ԱԿՆԱՐԿ - 10 - ԻՐ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ՝ ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆԻՆ ՎԱՍՏԱԿԸ
Այս զեկոյցը մեր թերթի աշխատակից՝ Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան ներկայացուցած է, 18 Մարտ 2023-ին, Երեւանի մէջ, Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին:
*
Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ, յարգանքի մեր տուրքը մատուցելու իր խոնարհութեամբ ու պարզութեամբ մեծ Հայուն, մեր բոլորին սիրելի Պրն. Յակոբ Չոլաքեանին, անուն մը, որ արժան եւ իրաւ կերպով ինքզինք՝ իր աշխատանքով ու ջանասիրութեամբ արժեւորեց եւ իր ուրոյն տեղը գրաւեց հայ դպրութեան անդաստանէն ներս, անուն մը, որ Յովսէփ Գաթըրճեաններու, Արսէն Այտընեաններու, Հրաչեայ Աճառեաններու, Նիկողայոս Ադոնցներու եւ այլ մեծանուն հայերու արժանի ժառանգորդը եղաւ:
Յակոբ Չոլաքեանը իւրայատուկ է անով, որ մասնաւոր մասնագիտութիւն մը չէ ընտրած եւ միայն այդ մասնագիտութեամբ կամ ճիւղով զբաղած, այլ՝ զինք կը տեսնենք հայագիտական տարբեր-տարբեր բնագաւառներէ ներս, բազմաթիւ յօդուածներով, հարցազրոյցներով, տարբեր գիտաժողովներու եւ համագումարներու ընթացքին ներկայացուցած դասախօսութիւններով ու հինգ տասնեակէ աւելի գիրքերով, երեւոյթ մը, որ շատ չի՛ հանդիպիր մեր ներկայ ժամանակներուն, յատկապէս սփիւռքի մէջ: Այս մասին «Ազգ» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով յարգարժան Յակոբ Միքայէլեանի մէկ հարցումին, Պրն. Չոլաքեան այսպէս արտայայտուած է.
«Ես երբեք չեմ մտածած հայագիտութեան այս կամ այն ճիւղին առանձնապէս նուիրուելու ու միայն այդ բնագաւառին մէջ գիտական աշխատանքներ կատարելու մասին: Սփիւռքի մէջ անհրաժեշտութիւնը զիս մղած է այս կամ այն երեւոյթի մասին նիւթ հաւաքելու, տեսական գրականութեան եւ կատարուած փորձերուն ծանօթանալու, ապա ձեռնամուխ ըլլալու համապատասխան աշխատանքի մը: Օրինակ՝ այս կամ այն բարբառը չէ ուսումնասիրուած կամ բաւարար ծաւալով չէ ուսումնասիրուած, ուրեմն՝ բաց մը կայ հայ բարբառագիտութեան մէջ. հաւաքագրած ու նկարագրած եմ բարբառը. բարբառագիտական աշխատանք կատարած եմ («Քեսապի բարբառը», Հալէպ, 1986, Երեւան, 2009): Նկատած եմ, որ հայ պատմագրութեան համար անծանօթ միջավայրեր մնացած են պատմական Անտիոքի տարածքին մէջ գտնուող մեր քանի մը գաւառակները, ինչպէս Քեսապի շրջանը, Ռուճի հովիտը եւ տակաւին այնտեղ գոյատեւող հայաբնակ գիւղերը, որոնք Թ.-ԺԲ. դարերու հայ հոծ գաղթականութեան մը մնացորդացն են. պրպտած եմ հնարաւոր բոլոր լեզուներով այդ շրջանին մասին խօսք ընող սկզբնաղբիւրները, ուսումնասիրութիւնները եւ փորձած եմ դարերու խորքէն ուրուագծել անոնց պատմութիւնը: Աւելին՝ նկատած եմ մեր այդ ազգակիցներուն նիստ ու կացի, հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթներու առանձնայատկութիւնները, հաւաքած եմ այդ նիւթերը, գիտական դասակարգումի ենթարկած ու հոն կատարած եմ այն, զոր ազգագրագէտը պիտի ընէր: Նկատած եմ նաեւ, որ սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ բանահաւաքչական աշխատանքը անյետաձգելի գործ մը պէտք է ըլլար, մեր ժողովրդական բառն ու բանը, երգն ու պարը գիրով անմահացնելու ժամանակը արդէն անցնելու վրայ է, ուրեմն՝ կատարած եմ բանահաւաքչական ու բանագիտական աշխատանք ու փրկած բազում երգեր, խաղիկներ, հեքիաթներ ու զրոյցներ, առածներ ու ասացուածքներ, անեքթոտներ, խաղեր ու պարեր»:
Կարդալով Յակոբ Չոլաքեանի այս տողերը, կրնանք արդարացիօրէն ըսել, թէ ան ուղղակի եւ անուղղակի կերպով փրկարարը եղած է Անտիոքի շրջանի հայութեան մշակոյթին, պատմութեան, բառ ու բանին, սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն, բարբառին, վարք ու բարքին:
Գանք իր վաստակին:
Խօսիլ Պրն. Չոլաքեանի վաստակին մասին, կը նշանակէ խօսիլ Անտիոքի մերձակայ շրջանին մէջ ապրած ու տակաւին ապրող հայութեան մասին՝ անոր բոլոր երեսներովը: Արդարեւ, այդ տարածաշրջանի հայութեան մասին Պրն. Չոլաքեան հրատարակած է շուրջ երեսուն գիրք:
Խօսիլ Պրն. Չոլաքեանի վաստակին մասին, կը նշանակէ խօսիլ Այնճարի, Պէյրութի եւ յատկապէս Հալէպի ուսումնական հոլովոյթներու մասին, նկատի ունենալով, որ Պրն. Չոլաքեան ուսուցչութիւն ընելէ բացի, նաեւ հեղինակած է դասագրքեր՝ գրեթէ բոլոր դասարաններու աշակերտութեան համար:
Խօսիլ Պրն. Չոլաքեանի վաստակին մասին, կը նշանակէ խօսիլ արեւմտահայերէնին, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, անոր կարգաւորման հրամայականին մասին, որ այլեւս անյետաձգելի է:
Ի վերջոյ, խօսիլ Պրն. Չոլաքեանի վաստակին մասին, կը նշանակէ աչքի առջեւ ունենալ, թէ ի՛նչպիսին պէտք է ըլլայ մանկավարժը, ազգագրագէտը, բանասէրը, լեզուաբանը, բարբառագէտը, յուշագրողը, մէկ խօսքով՝ հայագէտը:
2022-ի աւարտին, Հայագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառը հրապարակեց Պրն. Յակոբ Չոլաքեանին կենսամատենագիտութիւնը:
Կենսամատենագիտութիւնը կազմած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Արմէն Սարգսեանը, ով Պրն. Չոլաքեանի դասընկերն եղած է Երեւանի Պետական համալսարանի Հայկական բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ, իսկ կենսամատենագիտութիւնը կազմելուն օգնած եւ զայն խմբագրած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Եազըճեանը, ով Պրն. Չոլաքեանի աշակերտը եղած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանին մէջ:
Կենսամատենագիտութեան մէջ կը հանդիպինք Յակոբ Չոլաքեանի կեանքին, մանկավարժական եւ գիտական գործունէութեան համառօտ բնութագիրին եւ տպագրուած աշխատութիւններու ցանկին՝ ըստ հայագիտութեան տարբեր գիտակարգերու: Որպէս աղբիւր ունենալով այդ կենսամատենագիտութիւնը, պիտի փորձեմ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացնել Յակոբ Չոլաքեանի երախտիքը:
Նշուեցաւ, թէ Յակոբ Չոլաքեան երկար տարիներ զբաղած է ուսուցչութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Այդ տարիներուն մեծագոյն մասը բաժին ինկած է Հալէպին՝ շուրջ 35 տարի, ուր Յարգելի Յոբելեարը կազմած է բազմաթիւ դասագրքեր եւ ուսուցչական ուղեցոյցներ:
1.- ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐ
Այսպէս, 1990-1993 տարիներու ընթացքին, Հալէպի մէջ հրատարակութեան պատրաստած է «Հայերէնի դասագիրքս»՝ վեց հատորով: Նոյն շարքին Ա. եւ Բ. հատորները բարեփոխուած կերպով վերահրատարակուած են 2000 թուականին:
1990-ին հրատարակուած է նաեւ «Հայերէնի դասագիրքս» շարքի վեց գիրքերուն ուսուցիչի ուղեցոյցը:
1996-ին Հալէպի մէջ դարձեալ, հրատարակութեան պատրաստած է «Հայերէնի դասընթացք» շարքը, 4 գիրքերէ բաղկացած: Առաջինը՝ Հնչիւնաբանութիւն եւ բառագիտութիւն: Երկրորդը՝ Ձեւաբանութիւն: Երրորդը՝ Շարահիւսութիւն: Իսկ չորրորդը՝ Լեզուի պատմութիւն:
2009-2014 տարիներու ընթացքին, դարձեալ Հալէպի մէջ, հրատարակութեան պատրաստած է «Անդաստան» ձեռնարկը, դարձեալ վեց շարքով, միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտութեան համար:
2.- ԲԱՐԲԱՌ ԵՒ ԼԵԶՈՒ
1986-ին Հալէպի մէջ հրատարակած է «Քեսապի բարբառը» հատորը, 370 էջերէ բաղկացած: Այս աշխատասիրութիւնը բարբառի պահպանութեան տեսակէտէն մեծ արժէք կը ներկայացնէ, նկատի ունենալով ներկայիս օր օրի խամրիլ սկսած քեսապերէնի տխուր վիճակը: 2009-ին նոյն հատորը որոշակի լրացումներով լոյս տեսած է Երեւանի մէջ:
Յակոբ Չոլաքեան հրատարակութեան պատրաստած է նաեւ մէկ շարք աշխատութիւններ՝ արեւմտահայերէնին նուիրուած:
Այսպէս, 2000-ին Հալէպի մէջ հրապարակած է «Հայերէնի աւանդական ուղղագրութիւնը»: 2016-ին, Երեւանի մէջ՝ «Աւանդական ուղղագրութիւն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ)»: 2017-ին Երեւանի մէջ դարձեալ՝ «Արեւմտահայերէնի քերականութիւն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ)» առաջին գիրքը, իսկ երկրորդ գիրքը լոյս տեսած է 2019-ին դարձեալ Երեւանի մէջ: 2018-ին Անթիլիասի մէջ՝ «Գործնական արեւմտահայերէն»: Դարձեալ 2018-ին, այս անգամ Երեւանի մէջ՝ «Արեւմտահայերէնի կանոնակարգման հարցեր (Չթեքուող խօսքի մասեր)»:
3.- ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը Յակոբ Չոլաքեանին համար հարազատ օճախ մը եղած է եւ է տակաւին, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ իր ուսուցչական ասպարէզի տարիներուն մեծամասնութիւնը նուիրած է այդ ճեմարանին: Այդ նուիրումին ու կապուածութեան մէկ արտայայտութիւնն է 1997-ին Հալէպի մէջ հրատարակութեան պատրաստած՝ «Յիսնամեակ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի» լայնածաւալ հատորը, բաղկացած 762 էջերէ: 2001-ին հրատարակած է «Քարէն Եփփէ Հայ Գողգոթային եւ Վերածնունդին հետ» գիրքը:
2007-ին Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի ուսթսունամեակին առիթով դարձեալ լայնածաւալ հատոր մը կազմած է, բաղկացած 606 էջերէ՝ «Ութսունամեակ Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի» խորագիրով:
2011-ին Քուէյթի մէջ լոյս տեսած է իր կազմած «Ոսկեմատեան Քուէյթի Ազգային վարժարանի» լայնածաւալ հատորը, բաղկացած 760 էջերէ, վարժարանի յիսնամեակին առիթով:
2021-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային կաճառի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը հրատարակած է իր կազմած «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն» լայնածաւալ աշխատութիւնը՝ երկու հատորով: Առաջին հատորը 648, երկրորդը՝ 608 էջ:
4.- ՊԱՏՄԱ-ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՆԱՀԻՒՍԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Այս բաժինին մէջ ամենէն կարեւոր ու արժէքաւոր աշխատութիւնը Յոբելեարին՝ իր ծննդավայր Քեսապի շրջանի մասին հեղինակած եռահատորն է, որ տարբեր տարիներ լոյս տեսած է Հալէպի մէջ. առաջին հատորը՝ 1995-ին, 572 էջերէ բաղկացած, երկրորդ հատորը՝ 1998-ին, 568 էջերէ բաղկացած, երրորդ հատորը 2004-ին, 672 էջերէ բաղկացած: Այս երեք հատորներով ընթերցողը կը ծանօթանայ Քեսապի պատմութեան, մշակոյթին, աւանդութիւններուն, բարքերուն, սովորութիւններուն, կենցաղին, բարբառին, եւ այլն: Արժէքաւոր են այս հատորները անով, որ Յոբելեարը տասնամեակներ շարունակ պրպտումներ կատարած է, այցելած է տարեց համագիւղացիներու անոնցմէ կարելի եղածին չափով տեղեկութիւններ հաւաքելու համար, եւ այդ բոլորը ի մի հաւաքելով կազմած է այս հատորները, այդպիսով մէկ կողմէ փրկելով Քեսապի ժառանգութիւնը, միւս կողմէ փրկարարի պատուաւոր կոչումը դրոշմելով իր անուան կողքին:
1980-ին Հալէպի մէջ հրատարակած է «Քեսապի ժողովրդական երգարուեստը» հատորը:
1981-ին, դարձեալ Հալէպի մէջ, «Ցամքած աղբիւրը նորէն կը բխի» գրքոյկը:
1988-ին, դարձեալ Հալէպի մէջ, «Միջ-գաւառական անեքթոտներ» հատորը: Գիրքը որոշակի յաւելումներով վերահրատարակուած է Հալէպի մէջ դարձեալ, 2005-ին:
2006-ին Անթիլիասի մէջ՝ «Անտիոքի մերձակայ Ռուճի հովիտի հայերը (պատմա-ազգագրական ուսումնասիրութիւն)» աշխատութիւնը:
2015-ին Երեւանի մէջ՝ «Քեսապի երեք օրերը (21-23 մարտ 2014)», ուր Յոբելեարը ներկայացուցած է հակակառավարական զինեալներու՝ Քեսապի վրայ յարձակումէն ետք քեսապցիներուն վիճակը եւ փախուստը դէպի Լաթաքիա: Նոյն թուականին գիրքը լոյս տեսած է նաեւ անգլերէնով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
2015-ին Անթիլիասի մէջ լոյս տեսած է «Քեսապ» լայնածաւալ հատորը՝ 1348 էջ, իբրեւ «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններ» մատենաշարի 8-րդ հրատարակութիւնը:
2020-ին Երեւանի մէջ՝ «Քեսապի նիւթական մշակոյթը» հատորը:
Դարձեալ 2020-ին, Երեւանի մէջ, հրատարակութեան պատրաստած է իր յառաջաբանով ու ծանօթագրութիւններով, Յակոբ Հանիեանի գրի առած «Օսմանեան բանակի զինուոր Սարգիս Հանիեանի վկայութիւնը» գիրքը:
Երեւանի մէջ ներկայիս մամուլի տակ կը գտնուի «Պատմական Անտիոքի հայերը եւ միւս հաւաքականութիւնները» լայնածաւալ հատորը՝ 450 էջ:
5.- ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Թերեւս շատեր չեն գիտեր, որ Յակոբ Չոլաքեան, տակաւին նորահաս երիտասարդ, հայ գրականութեան անդաստանէն ներս առաջին անգամ մուտք գործած է բանաստեղծութիւններու շարքով մը, լոյս տեսած Պէյրութի մէջ, 1970-ին, «Այսպէս սկսաւ գարունը» խորագիրով:
Արցախեան շարժումին արձագանգելով, Յակոբ Չոլաքեան ուսումնասիրած եւ 1990-ին Հալէպի մէջ լոյս ընծայած է «Արցախեան ինքնաճանաչման բանաստեղծութիւնը» գըր-քոյկը:
Պրն. Չոլաքեան 1978-ին Հալէպի մէջ կազմած է «Հալէպահայ պարբերական մամուլի համառօտ նկարագրութիւն» խմորատիպ աշխատութիւնը՝ այդ գործին լծելով Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի խումբ մը աշակերտներ, որոնցմէ ոմանք յետագային ընտրեցին հայագիտութեան ուղին՝ հետեւելով իրենց սիրելի ուսուցիչին:
Յակոբ Չոլաքեան նաեւ հեղինակ է հայագիտական տարբեր ուղղութիւններու առնչուող գիտական կամ գիտահանրամատչելի շուրջ հինգ տասնեակ յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են տարբեր երկիրներու հայկական պարբերականներու մէջ: Այսպէս, ան յօդուածներ ստորագրած է.
Լիբանան՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին, «Ահեկան» մշակութային եռամսեայ հանդէսին, «Ազդակ» օրաթերթին, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» տարեգիրքին, «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքին:
Սուրիա՝ «Օշական» պարբերաթերթին, «Գեղարդ» սուրիահայ տարեգիրքին, «Գանձասար» թերթին:
Իսթանպուլ՝ «Մարմարա» օրաթերթին:
Հայաստան՝ «Հասկեր» մանկական գրականութեան եւ բանահիւսութեան տարեգիրքին, «Էջմիածին» ամսագիրին, «Վէմ» համահայկական հանդէսին, «Հայագիտութեան հարցեր», Երեւանի Պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի քառամսեայ հանդէսին եւ այլ պարբերականներու մէջ:
Թուարկեմ տպագրուած յօդուածներէն քանի մը հատին վերնագիրները.
- «Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը»:
- «Քեսապի ժողովրդական բանահիւսութիւնը»:
- Գրադատական՝ «Մուսա լերան ժողովրդական հեքիաթներ», հեղինակ՝ Սոնա Զէյթլեան:
- «Հալէպահայ հին գաղութի թատերական կեանքէն»:
- «Շնորհահանդէ՞ս, թէ շնորհանդէս»:
- «Սփիւռքահայ դպրոցին դերը արեւմտահայ գրական լեզուի զարգացման մէջ»:
- «Արեւմտահայ ժխտական դերբայը եւ անով կազմուած բաղադրեալ ժամանակները»:
- «Ա[րսէն] Այտընեանի քերականութիւնը եւ ժամանակակից արեւմտահայերէնը»:
- «Սուրիոյ քրիստոնեայ այլադաւան հայերը եւ անոնց ազգային ինքնութեան խնդիրը»:
- «Արաբական աղբիւրները Անտիոք քաղաքի եւ շրջակայքի հայ հին գաղթականութեան մասին»:
- «Արամօ գիւղի մօտիկ հայոց վանքը Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներով»:
Ահաւասիկ ամփոփ կէտերու մէջ յոբելեար Յակոբ Չոլաքեանի երկար տարիներու վաստակը: Կեանք մը ամբողջ՝ նուիրուած հայագիտութեան, նուիրում, որ անձնականի ինքնամոռացումով հաւաքականութեան յաւերժացումին ծառայած է, կը շարունակէ ծառայել եւ, վստահ ենք, պիտի շարունակէ ծառայել: Կեանք մը, որ իր պարզութեամբ եւ անմիջականութեամբ սերունդներ դաստիարակած է՝ հազարներու սիրցնել տալով իրենց մայրենին, իրենց արմատներն ու ազգային պատկանելիութիւնը:
Վարձքերնիդ կատա՛ր, Ձեր խոնարհութեամբ Մեծ Հայ: Ձեր գրիչը տակաւին երկար տարիներ թող շարունակէ կայթել էջերուն վրայ, ճոխացնելով ու հարստացնելով հայագիտութեան անդաստանները, միաժամանակ փրկելով ու յաւերժացնելով բազմաթիւ մշակութային հարստութիւններ, աւանդութիւններ, լեզուական ու բարբառագիտական պաշարներ եւ պատմական իրողութիւններ:
Վերջաւորութեան, թող ներուի ինծի, որ որպէս համագիւղացի, խօսքս աւարտեմ քեսապերէնով.
- Միր Մինծ Խոճա. Դոք քեսպըցիցը իլան ալամ էրմենոցը հեմոր գանձ մընեք: Աստօծ ըրկան օմըր ուտու Ձի, դի չէ՛ նըպատակ իլան չթէքմըլոծ բուն կունեք՝ թէքմըլիեք իլան Ձիր նըպատակնէն հէսնէք:
Շէն մընաք, պայծոռ մընաք միր Խոճա՝ Յակոբ Չոլաքեան:
Բարբառը չիմացողներուն համար ըսեմ, թէ պարոն Չոլաքեանին յղեցի միմիայն բարեմաղթանքներ՝ երկար եւ արգասաբեր կեանք, նախատեսած ծրագիրներու իրականացում, քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ