ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԲՈԼՈՐՆ ԱԼ ԶԱՒԱԿԱՆԵՐՍ ԵՆ

Այն օրէն ի վեր, երբ նախագահ ալ-Սատաթը գերեզմանէն ստանձնեց իշխանութիւնը եւ խոստացաւ իր երկրի համակիրներուն ազատութիւններ տալ, ոմանք լաւատեսութեամբ լեցուեցան եւ ըսին. «Թարմացանք»: Իսկ երբ նոյն խօսքին մէջ իր ընդդիմադիրներուն սպառնաց ըսելով, թէ պիտի ճզմէ զանոնք, բոլորը ըսին. «Կոտորուեցանք»:

Ան որ նախագահին ելոյթներուն հետեւած է իշխանութիւնը ձեռք ձգելէն մինչեւ իր վերջին ելոյթը, որ ունեցած 23 յուլիսի յեղափոխութեան 23-ամեակին առիթով, անպայման որ նկատած պիտի ըլլայ անոր բուռն փափաքը որոշ բառեր օգտագործելու, ինչպէս օրինակ. երբ իր արդիւնաբերական ծրագիրներուն մասին կը խօսի, յաճախ «էլէքթրոն» բառը կը գործածէ: Տակաւին, այն օրէն երբ տարիներ առաջ խոստացաւ իր զինուորներուն, թէ զանոնք առաջնագիծ պիտի չղրկէ առանց անոնցմէ իւրաքանչիւրին «էլէքթրոն» գործիք մը տալու, եւ ան սկսած է այս բառերը յաճախակի գործածել որեւէ մէկ գործարանի կամ կամուրջի կամ ճախրանիւի մը հիմնարկէքին ժամանակ, այնքան որ օտար լրագրողը պիտի կարծէ, որ եգիտպտացի ժողովուրդը մօտալուտ պահին բակլան (ֆուլ) էլէքթրոնական ձեւով պիտի ուտէ:

Իսկ օրէնսդրութեան, հրամանագրերու եւ որոշումներու ոլորտներուն մէջ, Սատաթ նախագահը երբ կը խօսէր հրամագիրի մը կամ օրինադրութեան մը կամ որոշումի մը մասին, նոյնիսկ եթէ ջուրի շատրուանի մը կապուած ըլլար այդ խօսքը, անպայմանօրէն զայն կը նկարագրէր որպէս պատմական որոշում, կամ պատմական կարգադրութիւն, այնքան որ լսողը կը կարծէր, որ պատմութիւնը նախագահին փոխանորդը եղած է 1970 թուականէն սկսեալ եւ իրեն համար գրասենեակ մը կահաւորած է իր գործընկերոջ՝ Հիւսնիւ Մուպարէքի1 կողքին:

Ինչ կը վերաբերի ազատութեան եւ պարբերականներու աշխարհին, ապա շատ քիչ կը պատահէր եւ աւանդական դարձած էր, որ իր խօսքերը չպարունակէին հետեւեալ բառերը, «կտրտեկ, ճզմել ու աղալ», այնքան, որ եթէ այս բառերը որոնք վեց տարիներու ընթացքին արտասանուած են, ներկայացնես փակ եւ ստորագրուած զեկուցագիրով մը համաշխարհային հոգեբանական եւ ռազմավարական կառոյցի մը, որպէսզի իր կարծիքը յայտնէ, վստահաբար պիտի չզլանար ըսելու, թէ կարելի չէ՛ որ այս բառերը ելած ըլլան պետութեան մը նախագահէն՝ ով ազատութեան կը հաւատայ, այլ՝ ապուխտի մսավաճառէ մը:

Իսկ քնքշանքի, շողոքորթութեան եւ առանց պաշտօնականութեան յարաբերելու իր եւ ժողովուրդին միջեւ պարագային, նախագահ Սատաթը ուշադրութիւն կը դարձնէ, որ բոլորին հետ խօսած ատեն ըսէ՝ «զաւակներս»: Զաւակներս առաջնագիծին վրայ: Զաւակներս գործարաններուն մէջ: Զաւակներս դպրոցներուն մէջ: Այս բոլորով հանդերձ միայն թէ համալսարանի մը մէջ խլրտում մը ըլլայ, կամ ցոյց մը գործարանի մը մէջ, ապա իր զաւակները համալսարաններէն ու գործարաններէն անմիջապէս բանտ կը տարուին: Այստեղ, ոեւէ մէկ քաղաքացի պէտք է հարցնէ.

-Այս ի՞նչ էլէքթրոնային հայր է, ուրեմն:

Նախագահ Սատաթի եւ միւսներուն ողբերգութիւնը որոնք իշխանութեան կու գան պատահականութեամբ եւ կամ ժողովուրդին անունը օգտագործելով, կը կայանայ այն բանին մէջ, որ անոնք նախքան քաղաքական, տնտեսական եւ կամ մշակութային ծրագիրներ մշակեն այս ժողովուրդը զարգացնելու համար, նախ եւ առաջ պատնէշ մը կը դնեն իրենց եւ ժողովուրդին միջեւ: Կը սկսին անոր հետ խօսիլ տանիքնեէրն, կամ դռներուն ետեւէն՝ ինչպէս կ՚ընէ պահպանողական կինը, երբ օտար մը իր դուռը ծեծէ: Տակաւին, ժողովուրդին հետ եօթանասունականներուն կը խօսին յիսունականներու լեզուով, կարծելով թէ տակաւին պարզ պետեւի մըն է, որ մածունը կը ծեծէ քսաներորդ դարու վրանին առջեւ ու կը հաւատայ իւրաքանչիւր բառին, որ կայանէն կ՚ըսուի, կամ թերթին մէջ կը գրուի, առանց հասկնալու որ Եգիպտոսի մէջ բակլայ ծախողը, կամ որեւէ մէկ օշարակ ծախող Եգիպտոսէն դուրս, սկսած է լուրը լուրի ետեւէն քննել ու ուսումնասիրել, «ԹԱՍՍ»ի կամ «Ռէօյթըրզ»ի ոեւէ մէկ լրագրողի նման, աւելին, իւրաքանչիւր արաբ քաղաքցի առանձինն դարձած է շրջիկ կայանի, որուն կը պակսի միայն «անթէն» մը ականջին ետեւը: Այդ պատճառով, նախագահ Սատաթը կը սխալի՝ երբ կը կարծէ, թէ անտեսելով Սինայի համաձայնագիրը, զինք լսողն ալ պիտի անտեսէ զայն, անտեսելով նաեւ զգուշացման կայանները, որոնք յառաջացուցած է, կարծէս պենզինի լցակայաններ ըլլան եւ ո՛չ աւելին: Միւս կողմէ միայն ըսէ, թէ դիմադրութեան հետ ենք, զինք լսողը կը համոզուի, որ իրապէս ինք դիմադրութեան հետ է եւ իրեն միայն կը պակսի ծածկանունը:

Ան կը սխալի ու երբ սխալի՝ կը կարծէ, թէ իր ելոյթին ընթացքին անտեսելով Ապը ալ-Նասէրին անունը, ժողովուրդը պիտի մոռնայ զայն ու անտեսէ եւ անմիջապէս համոզուի, թէ 23 յուլիսի յեղափոխութիւնը պայթեցնողն ու ղեկավարողը նախագահ ալ-Սատաթն է, եւ թէ Ապը ալ-Նասէրը իր փոխանորդն էր տասնութ տարիներու ընթացքին, որոնց ընթացքին իր բերանը չէ բացած՝ մինչեւ անձնապէս չէ պատասխանած բոլոր ցաւակցական հեռագիրներուն:

Ամօթ չէ՞ որ պետութեան մարդը նախանձի պետութեան ուրիշ մարդէ մը, ինչպէս երգիչ մը ուրիշ երգիչէ մը կը նախանձի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 42

Վաղարշապատ


1 Հիւսնիւ Մուպարէք: Ծնած է 4 մայիս 1928-ին: Եղած է Եգիպտոսի նախագահ, յաջորդելով Մուհամմէտ Անուար ալ-Սատաթին 1981-ին: Նախագահ եղած է մինչեւ 11 փետրուար 2011 թուականը եւ հեռացած է իշխանութենէն ժողովրդական ճնշումներուն հետեւանքով: Մահացած է 25 փետրուար 2020-ին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2024