ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
«Խա՛-ղա՛-ղու-թիւն, խա՛-ղա՛-ղու-թիւն,...»
Պոռթկուն վանկերը, ի վերջոյ, կը թռին մարդոց բերնէն
Տարիներու կուտակները կը յորդին
Բոլորին յորդումները կը միանան
Դէմքերը կ՚անհանգստանան
Ցեղային տարօրինակ պատկերը1 մոխիրներով կը պատուի
Եւ աղօտ ձայնը արձագանգ հագած կը սփռուի ամէնուր
«Խա՛-ղա՛-ղու-թիւն, խա՛-ղա՛-ղու-թիւն,...»
Թուով գրեթէ ամենափոքր
Տառապանքով՝ ամենամեծ
Ժամանակով՝ ամենահին
Եւ վիճակով՝ ամենէն անփոփոխ2ները
Բախտ եւ յուսահատութիւն3 չտեսնողները
Կը շարունակեն վանկարկել՝
«Խա՛-ղա՛-ղու-թիւն, խա՛-ղա՛-ղու-թիւն,...»
Մինչ ահեղ պատմութիւնը արնաթաթախ գրիչով
Կը նկարէ ուղին վանկարկումին
Փաստեր կը հաւաքէ
Կը դիտէ
Կը կարդայ
Կը լսէ
Եւ մի առ մի կ՚արձանագրէ ամէն ինչ
Գրիչէն արիւն եւ աչքէն արցունք կը հոսի տեսածներէն
Երբեմն կ՚անդրադառնայ իր նախկինին գրած նոյն տողերուն
Երբ հարուածները կը նկարագրէ՝
Անսպասելի ըմբոստ, հարուածող եւ խոնարհ՝
Սասունցի Դաւիթին պէս
Գերագոյն վտանգի պահուն
Յանկարծ հերոսացող եւ վիշապի4 վերածուող
Կոտորածներէն ամենազարհուրելին
Անցեալին եւ ներկային տեսնողն5 է ան
Ու կը շարունակէ գրել
Գրիչը կանգ չ՚առներ ի տես պատահածներուն
Խանդավառութեան հետ կը միաձուլուի
Շատո՜նց այսպիսի տողեր գրած չէ
Թերեւս հարիւր տարի առաջ...
... Եւ կարմիր բառերէն «առանձին»ը կը փայլի աչքին
Ու դարձեալ կը մտաբերէ նախկինին գրածը
Երեք ճակատի դէմ միաժամանակ կռիւը՝
Շահին դէմ, սուլթանին դէմ, ցարին դէմ6
Նոյն ծինին յամառութիւնը կը տեսնէ
Նո՛յն յամառութիւնը
Ինչո՞ւ արդեօք
Թերեւս իր պետութի՞ւնը կ՚ուզէ ստեղծել
Ու մէկ ձեռքով ճանկռտելով հիմնածը
Միւս ձեռքին ճիգով դարձեալ հիմնովին քանդելո՞ւ7
Բայց ո՛չ,- կը մէջբերէ պատմութիւնը,-
Նախկին տողերը չեմ ուզեր գրել՝
Զարհուրելի ջարդեր, խոշտանգում, բնաջնջում8
Կ՚ուզեմ բուժել անցեալի վէրքերը
Որպէսզի արծիւը առողջանայ
Եւ թեւերը թափահարելով
Լեռներուն գագաթներէն վեր
Ազատ ճախրանքով գծէ յաղթանակը մեծատառ
Եւ իրականացնէ վանկարկուածը՝
«խա՛-ղա՛-ղու-թիւն, խա՛-ղա՛-ղու-թիւն»...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Շեղագիր մէջբերումները՝ 1,2,3,4,5,6,7,8 առնուած են Դերենիկ Դեմիրճեանի
«Հայը» պատմուածքէն: