ՉՈՒ

Դուրս ելաւ, եւ յայտնուեցաւ Պէյրութի մէջ։ Պատահաբար։ Քալեց անկանոն քաղաքին մէջէն, դարձաւ անկիւնները իրար հատող փողոցներուն։ Ծոթրինի հոտն ու մայթի եզրին թափած մասունքները գլանիկի, մայթը ծածկած ու զինք վար հրող ինքնաշարժները հին ու նոր, խանութներէն դուրս ելումուտ ընող բանուորները սուրիացի, եգիպտացի, դպրոցն ու ակումբը հայկական, եւ հարաւէն հիւսիս պառկած մայրուղիի ճամբուն՝ հոս հոն ինքզինք պարզող, ինքզինք մատուցող կապոյտը Միջերկրականին։ Տեսաւ, շնչեց, հպաւ ու լսեց այս բոլորը, կուլ տուաւ, ներծծեց, յագեցաւ։

Չու։

Իջաւ մոխրագոյն երկինքն ի վար, պատռեց ամպերը օդանաւով, կանաչապատ Անգլիան առաւ ուսերուն։ Մինակ։ Նայեցաւ ետ, նայեցաւ վեր. մութ ամպերը առաստաղ մըն էին քաշեր, Պէյրութը չէր երեւեր։ Գոթական քաղաքի մէջ ինք էր, հեծանիւ մը սեւ շուկայէն, քիչ մը ուտելիք, ահագին գիրք։ Ընդյատակեայ գրադարանէն ներքին պատշգամներով գրադահլիճ, յետոյ դասարան, ապա սենեակ, որուն տուն պէտք էր ըսել։ Կարդաց, ճգնեցաւ գրեթէ։ Պէյրութի կարօտին վրայ ծանր գրքեր դրաւ, որ ճնշէ զայն ու չզգայ։ Անցաւ երկու տարին։

Չու։

Արեւելք, դարձեալ։ Մէկ այլ արեւելք։ Քալեց անցաւ սիմիթճիին քովէն, ձկնավաճառին կողքով, մարդախեղդ փողոցներով Պոլսոյ։ Նեղուցի հոտը փնտռեց, Մարմարայի մէջ քիչ մը Միջերկրականը գտաւ մանկութեան։ Դպրոց, խմբագրատուն եւ եկեղեցի ելումուտ ըրաւ, հարցուց ու լսեց այս անգամ։ Հաւաքեց ցաւն ու հմայքը միջցամաքամասային, միջքաղաքակրթական քաղաքին. աւելի քան կշտացաւ։ Հանել էր պէտք այս ամէն ինչը մէջէն, թուղթին տալ արդէն։

Չու։

Իջաւ շրջանակաձեւ, վարդագոյն, փոքրիկ Երեւան։ Նախ խաղաղ կեանքն էր. ջերմացնող արեւ, կռռացող ագռաւներ ծառերուն վրայ, անգործ մարդիկ սրճարաններուն մէջ եւ նստարաններուն վրայ հոս-հոն։ Դարձեալ գրքեր, բայց գիր նաեւ։ Յետոյ փոթորկոտ օրեր, հանրային կեանքի մէջ սուզում, հաւաքականի ընդմէջէն անհատի իմաստաւորման ճիգ, ապա վանող ապտակներ նոյն այդ կեանքէն իրմէ անդին, սլացող հրթիռներու շունչը գրեթէ ծոծրակին։

Երկիր մը, միջավայր մը, քաղաք մը եւս կուլ տուած ու յագեցած կը զգայ հիմա։

Ուրեմն չու։

Դէպի ու՞ր։

Դէպի հոն, ուրկէ ձեզի, ամիսներու ընթերցողք, անդորր ու սէր պիտի մաղթէ անպայման... ու հոն, որուն մասին դեռ պատմէ գուցէ ապագային։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021