ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ը.

ԹԷ ԿՌԱՊԱՇՏՆ ՈՒ ՀԵՐՁՈՒԱԾՈՂԸ ՄԷ՛Կ ԵՆ

Խօսք. «Մենք ապօրինի [պոռնկութենէ ծնած] զաւակներ չենք» (Յհ 8.41):

Մեկնութիւն. Պոռնկութիւն կը կոչէ կռապաշտութիւնը, նախ՝ որովհետեւ մարգարէները սովորութիւն ունէին այդպէս կոչելու: Երկրորդ, որովհետեւ ինչպէս որ կինը պոռնկութեան պատճառով իր մարդէն կը բաժնուի, այդպէս ալ կուռքերու պատճառով մարդու հոգին Աստուծմէ կը բաժնուի, իսկ հրեաները կռապաշտներ չէին, այլ՝ մէ՛կ Աստուծոյ կը հաւատային, այդ պատճառով կ՚ըսեն.

Խօսք. «Մէ՛կ Հայր ունինք՝ Աստուած» (Յհ 8.41):

Մեկնութիւն. Գիտելի է, թէ որպէս կռապաշտներ հինի մէջ էր, իսկ հերձուածողները՝ նորին, չորս բանի համար. նախ՝ որովհետեւ միապէս հոգին կը բաժնեն Աստուծմէ: Երկրորդ՝ քանի որ միապէս զԱստուած կ՚անարգեն: Երրորդ՝ որովհետեւ ճշմարիտը ձգած սուտին կը հետեւին: Չորրորդ՝ քանի որ երկուքն ալ սուտը ճշմարիտ կը կարծեն, այսինքն՝ կռապաշտներն ու հերձուածողները:

ԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆՈՆՑ ՀԱՅՐԸ ՉԷ

Խօսք. «Մէ՛կ Հայր ունինք՝ Աստուած» (Յհ 8.41):

Մեկնութիւն. Քրիստոս Աստուծոյ հայրութիւնը կը վերցնէ անոնցէ՝ ըսելով.

Խօսք. «Եթէ Աստւած ըլլար ձեր Հայրը, բնականաբար պիտի սիրէիք զիս» (Յհ 8.42):

Մեկնութիւն. Որդիութեան նշանը գործերուն հետեւիլն է, ինչպէս Պօղոս եթեսացիներուն կ՚ըսէ. «Աստուծոյ նմանեցէք, որպէս Իր սիրելի որդիները, եւ սիրով շարժեցէք» (Եփ 5.1): Իսկ հրեաները այս սէրը չունէին, որովհետեւ եթէ Հայր Աստուածը սիրէին, Որդին ալ կը սիրէին, քանի որ Քրիստոս բնութեամբ Աստուծոյ Որդին է ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Աստուծմէ ելայ եւ եկայ» (Յհ 8.42):

Մեկնութիւն. Քրիստոս Հօր Աստուծմէ է յաւիտենական ծնունդով, եւ աշխարհ եկաւ ժամանակաւոր ներմարդկութեամբ, եւ թէ Քրիստոս Աստուծոյ Որդի է, պէտք է Անոր վարդապետութենէն ու վարքէն ճանչնալ, ատոր համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ինչո՞ւ խօսքս չէք հասկնար» (Յհ 8.43):

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել. «Ձեր այդ պակասութիւնը Իմ գործերէս կամ վարդապետութենէս չէ, այլ՝ ձեր չար նախանձէն ու ատելութենէն, որ Իմ դէմս ունիք, չէ՛ք կրնար լսել խօսքերս, որովհետեւ ատելութիւնը, նախանձը ու այլ չարութիւններ կը շեղեն բանաւորութիւնը»:

Երբ ցուցուած եղաւ, թէ հրեաները Աբրահամի որդիներ չեն եւ ոչ ալ Աստուծոյ, հիմա կը ցուցնէ, թէ որո՞ւ որդիներն էին:

Խօսք. «Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք» (Յհ 8.44):

Մեկնութիւն. Ո՛չ ստեղծմամբ, այլ՝ գործերու հետեւութեամբ:

Եւ գիտելի է, երբ հրեաները իրենց մասին ըսին, թէ Աստուծոյ որդիներ են, երեք դէմքերուն վնաս կար. նախ՝ ի դէմս Հօր, քանի որ նուաստացուցին: Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսին հաւասարեցան: Երրորդ՝ իրենք զիրենք բարձրացուցին, այդ պատճառով Քրիստոս զայրացաւ: Արդ, Իրեն հաւասարելուն համար մեղմով պատասխանեց, թէ՝ «եթէ Աստուծմէ ըլլայիք, պիտի սիրէիք զիս», եւ այլն, իսկ Հօր համար վրէժխնդիր եղաւ ու անոնց բարձրութեան հակառակ արհամարհեց, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ: Եւ տե՛ս, որովհետեւ երբ մենք անարժան ըլլալով զԱստուած Հայր կը կոչենք, այդպէս մեզի համար անարգութիւն է, ինչպէս կ՚ըսէ.

ՍԱՏԱՆԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք» (Յհ 8.44):

Մեկնութիւն. Այստեղ սատանային համար երեք չարութիւն կը դնէ ու կը ցուցնէ, թէ հրեաները այդ չարութիւնները ունէին. նախ՝ մարդասպան էր, երկրորդ՝ ճշմարտութեան մօտէն չեկաւ, երրորդ՝ իրենիններուն կը ստէ:

Առաջինին համար գիտելի է, թէ սատանան կրկնակի կերպով մարդասպան է. նախ՝ որ նախաստեղծները մահացուց ու անոնցմով բնութիւնը, ինչպէս Սողոմոնը կ՚ըսէ. «Բանսարկուին նախանձով մահ աշխարհ մտաւ» (Իմստ 2.25): Երկրորդ՝ մարդը բանական հոգիէն կը կարգաւորուի, այդ պատճառով առաւել մարդասպան է, որ հոգին մահու չափ մեղքով կը սպաննէ, քան այն, որ մարմինը կը սպաննէ, որ անասուններուն նման է: Սատանան այս բանը աշխարհի սկիզբէն ըրաւ, չարիքներու ազդումը Եւայի սիրտին մէջ դնելով, ու անոր ազդումով մարդուն մօտ բոլոր մեղքերը եղան մինչեւ հիմա, նոյնը պիտի ներգործէ նաեւ ապագային, այդ պատճառով մարդասպան կ՚ըսուի:

Ասով, թէ կ՚ըսէ՝ սկիզբէն, պէտք չէ իմանալ, թէ Աստուած զինք չար ստեղծեց եւ կամ ուրիշէ մը չարացաւ, քանի որ Աստուած զայն անմեղ ստեղծեց, ու ինք եղաւ չարիքներու սկիզբը, ատոր մասին կ՚ըսէ սկիզբէն. նախ՝ որ իր ստեղծումէն ետք արագ-արագ մեղքի մէջ ինկաւ ու դեւերն ալ իր հետ մեղանչական ըրաւ, ապա սուտ են, որոնք կ՚ըսեն, թէ երկուշաբթի կամ չորեքշաբթի ինկան, քանի որ առաջին կէտը, երբ ստեղծուեցան, երկրորդ կէտին չարացան ու ինկան: Երկրորդ. որովհետեւ մարդուն ըլլալէն ետք վաղվաղակի փորձեց մարդուն ու մեղքին բերաւ, ատոր համար կ՚ըսէ. «Սկիզբէն մարդասպան էր»: Դարձեալ՝ բոլոր մեղքերը, զորս այժմ կը գործենք, սկիզբը սատանայ կ՚ըլլայ ու ապա՝ մեր անձնիշխան կամքը: Եւ դարձեալ՝ Տիրոջ սպաննելուն ժամանակ սկիզբը սատանայ եղաւ, ու ապա հրեաները՝ անով շարժուեցան:

Ասիկա առաջինը:

Երկրորդ. սատանային չարութիւնը, որ ճշմարտութեան մէջ չմնաց:  

Մեկնութիւն. Այստեղ ճշմարտութեան անունով կը հասկցուի հնազանդութիւն առ Աստուած, որովհետեւ բան մը ճշմարիտ է կ՚ըսուի, երբ նախկին ճշմարտութեան կը համաձայնի, որ է Աստուած, ու սատանան այս ճշմարտութեան մէջ չմնաց՝ հնազանդելով Անոր, այլ՝ հպարտութեամբ ձգեց զԻնք, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ» (Յհ 8.44):

Մեկնութիւն. Որպէս թէ հարցուցած եղանք. «Ուրկէ՞ կ՚երեւի, որ սատանան ճշմարտութեան մէջ չմնաց»: Քրիստոս կը պատասխանէ. «Որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ», որովհետեւ եթէ ճշմարտութեան մէջ մնացած ըլլար, արդարեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն կ՚ըլլար:

Երրորդ. սատանայի չարութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Երբ սուտ կը խօսի, ինքն իրմէ կը խօսի» (տե՛ս Յհ 8.44):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ չար ունակութենէն, ըստ որում խօսած է: Ու պատճառը այստեղ կը դնէ՝ ըսելով.

Խօսք. «Քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» (Յհ 8.44):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ սատանան սուտ է եւ ստութեան հայր, քանի որ այսպիսի մարդ սուտ կ՚ըսուի, որ սուտը ուրիշէ մը լսած ըլլալով կը պատմէ, սակայն ստախօս ու սուտի հայրը ան է, որ միայն ուրիշներուն ստութիւն կը խօսի, այլեւ՝ ինքնիրմէ նոր սուտ կը ծնի ու կ՚ըսէ, եւ նոյնպէս սատանային ստութեան հայր կ՚ըսէ, որովհետեւ ան առաջին սուտը գտաւ ու Եւայի մօտ ըսաւ՝ չէք մեռնիր (Ծն 3.5), այլ՝ Աստուծոյ մասին ալ չարախօսեց, ինչպէս Արարածներու [Ծննդոց գիրքին] մէջ գրուած է, այդպէս ալ մարդոցմէ շատեր սուտ խօսելով ստութեան հայր կ՚ըլլան, իսկ ստութեան որդիները սատանային կը նմանին:

Այստեղ երեք հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. Ինչո՞ւ համար կ՚ըսուի, որ ճշմարտութեան մէջ չմնաց:

Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ճշմարտութիւնը յաւիտենական է ու հաստատուն հիմք հոգեւոր բոլոր [տեսակի] բարութեան, հետեւաբար ասոր հակառակը ստութիւնը հիմքն է բոլոր [տեսակի] չարութեան: Երկրորդ՝ քանի որ սատանան չար չստեղծուեցաւ, ինչպէս ոմանք ըսին, որովհետեւ կար ժամանակ երբ ճշմարտութեան մէջ էր, սակայն ստուգապէս չմնաց ճշմարտութեան մէջ: Երրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ սատանան ուղղութեան մէջ՝ ուր կար, [այնտեղէն] ինկաւ:

Երկրորդ հարցում. Քրիստոս այստեղ սատանայի առաջին մեղքին մասին կը խսօի, ինչո՞ւ չ՚ըսեր, թէ բարիէն չարացաւ, քան թէ ճշմարտութենէն ինկաւ:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ Քրիստոսի վարդապետութեան սկիզբը ճշմարտութեան համար էր, ինչպէս կ՚ըսէր. «Եթէ հաւատարիմ մնաք Իմ ուսուցումներուս՝ ճշմարտապէս Իմ աշակերտներս եղած կ՚ըլլաք» (Յհ 8.31) եւ այլն, այդ պատճառով ճշմարտութիւնը աւելի կը յիշէ քան բարութիւնը: Երկրորդ՝ քանի որ Քրիստոս այստեղ Աստուծոյ Բանին անձին մասին կը խօսի, եւ ճշմարտութիւնը աւելի յատուկ է Բանին, որ հայրական էութեան պատկերն ու նմանութիւնն է, որովհետեւ բարութիւնը Հոգիին յատուկ է, իսկ կարողութիւնը՝ Հօր: Երրորդ՝ քանի որ ճշմարտութենէն ելումը կը յիշէ, ցոյց տուաւ սնոտի ու խաբող վարդապետութիւնը, որով առաջին մարդը խաբեց ու ամբողջ աշխարհը ստութեամբ ու խաբելով զանազան մեղքերու, կռապաշտութեան ու հերձուածի մէջ կը ձգէ, իսկ այս բոլոր չե՛ն կրնար նշանակել բարութենէն ելլել: Չորրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ սատանան ո՛չ միայն մեղքի մէջ ինկաւ, այլեւ՝ պատիժի, ու իր դիտաւորութեան հակառակ խաբուեցաւ՝ երբ հպարտացաւ, քանի որ փառքն ու իշխանութիւնը Աստուծմէ աւելի սիրեց, ու յիմարացաւ, ատոր համար կ՚ըսէ. «Ճշմարտութեան մէջ չմնաց» (տե՛ս Յհ 8.44):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 83

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2020