ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՎԱՂՈՒԱՆ

Դարձեալ ես ինծի հետ հաշտ չեմ: Շուարած եմ: Կարծես բան մը նորէն փլած է հոգիիս մէջ, բազմախաւ տառապանքի նման: Որովհետեւ, ազգային ալեկոծութիւններն ու մեր երազանքները կեանքի սովորական հոլովոյթը դժուարացուցած են: Նաեւ ազգովին դժգոհ ենք իրարմէ: Գանգատներ շատ ունինք: Մեր բոլորին երջանկութիւնը կորսուած է: Կասկածը իր հակասական զգացումներով, կերած է նաեւ մեր հոգին: Անոր համար՝ հանգիստ չունինք:

Ամէն մարդ կ'ուզէ մեզ թալանել, կողոպտել, խաբել, մեզի ստել: Քաղաքական գայլերը պատրաստ են մեզ յօշոտելու: Անստոյգ իրավիճակ:

Հայրենիքէն հասնող լուրերը երկար ատենէ ի վեր կը մրճահարեն մեր միտքերը:

Այս բոլոր մտահոգութիւնները թէեւ նորութիւններ չեն, սակայն նաեւ միայն իմս կամ ձերն ալ չեն, այլ՝ բոլորիս կը պատկանին: Բայց իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր:

Ու իրականութիւնը այն է, թէ այս օրերուն, իբրեւ հայեր, մեր մօտ խոր տխրութիւն կայ: Հասկնալի եւ նոյնքան ալ անհասկնալի: Ցաւալի իրավիճակ: Տակաւին՝ տխրաշունչ պատերազմի յիշատակ: Հայրենիքի համար զոհուիլ, իսկ միւս կողմէ ալ՝ համայնական հողի կորուստ եւ վիշտ: Աւելին՝ սերունդի մը կորուստը: Մեր ազգային երազները սկսած են խաւարիլ:

Արդ՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ իրագործել մեր պատմական երազը:

Ամէն առիթով եւ մամուլով նման «բաներ» լոյսին բերած ենք, խօսած, պատմած ու բացատրած՝ իբրեւ անախորժ ներկայութիւն: Իբրեւ անկայուն հոգեկան վիճակ:

Միշտ յիշեցուցած ենք, թէ պղտորած է ազգային մեր կեանքը: Այս մասին ո՛չ լսող գտած ենք, ո՛չ կարդացող եւ ո՛չ ալ առաջքը առնող: Անոր համար բոլորիս շրթներուն վրայ նստած են շարունակական աղօթքներ ու մաղթանքներ, իսկ մտքերնուս մէջ՝ յոյսի երազանքներ:

Լաւ յիշենք... Բոլոր ժամանակներուն, մենք վտանգներու տակ մնացած ենք, եւ եթէ չենք անհետացած, որովհետեւ վտանգի պահին գտած ենք մեր իսկութիւնը:

Այդուհանդերձ, անգամի մը համար մենք մեզի հարց տանք, թէ ո՞ւր ենք այսօր... Արդեօք մոռցա՞ծ ենք մեր իսկութեան իմաստն ու որակը: Արդեօք կա՞յ գիրք մը որ կը խօսի հայու ոգիին, անոր զօրութեան մասին: Խնդրեմ, գտէ՛ք, որ կարդանք: Բերէ՛ք, սորվի՛նք: Օրինակե՛նք: Օգտուի՛նք:

Գիտենք որ երբ ոտքի կենանք, մեր բարեկամներու թիւն ալ կը շատնայ:

Հարցը այն է, թէ նման մտահոգութիւններու առջեւ յանկարծ մեր մտքերուն դիմաց «ինչպէ՞ս»ներու շարան մը կը յայտնուի.

Այսպէս. Ինչպէ՞ս կարելի է չափել հայուն ուրախ եւ տխուր իրավիճակները:

Ինչպէ՞ս հաշտուիլ հայրենի ներկայ անըմբռնելի վիճակին հետ: Ինչպէ՞ս ճոխացնել հայուն եւ անոր հայրենիքին վաղուան յոյսը: Ինչպէ՞ս գտնել վաղուան հայուն յատուկ լուսաւոր եւ պատշաճ «ճամբան»: Ինչպէ՞ս սողոսկիլ ներկայի հայ մարդոց թմրած ուղեղներուն մէջ: Ինչպէ՞ս վերաշինել ու բարեփոխել հայրենի կեանքը:

Կը զարմանամ, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը տանին այս կեանքը: Յուսախաբ եմ եւ յաճախ ալ տխրութեամբ կը մտածեմ։ Երբեմն նման զգացումները կը խեղդուին կուրծքիս տակ։ Բարդ ընթացք։

Մեր բոլորին երազանքն էր կառուցել եւ ունենալ լուսաւոր Հայաստան մը:

Այս նպատակը իրագործել չկարենալու համար՝ յուսահատ ենք: Ծովը ինկած գերանի նման կ՚երերանք ներկայի դէպքերու ալիքներուն վրայ: Կ՚ապրինք միայն երազներով: Կ՚երազենք ունենալ կայուն պետութիւն մը, որ տէրը ըլլայ մեր բոլոր իրաւունքներուն:

Անհրաժեշտ է ստեղծել մթնոլորտ մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ փոխանցել սէրը, գուրգուրանքը եւ յարգանքը հանդէպ ազգային մեր բոլոր արժէքներուն, որոնք ամուր խարսխուած են հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքին վրայ։

«Կեանքը չար է» կ՚ըսուի։ Ուստի էական է ականջ տալ մեր արմատներու ձայնին:

Կարծես մոռցած են ազգային կեանքի թաքուն ձայներուն ականջ դնել: Այդ պատճառով՝ նեղցած է հայուն հորիզոնը:

Համայն սփիւռքի համար այս բոլորը տեսանելի եւ այրող հարցեր են: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայրենիքը ամէն օր կը բաբախէ մեր սրտերուն մէջ: Որովհետեւ միշտ երազած եւ յուսացած ենք, թէ Հայաստանը այսպիսի երկիր մը պէտք չէ ըլլար... ճշմարտութիւն ըսուածը կորսուած է եւ դարձած է անլսելի ու անարձագանգ: Բայց, դարձեալ, ի՜նչ որ ալ ըլլայ... հայրենիքը մերն է:

Արդ, այս առթիւ, անմեղ հարցումս.- Մարդոց հոգիները ե՞րբ պիտի լեցուին լոյսով:

Պէտք է լաւ ըմբռնել, որ մեր գիտցած Հայաստանը շուկայ չէ... Ան գաղափա՛ր է... հոգեկան իրականութի՛ւն է... անհրաժեշտութի՛ւն է... պատմական հարստութի՛ւն է: Հարուստ, հզօր եւ գեղեցիկ է մեր երկիրը: Ան նաեւ պէտք է ըլլայ ու մնայ մեր բոլորի կեանքին բանալին եւ առաքելութիւնը:

Պայման է մասնակցիլ հայրենի ընդհանուր կեանքին: Բայց այնպէս կ՚երեւի, թէ մարդ չ՚ուզեր շարժիլ։ Պէտք է հարցերուն էութեան հասնինք եւ ըստ այնմ ուղղութիւն ճշդենք մեր կեանքին մէջ, ըլլայ ան հաւաքական կամ անհատական:

Ըսէ՛ք... ե՞րբ պիտի թեւակոխենք նոր, յուսատու եւ փայլուն հանգրուանը մեր երկրին: Մտքիս մէջ մեր վաղն է աւելի լուսաւոր եւ կենսախինդ:

Հաւատացէ՛ք, մեր անհոգութեան եւ գիտակցութեան պակասին կրնայ զոհ երթալ նաեւ մեր անկախութիւնը: Մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչն է այս:

Մեր կենսագրութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած է մեր հողին հետ: Մեր մտածումները համախմբել եւ նորը կառուցել է պէտք: Մեր յառաջդիմութիւնը պայմանաւորուած է մեր կատարած շինիչ քննադատութեան հաստատ ներկայութեամբ: Էական է յարմարուիլ ժամանակակից կեանքի պայմաններուն եւ պահանջներուն հետ:

Ներկայիս մեր հայկական ինքնութիւնը կը փնտռենք ամէն տեղ: Նոր սերունդին ներշնչել, անոր վրայ գուրգուրալ եւ զայն ազգային կեանքին հաղորդակից դարձնել է պէտք: Նոր մտածողութեան պահանջք կայ: Անհրաժեշտ է նոր շունչ տալ ազգային ոգիին: Բոլորս ալ կանգնած ենք պատմութեան ճեղքուած ճամբուն վրայ, որու գլխուն վրայ միշտ վտանգ կախուած է: Ժամանակը շատ բան կը թելադրէ:

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ՚ապրինք: Չեմ ուզեր հաւատալ, այլ՝ միայն յուսալ: Պատմութիւնն ու պատմականը ուրանալ՝ դաւաճանութիւն է: Միայն զգացումներով պետութիւն չի ստեղծուիր: Պէտք է հասնիլ խոր գիտակցութեան:

Ու անհամբեր կը սպասենք լուսաւոր վաղուան: Ահա՛, այն ժամանակ միայն գտած կ՚ըլլանք մեր ճիշդ ճամբան:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2024