ՄՈՇԱԹՈՒԹ ԿԱՄ ԹՈՒԹ ՇԱՄԻ

-Լէլշիֆէ եա թո՜ւթ (արաբ. բժշկութեան համար թո՜ւթ)...

Յիշողութեանս մէջ վերականգնեցաւ շատ հարազատ արաբական տարազով, ակալ ու քէֆիէով գլուխը փաթթած թութ ծախողին ձայնն ու կերպարանքը, երբ նոյն համը քիմքս զգաց:

-Հոս կա՞յ այս թութէն:

Հարցուցի կերած պահուս անզգալաբար. յուշերուն գիրկը ինկած չանդրադարձայ հարցումիս անիմաստութեան: Մայթին մէկ անկիւնը նստած պապիկը, որ կը հիւրասիրէր մոշաթութերը ու անցորդները կը հրաւիրէր այս սակաւ հանդիպելի պտուղը գնելու, պատասխանեց.

-Պա ո՞նց, Աշտարակից՝ իմ պարտէզից, եմ բերել. այս տարի առատ է թթի բերքը: Դեղ է, քուրօ ճան, մի հատ էլ համտես արա: Մոշաթութ է էլի, ուռում թութ էլ կ՚ասենք:

Դեղ է, շիֆէ է... Համն ու բոյրը տուն տարի, կարծես բացակայութիւն մը լեցնելու կամ ապրումներս զգացնելու նաեւ տղոց, որոնք, վստահ եմ, ինծի պէս պիտի յափշտակեն համը, համէն կարօտ մը պիտի աճի իրենց մէջ ալ եւ այցի հրաւիրէ քաղցր յուշերը: Որքա՜ն անհրաժեշտ է քաղցրութիւն մը ապրիլ այս օրերուն, երբ մէկ կողմէն համավարակը կեանքեր կը խլէ, միւս կողմէն պատերազմի մահասփիւռ հոտը կը տարածուի սահմանէն երիտասարդ քանի մը կեանք խլելով ու մենք դեռ չմոռցած սարսափազդու տեսարանները ցնցում մը կ՚ապրինք եւ համավարակին լուրերը կը զիջին սահմանի լուրերուն, զորս յափշտակելով կ՚ունկնդրենք, որ յանկարծ չպայթի դարձեալ ու մանաւանդ հո՛ս, սակաւաթիւ հայրենիքին մէջ:

Հալէպի ամրան չոր ու տօթ կլիմային, երեկոները, նեղ թաղերուն անկիւնները, փողոցի լոյսին տակ կը կենար կառքը թութ ծախողին: Մութին մենք՝ մանուկներս ստուեր մը միայն կը նշմարէինք, երբ պատշգամէն կը փորձէինք նայիլ ձայնին եկած ուղղութեամբ: Արաբերէն չէինք հասկնար տակաւին, մեր հայաբնակ թաղերէն հեռու էին ծպտեալ արաբները, շատ քիչ կը տեսնուէին անոնք մեր շրջանները, միայն այրերը կ՚երեւէին պտուղ կամ բանջարեղէն բեռնուած կառքերով:

Կը սոսկայինք նոյնիսկ շատ փոքր եղած ատեննիս. «Լէլշիֆէն կը կանչեմ, հա՛, խելօք կեցէ՛ք» կը սաստէին ծնողները, երբ չարութեան նշոյլ մը նշմարէին մեր մէջ, կ՚օգտագործէին մեր մանկական սոսկումը:

Բայց կերանք այդ համեղ, հիւթալի պտուղը, խմեցինք անոր հիւթը, որ կառքերուն վրայ, թութերու բլուրին կողքին, ապակեայ շիշերով շարուած կ՚ըլլար: Հասկցանք ալ ժամանակի ընթացքին «լէլշիֆէ»ին իմաստը եւ նորածիններուն լեզուին վրայ կաթէն գոյացած ճերմակ թաղանթը բուժեցինք այս հիւթով:

-Թութ շամի ունի՞ս կամ հոռոմ թութ ունի՞ս...

Կը դիմէին մէկզմէկու դրացիները, երբ դեղի համար օգտագործելու առիթ մը ըլլար եւ տունը չըլլար, քանի բոլորին տուներուն մէջ, անկիւն մը պահուած կար անկէ դեղի համար:

Փորձեմ շինել հիւթը. եթէ ծախողը տատիկս ըլլար, կը բացատրէր, բայց հոգ չէ համացանցը կը հաղորդէ պէտք եղածը:

Մենք հոռոմ թութ կ՚ըսէինք թութ շամիին, «ուռում» անունին չեմ հանդիպած, թերեւս նոյնինքն «հոռոմ»ն է, հնչիւնափոխուած:

Հալէպի նեղ թաղերը կանաչ չէին, մարդաշատ ու խճողուած էին, հոս ամէն թաղի մէջ, տալանի մէջ կարելի է տարբեր երանգներով թթենիներու հանդիպիլ: Թութերը քաղելով, համտեսելով կը քալես: Հատիկ մը խաշթութ (սեւ), հատիկ մը ճաղար (կարմրաւուն), հատիկ մը դմակ (մեծ սպիտակ), հատիկ մը գլթիկ (ելակի պէս), հատիկ մը լոռ (ճերմակ հիւթալի)... այսպիսով բնութեան համն ու տեսքը կը միաձուլուին եւ հաճոյքը հոն է արդէն՝ քաղելով ուտելը:

Ահա թէ ի՞նչ կը հաղորդէ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան այս թութին մասին. «Թութի համիզ (թըթու) որ է սեւ թութն. եւ այս թըթիս՝ Թութի Շամի կ՚ասեն, եւ լաւն այն է որ խոշոր եւ հասուն լինայ եւ սեւ լինի. եւ յորժամ չորացընես՝ զՍումախին զտեղն կու բռնէ.. եւ իր տերեւն օգտէ բերնին խնախին (փողացաւ), եւ իր քամուքսն օգտէ պիղծ խոցերուն եւ չորացընէ... Հոռոմ թութ. Ըստ բժշկարանի միոյ է «Սեւ թութն, որ Շամի ասեն:» («Հայբուսակ», էջ՝ 194):

Թութն ու թթենին գրականութեան մէջ յաճախ օգտագործուած են երբեմն այլաբանօրէն, երբեմն նոյնիմաստ. ինչպէս՝ Մխիթար Գօշի առակներէն մէկուն մէջ ձիթենիին հետ վէճի ընթացքին կը յաղթուի թթենին եւ կ՚ենթարկուի ձիթենիին, մինչ թութը ամրան պտուղներուն առաջնայինը կը համարուի Գրիգոր Ախթամարցի զուարճասէր կաթողիկոսի քառեակներէն մէկուն մէջ.

«Թութն յառաջեաց քան ըզհալվան,
Կեռասն աղէկերի նման.
Միշմիշն ի ծառըն դեղնեցան,
Եւ խնձորին կարմըրցան»:

Իսկ Սիամանթոն «Թթենի» քերթուածին մէջ կ՚երգէ առանձին մնացած, կորաքամակ, ծեր կնոջ մոխրացած տան ու հատուած թթենիին ցաւը.

«... Թթենիս ալ կտրտեր են, հո՛ս նայեցէք, իր արմատէն թթենիս ալ սղոցե՜ր են...»

***

-Մա՛մ, թութ շամի՞ բերեր ես...

Եկան, տեսան տղաքը, համտեսեցին, ճանչցան եւ ուրախութեամբ բացին իրենց յուշերուն էջերը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020