ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ

2) Ոմանք կ՚առարկեն թէ «Սուրբերը չեն կրնար աղօթել, որովհետեւ անոնք մեռած են»: Ճի՞շդ է ասիկա:

Աստուածաշունչը յստակ կերպով ցոյց կու տայ որ հաւատացեալները երկրէն բաժնուելէ ետք, կը շարունակեն ապրիլ Քրիստոսի ներկայութեան մէջ, եւ ուստի կարելի չէ զանոնք մեռած համարել:

Յիսուս մարմինով մեռած հաւատացեալները երբեք չի կոչեր «մեռած», ընդհակառակը զանոնք կը նկատէ ապրող էակներ: Ան կ՚ըսէ. «Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11.25): Շատ յստակ է, թէ Յիսուսի ըսել ուզածը այն է, որ երբ հաւատացեալներ մարմինով մեռնին՝ կը շարունակեն ապրիլ երկինքի դրախտին մէջ: «Պիտի ապրի» բառերը, հետեւաբար, բացայայտօրէն կը պարզեն, թէ հաւատացեալներ կը շարունակեն ապրիլ երբ կը բաժնուին իրենց մարմիններէն:

Յիսուս խօսքը շարունակելով շատ աւելի ուժեղ ու դիպուկ հաստատում մը կը կատարէ: Ան կ՚ըսէ. «Ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յովհաննէս 11.26): «Երբեք պիտի չմեռնի» բառերը կը պարզեն, թէ Քրիստոս մարմնաւոր մահը՝ մահ անգամ չի նկատեր: «Երբեք պիտի չմեռնի» բառերը զօրեղապէս ցոյց կու տան, թէ հաւատացեալ մարդուն համար մահ չկա՛յ, եւ ուստի՝ կարելի չէ զանոնք կոչել՝ «մեռած մարդիկ»: Հաւատացեալին համար, մահը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ երկրէն երկինք փոխադրուիլ մը պարզապէս, կեանքէ կեանք անցնիլ մը լոկ: Եթէ երբեք մարմնապէս այս աշխարհէն բաժնուած սուրբերը կամ հաւատացեալները մեռած կը սեպուին, այդ պարագային, ի՞նչպէս պէտք է հասկնալ Քրիստոսի խօսքը ուղղուած իրեն խաչակից եղող աւազակին. «Վստահ եղիր, այսօր Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղուկաս 23.43): Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի հետ ըլլալ դրախտի մէջ: Արդեօք կը նշանակէ բաժնուիլ այս կեանքէն եւ երթալ Յիսուսի հետ ըլլալ մեռած վիճակի՞ մէջ: Կարելի՞ է Անմահին քով երթալ եւ մնալ մեռած վիճակի մէջ: Կարելի՞ է դրախտին մէջ ըլլալ եւ սակայն մեռած ըլլալ: Ի՞նչ է դրախտը եթէ ոչ նոյնինքն Քրիստոսի ներկայութիւնը: Ուստի, դրախտին մէջ ըլլալ, կը նշանակէ` Քրիստոսի ներկայութեան մէջ ըլլալ, Քրիստոսի ներկայութեան մէջ ապրիլ: Հետեւաբար, երբ Յիսուս դարձ ապրած աւազակին կ՚ըսէ. «Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ», ըսել կ'ուզէ՝ Ինծի հետ եւ Իմ ներկայութեանս մէջ պիտի ապրիս:

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ինծի համար կեանքը Քրիստոս է, եւ ուստի մեռնիլ՝ այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ» (Փիլիպպեցիս 1.21): Առաքեալը մեռնելէ ետք՝ կեանքը շահելու մասին է որ կը խօսի եւ ո՛չ թէ մեռած վիճակի մէջ մնալու մասին: Առաքեալը կը հաստատէ, թէ իրեն համար կեանքը Քրիստոս է, եւ թէ ինք այդ կեանքը, այսինքն՝ Քրիստոսը պիտի ունենայ մարմնապէս իր մեռնելէն ետք: Ան կ՚ուզէ բացայայտել հաւատացեալներուն, թէ մահէն ետք՝ կեա՛նք է որ կը սպասէ իրենց եւ այդ կեանքը Քրիստոս ի՛նքն է: Հետեւաբար, հաւատացեալ մարդուն համար, երկրաւոր այս կեանքէն ետք՝ ուրիշ կեանք մը կայ իրեն սպասող, եւ ուստի, հաւատացեալը չի մեռնիր, այլ պարզապէս այս կեանքէն անդենական կեանքին կը փոխադրուի:

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Կը ցանկամ այս կեանքէն ելլել եւ Քրիստոսի հետ ըլլալ» (Փիլիպպեցիս 1.23): Առաքեալը այստեղ այս կեանքէն ելլելու եւ Քրիստոսի հետ ըլլալու մասին է, որ կը խօսի եւ ո՛չ թէ այս կեանքէն ելլելու եւ մեռած կամ անզգայ վիճակի մը մատնուելու մասին: Անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ սուրբերը մեռած են, ըսած կ՚ըլլան, թէ Քրիստոսի հետը ըլլալը՝ մա՛հ ու մեռելութիւն է. եւ ինչո՞ւ. որովհետեւ Առաքեալը կը վկայէ, թէ այս կեանքէն ելլելը՝ Քրիստոսի հետ ըլլալ կը նշանակէ, եւ ո՛չ թէ մեռած կամ մեռելութեան մէջ ըլլալ: Իսկ Քրիստոսի հետ ըլլալը՝ կեանքին մէջ ու կեանքով լեցուն ըլլալ կը նշանակէ, կենդանի ու կենսունակ ըլլալ կը նշանակէ:

Առաքեալը զօրեղապէս կը փափաքի «այս մարմինէն դուրս գալ եւ Տիրոջ քով ըլլալ» (Բ. Կորնթացիս 5.8): Առաքեալին համար, մահը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ «այս մարմինէն դուրս գալ եւ Տիրոջ քով ըլլալ» մը պարզապէս: Իսկ «Տիրոջ քով ըլլալ» չի նշանակեր մեռած ըլլալ, այլ կը նշանակէ կեանքին մէջ ըլլալ, ինչպէս վերեւ դիտել տուինք: Ո՞վ կրնայ կենդանի ու կենդանարար Աստուծոյ քով ըլլալ եւ կենդանի չըլլալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2023