ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ՝ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ -Ա-

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տեղեկագիրով՝ մեռնելի լեզուներու շարքին յիշուած արեւմտահայերէնը, հայ իրականութեան մէջ ուշացած թուացող ահազանգ կը հնչեցնէ: Որքան ալ քաղաքականացած համարուին ՄԱԿ-ի կամ որեւէ միջազգային կազմակերպութեան մը տեղեկագիրները, ներհայկական դաշտի գիտա-առարկայական արժեւորումները տեւաբար կարեւոր կը մնան, իսկ հիմնական պետական կառավարական կառոյց չունենալու ու անկէ բխած տեղեկատուութեան ու վիճակագրութեան պակասի իրողութիւնը՝ հայկական դասական սփիւռք անուանուած զանգուածը յաճախ կը դնէ անել կացութիւններու դիմաց: Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած դժուարութիւնները կամ լեզուի հաւանական եղափոխութիւնները որքան ալ համահայկական ու Հայաստան-սփիւռք տրամագիծ ունին, գերակշռօրէն գետնի վրայ կը մնան աւանդական կոչուած սփիւռքի կարեւորագոյն մարտահրաւերներէն մին, միաժամանակ տուեալ դժուարութիւններու յաղթահարումը կ՚իյնայ նոյնինքն աւանդական սփիւռքին վրայ, բազմակողմանի մօտեցումներով ու մշակուած, իրականանալի ծրագիրներով:

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ա.- Հայ հաւաքականութիւններու ժողովրդագրական պատկերը:

Աւանդական սփիւռքը, որ կը համարուի Մեծ եղեռնի արդիւնք, չունի վաւերական ու ճիշդ համրանք, ինչ որ մեծագոյն արգելքն է յստակ թուաքանակի վրայ հիմնուելով եզրակացութեանց յանգելու։ Ինչքան ալ հայ քաղաքական միտքը Միջին Արեւելքը համարած է մշակոյթին (գիր ու լեզու) ամենէն մօտ ու ազդեցիկ ռազմավարական միջավայրը, եւ այդ իրականութեան ածանցած՝ մայր գաղութներու վերապահուած դերը. յայտնապէս հայ հասարակութեան թիւը Միջին Արեւելքի մէջ նուազման ընթացք ունի, իսկ նոյնինքն միջին-արեւելեան ժողովուրդներու բնական աճին հետ բաղդատած աղէտալի պատկեր մը կը պարզէ այն: Բնականօրէն այս իրականութիւնը՝ առաջնային պատճառը կը հանդիսանայ արեւեմտահայերէնի նուաղման ու նահանջին, քանզի ինքնին այդ տարածքը՝ օրանն է արեւմտահայերէնին եւ իր չորս կողմի ենթակայ, կենդանի ու հաղորդակից տարածքներով, պարարտ դաշտը կը կազմէ հայերէն լեզուի այս ճիւղի պահպանման ու զարգացման: Թէկուզ հայկական պետականութեան չգոյութեան պայմաններուն մէջ յիշեալ տարածքը իր ներուժով ու քաղաքակրթական դերով ու գերազանցապէս իր բնիկ ժողովուրդի առկայութեամբ՝ կենսատու ու վերանորոգ իւրայնութիւն ունի, ինչ որ կը պակսի որեւէ աշխարհագրական վայրի մը՝ երկիր մոլորակին վրայ: Եւ որեւէ տարածք որ կենսապէս հեռու է այդ շրջանէն, իր վայրին մէջ արեւմտահայերէնի ծաղկումը կը պայմանաւորէ հայ թիւի գերբազմացման ու միատառութեան հետ, ինչ որ առ այսօր իրականացուած չէ: Այս տարածքին պատկանող զանգուածի շարունակուող նուազումն ու ձուլումը Միջին Արեւելքի ու Հարաւային Եւրոպայի մէջ, տեղ մը անկասելի կը թուի ըլլալ եւ ի տարբերութիւն Հայաստանէն արտագաղթած հայութեան, ժամանակագրականօրէն աւանդական սփիւռքը աւելի ենթակայ է սպիտակ ջարդին, բաղդատած այսպէս ըսած Հայաստանի Հանրապետութենէն արտագաղթի պատճառով կազմաւորւող սփիւռքին հետ:

Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան վիճակագրական թիւերուն անդրադառնանք իբրեւ միակ վաւերական աղբիւր, շուք ձգելու համար ընդհանուր հայութեան թիւին վրայ՝ գաղտնիք չէ, որ հայ ժողովուրդի բնական աճը նոյնիսկ Մեծ եղեռնէն անմիջապէս յետոյ, այսքան ցած ու կործանիչ մակարդակի վրայ չէ եղած: Բնականաբար դասական-արեւմտահայ սփիւռքը շատ հեռու չի կրնար համարուիլ յիշեալ մակարդակէն, հակառակ համապարփակ վիճակագրութեան մը չգոյութեան, բայց գոնէ Միջին Արեւելքի ու Հարաւային Եւրոպայի թիւերը խօսուն են բաղդատմամբ ամերիկեան ցամաքամասի արեւմտահայ սփիւռքի թիւերուն հետ, որոնք յարաբերաբար անվստահելի ու անվիճակագրուող են: Թուաքանակի նուազման ու լեզուի նահանջի սերտ աղերսը հիմնակէտ կրնանք առնել, պատկերացնելու համար աւանդական սփիւռքի հասարակութեան հաղորդականութիւնը գիր ու գրականութեան հետ: Այդ համեմատութիւնը տոկոսային ցած մակարդակի վրայ էր ի սկզբանէ, նոյնիսկ աւելի բարձր հայկական թուաքանակի առկայութեան ալ շրջանին (հայ զանգուածին հայերէնի ոչ լիակատար իմացութեան պատճառով) ու բնականաբար ան ներկայիս ահազանգային իրավիճակ կը պարզէ հայ թուաքանակի նուազման հետ: Նոյն թուաքանակային նօսրացման զուգահեռ, դժուար է խօսիլ որակական նոր ձեւաւորումներու մասին հայ հասարակութեան մէջ, որոնք լծուած են արեւմտահայերէնի ո՛չ միայն պահպանման խնդրին այլ նոր ուղենշային կարգով արեւմտահայերէնի ապագան ապահովագրելու կ՚աշխատին:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2023