ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ԵՒ ԴՈՒՌ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ

Խօսք. «Ե՛ս եմ դուռը» (Յհ):

Մեկնութիւն. ինչպէս այլ տեղ մը ճանապարհ կոչեց եւ որթատունկ անուանեց Ինքզինք, իսկ հիմա ալ դուռ կը կոչէ: Ասիկա առաջինն է, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս Աստուած է էութեամբ եւ մեծութեամբ Աստուծոյ հաւասար է, ինչպէս կ՚ըսէ՝ Ե՛ս եմ դուռը եւ հաւատացելաներուն մտցնողը:

Այդ բանին մասին վեց հարցումներ կ՚ըլլան.

Առաջին. Քրիստոս ինչո՞ւ համար դուռ կը կոչուի:

Նախ՝ որովհետեւ մարդիկ Քրիստոսով Աստուծոյ մօտ կը մտնեն, ըստ այնմ. «Ո՛չ ոք առանց Ինծի կրնայ Հօր մօտ գալ» (հմմտ. Յհ 10.9): Երկրորդ՝ քանի որ ոմանց համար կը փակէ ու ոմանց՝ կը բանայ, այսինքն՝ անհաւատներուն եւ հաւատացեալներուն, ինչպէս յիմար եւ իմաստուն կոյսերուն: Երրորդ՝ որովհետեւ կը պահէ զանոնք, որոնք տան մէջ են, իսկ Քրիստոս քրիստոնեաներուն պահապանն է: Չորրորդ՝ քանի որ մտնելն ու ելլելը Իրմով կ՚ըլլայ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ինձմով պիտի մտնէ ու ելլէ» (հմմտ. Յհ 10.9), ու ուրիշ յատկութիւն ստացաւ վերէն:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար ոչխարներուն դուռ ըսաւ:

Պատասխան. նախ՝ որպէսզի առանձնանայ հասարակ դռներէն, երկրորդ՝ որովհետեւ կեանքի դուռն է, երրորդ՝ քանի որ երկինքէն է, չորրորդ՝ Հօր մօտ կը մտնէ:

Երրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար կարգ մը եկեղեցիներուն դուռը միափեղկ է, իսկ ուրիշ եկեղեցիներունը՝ երկփեղկ:

Պատասխան. երկուքինն ալ խորհրդաւոր են. նախ՝ որովհետեւ Յովհաննէս իր տեսիլքին մէջ վերին քաղաքին դուռը տեսաւ ամբողջական մարգարիտներով, իսկ Սողոմոնը տաճարին դուռը դէպի երկու կողմ բացուող ըրաւ: Դարձեալ՝ միափեղկանի [դուռը] մարդացեալ Բանին միութիւնը կը նշանակէ, իսկ երկփեղկանին՝ Քրիստոսի հոգին ու մարմինը:

Եւ սուտ են անոնք, որոնք կ՚ըսեն, թէ Աստուածութիւնն ու մարդկութիւնը կը նշանէկ. նախ՝ որովհետեւ Աստուածութիւնն ու մարդկութիւնը չբաժնուեցան, այլ՝ հոգին ու մարմինը: Երկրորդ՝ քանի որ Սողոմոնը դռները դէպի երկու կողմ բացուող ըրաւ գիհիէ1 ու զանոնք ոսկիով պատեց, որ փայտը կը ցուցնէր անապական մարմինը եւ հոգին, իսկ ոսկին՝ միաւորեալ Աստուածութիւնը: Երրորդ՝ որովհետեւ ամբողջական մարգարիտը կը նշանակէ մարմինին միացած Բանը: Չորրորդ՝ այստեղ կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ դուռը»՝ եզակի, եւ ոչ՝ դռներ՝ յոգնակի: Եւ քանի որ դրան մուտքը, որ բացուածք մըն է ուրկէ կը մտնեն, որ կ՚ըսուի դուռ, եւ ասիկա եզակի է եւ ո՛չ՝ յոգնակի, քանի որ տախտակով եթէ մէկ է, կամ բազմաթիւ ո՛չ ոք կը մտնէ, այլ՝ բացուածքը, որ մէկ է, որով Տէրը Ի՛նքն Իրեն նշանակեց:

Չորրորդ հարցում. ի՞նչ է «Ինձմէ… պիտի մտնէ ու ելլէ» (Յհ 10.9):

Պատասխան. նախ՝ հաւատքով մտնէ եւ դէպի Ինծի ելլէ: Երկրորդ՝ Ինծի մօտ պիտի մտնէ եւ երկինք պիտի ելլէ՝ Հօր մօտ: Երրորդ՝ Եկեղեցի պիտի մտնէ ու երկինք պիտի ելլէ: Չորրորդ՝ շնորհքներու մէջ պիտի մտնէ եւ փառքի մէջ պիտի ելլէ, այսինքն՝ Քրիստոսով հաւատքի մէջ կը մտնենք ու աշխարհի թշուառութենէն փառքին կ՚ելլենք:

Հինգերորդ հարցում. ի՞նչ է ճարակը:

Պատասխան. չորս բան. նախ՝ յաւիտենական կենդանութեան դալար արօտը: Երկրորդ՝ Քրիստոսի Աւետարանական վարդապետութիւնը: Երրորդ՝ փրկական մարմինն ու արիւնը: Չորրորդ՝ Հօր սեղանին նստեցնել ու անցնելով ծառայել, այսինքն՝ իմաստութիւններէն ու տեսութիւններէն Աստուածութեանս փառքով պիտի կերակրեմ զինք:

Վեցերորդ հարցում. ի՞նչ են արօտները, որոնք յոգնակիով կը կոչէ:

Պատասխան. մարդկային մասերու բազմաթիւ երանութիւններուն համար, որովհետեւ հինգ պատճառով կ՚ըսէ. «Պիտի մտնէ ու ելլէ», նախ՝ քանի որ ա՛յս է դրան սահմանը, որպէսզի ելն ու մուտքը նոյնով ընեն: Երկրորդ՝ քանի որ ոչխարները դուրսը՝ անդաստաններուն մէջ կ՚արածին, իսկ ձմրան՝ տան մէջ: Երրորդ՝ խորհրդաբար կը ցուցնէ, որովհետեւ ընտրեալները մտածութեամբ կ՚արածին մտնելով առ Աստուած ու դուրս կը նային՝ խոկալով Անոր գործերուն մասին: Չորրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ մեր միտքերը կը կերակրուին նայելով հոգեւոր եւ իմացական իրերուն իբրեւ դէպի ներս, եւ նայելով զգալի իրերուն իբրեւ դէպի դուրս: Հինգերորդ՝ կը ցուցնէ, թէ երանելիները միտքով կը կերակրուին՝ նայելով Քրիստոսի Աստուածութեան, եւ դուրսը զգալապէս տեսնելով Քրիստոսի միաւորեալ մարդկութիւնը: Այս պատճառներով ճարակք [արօտներ] կ՚ըսէ, որ յոգնակիով արօտներ է:

Երբ ցոյց տուաւ Ինքզինք դուռ ըլլալը, ապա կը ցուցնէ մտնողները, որոնք ո՛չ Քրիստոսով՝ գողեր են, որոնք ժողովուրդին փրկութեան համար չեկան, այլ՝ մահուան [պատճառ դառնալուն]:

Խօսք. «Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար» (Յհ 10.10):

Մեկնութիւն. երկու բացասութիւն մէկ համաձայնութեան տեղ կը դնէ, որովհետեւ ասիկա ըստ մարմինի գողի խորհուրդը, կամքը եւ գործն է, որ ըսաւ:

Հոգեպէս գող հինգ կերպով կ՚ըսեն. նախ՝ փարիսեցիներն ու սադուկեցիները, Յուդան ու Թեւդասը, որոնք Քրիստոսէ առաջ եկան եւ չարիքներու կ՚առաջնորդէին: Երկրորդ՝ Քրիստոսէ ետք հերձուածողներն ու Եկեղեցւոյ չար առաջնորդները, որոնք ժողովուրդին համար մոլորութիւն են ու կորուստ: Երրորդ՝ գող կ՚ըսուի նոյնինքն սատանային, որ խաբելով մարդուն մէջ կը մտնէ: Չորրորդ՝ գող կ՚ըսուի մեղքը, որ հոգիներու կորուսիչ է: Եւ այս չորսը յայտնապէս չար են, իսկ հինգերորդ՝ գող կ՚ըսուի մահուան, ըստ այնմ. «Չէ՛ք գիտեր, թէ ո՞ր ժամուն ձեր գողը կու գայ» (հմմտ. Ղկ 12.39): Իսկ ասիկա միջակ գող է, որովհետեւ բարիներուն բարի կը հանդիպի, իսկ չարերուն՝ չար:

Խօսք. «Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան« (Յհ 10.10):

Մեկնութիւն. երկինքէն գալը մարդեղութիւնը կ՚ըսէ, եւ հակառակ չար գողերուն կեանք կու տայ, որպէսզի ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան:

Վեց է իմացումը. նախ՝ շնորհքները, որ այստեղ ունինք, հոգիին կեանքն է, ինչպէս Պօղոս Հռոմայեցիներուն նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ շնորհքները յաւիտենական կեանք են» (հմմտ. Հռ 6.22), այդ պատճառով կ՚ըսէ. կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան, շնորհքներուն կատարումը՝ Երկինքի Արքայութեան մէջ: Երկրորդ՝ լեցուն կեանքը Նոր Օրէնքի խորհուրդն է կ՚ըսէ, որովհետեւ թէ հինին պատարագը շնորհներ կու տար, ոչ իրենք իրենցմէ, այլ՝ ընդունողին բարութեան համար, այդպէս ալ թլփատութիւնը սկզբնական մեղքերէն կը մաքրէր, սակայն ո՛չ այնպէս, ինչպէս  Մկրտութիւնը եւ Սուրբ Պատարագը: Երրորդ՝ լեցուն կեանք յաւիտենականին համար կ՚ըսէ, այս ժամանակաւորին վրայ, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ: Չորրորդ՝ ինչպէս մեղքը մահ է եւ լեցուն տանջանք, այդպէս ալ արդարութիւնը կեանք է, եւ լեցուն կեանք՝ ազատ տանջանքներէ: Հինգերորդ՝ այստեղ յոյսով եւ զօրութեամբ կենդանացանք, եւ աւելիով այնտեղ աշխատութեամբ եւ ներգործութեամբ: Վեցերորդ՝ այստեղ միայն հոգիով կենդանացուց, իսկ այնտեղ հոգիով ու մարմինով պիտի յարուցանէ, ատոր լեցուն կեանք կ՚ըսէ:

Քրիստոս երբ առակին առաջին մասը ցցուց, թէ ուրիշներուն հետ մտնողները գողերը են ու աւազակ, ապա կը ցուցնէ առակին միւս մասը, որ է բարի Հովիւը՝ դռնէն մտնող:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ՀՈՎԻՒ Է

Խօսք. «Ե՛ս եմ իրաւ [քաջ] հովիւը» (Յհ 10.11):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ բարի: Եւ այս է երկրորդ խօսքը, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս Աստուած է եւ էութեամբ ու մեծութեամբ Աստուծոյ հաւասար է, որ բոլորին հովուութիւն կ՚ընէ բարի եւ քաջ հովուութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ իրաւ [քաջ] հովիւը»: Մի՛ կասկածիր նուաստ անունին համար, որովհետեւ միայն հովիւ չ՚ըսեր, այլ՝ բարի, որ Աստուծոյ յատուկ է, ըստ այնմ. «Միայն Աստուած բարի է» (Ղկ 18.19): Նաեւ մարգարէները հովիւ կը կոչէին Հայրը, ըստ այնմ. «Ո՜վ հովիւդ Իսրայէլի, նայէ՛ ու փրկէ՛ մեզ» (տե՛ս Սղ 79.2-4): Դարձեալ՝ ինչպէս Քրիստոս Ինքզինք լոյս կը կոչէ խաւարածին համար, եւ կեանք՝ մահացածին համար, ու բժիշկ՝ հիւանդներուն համար, այդպէս ալ հովիւ կոչուեցաւ ցրուածներուն համար,  փոխարկաբար շփոթմամբ միաւորելն է, ինչպէս ալիւր եւ ջուր, եւ փոխադրապէս անշփոթ միաւորութիւն, ինչպէս հուր եւ երկաթ, եւ ինչպէս լոյսը օդին հետ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 95

Վաղարշապատ


1 Նոճազգիներու ընտանիքին պատկանող մշտադալար թուփ կամ փոքր ծառ, գիհի (Juniperus):

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021