ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԿՈՐՈՒՍՏ, ՀՈՂԻ ԿՈՐՈՒՍՏ
Յուլիսի կէսերուն Գերմանիոյ արեւմտեան գօտին եւ դրացի երկիրներ, յետոյ նաեւ Զուիցերիա եւ եւրոպական այլ շրջաններ ծանր տագնապի մատնուեցան սաստիկ տեղատարափներէ գոյառած հեղեղներու պատճառով: (Չինաստան, Հնդկաստան եւ այլ երկիրներ եւս համտեսեցին նման աղէտներու դառն պատառիկները): Քանի մը օր մասնաւորաբար եւրոպական լրատու աղբիւրներ իրենց հաղորդումներուն սկսան այդ աղէտին մասին տեղեկութիւններով: Ջրամոյն քաղաքներ, ողողուած ու աւերուած, քշուած-տարուած բնակարաններ, ինքնաշարժներ, քանդուած կամուրջներ ու ճամբաներ…
… Քանի մը օր առաջ, գերմանական պատկերասփիւռի կայան մը լրագրող մը ղրկած էր աղէտահար աւաններէն մէկը՝ ստուգելու համար քաղաքացիներուն վիճակը, տրամադրութիւնները, պետական եւ այլ աղբիւրներէ օգնութեան սպասումներն ու նման բաներ: Բնակարանային թաղամասերէ ետք լրագրողը շրջեցաւ նաեւ քաղաքի շուկան պարփակող փողոցին մէջ: Մարդիկ իրենց խանութներէն փճացած ապրանքներ, դարակներ ու կարասիներ դուրս կը թափէին սրտնեղած: «Ամէն բան կորսնցուցի, չեմ գիտեր՝ ինչպէ՞ս պիտի վերականգնիմ», կ՚արտասուէր կին մը:
Ուշադրութիւնս գրաւեց անոնց ետին շարժող մարդ մը, որ խանութին առջեւ, միանիւ ձեռնակառքի մը մէջ բաներ մը կը դիզէր: Լրագրողը կարծես թէ միտքս կարդաց եւ մօտեցաւ անոր: Միջին տարիքի, քանի մը օր ածելի չտեսած մօրուքով, խառն ի խուռն մազերով, ակնոցաւոր մէկն էր. ի յայտ եկաւ, որ գրավաճառ մըն էր. գրատան գիրքերը խխում դարձած էին. զանոնք էր, որ կը դիզէր կառքին մէջ: Փճացած գիրքերու դէզ մը: (Կրօնաւոր մը թերեւս անոնց վրայ աղօթէր՝ ըսելով. «Խմոր էիր, խմորի վերադարձիր…»): Ցոյց տուաւ մէկ քանին, փորձեց բանալ էջերը, որոնք կը խեղուէին ձեռքերուն մէջ: Մէկը յայտնապէս մանկական պատմութիւններու հատոր մըն էր՝ պատկերազարդ ու գեղեցիկ, ձեռագրանման տողերով:
-Ասոնք զաւակներուս պէս են…,- կրցաւ ըսել միայն՝ հարցական իրեն նայող լրագրողին: Չէ՛, չէր արտասուեր, սակայն «զաւակներուն» կորուստին առթած մորմոքը դէմքը ընկղմած էր այնպիսի ահաւոր թախիծի մը մէջ, որ լացը պիտի նսեմացնէր վիշտը…
***
10 նոյեմբերին հայութիւնը արթնցաւ՝ ականատես եւ ականջալուր ըլլալու տարբեր տեսակի աղէտի մը…
Հիմա, աւելի քան ութ ամիս ետք, իշխանութիւն եւ քաղաքական բեմի դերակատարներէն շատեր, զգալով հանդերձ աղէտին ահագնութիւնը, սկսած են խօսիլ, գործել եւ վարուիլ այնպէս, որ իբր թէ բան մը չէ պատահած, կամ՝ եղածը պէտք է բնական արկած մը նկատել, յառաջ նայիլ՝ առանց այդ աղէտը յիշելու, վիշտ ու թախիծ մէկդի նետել, մոռնալ, առանց անդարման հետեւանքներուն հոգը կրելու:
Կարելի է շատ բան ըսել մեր շարունակուող եւ թողլքուած ողբերգութիւններուն մասին, սակայն, ընթերցո՛ղ, դուն այդ բոլորը գիտես, նաեւ տեսար 20 յունիսի ընտրութեանց արդիւնքը, որ յաւելեալ կնիք մը կը բերէ «պէտք չունիք յիշելու» (ան)տրամաբանութեան:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան