ՆՈՐ ԼԵԶՈՒՈՎ ԽՕՍԻԼ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԵՏ

Աշխարհի վրայ չկայ հայ մը, որ կը մոռնայ, կ՚անտեսէ կամ կ՚ուրանայ 24 Ապրիլի ամեհի վիշտը։

Կորուստէն ու վիշտէն անդին ալ արդէն հարիւր եւ աւելի տարիներէ ի վեր հայկական օրակարգին մէջ կը շարունակեն իրենց վսեմ հասակը բարձրացնել մեծ ու տագնապեցուցիչ հարցումներ, որոնք երկար տարիներու հաւաքական անտարբերութեան, նաեւ հաւաքական անլրջութեան հետեւանքը կը հանդիսանան։ Ապրիլի 24-ը, նախ եւ առաջ, քննութեան պահ մըն է, սակայն ինչ-ինչ հանգամանքներու բերումով այդ օրը կը շարունակէ մնալ ցաւի, փնտռտուքներու ու յաճախ ալ տատանումներու լուսանցքներուն հասնող մեծ խօսքերու գերին՝ որպէս խորհրդանշան։

Հայաստանի անխակութեան փուլէն ետք կազմուած ընդհանուր պատկերին վրայ 24 Ապրիլը դարձաւ այն օրը, որուն շուրջ երկրի բոլոր առաջնորդներն ալ կարողացան շատ արագ եւ հեշտ միասնութեան մը գաղափարը ուռճացնել։ Ցաւը միաւորող էր ու ամենատարբեր բեւեռներու, քաղաքական հոսանքներու կամ պատկանելիութիւնով հայորդիներ, ներսէն ու դուրսէն, մեծ պատասխանատուութեամբ յարգելով յիշատակը՝ 2015-էն ասդին արդէն իսկ սրբադասուած հայ զոհերու։ Զոհի, դառնութեան, ցաւի եւ այդ ցաւէն դուրս գալու «հաստատակամ» թուացող, սակայն, նոյն առումով ալ հարցադրումներ ծնող տարբեր մօտեցումներու շաղախումով հայութիւնը շարունակեց մնալ գերին այդ մեծ ցաւին։

Ինչպէ՞ս ընել դուրս գալու համար մեծ վիշտէն եւ ինչպէ՞ս առաջնորդուիլ տարածքաշրջանային մեծ իրադարձութիւններու եւ նոր դրուածքներով գոյացած դաշինքներու մէջ՝ որպէս հայութիւն։ Իր սփիւռքով, փոքրիկ հողակտոր՝ Հայաստանով, անկատար տնտեսութիւնով ու մանաւանդ՝ Արցախի մեծ հիմնախնդրով կարելի չէր հանգիստ կերպով ու առանց նոր կորուստներու դուրս գալ հաւաքական վիշտի համընդհանուր իրականութենէն ու քայլ մը նետելով անցնիլ ապագայի ափը կերտելու ձեռնարկել ու մօտենալ այն բոլոր մեծ երազներուն, որոնք անթեղուած են իւրաքանչիւր հայու սրտին ու մտքին մէջ՝ ինչպիսին է 24 Ապրիլի մեծ վիշտը։ Անոնք, որոնք մօտէն հետեւացան հայկական սրտի տրոփիւններուն, լաւապէս զգացին ու նկատեցին, թէ ցաւի եւ տառապանքի վերաշարադրումի կողքին կը պակսին այդ ցաւէն դուրս նետուելու հիմնական բաղկացուցիչները։

Մինչեւ 2018 թուականի ապրիլ-մայիսեան «ծանրակշիռ» դէպքերու վրայ հասնիլը եւ շնորհիւ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարեւոր ճիգերուն, կարելի եղաւ 24 Ապրիլի համընդհանուր հասկացութիւնը միաւորել նոր սահմանումի մը շուրջ, որու անունն էր «Համահայկական հռչակագիր»։ Այդ եղաւ 2015-ին եւ համայն հայութեան «հաւաքական այո՛»ին արժանացած այդ մօտեցումով Հայաստանի իշխանութիւնները փորձեցին հաւասարակշռել անցեալ փուլի եւ յատկապէս 2008 թուականին թեւեր առած «համընդհանուր ո՛չ»ի մթնոլորտը, որու ճամբով ալ հայկական սփիւռքը կտրական իր մերժումի մամլիչով մեծ հարուած իջեցուցած էր Թուրքիոյ հետ նոր էջ մը բանալու ուղղեալ Հայաստանի՝ այդ ժամանակուայ բոլորովին նոր ճիգերուն։

Պատկերը, անշուշտ, էականօրէն պիտի չփոխուէր այս շարադրութեան տեսակէտէ, եթէ տեղի չունենար անցեալ սեպտեմբերին ընթացք առած եւ աղիտալի հետեւանքներով աւարտած Արցախի երկրորդ պատերազմը, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ նոր շրջափուլի մը առջեւ դրած է համայն հայութիւնը։ Եթէ Ատրպէյճանի պատերազմելու ախորժակները, այդ երկ-րի ռազմական առաւելութիւնը, նաեւ խնդիրը ուժի ճամբով լուծելու յամառութիւնը մէկդի դնենք, ապա արագօրէն պիտի նկատենք, որ այսօր ստեղծուած իրավիճակի հիմնական պատասխանատուն են Հայաստանի իշխանութիւնները՝ իրենց գլուխով եւ ողնածուծով։

Սակայն, այս պահուն ա՛յդ չէ էականը. էականը նոր շունչի մը բոցավառման գոյականութեան բացակայութիւնն է, որու պատճառով ալ հայութեան մեծ տոկոսը կը շարունակէ մնալ «բանտուած» հին վիշտին ու ապագայի հանդէպ առկայ անորոշութեան ու անհեռանկարութեան մեծ տագնապներուն մէջ։

Ինչպէ՞ս անցնիլ միւս ափ ու մանաւանդ՝ ի՞նչ ընել, որպէսզի 24 Ապրիլը դառնայ յարութեան եւ ապրելու օրը։ Ի՞նչ ընել, որպէսզի անցեալի սուգը չդառնայ համատարած ու անոր վրայ չբարդուին այսօրուայ կորուստներու մեծ ահն ու կրակը։ Եւ ի վերջոյ ի՞նչ ընել ու ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի Կովկասի սրտին վրայ փոքր վարդի կերպարանքով աշխարհին յայտ ներկայացուցած Հայաստանը չդառնայ ոտքի կոխան այն մեծ եւ յարաշարժ փոփոխութիւններուն առջեւ, որոնք ինչ-ինչ շահերու ճանապարհով ամէն պահ կը շարունակեն «պաշարել» երկիրը։

Այս բոլորին պատասխանները, անշուշտ, որ մեր մօտ են։ Ո՛չ մեր բարեկամները կամ ռազմավարական մակարդակի երէց կամ կրտսեր դաշնակիցները, ո՛չ եղածներով «գինովցած» Պաքուն, ո՛չ ալ աշխարհին նոր կարկինով նայող Անգարան ունին այս հարցումներուն պատասխանը։ Հայութիւնն է, որ պիտի տայ պատասխանը՝ ամենէն առաջ դուրս գալով այսօր տիրող համընդհանուր կորուստի ցաւէն, ոլորապտոյտ քաղաքականութեան անորոշութիւններէն եւ մանաւանդ՝ կերտելով յստակ նախագիծ մը, յանուն իր եւ իր որդիներու մեծ ապագային։ Ցաւը, լալը կամ օդին մէջ կրակոցներ լսելի դարձնելու, անգոյ սուրեր ճօճելու ժամանակը արդէն մեր ետին է ու մենք բոլորով մէկ պարտաւոր ենք դուրս գալ այդ անցեալէն։ Պարտաւոր ենք աշխարհի հետ խօսիլ նոր լեզուով՝ գնահատելով մեր ունեցած մարդկային մեծ ներուժը ու ամենակարեւորը՝ այս բոլորին հետ մէկտեղ ճանչնալով մեր չափերը։

Եթէ ճիշդ թիրախին ըլլայ մեր մտքի սլացքը ու եթէ որոշած ենք շարունակել մեր գոյութիւնը ո՛չ միայն Տիթրոյթի, Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի կամ Սիտնիի օդասուն սրահներուն մէջ, եթէ որոշած ենք շարունակել մեր կեանքը Կովկասի այս հատուածին մէջ ու եթէ մեզի համար իսկապէս Հայաստանի մեծ երազը տակաւին կը շարունակէ մնալ ամենասրբազանն ու ամենավեհը, ապա պարտաւոր ենք աշխարհին հետ հաւասարեցնել մեր իմացական ժամացոյցի սլաքները։ Մենք այսօր ետ ենք. ետ ենք մեր արկածախնդրութիւններուն, սխալ գնահատականներուն, նաեւ ստեղծուած նոր շահերու, նոր դաշինքներու վերաբերեալ մեր ունեցած թերի մօտեցումներուն պատճառով։ Հարկ է շտկել մեր ժամացոյցի սլաքները ու հարկ է մանաւանդ՝ որ մեծ երազով շրջել Ապրիլի վրայ կայմուած մեր օրացոյցի էջերը։ Մենք պիտի նայինք Ապրիլին ու վստահ եմ, որ եթէ հաւաքապէս որոշենք, կարող ենք այդ մեծ ու պատմակշիռ ցատքը կատարել։

Այլապէս, բոլոր 24 Ապրիլները պիտի գան ու երթան եւ մեզ ալ ձգեն իրենց արիւնի, վիշտի ու կորուստի մեծ բեռան տակ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021