«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՄՈԼՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾԻՆ ՕԳՆԵԼ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ

-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մէկու մը, որ մոլորեցնող միտքեր ունի, որպէսզի իր բնական վիճակին վերադառնայ:

-Այնպէս ընելով որ խոստովանի իր զզուելի վիճակը, երթայ հոգեւոր հայրի մը մօտ, յայտնէ անոր իր մտածումները եւ հնազանդի անոր բոլոր ըսածներուն: Ինչպէս նաեւ պէտք է միշտ Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրէ՝ որպէսզի աստուածային շնորհքը վերստին իր վրայ իջնէ, եւ խոնարհի՝ որպէսզի փրկուի: Աստուծոյ գութը ծով մըն է, որու խորքը չի՛ զննուիր եւ Անոր սէրը անսահման է:

Երբեմն խուցս կու գար մէկը, որ մոլորեցնող միտքեր ունէր: Մտիկ չէր ըներ, թէ ինչ կ՚ըսէի իրեն, եւ հարցերուն հակառակ կողմէն կը նայէր: Սուրբ Լեռնէն ելած ժամանակ, կը քարոզէր հաւատացնել տալով, թէ այդ պատուիրանները ինձմէ առած է, այդպիսով մարդոց ծուղակին մէջ կը ձգէր: Փաստ ալ կու տար՝ մի քանի գիրքեր ցոյց տալով, որոնք երբեմն իրեն կը տրամադրէի, թերեւս յայտնաբերէր իր խեղճ վիճակը, սակայն ինք զանոնք կը գործածէր մարդոց կարծել տալու, թէ ինծի կ՚այցելէր խրատներ լսելու համար: Անգամ մը, մինչ ան կը քարոզէր, Աստուծոյ շնորհքը կը լքէ զինք ու կը սկսի Յիսուսին եւ Աստուածամօր հայհոյել նախատալից խօսքերով, ինչ բանը մարդոց մօտ հարցեր ծագեցուցած է ու փախուստի դիմած են: Ի վերջոյ, զինք հոգեբուժարանի մը մէջ արգելափակեցին: Տեսա՞ր, թէ Աստուծոյ նախախնամութիւնը Իր ժողովուրդին ո՛ւր կը հասնի, որ կ՚արտօնէ, որպէսզի մոլորեցուցիչը հայհոյէ Աստուծոյ, եւ այդպիսով մարդոց յայտնէ անոր մոլորուածութիւնը, որով կը հեռանան անկէ:

-Եառոնտա. եթէ մոլորեցնողը զղջաց, իր բոլոր խո՞ւմբն ալ պիտի զղջայ:

-Եթէ անոր զղջումը իրական ու ճշմարիտ է, ապա խոնարհութիւն ձեռք կը ձգէ եւ կը խոստովանի իր սխալները ու կը փորձէ զանոնք վերստին ուղիղ ճանապարհին առաջնորդել. իսկ եթէ յայտնաբերուեցաւ իր մոլորուածութիւնը եւ յամառեցաւ անոր մէջ մնալ, ապա պէտք է զգուշացնել իր խումբի անդամները եւ յայտնել անոնց ճշմարտութիւնը, որպէսզի անոնց արմատները աջ ու ձախ չերթան ու Եկեղեցիէն չհեռանան:

ՉՈՐՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽ

ՄՈԼՈՐԵՑՆՈՂՆԵՐ ԵՒ ՄՈԼՈՐԱԾՆԵՐ (Բ. ՏՄ 3.13)

Յիսունականներուն մոլորութիւնը

-Եառոնտա. յիսունականներուն միացածները կ՚ըսեն, թէ տեսիլքներ կը տեսնեն ու լեզուներով կը խօսին. ասիկա երեւակայութի՞ւն է, թէ՞ սատանայական ազդեցութիւն:

-Սատանայական ազդեցութիւն, որովհետեւ յիսունականներուն մօտ իրենց մկրտութիւնը կրկնելով, կ՚անարգեն Ս. Մկրտութիւնը ու կ՚ուրանան զայն: Հաւատոյ Հանգանակը կ՚ըսէ. «Մէկ Մկրտութիւն կը դաւանիմ մեղքերու թողութեան համար»: Իսկ երբ վերստին կը մկրտուին, ապա սատանայական ազդեցութիւններ կը ստանան եւ սուտ լեզուներով կը խօսին, ու հաւատացնել կու տան, թէ Պենտէկոստէի Սուրբ Հոգին է, որ կը խօսի: Սուրբ Հոգին չէ: Չար ոգիներ են: Ի՞նչ լեզուներ կը խօսին. ո՛չ մէկ կապ կայ իրենց արտաբերած խօսքերուն մէջ, եւ նոյնիսկ իրենք չեն հասկնար թէ ի՞նչ կ՚ըսեն: Իրենց խօսացածները կ՚արձանագրեն, ապա վիճակագրութիւն կը կատարեն եւ եզրակացութիւններ կու տան. այսինչ լեզուին մէջ որոշակի քանակ մը «ալէլուիա»յի, իսկ այս թիւը՝ այլ լեզուի մը մէջ… Իրենք այս բանը կը կարծեն, թէ Սուրբ Հոգիին գործն է, եւ հաւատացնել կու տան, թէ իրենք կ՚ապրին նոյն բանը՝ ինչ որ Առաքելաները Պենտէկոստէի օրը ապրեցան, մինչ, իրականութեան մէջ, սատանայական է [իրենց ըրածը]: Այս բաներուն որ կը հաւատան՝ սատանայական բաներ են, եւ այդ պատճառով ալ սատանայական ազդեցութիւն կ՚ունենան:

-Եառոնտա. ինչո՞ւ համար երկրորդ անգամ կը մկրտուին:

-Որովհետեւ կ՚ըսեն. երբ մկրտուեցանք փոքր էինք ու տգէտներ, իսկ այսօր, մենք գիտակցօրէն կը մկրտուինք: Կրկին անգամ կը մկրտուին ու կ՚արդարացնեն իրենց սխալը:

Եթէ մանուկներու մկրտութիւնը չըլլայ, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակը անոնց՝ որոնք նախքան իրենց մկրտութիւնը կը մահանան: Այս պատճառով է, որ փոքրիկները կը մկրտուին՝ մինչ տարիքով փոքր են, իսկ կնքահայրը երաշխաւոր կը դառնայ՝ արտասանելով Հաւատքի Դաւանութիւնը եւ պատասխանատուութիւն կը վերցնէ փոքրիկին հաւատքին միչեւ մեծնայ անիկա: Հետեւաբար, անիրաւա՞ծ կ՚ըլլանք փոքրիկին՝ զինք փոքր տարիքին մկրտելով: Ո՛չ. որովհետեւ կամաց-կամաց կ՚աճի ու կը զօրանայ Սուրբ Հաղորդութեան մասնակցելով: Իսկ երբ կը մեծնայ, ապա զղջումն ու խոստովանութիւնը երաշխաւորներ են իր գործած մեղքերը լուալուն եւ ո՛չ թէ նոր մկրտութեամբ մը:

«ANASTENARI»Ի ՄԱՍԻՆ

-Եառոնտա. կ՚ըսուի թէ «Anastenaria»ները (կրակին վրայ ոտաբոպիկ պարողներու շարժումին անունաումը) Սուրբ Կոստանդիանոսի տօնին կայծերուն վրայ կը կոխեն ու չեն այրիր: Ինչպէ՞ս կը բացատրուի ասիկա:

-Սատանայական երեւոյթ ու խաբեբայութիւն: Անոնք խաչ մը կամ սրբապատկեր մը բռնելով ու պարելով, կեղտոտ գործ մը կը կատարեն՝ որ հաւատքի ուրացում է: Իրենցմէ Աստուծոյ շնորհքը կը հեռացնեն, որով սատանան կ՚օգնէ անոնց եւ կը շարունակէ յետագային ալ օգնել անոնց:

Սակայն, կայ նաեւ իրենց յատուկ խորամանկութիւնը, որ կ՚օգնէ իրենց: Նախապէս կ՚այցելեն այն վայրը եւ կը նախապատրաստեն զայն, սօսի ծառերու փայտերէն այրելով՝ որ առատ մոխիր կը ձգէ, ինչպէս նաեւ կը գիտնան, թէ ուր կրնան կոխել երբ կը պարեն: Ինչո՞ւ համար չեն վառեր կաղնիի փայտ՝ որ առատ կայծ կը ձգէ: Ուրիշ մը կրակը թող պատրաստէ եւ անոնք թող պարեն եթէ կրնան:

Անգամ մը մէկը ըսաւ ինծի.

-Զարմանալի է. այդ մարդիկ կայծերուն վրայ կը կոխեն ու չեն այրիր:

Պատասխանեցի անոր.

-Այդ բանէն կը զարմանա՞ս: Սատանաները դժոխքին մէջտեղը կը բնակին ու չեն այրիր, եւ տարիներ ու դարեր անցած է: Ա՛յս բանը զարմանալի է:

ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ [ՀՈԳԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ]

-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ որոշ ուսեալ մարդիկ վերածնունդին կը հաւատան:

-Վերածնունդը անհաւատներուն եւ անաստուածներուն կը յարմարի: Սատանայական ամենէն մեծ մոլորութիւնն է, որ [մարդոց] մեղքի կեանքին մէջ կը մխրճէ, կարծել տալով՝ թէ հոգին մնայուն կերպով դարձեալ աշխարհ պիտի վերադառնայ մնայուն կերպով: Եթէ այս անգամ չյաջողի, ապա դարձեալ կեանքին պիտի վերադառնայ ու յաջորդ անգամ պիտի յաջողի: Եթէ դարձեալ չյաջողի, յաջորդ վերադարձին պիտի յաջողի, եւ այսպէս մնայուն կերպով: Ահա այսպիսով է, որ մարդիկ մխրճուած են հաճոյքներու եւ մեղքեր գործելու մէջ, ու ապրիլ առանց ուշադրութիւն դարձնելու եւ զղջալու:

Տեսա՞ր, թէ սատանան ինչպէս կը կուրցնէ զիրենք եւ զանոնք դժոխք կ՚առաջնորդէ: Լաւագոյն եւ ամենէն խորամանկ միջոցն է, ինչ բանին սատանան կը դիմէ, որպէսզի մարդիկը դժոխքին մէջ լեցնէ: Եւ վա՜յ անոր, որ սատանային թակարդին մէջ կ՚իյնայ, որովհետեւ պիտի չկարենայ ազատիլ անկէ եւ ետ վերադառնայ: Ասիկա մոլորութիւններուն մէջ եղող ամենէն գէշ մոլորութիւնն է:

Անգամ մը, երիտասարդ մը եկաւ խուցս, ըսի անոր, թէ երեկոյեան աղօթքներուս մէջ եմ [զբաղուած եմ], զարմացաւ ու ըսաւ.

-Դո՞ւն այդ բաներով զբաղուած ես, եւ գնաց:

Յաջորդ օր վերադարձաւ եւ որոշ տեսիլքներու մասին խօսեցաւ: Հարցուցի անոր, եթէ նախապէս թմրեցուցիչ օգտագործած է: Խոստովանեցաւ, թէ անցեալին գործածած է, սակայն ներկայիս՝ ո՛չ: Երկրորդ հարցումս եղաւ.

-Վերածնունդի մասին որեւէ մէկ բան կարդացա՞ծ ես:

Պատասխանեց.

-Այո՛:

Արդէն պարզ էր: Վերածնունդի մասին կարդացած էր ու սկսած էր երազներ երեւակայել ու ինքզինք տեսնել որպէս մեծ եւ հարուստ մէկը՝ հազարաւոր տարիներ առաջ: Անգամ մը տեսիլք մը տեսնելով երեւակայած էր, թէ երկինք բարձրացած է, սակայն անունը չէ գտնուած այնտեղ՝ որով դարձեալ աշխարհ ղրկուած է: Անոր յայտնեցի, որ այդ բաները առասպելներ են, եւ տրամաբանական չէ հաւատալ այդ բաներուն, որովհետեւ սատանայական գործեր են:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 39

24 մայիս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021