ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Քանի՞ Նուիրապետական Աթոռներ ունի Հայ Եկեղեցին։

Պատասխան. Հայ Եկեղեցին ունի չորս նուիրապետական աթոռներ, որոնք են.

ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն. Հայաստան, Վաղարշապատ. ներկայ գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն. Լիբանան, Անթիլիաս. ներկայ գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։

գ. Երուսաղէմի Պատրիարքութիւն. Պաղեստին, Երուսաղէմ. ներկայ գահակալ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան։

դ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւն. Թուրքիա, Պոլիս. ներկայ գահակալ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Սահակ Բ. Պատրիաք Մաշալեան։

Հ. Որո՞նք են Հայ Եկեղեցւոյ տօները, քանի՞ խումբի կը բաժնուին։

Պ. Հայ Եկեղեցւոյ տօները կը բաժնուին երկու խումբի, Տէրունի տօներ եւ Սուրբերու տօներ։ Տէրունի տօներ կը կոչուին, որովհետեւ ուղղակիօրէն առընչուած են մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ու երկրաւոր առաքելութեան։ Իսկ Սուրբերու տօները անոնք են, որոնք նուիրուած են սուրբերուն, անհատապէս կամ հաւաքաբար՝ ինչպէս Հռիփսիմեանք ու Վարդանանք։

Հ. Թուէ՛ Տէրունի տօները։

Պ. Տէրունի տօներն են.

ա. Սուրբ Ծնունդ կամ Աստուածայայտնութիւն, որ միշտ յունուար 6-ին կը կատարուի։

բ. Անուանակոչութիւն Քրիստոսի, որ կը տօնուի յունուար 12-ին։

գ. Տեառնընդառաջ, Քրիստոսի քառասնօրեայ ընծայումը տաճարին, կը տօնուի փետրուար 14-ին։

դ. Զատիկ կամ Յարութիւն Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի, կը տօնուի ապրիլ ամսուան ընթացքին լուսնի լրումին յաջորդող կիրակի օրը։

ե. Համբարձում Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որ Զատիկէն քառասուն օր ետք հինգշաբթի օր կը տօնուի։

զ. Հոգեգալուստ, որ Համբարձումէն ետք երկրորդ կիրակի օրը կը տօնուի։

է. Պայծառակերպութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի. տօնակատարութեան թուականը փոփոխական է, սակայն ընդհանրապէս յուլիս ամսուան ընթացքին կը տօնուի։

ը. Վերափոխում Սուրբ Աստուածածինի կամ Գալուստ Տեառն ի Փոխումն Կուսին, որ օգոստոս 15-գի մօտակայ կիրակի օրը կը նշուի։

թ. Խաչվերաց, որ Տիրոջ Սուրբ Խաչափայտին գերութենէ վերադարձն է, Հերակլ կայսրի միջոցաւ եօթներորդ դարուն, կը տօնուի սեպտեմբեր 14-ին մօտակայ կիրակի օրը։

Հ. Թուէ՛ Սուրբերու տօները։

Պ. Սուրբերու տօներու թուականները փոփոխական են եւ ամէն տարի տարբեր թուականներու կը տօնուին, անոնք են.

ա. Սուրբ Աստուածածինի, որ բացի Վերափոխումի տօնէն ունի հետեւեալ վեց տօները.

1. Յղութեան. 2. Ծննդեան. 3. Տաճարին ընծայման. 4. Աւետման. եւ 5. Գիւտ Տփոյ եւ Գիւտ Գօտւոյ։

բ. Նահապետներու։

գ. Մարգարէներու։

դ. Առաքեալներու եւ Քրիստոսի աշակերտներուն։

ե. Հայրապետներու, Վարդապետներու, Քահանաներու եւ Սարկաւագներու, ազգային եւ օտար։

զ. Թագաւորներու, Զօրավարներու, Իշխաններու եւ Զօրքերու, ազգային եւ օտար։

է. Մարտիրոսներու, ազգային եւ օտար։

ը. Կոյսերու, ազգային եւ օտար։

թ. Ճգնաւորներու։

Հ. Սուրբերու տօներուն մէջ, կա՞ն տօներ, որոնք ազգային բնոյթ ունին եւ յատուկ յիշատակութեամբ կը տօնուին։

Պ. Այո՛, կան կարգ մը տօներ, որոնք ազգային յատուկ յիշատակութեամբ կը նշուին, ատոնք են.

ա. Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս, Հայ Եկեղեցւոյ առաջին Լուսաւորիչ Առաքեալներուն յիշատակը։

բ. Սուրբ Գրիգորի, Հայ Եկեղեցւոյ երկրորդ Լուսաւորչի յիշատակը, որ երեք տօներ ունի.

1. Մուտն ի վիրապ, Մեծ Պահքի վեցերորդ կիրակին կանխող շաբաթ օրը։

2. Ելն ի վիրապէն, Հոգեգալուստի վերջին Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը։

3. Գիւտ Նշխարաց, Ելն ի վիրապ տօնէն երկու շաբաթ ետք, դարձեալ շաբաթ օրով։

գ. Սուրբ Սահակի եւ Սուրբ Մեսրոպի յիշատակը։

դ. Ղեւոնդեանց Քահանաներու եւ Վարդանանց զօրավարներու յիշատակը։

ե. Թարգմանչաց Վարդապետաց յիշատակը՝ Մեսրոպ, Եղիշէ, Մովսէս Քերթող, Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայ, Գրիգոր Նարեկացի եւ Ներսէս Շնորհալի եւ ուրիշներ։

Հ. Քանի՞ ժամերգութիւններ ունի Հայ Եկեղեցին, թուէ՛ զանոնք։

Պ. Հայ Եկեղեցին ունի եօթը ժամերգութիւններ, անոնք են՝

ա. Գիշերային Ժամերգութիւն։

բ. Առաւօտեան Ժամերգութիւն։

գ. Արեւագալի Ժամերգութիւն։

դ. Ճաշու Ժամերգութիւն, որ երեք մասի կը բաժնուի (երրորդ ժամու, վեցերորդ ժամու եւ իններորդ ժամու)։

ե. Երեկոյեան Ժամերգութիւն։

զ. Խաղաղական Ժամերգութիւն։

է. Հանգստեան Ժամերգութիւն։

Հ. Եկեղեցւոյ մէջ ի՞նչ սրբազան սպասներ կը գործածուին։

Պ. Սրբազան ըսելով կը հասկնանք սուրբ եւ նուիրական իրեր, որոնք մի միայն կը գործածուին Եկեղեցիէն ներս օծուելէ ետք։ Այդ սրբազան իրերէն գլխաւորներէն են.

ա. Սկիհ, սրբազան բաժակ, որու մէջ կը սրբագործուի Քրիստոսի Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը, Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

բ. Մաղզմայ, կլոր ափսէ մը, որ սկիհին վրայ կը դրուի։

գ. Մասնատուփ, սրբազան տուփ մը, որուն մէջ եկեղեցականները Սուրբ Հաղորդութիւն կը պահեն, անհրաժեշտ պարագաններու համար։ Մասնատուփը յատուկ է եկեղեցականներու գործածութեան միայն։

դ. Բուրվառ, անօթ մը, որու մէջ կը դրուի ածուխ եւ խունկ եւ կը գործածուի խնկարկութեան համար, Սուրբ Պատարագի եւ Ժամերգութիւններու ընթացքին։

Հ. Եկեղեցւոյ մէջ Ծիսական ի՞նչ Մատեաններ կը գործածուին։

Պ. Եկեղեցւոյ մէջ կը գործածուին հետեւեալ Ծիսական եօթը մատեանները.

ա. Սուրբ Պատարագի մատեաններ (Պատարագամատոյց եւ Ճաշոց)։

բ. Ժամերգութիւններու մատեաններ (Ժամագիրք)։

գ. Խորհուրդներու մատեաններ (Մաշտոց)։

դ. Տօնակատարութեան մատեաններ (Տօնացոյց)։

ե. Երգեցողական մատեաններ (Շարակնոց)։

զ. Յայսմաւուրք (Սուրբերու կեանքը ներկայացնող գիրք)։

է. Աւետարաններ։

Հ. Ի՞նչ են Շարականները։

Պ. Շարականները հոգեւոր երգեր են, որոնք կ՚երգուին եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին։ Գիրերու գիւտէն ետք, Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ եւ իրենց յաջորդները մինչեւ 14-րդ դար, հոգեւոր բնոյթ ունեցող երգեր յօրինեցին, որոնք ապագային ամփոփուեցան մէկ հատորի մէջ, որ կոչուեցաւ Շարական (կամ Շարակնոց)։ 12-րդ դարուն Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը ի՛նքն է, որ մեր հոգեւոր երգերը առաջին անգամ կոչած է Շարական։

Հ. Թուէ՛ վեց շարականագիրի անուն։

Պ. ա. Սուրբ Սահակ Հայրապետ (5-րդ դար), որ Աւագ շաբթուան եւ Ղազարու կարգը (շարականները) յօրինեց։

բ. Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց (5-րդ դար), որ Ապաշխարութեան շարականները յօրինեց։

գ. Կոմիտաս Կթղ. Աղցեցի, (7-րդ դար), Հռիփսիմեանց Կոյսերուն նուիրուած շարականը յօրինած է։

դ. Սուրբ Յովհան Օձնեցի Կթղ., (8-րդ դար), Աւագ տօներու շարականները յօրինած է։

ե. Խաչատուր Վրդ. Տարօնեցի, (12-րդ դար), որ Պատարագի սկիզբը երգուող «Խորհուրդ խորին» շարականը յօրինած է։

զ. Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ, (12-րդ դար), որ յօրինած է բազմաթիւ շարականներ, որոնցմէ են, Վարդանանց նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, «Առաւօտ Լուսոյ» երգը, «Այսօր Անճառ»ի շարքը, Արեւագալի երգերը, եւ այլն։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2020