ՄԱՆԿԻԿ. Փոքր երեխաներու խնամատարութիւն՝ ծնած վայրկեանէն մինչեւ 3-4 տարեկան հասակը

Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ զանոնք մեր ընթերցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով պիտի ներկայացնենք բժշկապետին «ՄԱՆԿԻԿ» գրքոյկը, որ լոյս տեսած է 1905-ին:

*

Գրքոյկը հետեւեալ գրութեամբ կը սկսի.

Այս գրքոյկը առաջին անգամ 1899-ին տպագրուած է «Խնամատարութիւն առողջ երեխաների» խորագիրով, եւ շատոնց արդէն սպառած է: Նկատի ունենալով բազմաթիւ տեղերէ ստացած պահանջները, մենք անոր երկրորդ տպագրութեան ձեռնարկեցինք, որ բարեփոխուած է, աւելի ընդարձակուած եւ նկարներով զարդարուած:

Մեր ցանկութիւնն է հայ մայրերուն ձեռքը տալ ձեռնարկ մը, որու մէջ անոնք կարող կը դառնային՝ պէտք եղած ժամանակ, գտնել մանուկին առողջապահութեան վերաբերեալ հարցերուն պատասխանը:

Այս գրքոյկին մէջ մենք միայն փոքր (մինչեւ 3-4 տարեկան) առողջ երեխաներուն տալիք խնամքին մասին կը խօսինք:

Վ. Ա.

1 յունուար 1905

Թող հասկնան մայրերը, որ օրօրոցի էակին խնամելով,
անոր առաջին խօսքերը թոթովեցնել եւ առաջին աղօթքը
սորվեցնելով, անոնք հասարակութեան գլխաւոր ճարտարապետները
կը դառնան: Անոնց ձեռքով կը դրուի ժողովուրդի կեանքի հիմնաքարը
:

Ա.

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՐԵԽԱՅԻ ԿԱԶՄՈՒԱԾՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Երեխային կշիռքը: Անոր հասակը: Անոր ջերմութիւնը, շնչառութիւնը եւ զարկերակը: Դէմքը, ճիչը, խօսիլը եւ շարժումները: Առաջին ճիչը եւ անոր նշանակութիւնը: Ինչո՞ւ համար կը ճչայ երեխան: Մանուկի կեանքին վտանգաւոր երեք շրջանները: Մանուկներուն կոտորածը:

Մայրերը յաճախ երեխային զարգացման կանոնները չճանչնալով, չհասկնալով անոր կազմուածքին առանձնայատկութիւնները, անհանգիստ կ՚ըլլան այն բոլոր փոփոխութիւններուն համար, որոնք բնակաբար մանուկին կազմուածքին մէջ կը կատարուին, կամ ընդհակառակը, անհոգ կը մնան կանոնաւոր աճումէն շեղումներուն նկատմամբ: Այս պատճառով կարեւոր կը համարենք քանի մը տեղեկութիւններ տալ մանուկին կազմուածքին եւ անոր զարգացումին մասին:

Երեխային կշիռքը. նորածին երեխան միջին թիւով կը կշռէ 8 փունտ: Առաջին երկու-երեք օրը, երեխան արտաթորելով նախնական աղբն ու մէզը եւ նուազ կերակրուելով, 50-70 մսխալ կը կորսնցնէ, իսկ այնուհետեւ ամէն օր անոր կշիռքը կ՚աւելնայ ու 10 օրէն ետք նոյնը կը դառնայ՝ ինչ որ ծնած օրն էր: Առհասարակ, առաջին երկու ամիսը օրական 5-6 մսխալ կ՚աւելնայ, իսկ երրորդ եւ չորրորդ ամիսներու ընթացքին 4-5 մսխալ: Հինգերորդ ամսուն անոր ծանրութիւնը կը կրկնապատկուի: Մէկ տարեկան երեխային կշիռքը կ՚եռապատկուի, կէս պուդէն աւելի կը դառնայ (20-25 ֆ.): Երկու տարեկանը 28-29 ֆունտ, իսկ 6 տարեկան երեխան արդէն 1-11/2 պուդ ծանրութիւն ունի:

Հասակը նոյնչափ փոփոխական է, ինչքան ծանրութիւնը: Նորածին երեխան միջին թիւով 50 սանթիմեթր (աղջիկը 48-49), այսինքն՝ 11 վերշոկ է, երկրորդ ամիսը 5 սանթիմեթր կ՚աւելնայ, 3-րդ ամիսը 3 սմ., այնուհետեւ մինչեւ մէկ տարեկանը՝ ամսական 2 սմ.:

Առաջին տարուան ընթացքին ընդամէնը մօտ 20 սանթիմեթր կ՚աւելնայ (4 վերշոկ).

Երկրորդ տարուան ընթացքին մօտ 9 սմ. (մօտ 2 վերշոկ):

Երրորդ տարուան ընթացքին մօտ 7 սմ. (11/2 վերշոկ):

Չորրորդ տարուան ընթացքին մօտ 6 սմ. (11/4 վերշոկ):

Չորս տարեկանէն ետք հասակը կը կրկնապատկուի:

Նորածին երեխային մարմինին տաքութիւնը մօտ 300 է: Մէկ վայրկեանի ընթաքցքին երեխան մօտ 45 շնչառութիւն կ՚ընէ, առաջին ամիսները 35, տարուան վերջը՝ 30, երկու տարեկանը մինչեւ 28 անգամ, 3-4 տարեկանը՝ 25, 6-էն մինչեւ 10 տարեկանը՝ 20-25: Զարկերակը մէկ վայրկեանուայ ընթացքին կը խփէ. մինչեւ 6 ամիսը 120-140 անգամ, մինչեւ մէկ տարեկանը 100-130 անգամ, 2 տարեկանին՝ 90-120 անգամ, 3-4-5 տարեկանին 72-110 անգամ: Լացած կամ ճչացած ատեն պուլսը կ՚արագնայ: Մարսողական գործարաններուն, մաշկին, պորտին մասին յետոյ պատճաշ պահին կը խօսինք:

Դէմքը, ճիչը, խօսիլն ու շարժումները. նորածին երեխային դէմքը արտայայտութիւն չունի: Միայն փորացաւ ունեցողին դէմքը կը կնճռուի եւ տանջանք կ՚արտայայտէ: Երրորդ-չորրորդ շաբաթներու ընթացքին երեխան արդէն զանազն տպաւորութիւններ կ՚ընդունի եւ կը ժպտայ, իսկ 2-3 ամսական մանուկի զգայարանքները արդէն, այսպէս ըսած, կը բացուին: 6-8 ամսական մանուկը արդէն առաջին վանկերը կ՚արտասանէ: Սակայն, լեզուն կրնայ շատ ուշ բացուիլ եւ մայրը պէտք չէ անհնագստանայ, երբ կ՚ուշանայ:

Ճիչը դեռ չխօս մանուկին արտայայտութեան միակ եղանակն է եւ անով է, որ երեխան իր բոլոր պիտոյքներն ու վիշտերը իր մօրը կը յայտնէ: Առաջին ճիչ…: Ո՜րչափ ցնծութիւն եւ յոյսեր կը լեցնէ ան իր մօր սիրտը: Ճիչը երեխային առաջին ձայնն է, որով ան կարծես կ՚ողջունէ մեծասքանչ բնութիւնը, կարծես աշխարհին կը յայտնէ, որ նոր էակ մը աւելցած է մարդկութեան: Ինն ամիս այս էակը ապրած է, աճած, սաղմէն կազմակերպուած է՝ փոքրիկ մարդ դարձած է. ապրած է որպէս փարազիտ-վրաբոյծ մը, մօր արիւնով սնելով, առանց շնչելու, առանց ուտելու, անթափանցելի մութի մէջ, աչքերը փակ, ականջները գոց…: Միայն երբեմնակի կը շարժէր ան իր կծկուած անդամիկները, եւ այդ էր անոր գոյութեան միակ արտայայտութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2022