մեղադրանքներ հնչեցնելու առումով։ Ճիշդ է՝ այդպիսի մեղադրանք Հայաստանի իշխանութիւնները չեն կատարած, ոչ ալ կրնան կատարել, սակայն խնդիրը այդ չէ։ «Շան գլուխը» կը գտնուի այլ տեղ, ինչ որ նաեւ կը բացայայտէ, թէ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները այսօր չեն գտնուիր ակնկալուած բարձրութեան վրայ եւ խոցելի են տարբեր պատճառներով։

Կարծիքը՝ կարծիք, բայց մանաւանդ դէպքերու շարադրութիւնը եւ Արցախի իրադարձութիւնները այլ հարթութեան կրնան տանիլ մեր նիւթը եւ այս առումով ալ այսօրուան նիւթով կը յենիմ Բենիամին Պօղոսեանի յօդուածին վրայ։ Վերլուծման փորձ մը ընելէ անդին, ան կարեւորագոյնը կ՚ընէ եւ կը ներկայացնէ դէպքերու եւ կարեւոր յայտարարութիւններու ամբողջ տեսաշարը։ Կարդանք․․․

Մինչ պետութեան ճակատագրով հետաքրքըր-ւած հայ հասարակութեան փոքրաթիւ հատուածը կը փորձէ հասկնալ վերջին օրերուն Արցախի մէջ պատահած դէպքերու պատճառներն ու հետեւանքները, Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն Արցախի իրադարձութիւններուն համար ռուս խաղաղապահները մեղադրելու քաղաքականութիւնը՝ անուղղակիօրէն նպաստելով երկրէն ներս հակառուսական տրամադրութիւններու աճին: Վերջին ամիսներուն, մինչ Ատրպէյճան արագօրէն կ՚իրականացնէր Բերձոր (Լաչին) քաղաքը շրջանցող նոր ճանապարհի շինարարութիւնը՝ նաեւ Արցախի հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները խորհրդաւոր լռութիւն կը պահէին դէպքերու ընթացքին վերաբերեալ: Պաքուի դիրքորոշումը բաւականաչափ յստակ էր։ Նոր ճանապարհի շինարարութեան աւարտին հայ բնակչութիւնը պէտք է դուրս գայ Լաչինէն եւ յարակից բնակավայրերէն, իսկ Արցախ մեկնողները պէտք է օգտագործեն նոր ճանապարհը: Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան չէր կրնար ճանապարհաշինութեան աշխատանքներ իրականացնել Արցախի՝ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, առանց Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած՝ առնուազն բանաւոր համաձայնութեան:

Յստակ է, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի իշխանութիւնները առնուազն տեղեակ էին, որ յուլիսի վերջաւորութեան Ատրպէյճան պիտի պահանջէ յանձնել Բերձորն ու յարակից բնակավայրերը եւ դադրեցնել՝ Հայաստանը Արցախին կապող ճանապարհին օգտագործումը: Այնուամենայնիւ, վերջին ամիսներուն, Հայաստանի իշխանութիւնները փաստացիօրէն չեն սկսած երկրի տարածքէն ներս նոր ճանապարհի շինութեան՝ միեւնոյն ժամանակ հրապարակային յայտարարելով, որ Բերձորը եւ յարակից գիւղերը պիտի յանձնուին Ատրպէյճանին: Յուլիսի վերջաւորութեան, աւարտելով շուրջ 32 քիլօմեթր երկարութեամբ՝ մինչեւ Հայաստանի սահմանին երկարող ճանապարհի շինութիւնը՝ Ատրպէյճան պահանջեց նշեալ բնակավայրերէն դուրս բերել հայ բնակչութիւնը եւ երթեւեկութիւնը կազմակերպել նոր երթուղիով: Ի պատասխան, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի այդ պահանջը օրինական չէ, որովհետեւ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Ռուսաստան չեն համաձայնած նոր երթուղի մը կառուցելու ծրագրին առընչութեամբ: Այս յայտարարութիւնը կարգ մը հարցումներու ծնունդ կու տայ․

- Եթէ համաձայնեցուած ծրագիր մը չկար, ապա Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները ինչո՞ւ կը թոյլատրեն Ատրպէյճանին, որպէսզի շինարարական աշխատանքներ կատարէ Արցախի՝ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ:

- Ինչո՞ւ նոր ճանապարհի շինարարութեան ամբողջ ընթացքին Հայաստան եւ Արցախ պաշտօնապէս չյայտարարեցին, որ Ատրպէյճանի կողմէ ճանապարհի շինարարութիւնը համաձայնեցուած չէ, հետեւաբար ապօրինի է, ուստի Հայաստանն ու Արցախը պիտի չօգտագործեն այդ ճանապարհը:

Միեւնոյն ժամանակ, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի յայտարարութենէն ընդամէնը օր մը առաջ Կոռնիձոր գիւղին մէջ սկսած էին ճանապարհի՝ Հայաստանի տարածքը գտնուող հատուածին շինարարական աշխատանքները։ Սա նոյնպէս կը վկայէ, թէ այս հարցին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որոշ համաձայնութիւններ կան։

Ատրպէյճան օգոստոսի 3-ին դիմեց ռազմական նոր գործողութեան մը, որուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցաւ կորուստներ։ Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, Ատրպէյճանի ուժերը գրաւեցին շարք մը բարձունքներ: Ատրպէյճանի նոր գործողութենէն ետք, Հայաստանի վարչապետը հերթական անգամ ստեղծուած իրավիճակին համար մեղադրեց ռուս խաղաղապահները։ իսկ օգոստոսի 5-ին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Բերձորէն ու յարակից բնակավայրերէն հայ բնակչութիւնը պէտք է հեռանայ մինչեւ 25 օգոստոս: Ըստ Արցախի իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն, քանի որ Տեղ գիւղէն մինչեւ Կոռնիձոր ճանապարհը պատրաստ պիտի ըլլայ 2023-ի գարնան, ապա մինչ այդ Հայաստանէն Արցախ եւ հակառակ ուղութեամբ երթեւեկողները պէտք է օգտագործեն քանի մը քիլօմեթր երկարութեամբ կողմնակի ճանապարհը:

Ստեղծուած իրավիճակին վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամենայն հաւանականութեամբ տեղեակ ըլլալով Ատրպէյճանի մտադրութիւններէն եւ օգոստոսի սկիզբին Բերձորը եւ յարակից բնակավայրերը յանձնելու պահանջքէն՝ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշած են սպասել Ատրպէյճանի քայլերուն եւ խաղաղապահներու արձագանգին: Գուցէ յոյսեր ունէին, թէ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական ճնշման իրականացման պարագային ռուս խաղաղապահներուն կողմէ կ՚ըլլայ կոշտ արձագանգ մը, ինչ որ հնարաւորութիւն կրնայ տալ հրաժարելու Ատրպէյճանի պահանջները կատարելէ: Հակառակ պարագային, Բերձորի եւ յարակից բնակավայրերու յանձնման մեղաւորը կարելի էր հռչակել ռուս խաղաղապահները, որոնք չեն կատարեր իրենց պարտականութիւնները եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն այլ ելք չեն ձգեր՝ քան կատարելու Ատրպէյճանի պահանջները:

Ռուսաստանին նկատմամբ մեղադրանքները միայն խաղաղապահներով չեն աւարտիր։ Օգոստոսի 5-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, որ ռուսական կողմը Հայաստանէն յստակ առաջարկ մը չէ ստացած՝ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ։ Սա պատասխանն էր՝ օր մը առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ռուս խաղաղապահներուն հասցէագրուած քննադատութեան: Նոյն օրուան երեկոյեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով նշեց, որ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման անհրաժեշտութեան եւ ապագայ հաւանական խնդիրներու յառաջացման վերաբերեալ հայկական կողմի մտահոգութիւնները Ռուսաստանի բարձ-րագոյն ղեկավարութեան փոխանցուած են 2021-ի փետրուարին:

Փաստացիօրէն, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումով ստախօսութեամբ մեղադրեց՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ եւ Հարաւային Կովկասի յառաջատար դերակատար պետութեան արտաքին գործոց նախարարը։ Մէկ կողմ դնելով հարցին արարողակարգային կողմը, պէտք է նշել, որ այս պահուածքը առնուազն տարօրինակ է: Պէտք չէ մոռնալ, որ 2020-ի պատերազմէն յետոյ Ռուսաստան ո՛չ միայն Արցախի հայութեան անվտանգութեան միակ երաշխաւորն է, այլեւ Հայաստանի նոյն իշխանութիւններու խնդրանքով ռուսական յաւելեալ ուժեր տեղակայուած են Ատրպէյճանի հետ սահմանի որոշ հատուածներու երկայնքին՝ կանխելու համար Ատրպէյճանի ներխուժումները Հայաստանի տարածք:

Այս իրավիճակը կը յիշեցնէ 2020-ի ապրիլը, երբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան այլ բանբեր մը Լաւրովը կրկին փաստացիօրէն մեղադրած էր ստախօսութեամբ։ Ան յայտարարած էր, որ Հայաստան 2018-ի ապրիլէն սկսեալ բանակցութիւն չէր վարած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման փուլային որեւէ տարբերակի շուրջ: Մինչդեռ, արդէն 2020-ի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ 2018-ի ապրիլէն յետոյ բանակցային սեղանին դրուած տարբերակը կ՚ենթադրէր փուլային կարգաւորում՝ նախկին (Սովետական շրջանի) Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզի սահմաններէն դուրս տարածքներու յանձնումով:

Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը կարծես թէ միտուած է Ատրպէյճանին նորանոր զիջումներու մեղքը ռուս խաղաղապահներուն եւ Ռուսաստանի վրայ բարդելու: Հայաստանի հասարակութեան ուղերձներ կը յղուին, թէ առկայ են հակահայկական՝ Ռուսաստան-Ատրպէյճան կամ Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա պայմանաւորուածութիւններ, որոնց Հայաստանի իշխանութիւնները պարզապէս չեն կրնար դիմադրել: Հետեւաբար, Արցախի հարցին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նորանոր պահանջներու Հայաստանի կողմէ անվերապահ կատարման հիմնական մեղաւորը Ռուսաստանն է։

Նշուած քաղաքականութիւնը գուցէ ճիշդ է՝ Հայաստանէ ներս, սեփական վարկանիշի անկումը կանխելու իմաստով, սակայն սա որեւէ ձեւով չի նպաստեր երկրի անվտանգային մակարդակի բարձրացման: Ռուս խաղաղապահներու շարունակական վարկաբեկումը եւ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու անընդհատ լարուած վիճակը դժուար թէ նպաստէ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած անվտանգային սպառնալիքներու չէզոքացման:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2022