ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՆԵՐԿԱՅԻ ԱՀԱՒՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ (ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 10 1920 - ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 27 2020)
«Այսօրուանից Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախկին սահմանները յայտարարուած են վերացուած, եւ Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը ճանաչւում են Հայկական Սոցիալիստական Հանրապետութեան անքակտելի մասը»
Ն. ՆԱՐԻՄԱՆՈՎ
Նախագահ Ատրպէյճանի
1920, դեկտեմբեր 10
ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՅՍՕՐ
Խոստովանանք որուն հաւատալ պէտք էր։ Լսելի կը դարձնենք Նարիմանովը ներկայ իշխանութիւններուն, որպէսզի գիտնան, թէ ի՛նչ ըսին եւ սակայն ի՛նչ կը կատարեն այսօր։ Ահաւոր պատերազմ եւ խոստմնադրժութիւն։ Պատմական Արցախի նահանգն է Լեռնային Ղարաբաղը, որ երեսուն տարիներ առաջ քաջարի դիմադրութենէ ետք վերստացաւ իր անկախութիւնը եւ դարձաւ Արցախի Հանրապետութիւն, արեան բարձրագոյն գինով, սրբագրելով անցեալի մեծ զեղծարարութիւնը՝ վերջնական հաշիւը տալով Նարիմանովի խոստովանանքին։
Ծանօթ է բոլորիս, որ Ղարաբաղի հայութիւնը 1991 դեկտեմբեր 10-ին որոշեց միանալ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ բաժնուելով Ատրպէյճանի խարդախ հովանաւորութենէն, եւ երեք տարուան կռիւներէ ետք 1994 մայիս 12-ի հրադադարով մինչեւ այսօր կը մնայ անկախ տիրոյթ որպէս Արցախ-Ղարաբաղ, թէեւ միշտ թշնամիին եւ համաշխարհային վերապահութեան հայեացքին ներքեւ։ Որպէս անկախ հանրապետութիւն Ղարաբաղ իբրեւ այդպիսին տակաւին կը մնայ անճանաչելի՝ պաշտպանութեանը ներքեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու բանակին։
ԿՈՎԿԱՍ ԿԸ ՎՏԱՆԳՈՒԻ
Երեք շաբաթներ անցան Հարաւային Կովկասի յանկարծական եւ ամենէն կործանարար պատերազմէն ի վեր, ընդմէջ Ատրպէյճանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն։ Ցայսօր տակաւին սաստիկ ռմբակոծումներով կը քանդուի Ստեփանակերտն ու շրջանի հայաբնակ գիւղերը, եւ մեծ տէրութիւններ ինչի՛ կը սպասեն հայոց իրաւունքն ու արդարութիւնը պաշտպանելու համար, ո՛չ թէ խօսքով միայն, այլ բանակի ուժով։ Վերջին լուրերէն տեսանք Իրանի տասնեակ մը հրասայլեր, որոնք կ՚ուղղուէին դէպի Ղարաբաղեան սահման, ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի բանակներուն։ Իսլամ դրացին առաջինը ըլլալով գործնապէս կը զօրակցի ուժով եւ բանակով, իսկ քրիստոնեայ կարծուած աշխարհը կա՛մ կը զօրակցին Ատրպէյճանին եւ կա՛մ «խօսքով» անարժէք խրատներ կը բաշխեն չորս կողմ։
Եթէ Ռուսաստան սրբագրեց նախկին Սովետական կարգերու սխալները, ի՛նչ կը պակսի իրեն սրբագրելու համար նաեւ այս ներկայ կացութիւնը, որ միայն որպէս «ողորմութիւն» ձրի տրուած էր Ատրպէյճանին, առանց պատմական որեւէ հիմքի։ Մեծ տէրութիւններ միայն կէս բերան խրատ է որ կու տան։ Շրջանի մեծագոյն Ռուսաստանը կը յամենայ տակաւին, երբ անողոք յարձակման կ՚ենթարկուի նաեւ պատմական Շուշին, ու ելքը կը մնայ նոյնքան խռովիչ ու մտահոգիչ։ Պատմական, մշակութային, կրօնական եւ աշխարհաքաղաքական տուեալները բոլորովին ուրանալով Ատրպէյճան յամառօրէն կը պահանջէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, քաջ գիտնալով, որ հայոց բնակավայրը եղած է ան դարեր շարունակ, եւ միայն հարիւր տարի առաջ մարաջախտ Ստալին կատարեց անարդար այդ կոպիտ սխալը՝ զայն կցելով Ատրպէյճանին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս յանձնեցին Նախիջեւանի մարզը նոյն Ատրպէյճանին։ Հայաստանին յանցանքը ի՛նչ է։
Ատրպէյճան իբրեւ երկիր եւ ազգութիւն գոյութիւն չունէին մինչեւ դար մը առաջ, ինչպէս թուրքեր գոյութիւն չունէին Փոքր Ասիոյ մէջ մինչեւ ԺԵ դար։ Փառք եւ պատիւ հայորդի զօրքերուն, որոնք պաշտպանեցին ու տակաւին կը պաշտպանեն իրենց արեան գինով հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը, եւ սակայն նշանները կը մնան խորապէս մտահոգիչ։ Աստուած մի արասցէ, եթէ ազէրիներ վերատիրանան Ղարաբաղի տարածքին, Հայաստան կը մնայ հալածանքի եւ ցեղասպանութեան ստոյգ վտանգին ներքեւ։ Կարդացի եւ շշմեցայ այն տասնմէկ երկիրներու ցանկը, որոնք իբրեւ թէ կը զօրակցին Ատրպէյճանին, մէջն ըլլալով, չեմ հաւատար, Վրաստանն եւ Իտալիան։ Եթէ կէսն իսկ իրողութիւն ըլլայ այդ յայտարարուած ցանկին, դարձեալ կը մնանք առանձին։ Ցանկը միայն մէկ տեղ կարդացի առ այժմ։ Յայտնի պիտի ըլլայ, որ «ողորմութիւն» մըն ալ անոնք կը կատարեն Ատրպէյճանին «փոխան արծաթի»։
ԿԵՂԾԻՔԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ 1920 ԱՊՐԻԼ 28
Այս թուականին Ատրպէյճան Սովետական տիրոյթ դարձաւ եւ նախագահ Ն. Նարիմանով, հակառակ իր հանդիսաւոր խոստովանանքին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը տկարացնելու միտումով՝ ի նպաստ Սովետական ուժերու յառաջացումին, պահանջեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը, Նախիջեւանն ու Զանգեզուրը Ատրպէյճանին կցուին։ Ասոր համաձայն չէր սակայն Սովետական Ռուսաստանի Կեդրոնական Համայնավար կուսակցութիւնը, պնդելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վիճելի տարածութիւններուն որո՛նց պատկանիլը յետաձգուի մինչեւ քաղաքական բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը։ Այստեղ հնչեց կեղծիքին «արդարացուցիչ» արձագանգը։
Երբ Հայաստան Սովետական Հանրապետութիւն դարձաւ, ժամանակն էր նման անիրաւութեանց դիմադրել, եւ յաջորդ օրն իսկ խնդրոյ առարկայ հողամասերը Հայաստանի անքակտելի մաս յայտարարուեցան՝ հակառակ Նարիմանովի պահանջին։ Ատրպէյճան իսկոյն 1920 դեկտեմբեր 1-ի յայտարարութեամբ հրաժարեցաւ պնդելէ իր պահանջին վրայ՝ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան, յստակօրէն ըսելով, «այսօրուանից Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախկին սահմանները յայտարարուած են վերացուած, եւ Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը ճանաչւում են Հայկական Սոցիալիստական Հանրապետութեան անքակտելի մասը»։
ՄԱՐԱՋԱԽՏ ՍՏԱԼԻՆ
Մարաջախտ Ստալին իր ձայնը սոյն որոշման միացնելով իր մէկ յօդուածին մէջ կ՚ակնարկէր, թէ «Սովետական Ատրպէյճանը դեկտեմբեր 1-ին կամաւոր կերպով հրաժարուեց վիճելի նահանգներից, եւ յայտարարեց երեք տարածքների կցումը Հայաստանին»։ Տասն օր ետք, դեկտեմբեր 12-ին, Մոսկուայի մէջ Սովետական Հայաստանի ներկայացուցիչներ՝ Ս. Տէր-Գաբրիէլեան եւ Ա. Մռավեան հանդիպում կ՚ունենային Ստալինի հետ եւ կը յայտնէին թէ՝ «այդ հարցերը գտել են իրենց ճիշդ լուծումը»։
Դրական այս վճիռը ողջունելի եղաւ անշուշտ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, որուն նախագահը՝ Սարգիս Կասեան, Պաքու Նարիմանովին կը հեռագրէր «եղբայրական հրճուանքով» լսած ըլլալու մասին Ատրպէյճանի դեկտեմբեր 1-ի որոշումը հայկական երեք նահանգներուն վերաբերեալ։ Այդ որոշումին հետեւեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթի 1921 յունիս 19-ի համարին մէջ, ուր կը տեղեկացուէր թէ՝ «յետ այսու Լեռնային Ղարաբաղը հանդիսանում է Հայկական Սովետական Հանրապետութեան անքակտելի մասը»։ Միաժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը Ասքանազ Մռավեանը կը նշանակէր արտակարգ լիազօր Լեռնային Ղարաբաղի։
ՄԵԾ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ
Հայ ժողովուրդի ուրախութիւնը խոր յուսախաբութեան վերածուեցաւ կարճ ատեն մը ետք։ Ատրպէյճան իր դիրքն ու առած որոշումը նենգաբար փոխեց եւ Նարիմանով կրկին պահանջեց, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմէն ներս մտնէ, պատրուակելով, որ գործերու նման ընթացքով «Ատրպէյճանում մենք վերականգնում ենք հակասովետական խմբերին»։ 1921 յունիս 26-ին Թիֆլիզէն Կովկասեան կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Սերգօ Օրջոնիկիցէ եւ Վրաստանի լիազօր ներկայացուցիչ Կիրով հեռագրեցին Նարիմանովին «չառնելու որեւէ քայլ, այլ ղեկավարուիլ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու սկզբունքով», յիշեցնելով նաեւ որ «ո՛չ մի հայկական գիւղ պէտք չէ միանայ Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ ո՛չ մի մահմետական գիւղ չի կարելի միացնել Հայաստանին»։
Հարցը աւելի չկնճռոտած կը յանձնուի Կովկասեան կեդրոնական վարչութեան, ուր ներկայ էր նաեւ մարաջախտ Ստալին։ Հոն եւս հայանպաստ որոշում կայացաւ եւ ձայներու մեծամասնութեամբ որոշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղը մտցնել Հայաստանի կազմին մէջ, որուն ի նպաստ քուէարկեցին Օրջոնիկիցէ, Կիրով եւ Ալեքսանդր Միասնիկեան։
ՆԱՐԻՄԱՆՈՎ ԿԸ ԴՐԺԷ ԻՐ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Նարիմանով կրկին բողոք բարձրացնելով Կովկասեան ժողովի յաջորդ նիստին, վերատեսութեան ենթարկեց Ղարաբաղի կցման հարցը։ Հոն նախապէս առնուած հայանպաստ որոշումը կոպտօրէն գլխիվայր շրջեցաւ «առանց քննարկման եւ քուէարկութեան»։ Տխրահռչակ այս որոշումին մէջ կ՚ըսուէր թէ՝ «ելնելով մահմետականների եւ հայերի միջեւ ազգային խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնից, եւ վերին ու ներքին Ղարաբաղի տնտեսական կապից» Լեռնային Ղարաբաղը թողուլ Ատրպէյճանին, անոր տալով մարզային լայն իրաւասութիւն՝ Շուշի մայրաքաղաքով։ Ժողովը այս որոշման յանգած էր Ստալինի ճնշման եւ Նարիմանովի սպառնալիքին ներքեւ, վերջինս յայտարարելով որ՝ «եթէ Լեռնային Ղարաբաղ տրուի Հայաստանին, ապա Ատրպէյճան ցած է դնում ամէն պատախանատուութիւն»։
Այս դժբախտ որոշումով, որուն դէմ բողոքեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայերով բնակեցուած եւ վաղնջական հայկական հողամասը արհեստականօրէն եւ վատօրէն բաժնուեցաւ Հայաստանէն։ Իսկ 1923-ին Ստալինի վճիռով Ղարաբաղի մարզի կազմաւորման ատեն Ղարաբաղ սահման չէր ունենար Հայաստանի հողին հետ։
Այսուհանդերձ, հայու անմեռ յոյսն ու իղձը Ղարաբաղը միացնելն էր Հայաստանի Հանրապետութեան, որուն մասն էր անցեալին։ Հայ ազգին ու Հայաստանեայց Եկեղեցիին արդար հպարտութիւնը կը կազմէ այսօր վիրաւոր Ստեփանակերտն ու Շուշին որպէս մնայուն Հանրապետութիւն եւ Արցախի Հայ Եկեղեցական թեմ։
ՍՏԱԼԻՆ ԵՒ ՆԱՐԻՄԱՆՈՎ ՍԽԱԼԱԾ
Ըսելու ենք այսօր ուխտադրուժ Ատրպէյճանին եւ հանգուցեալ Սովետական Միութեան, որ ոչ միայն սխալեցան իրենց հաշիւներուն մէջ, այլ նաեւ խայտառակուեցան աշխարհի առջեւ՝ շնորհիւ հայորդի քաջերուն եւ Ղարաբաղ բնակող մեր հայրենակիցներու կամքին եւ հաւատքին, հակառակ տեղի ունեցած ամենավերջին մահաբեր աւերածութիւններուն։ Այսօր եւրոպական ազգեր կը միջամտեն առանց հիմնական քայլ մը առնելու, պարզապէս որովհետեւ այդ քայլին առիւծի բաժինը առնուեցաւ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հայորդիներուն կողմէ, իրենց ձեռքը թռչունի բաժինը միայն բռնելով։ Հայութիւնը հոն իր հողին վրայ է, թռչունները տեղ չունին, ինչպէս հող չունի նաեւ Ատրպէյճան։ Քաղաքական եւ կրօնական զարթօնք ապրեցաւ Լեռնային Ղարաբաղը, որպէս պետութիւն պատմական Արցախի իր դրօշով եւ նախագահով, նաեւ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ թեմ՝ շնորհիւ երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետին, որ վերահաստատեց թեմը իր քաջարի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի մշտական ներկայութեամբ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ