ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպիսի՞ն է Աստուծոյ վերաբերմունքը արդարներուն, խոնարհներուն, իմաստուններուն, ծուռ մարդոց, ամբարիշտներուն, ծաղր ընողներուն եւ յիմարներուն հետ:

Պատասխան. Վասն զի ծուռ մարդը Տիրոջը առջեւ պիղծ է, բայց Անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է: Ամբարիշտ մարդուն տան մէջ Տիրոջ անէծքը կայ, բայց Անիկա կ՚օրհնէ արդարներուն բնակարանը: Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ՚ընէ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ: Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն, բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ (Առ 3.32-35):

• Ծուռ մարդը Տիրոջ առջեւ պիղծ է. ծուռ մարդ ըսելով, առաջին հերթին պէտք է հասկնալ մեղաւոր մարդ: Աստուած մարդուն երբ ստեղծեց՝ բարի ստեղծեց զայն. սակայն, մարդը իր հետաքրքրասիրութեան պատճառով ծռեցաւ եւ հակառակեցաւ զինք Ստեղծողին պատուիրաններուն: Հետեւաբար, մեղաւոր մարդը Աստուծոյ համար պիղծ է, որովհետեւ Աստուած Ի՛նք Սուրբ է, մաքուր է, իսկ մաքրութեան եւ սրբութեան մէջ կարելի չէ պղծութիւն գտնել, եւ կամ նոյնիսկ եթէ պղծութիւնը սրբութեան եւ մաքրութեան մօտենայ, ապա կը փոշիանայ ու կ՚անհետանայ:

Անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է. իրապէս, բոլոր անոնք որոնք Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդելով արդարութեան ճանապարհը կը բռնեն, անոնք այդպիսով կը շահին Աստուծոյ մտերմութիւնը. մտերմութիւն մը, որ անհամեմատելի է աշխարհի ցանկացած մտերմութեան հետ: Աւելին, անոնք որոնք անիրաւուած ըլլալով այս աշխարհի մէջ արդարութիւն կը փնտռեն, ապա Տէր Յիսուսի երանութեան կ՚արժանան, որ կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան» (Մտ 5.6). պիտի յագենան՝ Աստուծմով, որովհետեւ անիրաւուածներուն դատը պաշտպանողը՝ Արդարն Աստուած Ինք է, Ով յագեցում կու տայ զԻնք փնտռողներուն եւ Իր անունը կանչողներուն: Երանելի՜ է այն մարդը, որ այս անցաւոր աշխարհին մէջ կը յաջողի Աստուծոյ մտերմութիւնը շահիլ, որով երկնային վահանով կը պարսպապատէ ինքզինք:

Ամբարիշտ մարդուն տան մէջ Տիրոջ անէծքը կայ. ոմանք կը հարցնեն. ինչո՞ւ Աստուած կ՚անիծէ. մեր հասկացողութեամբ, այսինքն՝ մարդկային տրամաբանութեամբ Աստուած չ՚անիծեր, ընդհակառակը Աստուած միշտ ու միշտ կ՚օրհնէ: Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Հայր Թատրոս Եաաուպ Մալթի այսպէս կը գրէ. «Աստուած անէծք չունի, այլ՝ Ան ամէն օրհնութեան աղբիւր է: Սակայն, չարը, որ մտադրած է չարութեան, կը յամառի օտարանալ Աստուծմէ, ինքզինք կամովին կը զրկէ օրհնութիւններու Աղբիւրէն, որով անէծքի տակ կ՚իյնայ, որ աստուածային արտօնութեամբ կը կատարուի՝ որպէս պտուղ չար [մարդուն] չարութեան, այդ պատճառով փոխաբերական իմաստով կ՚ըսուի՝ “Աստուծոյ անէծք”»: Աստուծոյ անէծքը, արդարեւ, առընչութիւն ունի մարդուն հնազանդութեան եւ հաւատարմութեան հետ. այսինքն՝ եթէ մարդ հաւատարիմ է իր մարդ կոչումին եւ հնազանդ է աստուածային օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն, ապա այդպիսին ինքն իր եւ իր տան վրայ անէծք չի՛ բերեր, մինչ, եթէ մարդ անհնազանդութեամբ ընթանայ, հակառակի Աստուծոյ կամքին, մեղքերով լեցուն կեանք ապրի եւ անիրաւէ իր նմանները, ապա այդպիսիէն եւ իր տունէն անէծքը անպակաս կ՚ըլլան:

Անիկա կ՚օրհնէ արդարներուն բնակարանը. մտէ՛ք ցանկացած Աստուածավախի տուն, կամ ճշմարիտ հոգեւոր կեանքով ապրողի մը տունը, եւ այնտեղ պիտի նկատէք, պիտի զգաք Աստուծոյ օրհնութեան ներկայութիւնը, Աստուծոյ օրհնութեան սքանչելի գործերը: Ի՛նչ դժուարութեան, ի՛նչ աստիճանի չքաւորութեան եւ աղքատութեան, ի՛նչ նեղութեան մէջ ալ ըլլայ տուեալ անձը եւ իր ընտանիքը, բայց ժպիտն ու ներքին խաղաղութիւնը միշտ իրենց ընկերակից կ՚ունենան, որովհետեւ հասած են հոգեւոր այն բարձրութեան, որ Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ Անոր օրհնութեամբ ո՛չ մէկ բան կրնայ զիրենք նեղացնել, ընդհակառակը, այդ բոլոր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները իրենք որպէս յետագայի վարձատրութեան գրաւական կ՚ընդունին եւ առ այդ իրենց կեանքը կ՚ապրին:

Վերը ճշմարիտ հոգեւոր կեանքով, արտայայտութիւնը ուենցայ: Շատեր կրնան զարմանալ այս արտայայտութեան վրայ… Պահ մը մեր չորս կողմը դիտենք, յատկապէս ուշադրութեամբ նայինք այն մարդոց, որոնք կը հպարտանան իրենց «հոգեւոր», «փրկուած», «արդար» ըլլալու հանգամանքով, եւ պիտի նկատենք, որ իրենց այդ «յատկանիշ»ները իրենց իսկութիւնը ծածկելու համար է, եւ ո՛չ աւելին.

Աստուծոյ անունով կը խօսին, սակայն զԱստուած չեն ճանչնար:

Քրիստոսի անունով կը պարծենան, բայց Քրիստոսի խօսքերը չե՛ն գործադրեր:

Սուրբ Հոգիով կը պարծենան, մինչ՝ դեւերու բնակարան դարձած են:

Աստուածվախութիւն կը քարոզեն, բայց երբ առանձին կը մնան ամէն տեսակի այլանդակութիւն կը գործեն, մոռնալով, որ Աստուած ամէն ինչ կը տեսնէ:

Աստուածասիրութիւն կը յորդորեն, բայց իրենց դրացիին դատի կու տան առանց պատճառի:

Ներողամտութիւն կը քարոզեն, բայց կը մերժեն ներել իրենց ընկերոջ չնչին մէկ սխալը:

Սէր կը քարոզեն, սակայն ատելութեամբ նեխած է անոնց հոգին:

Սէր կը քարոզեն, սակայն յիշաչարութեամբ լեցուն է անոնց սիրտը:

Սէր կը քարոզեն, սակայն չարութիւն կը բուրեն:

Կը ձեւացնեն, թէ Քրիստոսի անունով հրաշքներ կը գործեն, մինչ՝ իրենց հօր՝ սատանային հլու հպատակներն են:

Աստուածաշունչը իրենց ձեռքերուն մէջ ամէն օր Աստուծոյ մասին կը խօսին, միւս կողմէ կ՚անիրաւեն, կը յափշտակեն, կը գողնան, կը ստեն, կը շնան, կը բամբասեն, կը նախանձին, չարութիւն կը մտածեն իրենց նմաններու մասին, եւ նման սատանայական գործեր:

Պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ սատանան ամէն կերպով կ՚աշխատի, որ մեզ հեռացնէ Աստուծմէ, եւ երբ մենք որոշում կայացնենք Աստուծոյ մօտենալու, ապա ամէն տեսակի արգելքներ կը յառաջացնէ, որպէսզի չհասնինք մեր նպատակին: Եւ ահա այդ արգելքներուն գլխաւորագոյնը՝ կեղծ հոգեւոր կեանքն է, որմէ շատեր բռնուած են այսօր եւ ուրախութիւն պատճառած սատանային:

Աստուծոյ մտերմութիւնը շահինք եւ խնդրենք, որպէսզի Ան օրհնէ մեր բնակարանները եւ Իր օրհնութիւնը միշտ ընկերակից ըլլայ մեր կեանքին, որպէսզի կարենանք յաջողութեամբ եւ անփորձանք նաւարկենք մեզի վստահուած աշխարհային այս փոթորկալից նաւարկութիւնը:  

Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ՚ընէ, եւ՝ յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ. ծաղր ընող եւ յիմար ըսելով պէտք է հասկնալ հպարտացողները: Անոնք որոնք իրենց հպարտութեան կ՚ապաւինին եւ այդպիսով իրենց նմանները կը ծաղրեն եւ նոյնիսկ համարձակութիւնը կ՚ունենան զԱստուած ծաղրելու, ապա Աստուած ալ զանոնք կը ծաղրէ: Ծաղրել այստեղ նկատի պէտք է առնել, որպէս պատիժ, որպէս վարձատրութիւն մեր գործած արարքներուն:

Սուրբ Հիպողիտոս կը գրէ. «Չարերը նոյնիսկ եթէ հպարտացան, ապա կը հպարտանան, որպէսզի աւելի մեծ կորուստ ունենան: Ինչպէս որ մարդը չի՛ պատուեր իր պիղծ ընկերը՝ եթէ հպարտանայ, ընդհակառակը՝ կ՚անարգէ զինք, որով իր ամօթանքը կը յայտնէ թշնամիին դիմաց, այդպէս ալ Աստուած որ ժամանակ մը կը «փառաւորէ» չար [մարդը], որպէսզի անոր ամօթը աւելիով ցոյց տայ: Մովսէսի օրերուն, փառաւոնը հպարտացաւ, որպէսզի աշխարհը դատապարտէ զինք»:

Առակացի այս նախադասութեան, թէ՝ [Աստուած] ծաղր ընողները ծաղր կ՚ընէ, շատ գեղեցիկ կերպով կը համեմատի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետին հետեւեալ հատուածը. «Ով որ աշխարհային հարստութեամբ, իշխանութեամբ, շնորհով մը կամ առաքինութեամբ մը փքուելով կը հպարտանայ՝ կարծես ամպերուն վրայ որոտալով, այդպիսիին վրէժխնդիրն ու թշնամին Աստուած է՝ անոր պարտութեան մատնելու եւ անդունդները նետելու համար։ Որովհետեւ, մեր բնութեան համար ամբարտաւանութենէն աւելի չար եւ վնասակար բան չկայ։ Ինչ մեղք եւ մեծագոյն չարիք ալ ներկայացնես, ամբարտաւանի դատաստանին հաւասար դատաստան չունի, քանի որ միւս բոլոր մեղքերը, մօտենալով մարդուն, անոր միայն մեղաւոր կը դարձնեն, իսկ ամբարտաւանութիւնը՝ մարդուն ամբողջովին սատանայ կը դարձնէ»: Զգուշանանք ուրեմն ծաղր ու ծանաքէն, որ հպարտութեան եւ ամբարտաւանութեան անդրանիկ զաւակն է, որպէսզի սատանայ չդառնանք, այլ մնան Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան մէջ:

[Աստուած] խոնարհներուն շնորհք կու տայ. յոյն եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Պաիսիոս Աթոսացին այսպէս կը գրէ. «Խոնարհութիւնը կեանքի զարդն է եւ բոլոր առաքինութիւններուն գեղեցկութիւնը: Արդարեւ ան մարդկային հոգիին համար անձրեւի նման է, որ չոր հողին վրայ կ՚իջնէ: Ցած հարթավայրերը բարեբեր ու բերքառատ են, մինչ բարձր լեռները ընդհանրապէս անջրդի կը մնան: Կանգուն մնացած հասկերը դատարկ կ՚ըլլան, մինչ չոքած հասկերը՝ ցորենի հատիկներով լեցուն կ՚ըլլան: Հետեւաբար, դուք եւս ձեռք ձգեցէք խոնարհ սիրտ մը, որով պիտի պտղաբերիք հոգեւոր պտուղներ, որոնք ձեր փրկութիւնը կ՚ապահովեն»:

Բարսեղ Մաշկեւորցին կը գրէ. «Աստուծոյ շնորհքը կարելի է ստանալ խոնարհութեամբ, համաձայն այն խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Առակ. 3:34), նաեւ՝ «խոնարհ հոգին է պատարագն Աստուծոյ» (Սղ 50:19): Եթէ մարդոց մօտ այնքան սիրելի է խոնարհ անձը, ո՞րչափ աւելի՝ Աստուծոյ մօտ»: Խոնարհութիւն ձեռք ձգենք, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքին արժանանանք: Առանց խոնարհութեան կարելի չէ Աստուծոյ շնորհքին արժանանալ: Իսկ խոնարհ ըլլալու եւ խոնարհութիւն սորվելու համար, բաւարար է մեզի Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքը, թէ՝ «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ Ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի: Ձեր վրայ առէք Իմ լուծս եւ Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք: Քանի Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.28-30):

Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն. այսինքն՝ Աստուծոյ զաւակները, որոնք կը հնազանդին Աստուծոյ կամքին, կը գործադրեն Անոր պատուիրանները, թելադրութիւններն ու օրէնքները, ապա փառք պիտի ժառանգեն, այլ խօսքով՝ Երկինքի Արքայութեան ժառանգակից պիտի ըլլան, վայելելու համար Աստուծոյ ներկայութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6

26 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022