ՀԱԼԷՊԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ՊԻՏԻ ԱՌՆԷ…

Այսօր Սուրիոյ կառավարութեան հիմնական խնդիրներէն մին է Հալէպը «տնտեսական քարտէս» վերադարձնելու խնդիրը։ Քաղաք, որ երկար տարիներէ ի վեր կը համարուէր Սուրիոյ ճարտարարուեստի «սիրտ»ը, այսօր մասամբ կտրուած է աշխարհէն ու մեզի կը ներկայանայ վիրաւոր պատկերով մը։

Հօրս՝ Աբրահամ Ղազարեանի սերնդակիցներուն կարծիքով, Հալէպը միշտ ալ եղած է հարուստ քաղաք մը։ Հարստութիւնը անպայման նիւթական պահուստներով կամ մեծ քանակութեամբ ոսկի ունենլու հանգամանքով չի պայմանաւորուիր, այլ անոր հիմնական կէտը դիրքն է։ Դիրք, որ Հալէպը դարձուցած է բանալի քաղաք մը, որուն բնական սահմանները, աշխարհագրական դիրքը անոր տուած են յառաջատար քաղաք մը ըլլալու հիմնական առաւելութիւնը։ Բաց աստի, բազմաթիւներ անդրադարձած են ու դեռ կ՚անդրադառնան ճարտարութեան հալէպցի վաճառականներու եւ արհեստաւորներու, որոնք շնորհիւ իրենց «ոսկի ձեռքեր»ուն՝ կարողացած են ստեղծել տնտեսական այնպիսի համակարգ մը, որ մինչեւ պատերազմի սկիզբը Հալէպը դարձուցած էր Միջին Արեւելքի ճարտարարուեստի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին։

Այս բոլորը կը դիտարկեմ պարզապէս շեշադրելու համար Հալէպը իր նախկին պատկերին վերադարձնելու Սուրիոյ կառավարութեան ծրագրին կարեւորութիւնը, որ անշուշտ ճամբայ ելած է, բայց եւ այնպէս կրնայ ինչ-ինչ պատճառներու եւ հանգամանքներու բերումով ուշանալ։ Բաց աստի, կարեւոր է նաեւ հասկնալ, որ Հալէպը չի կրնար առանձինն ապրիլ կամ առանձինն գոյատեւել ու այս առումով ալ մինչեւ այս պահը արաբական աշխարհին հետ Սուրիոյ իշխանութիւններուն որդեգրած կեցուածքին զուգահեռ՝ արաբական աշխարհին Սուրիոյ պետութեան հանդէպ անհասկնալի վերաբերմունքը խնդիրները կը դարձնեն աւելի շեշտակի ու կարօտ՝ արմատական լուծումներու։ Եթէ պահ մը արաբները ընկալեն եւ ընդունին, որ նոյնիսկ ամերիկեան կողմին համար, պաշտօնական Դամասկոսը եւ Պեշար Էսատը մասնաւորապէս այս փուլին անփոխարինելի են, ապա այն ատեն ամէն բան աւելի հեշտ կը դառնայ։

Ճիշդ է, որ արաբական տէրութիւններուն համար ալ այդքան հեշտ չէ արագօրէն տեսակէտի շրջադարձ կատարել ու Դամասկոսին հետ զրուցել այնպէս, ինչպէս ոչ մէկ բան պատահած է։ Բայց եւ այնպէս, «իսկական աշխարհավարման» կանոնները կը թելադրեն, որ երկու հիմնական կողմերը՝ Դամասկոսն ու Արաբական ծոցի երկիրները արագօրէն վերատեսութեան ենթարկեն իրենց մօտեցումները։

Ամէն պարագայի իմանալու համար, թէ ինչ իրավիճակ կը տիրէ մասնաւորապէս Հալէպի տնտեսական ոլորտին մէջ, կարողացայ զրոյց մը կատարել հալէպահայ դեղագործ Վահէ Սարգիսեանին հետ, հաւատալով ու վստահեցնելով, որ զրոյցը աւելի քան շահեկան է։

Տեսակէտ Հալէպէն

-Ինչպէ՞ս է ներկայիս Հալէպի տնտեսական ընդհանուր իրավիճակը եւ ի՞նչ են առեւտրական գործիչներու եւ տնտեսվարներու մտահոգութիւնները:

-Թէեւ տնտեսագէտներ կամ այս մարզին մէջ հմտացած մասնագէտներ չենք, այնուամենայնիւ այս ծիրը իւրաքանչիւրիս կեանքին վրայ ունի ազդեցիկ դերակատարութիւն, որպէս կեանքի մարտահրաւէր։ Յաճախ կամայ թէ ակամայ կը յայտնուինք այս իրականութեան առջեւ, մեր վրայ կրելով անոր դրական եւ ժխտական արդիւնքները, ներկայ պարագային՝ դառնութիւնը:

Անշուշտ, որ վաճառականներն ու տնտեսավարները արդարացի հարցեր ու մտահոգութիւններ ունին, յատկապէս երբ առեւտրական գործընթացը կը խաչաձեւուի առեւտրական սկզբունքային կանոններուն հետ. օրինակ՝ ապրանքի ներմուծումը, հասնիլը մինչեւ աշխատանքի վայր եւ գործնական առաքումը մինչեւ այլ վայրեր, յաւելեալ ոչ օրինաւոր վճարումներու դուռ բանալով, պատճառ կը հանդիսանայ այդ ապրանքի գինի սղաճին։ Այդ մէկն ալ դժուարութիւն կը ստեղծէ շուկայական բեմահարթակին վրայ նշուած ապրանքի հեզասահ վաճառման, դանդաղեցնելով առեւտրական գործընթացը, որ ցանկալի երեւոյթ մը չէ եւ կը հակասէ առեւտրական ընդհանուր սկզբունքներուն: Ուրիշ օրինակ մը՝ դրամանիշի կտրուկ տատանումները յաճախ առեւտրական ապրանքաշրջանառութեան վրայ ժխտական անդրադարձ կ՚ունենայ, կրճատելով ապրանքի վաճառքէն ձեռք բերուած շահոյթը։ Այդ անկայուն վիճակի երկարատեւութիւնը կ՚անդամալուծէ շուկայական առեւտուրը անորոշ ժամանակի համար:

-Գիտենք, որ Սուրիոյ պետութիւնը բաւական մեծ գումարի եւ ոսկիի պահեստներ ունի, արդեօք այդ միջոցներով կարելի չէ՞ առաջքը առնել այս տնտեսական պատերազմին։

-Կասկած չկայ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը իմաստութեամբ վարուելով, տարիներու ընթացքին թիզած էր ազնիւ մետաղներ եւ յատկապէս ոսկի, կայուն պահելու համար երկրի տնտեսութիւնը եւ դրամանիշի արժէքը։ Բայց եւ այնպէս, ճիշդ կ՚ըլլայ իրատեսութեամբ մօտենալ հարցին եւ համոզուիլ այն գաղափարով, թէ որքան կարելի է տոկալ, որքան կարելի է տալ առանց ստանալու, յատկապէս երբ եկամուտի աղբիւրներ հանդիսացող տարածքները գտնուելով կառավարութեան գերակայութենէն դուրս, ժամանակաւորապէս ցամքած ըլլալ կը թուին: Հետեւաբար առաջին տեսանկիւնէն՝ այնքան ատեն որ երկրին ամբողջական տարածքը տակաւին չէ ազատագրուած, եկամուտի աղբիւրները չեն վերադարձած, խաղաղութիւնը Սուրիոյ ամբողջական տարածքին վրայ չէ հաստատուած եւ ռազմական գործունէութիւնը տակաւին կը ծաւալուի զանազան պատճառներով։ Իսկ ուրիշ տեսանկիւնէ՝ եթէ անհիմն արտայայտութիւններ, այս կամ այն անձերու կողմէ, ներքին թէ արտաքին, պատճառ կրնան ըլլալ դրամադրոյթի տատանման, չհաշուած ներքին վաճառականներու անձնական շահերու խաղերը, ապա դժուար թէ մօտ ապագային կարենանք պահել կայուն դրամադրոյթ, որքան ատեն որ վերոյիշեալները տակաւին չեն յաղթահարուած: Չեմ ուզեր յոռետես ըլլալ, այլ լաւատեսութեամբ կ՚ուզեմ ըսել անյաղթահարելի չեն, պարզապէս ժամանակի կը կարօտին:

-Վերջերս շատ կը լսենք սուրիական դրամին դիմաց տոլարի տատանումին մասին։ Որեւէ յստակ պատճառ մը կա՞յ այս տատանումներուն: Այդ մէկը ինչպէ՞ս կ՚ազդէ ժողովուրդի ապրելակերպին վրայ:

-Սուրիոյ պետութեան դրամանիշը՝ Լիրան տասնեակ տարիներ ունեցած է շատ աննշան փոքր տատանումներով կայուն վիճակ, որ կ՚երաշխաւորէր կառավարութեան տնտեսութեան համակարգը։ Բայց եւ այնպէս, վերջին 8-9 տարիներու իրադարձութիւնները, ստեղծուած քաոսային վիճակը՝ հարուածելով կառավարութեան տնտեսութիւնը ապահովող համակարգի գործօնները, պատճառ դարձած են դրամանիշի արժեզրկման, ի դէպ մինչեւ 12 անգամ, որուն յաջորդած է ապրանքային գիներու ակնյայտ, անկայուն ու անտրամաբանական սղաճ, որ անվարժ մեր ժողովուրդին ամէնօրեայ անլուծելի հարցը դարձած է, հարուածելով բնականոն կեանքի հունն ու կայունութիւնը։

-Հալէպահայ գործարարները ի՞նչ վիճակի մէջ են այսօր, ի՞նչ մտահոգութիւններ ունին: Արդեօք անոնք վերադարձի կամ իրենց գործարանները վերաբանալու մասին կը մտածե՞ն, տեղեկութիւններ ունի՞ք այդ մասին։

-Դժուար է այս հարցի կապակցութեամբ վերլուծութիւնները դրական եզրակացութեան յանգեցնել, յատկապէս բազմաթիւներ, ներառեալ ձեռներէց հայեր, վարպետ ու մեծածախ վաճառականներ, մեծամասնութեամբ ցաւ ի սիրտ լքեցին երկիրը: Ոմանք տագնապի առաջին իսկ օրերուն իրենց հաշիւները փակելով մեկնեցան, ուրիշներ պարզապէս իրենց առեւտրական գործունէութիւնը առկախելով հեռացան։ Թէեւ կան վերադարձողներ իրենց հաշիւները փակելու նպատակաւ կամ բաւարարուած են գործատեղիները վարձու տալով: Ի դէպ, վերոյիշեալ երկու խաւերն ալ արդէն իսկ այլ երկրներու մէջ մշակած են առեւտրական գործունէութիւններ, հիմնելով եկամտաբեր նոր ձեռնարկութիւններ: Իսկ երրորդ խաւը՝ պատերազմի ընթացքին կառչած մնացող քաջարի հայ վաճառականներ, կը տուայտին գտնուելով լաւ ու վատի անդունդի եզրին, ոմանք հրաժարելով նախկին օրերու փառքէն ու մտայնութենէն, գլուխ ծռելով ներկայ դառն իրականութեան, մասնակի կը յաջողին, սակայն այլոց լուրջ խնդիրներու առջեւ գտնուելով, կը փորձեն վերագտնել իրենց աշխատանքի բնականոն ընթացքը:

-Ձեր կարծիքով, ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ հալէպահայ ժողովուրդին, նկատի առնելով այս տնտեսական բաւական բարդ իրավիճակը, որմէ այսօր կ՚անցնի ամբողջ Սուրիան։

-Անկեղծ ըսած չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ ճակատագիր վերապահուած է Սուրիոյ ժողովուրդին, կորսնցուցած ըլլալով մեծ թիւով ձեռներէց տնտեսվարներ եւ հմուտ առեւտրականներ: Իւրաքանչիւր Սուրիոյ բնակիչին, նաեւ հայորդիին փափաքն ու բաղձանքն է, որ ամենակարող Աստուած իր քղանցքին տակ առնէ ու պահէ Սուրիոյ ամբողջ տարածքը եւ խաղաղութիւն հռչակէ, փոխարինելու այն ամէն ինչը, որ վերջին տարիներուն խլուեցաւ: Ու կամքէ անկախ բնօրրանէն հեռացած կառուցող եւ աշխատասէր խաւը իր բոլոր ղեկավարներով կրկին վերադառնայ կերտելու եւ վերապրեցնելու իր օճախը: Կ՚ուզեմ եզրափակել իմ խօսքը Ղազարոս Աղայեանի «Ծիծիռնակ»ի օրինակով՝

«Նա յիշում էր անցած տարին իր սնուցած ձագերին,
Որոնց ճամբին յափշտակեց արիւնարբու թշնամին,
Բայց նա կրկին բոյն էր շինում եւ շինում էր եւ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս առաջուան բոյնն էր յիշում»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020