ԱԿՆԱՐԿ - 29 - ԾՆՈՂՆԵՐԸ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐ ԵՆ

Վստահաբար շատերուն արդէն յայտնի է վերջին օրերուն համացանցի վրայ տարածուած այն սարսափելի տեսանիւթը, ուր այսպէս կոչուած «մայր» մը իր միւս զաւակներուն մասնակցութեամբ բռնութեան կ՚ենթարկէր իր միւս աղջիկ զաւակը, նուաստացնելով, անարգելով… (անկեղծ ըլլալու համար տեսանիւթը չեմ նայած…):

Քաղաքական գետնի վրայ չեմ ուզեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել, բայց համոզմունքս այն է, որ այս տեսանիւթիւն այս օրերուն հրապարակումը որոշ նպատակներ կը հետապնդէ, թէ ի՞նչ են այդ նպատակները, թերեւս յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն իմանանք: Մէկ բան յստակ է ինծի համար, որ գործող իշխանութիւնները ո՛չ մէկ բան պատահականութեան սկզբունքով կը կատարեն, այլ՝ իրենց բոլոր քայլերը սերտուած ու ուսումնասիրուած են: Այս տեսանիւթի հրապարակման պարագային, դարձեալ եւ դարձեալ թիրախը ԸՆՏԱՆԻՔն է, ընտանիքի հիմնարկը քայքայելն է: Աւելի չխորանանք:

Այսօրուան այս ակնարկով կ՚ուզեմ անդրադառնանք այս տեսանիւթին պարզած մէկ այլ երեսին, որն է ծնող-զաւակ փոխյարաբերութիւնը:

Երէկ, կիրակի, Արժ. Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեանը իր քարոզին մէջ հետաքրքրական միտք մը յայտնեց, ըսելով. «Ծնողները պէտք է այն գիտակցութիւնը ձեռք ձգեն, որ իրենց զաւակները՝ իրենցը չեն: Ճիշդ է ֆիզիքապէս ծնած են զանոնք, բայց իրենցը չեն, այլ՝ Աստուծոյ կողմէ պարգեւուած են իրենց»: Քիչ մը պարզացնեմ Արժանապատիւ Քահանայ Հօր ըսածը. ճի՛շդ է, որ արական եւ իգական սեռի մէկական ներկայացուցիչներ, իրենց կեանքի որոշ մէկ հանգրուանին կ՚որոշեն միանալ իրարու եւ իրենց կեանքը միասին շարունակել: Այդ միութեան որպէս պտուղ անոնք զաւակներ կը ծնին: Արդարեւ, ճի՛շդ է որ ֆիզիքապէս ծնած զաւակները իրենցն են, սակայն խորքին մէջ այդպէս չէ, որովհետեւ այդ զաւակներէն իւրաքանչիւրը առանձին անհատ է, առանձին գոյութիւն մըն է, եւ իրենք պարզապէս խնամակալներ են, որոնք Աստուծոյ կողմէ նշանակուած են, պահելու, պահպանելու եւ խնամելու իրենց տրուած պարգեւները:

Այսօրուան ծնողներուն մեծամասնութիւնը իրենց զաւակներուն հետ կը վերաբերին որպէս գեղեցիկ խաղալիքներ: Այսօրուան ծնողներուն համար էականը իրենց զաւակներուն լաւ հագուստներ հագցնելը, վերջին տեսակի հեռախօսներ կամ համակարգիչներ նուիրելը, լաւ սնունդ մատակարարելը, ժամանացի համար խաղավայրեր տանիլն է: Աւելին, անոնք կը փորձեն այդ անմեղ երեխաներուն մէջ փոքր տարիքէն յիմար մրցակցութիւն մը մտցնեն իրենց հասակակիցներուն հետ, անոնց մէջ աճեցնելով «դուն քու ընկերոջմէդ/ընկերուհիէդ աւելի լաւ ես, քու ունեցածդ անոր ունեցածէն շատ աւելի արժէքաւոր, գեղեցիկ ու սուղ է»: Բնականաբար նման վերաբերմունքը տուեալ զաւակները հոգեպէս կը խեղէ, որոնք կը մեծնան որպէս հաշմանդամներ, սակայն իրենք կ՚անգիտանան թէ հաշմանդամ են, որովհետեւ իրենց ծնողները այնպէս համոզած են զիրենք, մտածել տալով որ իրենք ամենախելացին են իրենց շրջապատին մէջ, թէ աշխարհը իրենց չորս կողմը կը դառնայ…:

Այսօրուան ծնողները պէտք է գիտակցին, որ իրենք պարզապէս իրենց զաւակներուն խնամակալներ են եւ իրենց առաջին ու ամենէն նուիրական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը իրենց զաւակները բարոյապէս, հոգեպէս եւ ուսումնապէս կրթելն ու դաստիարակելն է, պատրաստելու համար ընկերութեան, հասարակութեան եւ Աստուծոյ համար լաւ անհատներ: Այդ գործընթացը բնականաբար պէտք չէ պարտադրանքով անցնի, այլ՝ փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ ըմբռնողութեամբ: Ծնողները, պէտք է հմտութիւն ձեռք ձգեն լսելու իրենց զաւակները եւ զրուցելու անոնց հետ (Տէր Մարկոսը ծնողներուն զաւակներուն հետ խօսելուն կարեւորութիւնն ալ շեշտեց իր քարոզին մէջ):

Այսօրուան ծնողները իրենց զաւակներուն հետ չեն խօսիր, չեն զրուցեր, չեն լսեր: Ծնողները իրենց զաւակներուն միմիայն կը հրամայեն, կը թելադրեն, իրենց ուզածը կը պարտադրեն, առանց նկատի ունենալու որ իրենց զաւակները անկախ անհատներ են, որոնք ունին իրենց արժանապատուութիւնը, իրենց ինքնուրոյն մտածելակերպն ու աշխարհահայեացքը, որ պէտք է միշտ նկատի ունենան ծնողները:

Որոշ ծնողներ կրնան ըսել, թէ մենք մեր զաւակները ազատ ու լայնախոհ կերպով կը մեծցնենք ու կը դաստիարակենք: Երբ այդ ծնողներուն մեծցնելու եւ դաստիարակելու ընթացքին հետեւինք, ապա պիտի նկատենք, որ անոնց դաստիարակութիւնն ու ազատ եւ լայնախոհ մեծցնելը կը կայանայ հեռախօս տալու, հեռատեսիլն ու համակարգիչը աշխատցնելու, տան բակ հանելու եւ զանոնք իրենց ազատութեան մէջ ձգելուն մէջ: Բայց միթէ՞ ասիկա դաստիարակելու ձեւ է. կրնամ բարձրաձայն ըսել, որ այս ո՛չ թէ դաստիարակելու ձեւ է, այլ դաստիարակութենէ փախելու եւ իրենց զաւակները անդաստիարակ դարձնելու ամենէն դիւրին ճամբան է:

Ազատութիւն տալ չի՛ նշանակեր սանձարձակութեան մղել:

Լայնախոհ մեծցնել չի՛ նշանակեր անկիրթ ու փողոցային դարձնել:

Ազատութիւն տալ չի՛ նշանակեր հպարտութեան ու եսասիրութեան մէջ թաղել:

Լայնախոհ մեծցնել չի՛ նշանակեր անբարոյ դարձնել:

Ծնողները շատ զգոյշ պէտք է ըլլան իրենց տուած դաստիարակութեան մէջ, որովհետեւ գործ ունին ո՛չ թէ մեքենաներու, այլ՝ մարդկային հոգիներու հետ, որ անմահ են, այսինքն՝ այս կեանքով չեն սահմանափակուած, այլ՝ կոչուած են յաւիտենական կեանքով ապրելու, իսկ յաւիտենական կեանքին հասնելու առաջին եւ ամենէն ամուր գրաւականը ծնողները իրե՛նք է որ կրնան տալ իրենց զաւակներուն, ինչ բանի վրայ յետագային պիտի գան աւելնալու մնացած գրաւականները:

Յատկապէս մայրեր, ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր զաւակներուն, անոնց հոգին ազնուութեամբ ու քնքշութեամբ խնամեցէք, որպէսզի մաքուր ու ազնիւ հոգիի տէր դառնան անոնք: Յատկապէս մայրեր կ՚ըսեմ, որովհետեւ դաստիարակութեան մեծագոյն եւ ծանրակշիռ մասը մայրերու ուսերուն դրուած է, սակայն մայրերուն այդ կոչումը իր ծաղկումը եւ արդիւնքը չի՛ կրնար տալ առանց իրենց կողակիցներուն աջակցութեան ու մասնակցութեան, որով ծնողները՝ այրն ու կինը պէտք է լաւ գիտակցին իրենց դերակատարութիւնը եւ իրենցմէ պահանջուած պարտաւորութիւնները:

Աւարտեմ Էլպիս Կեսարացեանի (1830 Պոլիս, 1911 Աղեքսանդրիա: Թուրքիոյ առաջին կին լրագրողը համարուած է) խորհուրդ-խրատով (նոյնութեամբ կը մէջբերենք առանց փոփոխութիւն կատարելու).

 Ուստի, ո՜վ ծնողքներ, մանաւանդ մայրե՛ր, լաւ գիտցիք որ ձեր պաշտօնը խիստ մեծ եւ նուիրական է, դուք պատասխանատու էք Նախախնամութեան եւ մարդկային ընկերութեան, ձեզ յանձնուած աւանդները մեծ եւ թանկագին են, ազգ մը իւր ապագայն կը սպասէ ձեզնէ, երջանկութեան անմահ գանձերուն պահապան եւ գործադրիչ ընտրուած էք. սարսափելի ճիր կը համարուի ձեզ՝ եթէ անհոգութեամբ մսխէք եւ ցրուէք զանոնք, ազգային տունը յաւիտեան աղքատ վիճակի ենթարկելու պատճառ ըլլալով: Դուք մշակուած երկիրներ ըլլալու էք, ուր բարի հունտեր ընդունակ ըլլան եւ բեղմնաւորին բազում արդիւնքներով, նաեւ բեղմնաւոր արմատներ՝ ազգային քմաց քաղցր խեժ եւ պալասան ընծայելու. իբրեւ քաջ մշակներ ջանացէք ձեր որդւոց միտքը լաւ մշակել, բարոյական սերմանց լաւ ընդունակ ընելու: Առաքինութեան կամ բարոյականութեան կենդանի օրինակ դուք միայն կրնաք ըլլալ զաւակաց, ինչպէս աշակերտ մը իւր սորվելիք արհեստին օրինակը նախ պէտք է տեսնել: Մարդկանց, մանաւանդ տղայոց միտքը այնչափ չի զօրեր վերացական առարկաներու վրայ կայանալ, որչափ անոր ենթականերուն վրայ. զոր օրինակ, գիտութիւնը ինքնին անորոշ կամ անտեսանելի է՝ եթէ անոր զօրութիւնը գիտուն անձանց վրայ չերեւայ. նոյնպէս խոհեմութիւն, վեհանձնութիւն եւ ամէն բարեմասնութիւններ՝ որոց յատկութիւնը կատարեալ անձանց վրայ կը յայտնուին:

Տղայք բարի ունակութիւն ստանալու համար տեսնելու եւ լսելու կարօտ են. ահա տեսանելի առարկայն ըլլալու է ծնողաց օրինակը, լսելու եւ ըմբռնելու համար կրթութեան կամ վարժութեան դասեր, զոր եթէ արթնութեամբ եւ խնամօք ընծայեն մանկանց, ծնողք լիապէս արդիւնքները կրնան վայելել, արժանաւոր վարձ ընդունիլ եւ ազատ մնաց խղճէ:

Ուստի նոյն քաղցր յոյսը կը նուիրէ օրիորդաց դաստիարակութիւնը, պարգեւելով մեզ ապագայ յոյսեր նախնի վիշտերու դարման. ժրութեամբ ջանալ պէտք է տգիտական ախտը՝ ժառանգական չնել դեռահաս սերնդոց, մերժելով ապականեալ արմատներէ նոյն փափուկ ճիւղերը՝ կրթարաններու մէջ ընտիր դաստիարակներու խնամքներով դարմանել, եւ ազգային բուրաստանը փայլեցնել շքով՝ որ միայն է մխիթարութիւն եւ դարման Ազգին («Նամականի առ ընթերացսէր հայուհիս» Ե[լպիս Կեսարացեան], Կ. Պոլիս, 1879, էջ 79-80):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 օգոստոս 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023