ՊԱՅՏԸՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԷՈՒՏԵԱՆ ՆԱՒԹԻՆ ՄԻՋԵՒ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, վերջերս, «սպասուած» այցելութեամբ մը կը հասնէր Իսրայէլի մայրաքաղաքը՝ Թել Աւիւ, ուր կ՚արժանանար բարձր մակարդակի ընդունելութեան։ Զանազան առումներով «սպասուած» համարուած այս այցելութիւնը, որ Պայտընի համար որպէս ԱՄՆ-ի նախագահ առաջին այցն է, շատ մը վերլուծաբաններու համաձայն, ունի առանցքային ըլլալու բոլոր տուեալները։ Նախ՝ սոյն այցելութիւնը կ՚իրականացուի այն պահուն, երբ միջազգային-քաղաքական հանրութիւնը սեւեռուն հայեացքով կը հետեւի Ուքրայնայի արդէն 5-րդ ամիսը թեւակոխած պատերազմին, նաեւ այն պահուն, երբ Իրան-ԱՄՆ երկար ատենէ ի վեր ձգձգուող բանակցութիւնները հասած են «անսպասելի» փակուղի մը։

Խորքին մէջ ի՛նչ կը փնտռէ ԱՄՆ-ի նախագահը, որուն Իսրայէլ տուած այս այցը նաեւ կը համարուի ուշացած, եթէ հաշուի չառնենք վերջինիս նախագահ ընտրուելուն զուգադիպող «Քովիտ» համավարակը, տարածումն ու անկէ ետք ջուրի երես ելած զանազան թէ՛ ներքին (համամերիկեան) եւ թէ արտաքին (ճամբորդութեան եւ այլ) կարգ մը ցցուն հիմնախնդիրները։ Ի դէպ, քիչ չեն անոնք, որոնք խորապէս համոզուած են, թէ այս այցելութեան խթան դարձող հիմնական դրդապատճառը Ուքրայնայի զարգացումներն ու նաւթի սակագիներու թռիչքային յաւելումներն են, որոնք ինչ-որ տեղ կը ստիպեն ԱՄՆ-ի նախագահին լեզու գտնել սէուտցիներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս ու գալիք փուլերը՝ մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի մէջ, հանգիստ կերպով դիմակայել, նաեւ չազդուիլ ամէն օր աւելիով սրացում արձանագրող նաւթի ու կազի թանկացման խնդրով, հետեւաբար նաեւ համատարած տագնապով։

Միշտ առանցքային եղած են ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները, սակայն եթէ նկատի ունենանք Եմէնի պատերազմը, որու պատճառով տեղի ունեցած լարումը, մինչ այդ Ուաշինկթընէն Ռիատին ցուցաբերուած երեւութական եւ նոյնիսկ ձեւական նեցուկը, ապա ամերիկացիք պէտք է հաշուի նստին այն փաստին հետ, որ սէուտցիք ո՛չ միայն հանգիստ չեն այդ յարաբերութեան կապակցութեամբ, այլեւ մանաւանդ զայրացած են ամերիկացիներու անորոշ եւ անհեռատես յայտարարութիւններէն։

Իսրայէլ միշտ առանցքային երկիր է ԱՄՆ-ի համար, սակայն այս փուլին բացի անոր անվտանգութեան խնդիրները քննարկելէ, Պայտըն այս այցելութեան համար ունի շատ աւելի մեծ յանձնառութիւններ, քան ինչ կը կատարէր իր նախորդը՝ Տանըլտ Թրամփ։ Այս վերջինը տարածաշրջան կը հասնէր ո՛չ միայն ընդհանրական խաղաղութեան տենչացող ղեկավարի քղամիդով, այլ իսրայէլացիներուն անպայմանօրէն իրենց ուզածը տալու եւ Երուսաղէմը միայն Իսրայէլի մայրաքաղաք դարձնելու վտանգաւոր եւ ցարդ չիրականացած երազանքով։

Ամէն պարագայի, գուցէ ինք՝ Պայտըն մեծ ակնկալիքներ չունի այս այցելութենէն։ Ան պիտի փորձէ ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի իրականութիւն դարձնէ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի գերտէրութեան ներկայութիւնը անգամ մը եւս ամրապնդել։ Թէեւ իր պաշտօնավարութեան առաջին ամիսներուն քանիցս խօսած էր Միջին Արեւելքէն «յոգնած» ըլլալու մօտեցումներով։

ՊԱՅՏԸՆԷՆ ՅՕԴՈՒԱԾ

Նախքան այցելութեան ընթացք առնելը, ԱՄՆ-ի քաղաքական ազդեցիկ ներկայացուցիչներ՝ մասնաւորապէս Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամներ, խիստ քննադատութիւններ կատարեցին Պայտընի հասցէին, նշելով, որ այս այցը ո՛չ միայն կարեւոր չէ, այլ նոյնիսկ անտեղի եւ հերթական ցուցադրութիւն մը, որու աւարտին ալ Պայտըն պարզապէս դատարկ ձեռքերով պիտի վերադառնայ։

Իր կարգին, Պայտըն նախազգալով տիրող լարուածութիւնը եւ իր անձին դէմ եղած անխնայ քննադատութիւնները, յարմար նկատած է հանդէս գալ յօդուածով մը «Washington Post»ին մէջ։ Ան իր ստորագրած յօդուածին մէջ գրած է այցելութեան մասին ու մասնաւորապէս նկատած է. «Սէուտական Արաբիա յառաջիկայ այցիս անհրաժեշտութիւնը թագաւորութեան հետ անմիջական փոխգործակցութիւնը աւելիով հիմնաւորելն է։ Ի վերջոյ այդ յարաբերութիւնները անհրաժեշտ են Ռուսաստանի դէմ դնելու եւ Չինաստանի հետ մրցակցութեան մէջ յաղթող կողմ ըլլալու համար։ Իմ գործը` որպէս նախագահ, մեր երկիրը ամուր եւ անվտանգ պահելն է: Մենք պէտք է հակազդենք ռուսական թշնամանքին, լաւագոյն դիրքի վրայ ըլլանք Չինաստանի հետ մրցակցութեան մէջ, ինչպէս նաեւ աշխատինք, որպէսզի աշխարհի կարեւոր այդ տարածաշրջանին մէջ յաւելեալ կայունութիւն յառաջ բերենք»։ Պայտըն կարեւոր համարած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դերը նաւթի ընդհանուր շուկաները աւելի հանգիստ դարձնելու տեսակէտէն։ «Սէուտական Արաբիան այն երկիրներէն է, որ կրնայ ուղղակիօրէն ազդել նման աշխատանքի արդիւնքներու վրայ», նշած է ան։

ՆԱԵՒ ՆԱՒԹԷՆ ԱՆԴԻՆ...

Ճիշդ է, որ այս այցի հիմքը նաւթի ընդհանրական խնդիրներուն վերաբերեալ լուծումներ գտնելն է, բայց եւ այնպէս, կան այլ հիմնարար առանցքներ, որոնց համար Պայտըն կը հասնէր տարածաշրջան։ Անշուշտ, սպասելի էր, որ Իսրայէլ հանդիսանալով ԱՄՆ-ի հիմնական դաշնակիցը տարածաշրջանէն ներս, Պայտընի այցը սկիզբ առնէր Թել Աւիւէն։ Այդ պատգամը հասկնալի եւ ընկալելի է բոլորին համար, բայց եւ այնպէս, Թել Աւիւէն, ապա Պաղեստինի Ռամալլաէն ետք ուղիղ թռիչքով Ռիատ հասնիլն է ուշագրաւը։ Այս շրջապտոյտը ընդհանրապէս պատահական ուղղութիւններով այցելութիւն մը չէ, այլ աւելին։

Խօսքը Իսրայէլի առանցքին շուրջ նոր եռանդ հաղորդելն ու Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ ընթացք առած բարեկամական կապին ամրացումն է։ Խօսքը ընդհանրապէս կը վերաբերի բնականոնացում կոչուած երեւոյթին, որուն հիմքով ալ Արաբական ծոցի ազդեցիկ երկիրները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Քաթար, կապեր ստեղծեցին Իսրայէլին հետ եւ ընթացք տուին դիւանագիտական յարաբերութեանց աշխուժացման։ Այդ գործընթացէն ցարդ դուրս կը շարունակեն մնալ Քուէյթը եւ Սէուտական Արաբիան, որ այսօրուան դրուածքով ալ յայտնուած է բաւականին նուրբ կացութեան մը մէջ։

Սէուտցիք, որ ուշի ուշով կը հետեւէին Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններուն, խելացի քայլ մը առին եւ ընթացք տուին Թեհրանի հետ նոր կապեր ստեղծելու գործընթացին։ Այդ առումով ալ անոնք չվարանեցան իրանցիներուն հետ վարել բաւականին փակ բանակցութիւններ, որոնք տեղի ունեցան Պաղտատի հետ։ Ճիշդ է, որ այդ բանակցութիւնները մինչեւ այս պահը երեւելի արդիւնքներու չհասան, բայց Ռիատ-Թեհրան թէժ գիծի մը ստեղծումը ինքնին յուսադրիչ էր։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար պատկերը անշուշտ, եթէ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները պսակուէին յաջողութեամբ։ Այս առումով ալ երբեք չի բացառուիր այն վարկածը, որ Պայտըն տեղ մը ինքնակամօրէն «փակուած» համարելով Իրանի հետ համաձայնութեան մը հասնելու կարելիութեանց էջը, ձեռնարկած է նոր խաղաոճի մը, որուն նպատակն է ստեղծել հզօր նոր դաշինք մը, որուն հիմնական թշնամին պիտի հանդիսանայ Իրանը։

Շատեր գուցէ զարմանան եւ նոյնիսկ հարց տան, ԱՄՆ ինչո՞ւ մասնաւորապէս այս ծանր ժամանակներուն ու ձեւով մըն ալ անտեսելով Ուքրայնայի պատերազմին ստեղծած բարդութիւնները կը դիմէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նոր դաշինք մը ստեղծելու փորձին։ Ինչպէս ծանօթ է, Թրամփի կողմէ յառաջ քաշուած թեզերը Իսրայէլին աւելիով օրինականութիւն մը տալու կամ Իսրայէլ-Արաբական ծոց կապերը ամրապնդելու նպատակով՝ փայլուն յաջողութիւն մը չարձանագրեցին։ Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է, որովհետեւ ԱՄՆ ստիպուած է այս քայլերուն երթալու, հաշուի առնելով նաւթի մեծ տագնապը, որ բացի եւրոպական երկիրները հարուածելէ, ցաւատանջ խնդիր մը դարձած է ԱՄՆ-ի համար։

Իբր այդ, կը ծագի այլ հարցում մը. արդեօք մինչեւ այս պահը Ուքրայնա-Ռուսաստան պատերազմի մեծ բարդութիւններուն «մէկ աչք»ով նայած Ռիատ, ի վերջոյ իր այս դիրքերէն զիջելով փրօամերիկեան դիրք պիտի բռնէ այս տագնապին մէջ։

Սէուտցիք շատ լաւ հասկցած են, որ ժամանակները կը փոխուին ու առաջուան նման անհնար է վստահիլ միայն ԱՄՆ-ին։ Հետեւաբար անոնք ստիպուած են հասկնալ Ռուսաստանի մօտեցումները եւ պահպանել՝ բարեկամական այն կապերը, որոնք գոյութիւն ունին Մոսկուայի հետ։ Այս կէտին իրապէս կը հասնի ժամանակը մեծ հարցադրումին, թէ ԱՄՆ եւ անձնապէս Պայտըն պիտի կարողանա՞յ իր այս նոր խաղաոճին յենելով առնել այն, ինչ որ կ՚ուզէ առնել սէուտցիներէն եւ միւս կողմէ գոհացում տայ իսրայէլացիներուն։

Բարդ առաքելութեամբ է, որ Պայտըն Մերձաւոր Արեւելք այցելեց եւ, անշուշտ, անոր այս այցելութեան արդիւնք-հետեւանքները կարելի պիտի ըլլայ տեսնել առնուազն մէկ կամ երկու ամիսներ ետք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022