ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Առակացի 23-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Որդեա՛կ իմ, լսէ՛ ու իմաստուն եղի՛ր եւ քու սիրտդ դէպի ուղիղ ճամբան շտկէ՛: Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն ու իրենց մարմինը մաշողներուն, վասնզի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ՚ըլլան եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ» (Առ 23.19-21): Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Իմաստունին վերոնշեալ խրատ-թելադրութիւնը:
Պատասխան. գաղտնիք չէ, որ գինեմոլ մարդը իր կեանքին մէջ յաջողութիւն չի՛ գտներ եւ չի՛ կրնար որեւէ մէկ բանի տիրանալ, որովհետեւ խմիչքին անձնատուր ըլլալով, ինքզինք զրկած կ՚ըլլայ ինքնատիրապետումէ, որով զրկուած կ՚ըլլայ ճիշդ որոշումներ կայացնելէ եւ դրական ու գործնական քայլեր առնելէ՝ ընթանալու համար յաջողութեան ուղիով: Այդպիսին, բնականաբար, ո՛չ կրնայ աշխատանք ունենալ, ո՛չ կրնայ հարստնալ, մէկ խօսքով ոչինչի կրնայ տիրանալ: Նոյնն է պարագան շռայլին, այն շռայլ մարդուն, որ իր քրտինքով չվաստակած ունեցուածք յումպէտս կը վատնէ՝ առանց մտածելու եւ առանց ափսոսալու:
Գինեմոլութիւնը մարդուս մարմինը կը մաշեցնէ, այսինքն՝ կը քայքայէ մարդու առողջութիւնը, որով ինքատիրապետումէ զրկելէ բացի, կը զրկէ նաեւ առողջութենէ եւ հազար ու մէկ հիւանդութիւններու տէր կը դարձնէ խմող մարդուն: Հետեւաբար, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ հեռու մնայ գինեմոլութենէ:
Գինեմոլութիւնը տակաւին մարդս կը զրկէ Աստուծոյ Արքայութենէն: Պօղոս առաքեալը ի շարս այլ անիրաւ գործերու եւ պահուածքներու, գինեմոլութիւնը եւս կը թուէ որպէս Աստուծոյ Արքայութենէն զրկող արարք: Կը կարդանք. «Միթէ չէ՞ք գիտեր, որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Դուք ձեզ չխաբէք։ Անոնք, որոնք պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ, գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա.Կր 6.9-10: Տե՛ս նաեւ Գղ 5.19-21 եւ Եփ 5.5):
Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն պարտուց» աշխատասիրութեան մէջ խօսելով որկրամոլ եւ գինեմոլ մարդոց մասին, այսպէս կը գրէ.
* Որկրամոլներն ու արբեցողները այնպիսի մեղաւորներու կարգին են, որոնք չեն կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել. «Ո՛չ որկրամոլները եւ ո՛չ ալ արբեցողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի ժառանգեն» (հմմտ. Կղ 5.21): Հսկողութիւնը մեծ օգուտ ունի, ինչպէս հոգիին՝ այդպէս ալ մարմինին համար, եւ մեզ թուլութենէն ու տկարութենէն հեռու կը պահէ, որոնք անզգաստութենէն յառաջ կու գան: Արբեցութեան եւ որկրամոլութեան վնասները խիստ բազմաթիւ են եւ կարելի է ըսել, թէ սուրէն աւելի մարդ սպաննած են: Հսկողութիւնը մեզ թշուառութենէ կ՚ազատէ, կ՚օգնէ մեր ունեցածը պահելու, մինչդեռ՝ արբեցողն ու որկրամոլը կը վնասեն ինչ որ ունին եւ դիւրութեամբ թշուառութեան կը մատնուին: Հսկողութիւնը մեր հոգին խաղաղ կը պահէ, մեր միտքն ու դատողութիւնը՝ առողջ, իսկ ընդհակառակը, որկրամոլութիւնն ու արբեցութիւնը կը թմրեցնեն հոգին ու մարմինը միասին, միտքը կը խաւարեցնեն եւ կը կատղեցնեն մարդը՝ իբրեւ գազան: Հսկողութիւնը կարեւոր է մեզի՝ մեր անձը սուրբ պահելու համար, որովհետեւ բոլոր մեղքերէն կը հեռացնէ, որոնց մէջ անզգաստութիւնը կրնայ ձգել, ինչպէս են՝ բռնութիւն, կռիւ, աղմուկ, ամէն տեակի աղտեղութիւն եւ ամբարշտութիւն: Որկրամոլութեան եւ գինեմոլութեան մատնուած մարդը յայտնի նիւթապաշտ է, որուն համար կրօնքը եւ հաւատքը երբեք գրաւիչ զօրութիւն չունին: Հսկողութիւնն է ամենէն հաստատ եւ ամենէն կարեւոր միջոցը, որով կրնանք մեր ցանկական կիրքերուն եւ զգացումներուն իշխել: Ան մեզի կամք եւ զօրութիւն կու տայ, որով կը կարողանանք մեր եղբօր օգտակար ըլլալ: Ան արթուն կը պահէ մեզ մեր վիճակին մէջ եւ կը պարտաւորեցնէ ամէն ատեն աղօթել:
***
Արդարեւ, մարդ ինչպէ՞ս պէտք է հրաժարի գինեմոլութենէ, աւելի ճիշդ ինչպէ՞ս կրնայ հեռանալ այդ ախտէն: Հեռանալու համար պէտք է ջանք թափէ, պէտք է տքնի, աշխատի, ինքզինք նեղութեան մատնէ, որպէսզի կարենայ յաղթահարել այդ ախտը: Պաիսիոս Աթոսացին մեղքերէ հեռանալու համար հետեւեալ խրատը կու տայ. «Մարդ որպէսզի դադրի մեղանչելէ, պէտք է հեռանայ բոլոր այն բաներէն, որոնք զինք այդ մեղքին կ՚առաջնորդեն: Գինեմոլը, օրինակ, որ կ՚ուզէ դադրիլ խմելէն, պէտք է զգուշանայ գինետան առջեւէն անցնելէ: Պէտք է լաւ մտադրութեամբ փորձէ եւ Արդար Աստուածը կ՚օգնէ անոր, որպէսզի յաղթահարէ դժուարութիւնները»:
Աւարտենք, Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանցի մէկ խրատով՝ ուղղուած պատանիներու, ուր Դանիէլեանց Եպիսկոպոսը անդրադարձ կը կատարէ վատ բարոյականի մասին՝ շեշտելով գինեմոլ ըլլալու հանգամքնը եւս: Կը կարդանք. «Գիտցած ըլլաք, տղաքս, ուսմունքը, գիտութիւնն ու արհեստը եւ ասոնցմով ձեռք բերուած դիրքը, բան մը չեն արժեր առանց բարոյականի ու պատիւի։ Չէ՞ք գիտեր որ գինեմոլները, ստախօսները, մարդոց քով ու պատուաւոր ընտանիքներու մէջ տեղ չունին. անոնք որ իրենց անբարոյ ու խարդախ ընթացքովը իրենց բոլոր բարոյական ու մտաւորական յատկութիւնները ոտքի տակ առած ու ցեխոտած են, արժանի չեն մարդ կոչուելու. ուրեմն, ուսման ու գիտութեան հետ լաւ բարոյական, մաքուր նկարագիր ունեցէք։ Սիրեցէ՛ք հայ լեզուն, սիրեցէ՛ք հայոց պատմութիւնը, կարդացէք զայն, ուր պիտի տենսէք ձեր մեծ հայրերուն սխալները, ձեր հայ ցեղին մեծութիւններն ու պզտիկութիւնները. վտանգի պահուն անոնց արիութիւնն ու քաջասրտութիւնը, կամ վատասրտութիւնն ու վախկոտութիւնը. սորվեցէք մեր պատմութեան հետ՝ օտար ազգերու պատմութիւնն ալ, որպէսզի սորվիք, իմանաք, թէ մարդիկ, ընտանիքներ ու ազգեր ինչպէ՞ս փճացեր են կամ՝ ինչպէ՞ս ազատագրուեր»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 116
Վաղարշապատ