ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Ե.
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ՕՏԱՐ ԱԶԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԱՆՈՂ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Ամուսնութեան միջոցով ազգերու միակերպումը եւ ձուլումը: Մանտեկացցայի կարծիքը այսպիսի միաւորութիւններու մասին: Ասոնց վտանգաւորութիւնը սերունդի տեսակէտէ:
Ժամանակի ընթացքին, անդադար շփման շնորհիւ, եւրոպական ազգերը արդէն այն աստիճան միակերպուած են, որ ամուսնութիւնը անխտիր բոլոր ազգերուն մէջ կը կատարուի: Եւրոպայի մէջ առօրեայ երեւոյթ է տեսնել սեւամազ ու թուխաչք սպանացի կինը շէկ շուէտացիի մը կին դարձած:
Այսպէս, երթալով անտարակոյս կը հասնի, ժամանակ մը, երբ եւրոպական ազգերը ձուլուած կ՚ըլլան իրարու հետ եւ կորսնցուցած՝ իրենց ազգային այն մի քանի առանձնայատկութիւնները, որոնք դեռ եւս քիչ թէ շատ կը բնորոշեն զանոնք:
Ժամանակ կու գայ, անշուշտ, երբ այլեւս ո՛չ ռուս կ՚ըլլայ, ո՛չ ֆրանսացի, ո՛չ անգլիացի, այլ՝ կ՚ըլլայ մարդկութիւն մը, եւ բոլոր ազգերը համակերպուած ու հաւասարուած թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ դաւանութեամբ, թէ՛ քաղաքակրթութեամբ եւ թէ աշխարհայեցողութեամբ:
Հաւասար քաղաքակրթութեան տէր ազգերու մէջ ձուլումը այսպէս կը կատարուի: Այստեղ իւրաքանչիւր ազգութիւն իր առանձնայատկութիւններէն բան մը կը մտցնէ ձուլարանի մէջ, այնպէս որ այնտեղէն դուրս եկած նոր մարդկութիւնը իր մէջ կը կրէ կազմող ազգութիւններուն բնորոշ կողմերը:
Ստոր զարգացման տէր ազգութիւնները ո՛չ թէ կը ձուլուին, այլ՝ ուղղակի կը կլանուին, մեծ ազգերու մէջ կը հալին, առանց որեւէ մէկ հետքի:
Մարդկութեան ֆիզիքական բարւոքումի տեսակէտէն պէտք է ըսել, որ ազգերուն իրար խառնուիլը առողջ եւ ազնուացնող սերունդ կու տայ, միայն անհրաժեշտ է, որ խառնուող ազգերը մէկ ցեղի պատկանին. օրինակ, բոլորը սպիտակամորթ ըլլան: Հակառակ պարագային աւելի լաւ ֆիզիքական յատկութիւններ ունեցող ազգը կը նսեմանայ: Այսպէս, օրինակ, եթէ սպիտակամորթ մը ամուսնանայ սեւամորթի մը հետ, անոր սերունդը մուլատներ (կիսասեւեր) կ՚ըլլան, եւ ուրեմն ցեղը կը վատանայ:
Ասոնք են մարդաբանական կանոնները:
Մեզի աւելի կը հետաքրքրեն ամուսիններուն անհատական կեանքը եւ անոնց սերունդին առողջական դրութիւնը:
Մանտեկացցայի բերանով խօսինք.
«Իւրաքանչիւր ազգ արդիւնք է անհամար ֆիզիքական, բարոյական եւ մտաւոր տարրերու. ահա՛ թէ ինչու անգլիացին այդքան կը տարբերի սպանացիէն, իսկ իտալացին՝ նորվեկացիէն:
Երբ կինն ու մարդը տարբեր երկիրներու զաւակներ են, անոնք տարբեր լեզուներով կը խօսին: Բայց ատիկա տակաւին ոչինչ. -անոնք տարբեր զգացմունքներ ունին, այլ կերպ կ՚ատեն ու կը սիրեն. անոնց բաղձանքներն ալ, ձգտումներն ալ տարբեր են: Մենք բոլորս բազմաթիւ դարերու պատմութեան կենդանի հատուածներն ենք:
Իրարու համաձայնեցնել եւ իրարու ձուլել երկու անձնաւորութիւններ, որոնք տարբեր երկինքի տակ ծնած են, ստացած են ո՛չ հաւասար կրթութիւն, որոնց կրօնական, բարոյական, քաղաքական ու աւանդական իտէալները կը տարբերին իրարմէ- ատիկա հնարաւոր՝ բայց չափազանց դժուարին գործ մըն է եւ հազիւ թէ յաջողի:
Նայեցէք ձեր շուրջը ու կը տեսնէք, որ այս տեսակի խնամութիւնները մեծաւ մասամբ հիմնուած են շահասիրական ու լաւ յարաբերութիւններ ձեռք բերելու դիտումներուն վրայ, եթէ միայն անսանձ սէրը չէ շարժառիթը, սէր, որու կատաղի ու աղմկալից ալիքները կը կլանեն այն բոլոր դիտողութիւններն ու հաշիւները, որոնք խելացի ու խոհեմ պսակներու հիմքը կը կազմեն: Ազգայնութեան տարբերութիւնը ընտանիքի մը համար երջանկութեան հնարաւորութիւնը կը նուազեցնէ. բայց հարիւր անգամ աւելի նուազ է երջանիկ ընտանիքներու թիւը, երբ ազգայնութեան տարբերութեան վրայ կ՚աւելնայ նաեւ կրօնքի զանազանութիւնը:
Բուռն սէրը հնարաւոր չէ առանց մեծ հաւատքի: Ո՛վ բուռն կերպով կը սիրէ, ան չնչին կը համարէ այն արգելքը, որ լեզուի, սովորութիւններու, վարք ու բարքի տարբերութիւնները կը ներկայացնեն. միեւնոյն է անոր համար, թէ իր կինը ուր կ՚աղօթէ՝ եկեղեցւո՞յ մէջ, թէ՞ մզկիթին մէջ:
Սակայն, այդ բուռն սէրը, ինչքան ալ երկար ըլլայ անոր տեւողութիւնը, օր մը դարձեալ կը նուազի, կը հանգստանայ ու կը փոխուի քաղցր ու թանկագին սովորութեան: Եւ երբ կիրքի ծովը կը հանդարտի, երբ ջուրը կը յստականայ ու թափանցիկ կը դառնայ, այն ատեն յատակին վրայ տարածուած վտանգաւոր քարերը կ՚երեւան, որոնք կրօնքի, հակումներու եւ սովորութիւններու տարբերութիւններէն յառաջացած սպառնալիքներուն մարմնացումն են: Եւ այդ ապառաժները իրենց գլուխները ջուրէն դուրս կը բարձրացնեն ու կը խանգարեն, կը վտանգաւորեն նաւարկութիւնը: Երբ մեղրամիսին լուսինը կը ծածկուի թանձր ամպերու քամակին, մեր նաւակը անտարբերութեան տիղմին մէջ կը խրուի, կամ կը փշրուի, ընտանեկան անհամաձայնութիւններուն ու կռիւներու ալիքներուն դպնալով, այն ատեն այլեւս ոսկին ու տիտղոսները անկարող կ՚ըլլան ծեփելու նաւակին պատռուածքները, եւ անոնցմէ շինած կարկատանները չեն փրկեր զոյգը, քանի որ հոգիներուն ու մարմիններուն սրբազան միութիւնը ընդմիշտ կործանած է արդէն»:
Մանտեկացցան այս տողերը գրած ատեն միայն բարոյական դիտումներով չէ, որ ղեկավարուած է: Ան իբրեւ բնախօս ու հոգեբան կը խօսի:
Բեղմնաւորութիւնը, յղութիւնը, ծնունդը, այնպիսի մեծ ու բարդ գործողութիւններ են, որ իւրաքանչիւր հոգեկան տրամադրութիւն, իւրաքանչիւր յուզմունք անոնց կանոնաւորութեան վրայ կ՚ազդէ: Իսկ յիշած ձեւի ամուսնութիւնները տարբեր տարրերու մէջ չի՛ կրնար վրդովմունք չյառաջացնել կնոջ հոգեկան աշխարհէն ներս:
Եւ ատիկա հասկնալի է:
Այն վայրկեանէն, երբ կինը ստիպուած է օտար խաչ ու Աւետարանի տակ, օտար լեզուով իր վճռողական «այո»ն արտասանել, երբ անոր շնորհաւորական համբոյր կու տան օտար ազգութեան եւ օտար դաւանութեան պատկանող մարդիկ, այն ատենէն անոր կը վիճակուի յաւիտենական հոգեկան ճնշում մը, ինչքան ալ ան օտարացած ըլլար արդէն իր ազգութենէն ու կրօնքէն: Կիզիչ յուզմունքները անոր սիրտը անդադար կը սեղմեն:
Այն հեռանկարը միայն՝ տեսնել իրմէ ծնած զաւակին իրարմէ նոյնքան օտարացած, ինչքան է ամուսինը, զգալ, որ իր արգանդին մէջ աճող սաղմը՝ որ իր արիւնով կը սնի, աշխարհ գալով, ընդմիշտ իրմէ պիտի անջատուի, այդ միայն բաւական է, որ ան կորսնցնէ իր հոգեկան հանգստութիւնը; Եւ անոր անդադար յուզուած դրութիւնը, անոր խիղճին յարատեւ տանջումը, հիւանդոտ ու ջղային կը դարձնէ իր արգանդի զաւակը: Հետեւաբար, արդարացի է ժողովուրդին մէջ դարերով ընդունուած այն կարծիքը, թէ յղի կնոջ հոգեկան շարժումները (վախը, ուրախութիւնը, բարկութիւնը, վիշտը, եւ այլն) սաստիկ կերպով կը վնասեն երեխային:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 11
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024