ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (49)

Առաւօտ շուտ արթնցաւ Զանան։ Նայեցաւ հայելիին մէջ. աչքին կապոյտը սեւցած էր արդէն։ Թեթեւ վերարկու մը առաւ վրան, ելաւ դուրս եւ սկսաւ արագ քայլերով իջնել վար Կոնդէն։ Երբ հասաւ հոն, ուրկէ յստակ կ՚երեւար բակը Նորային, կանգ առաւ. ցատկեց կողքի ցած պատին վրայ, մտաւ փոքր այգին, նստաւ ծառի մը տակ այնպէս մը, որ չնկատուի։

Շատ չանցած, սեւ ինքնաշարժ մը եկաւ Սարեան փողոցէն, եւ Մաշտոց չհասած մտաւ Նորայի շէնքի բակ։ Երկու տղայ իջան, գլանիկներ վառեցին։ Իրենք էին, ճանչցաւ զիրենք։ Կատաղութեան զսպանակը ձգուեցաւ, պրկուեցաւ Զանայի ներսիդին... բայց մնաց անշարժ։ Գիտէր, որ որեւէ յաւելեալ քայլ պիտի վտանգէր Նորան, եւ աւելի դժուարացնէր իրենց ծրագիրը համարձակ, որուն շուրջ համաձայներ էին երէկ գիշեր։ Պամ... ինքը եւ...

Նորան մօտեցաւ յանկարծ ինքնաշարժին։ Կռնակին պայուսակ մը կար, երկու ձեռքերուն տոպրակներ։ Ի՛նչ ունէր-չունէր առեր էր հետը, կը տեղափոխուէր Վանաձոր։ Սեւ ինքնաշարժը ելաւ դուրս, վերադարձաւ դէպի Սարեան։ Ու երբ կ՚անցնէր Զանայի դիմացէն, ետեւի պատուհանը իջաւ քանի մը մատ, եւ, ինչպէ՞ս, ինք ալ չհասկցաւ, Նորայի աչքերը ճեղքին ետեւէն յաջողեցան գտնել զինք ու փոխանցել խոստումներ, որոնք նոյնիսկ աւելի համոզիչ էին քան այն բոլորը, որ երէկ լսեր էր բերանացի։

Գործե՛լ էր պէտք արդէն։ Սրընթաց կերպով իջաւ մնացած տասնեակ մը աստիճանը, եւ մէկ շունչով վազեց դէպի մզկիթ։ Արեւը նոր կը հանդիպէր մինարէի կտուրին։ Զմրուխտ կապոյտը խաղաղութիւն կը սփռէր։ Հրեց դարպասը, մտաւ բակ, գնաց դէպի շէյխի կեցավայր։ Կանգ առաւ, շունչ քաշեց, վայրկեան մը տուաւ ինքն իրեն։ Յետոյ թեթեւ զարկաւ դուռը երեք անգամ նո՛յն այն կշռոյթով, որուն շուրջ համաձայնած էին շէյխին հետ, երբ դեռ այնտեղ էր ինք։ Շէյխը անակնկալի եկաւ այնուամենայնիւ. գրեթէ սեւ կոպն ու այտը ցնցեր էին անշուշտ։

-Զանա՞, ի՞նչ եղաւ...

-Ոչինչ շէյխ... կ՚ուզեմ Պամ վերադառնալ։ Կ՚օգնե՞ս...

Շէյխը գրկեց Զանան, խոստացաւ օգնել, եւ ընդունեց ներս։ Քիչ վերջ, սեւ թեղթը լեցուեցաւ նիհար ու կարճ բաժակներուն մէջ։ Ինչքա՜ն կարօտցեր էր Զանան... Նորայի պատրաստածները, ինչքան ալ սիրելի, երբեք չունէին համը Պարսկաստանի...

-Տղա՛ս, չեմ գիտեր ի՞նչ է պատահեր, բայց գիտեմ որ բան պիտի չպատմես... Լաւ կը ճանչնամ քեզ։ Ֆարզատ քեռիիդ նման ես այս առումով, ըսա՞ծ էի... ինչ որ է. ինչ եղեր՝ եղեր է. կարեւորը հոգեպէս կոտրած չես երեւիր, նոյնիսկ տարօրինակ եռանդ մը կայ վրադ... իսկ կապտուկը կ՚անցնի, կ՚երթայ, կը մոռնաս... թերեւս ալ ինչ եղեր է, լա՛ւ է եղեր, քանի որ, ի՞նչ մեղքս պահեմ, տեսակ մը գոհ եմ որ Պամ վերադառնալ կ՚ուզես... յատկապէս որպէս շինարար արդէն... Եթէ վստա՛հ ես որոշումէդ, ըսէ՛, ես մնացածը կը կարգադրեմ։

-Վստահ եմ շէյխ...

-Էհ՝ գացիր... վերականգնող Պամը քեզի կը սպասէ...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020