ՄԱԼԱՐԻԱ ԿԱՄ ԴՈՂԷՐՈՑՔ
Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի բժշկական բովանդակութեամբ գրքոյկներու շարքին արեւմտահայերէնի վերածումը եւ զանոնք մեր ընթերցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «ՄԱԼԱՐԻԱ ԿԱՄ ԴՈՂԷՐՈՑՔ» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ լոյս տեսած է 1926-ին, Երեւան:
*
Գիրքին սկիզբը յառաջաբանի փոխարէն հետեւեալ արձանագրութիւնը կայ.
Այս աշխատութիւնը իմ սիրած ժողովուրդիս կը նուիրեմ
ԴՐ. ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
1. ՄԱԼԱՐԻԱ ԿԱՄ ԴՈՂԷՐՈՑՔ
Ո՞վ չի գիտեր, թէ ինչ է դողէրոցքը:
Այս հիւանդութիւնը ուրիշ անուններ ալ ունի. տենդ, ջերմ, ճահճային տենդ, դողցոց, ընդմիջող ջերմ: Բայց դողէրոցք (դող-այրոցք) բառը շատ ճիշդ հասկացողութիւն կու տայ այս հիւանդութեան մասին, որովհետեւ, իրապէս, նախ դող կու գայ, յետոյ այրոցք, այսինքն՝ ջերմ:
Դողէրոցքը գիտութեան մէջ ընդհանուր բառով Մալարիա կը կոչուի, եւ այն վայրերը, ուր մալարիան կը տիրէ, յայտնի են մալարիային կամ մալարիոտ վայրեր անունով:
Մեր հայրենիքը տարաբախտաբար շատ հարուստ է այսպիսի վայրերով. Արաքսի հովիտին մէջ, Երեւանի, Էջմիածինի, Նախիջեւանի, Սուրմալուի տափաստաններուն մէջ մալարիան տեղային հիւանդութիւն է: Հիւանդականութիւնը այս վայրերուն մէջ ուղղակի ահռելի է:
Այսպէս. Նախիջեւանի, Սուրմալուի տափաստաններուն մէջ ազգաբնակչութեան գրեթէ կէսը (45 առ հարիւր) ամէն տարի դողէրոցքով կը հիւանդանայ: Էջմիածինի շրջանը 35 առ հարիւր կու տայ, Երեւանը՝ 20 առ հարիւր հիւանդական դէպքեր (պաշտօնական տեղեկատու): Եթէ նկատի ունենանք, որ բազմաթիւ դէպքեր անյայտ կը մնան բժիշկներուն համար եւ ուրեմն ստատիստիկայի մէջ չեն մտներ, ապա յիշած թիւերը պէտք է իրականէն ցած համարել:
Բժիշկներուն կարծիքով՝ ամբողջ Հայաստանի մէջ ամէն տարի շուրջ 100 հազար հոգի կը հիւանդանայ, այսինքն՝ ազգաբնակչութեան մէկ տասանորդականը (10 մարդէն մէկը): Ասիկա հասարակական աղէտ մըն է:
Եթէ հաշուենք, որ իւրաքանչիւր մալարիայով հիւանդ միջին թիւով 7-10 աշխատանքային օր կը կորսնցնէ, կը ստացուի շուրջ մէկ միլիոն բանուորական օր: Ուրիշ խօսքով, մեր երկրի արդիւնաբերութիւնը դողէրոցքի շնորհիւ հարիւրաւոր միլիոններու կորուստներ ունի:
Միայն այսքանով չեն սպառիր մալարիային հասցուցած վնասները: Լաւ չբուժուած մալարիայով հիւանդը իր առողջութիւնը, իր կենսունակութիւնը եւ տոկուն աշխատանքի ունակութիւնը կը կորսնցնէ: Երկարատեւ կամ ամէն տարի կրկնուող դողէրոցքը, մարդը հիւծման կը հասցնէ, քայքայելով անոր առողջութիւնը առհասարակ, զայն քչարիւն, ջղային, տկար, եւ այլն դարձնելով:
Հետեւաբար, երկարատեւ մալարիայով հիւանդ մարդը այլեւս անկարող կը դառնայ այն չափով աշխատիլ, ինչ որ առողջը: Ուրեմն, երկրի կորուստը իրապէս շատ աւելի պէտք է հաշուել:
Այս գրքոյկով մենք ժողովուրդին կ՚ուզենք հասկցնել այս հիւանդութեան իսկութիւնը եւ անոր դէմ կռուելու միջոցները:
2. ՄԱԼԱՐԻԱՅԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ
Իւրաքանչիւր հիւանդութիւն իսկական պատճառ մը ունի: Տեսնենք թէ ինչէ՞ն յառաջ կու գայ մալարիան, ո՞րն է անոր աղբիւրը եւ ի՞նչ է այն թոյնը, որ մեր մէջ կը մտնէ եւ կը հիւանդացնէ մեզ:
Գիտնականները շատոնց գիտեն (եւ հասարակ ժողովուրդն ալ գիտէ), որ դողէրոցքը ճահիճոտ, խոնաւ վայրերու, ծովերու, լիճերու եւ գետերու տղմոտ ափերուն մէջ կ՚ըլլայ, եւ առհասարակ այնպիսի տեղերու մէջ, ուր կանգնած անշարժ ջուր կայ: Գիտէին նաեւ, որ ջերմը ամբողջ տարին չ՚ըլլար, այլ՝ տարուան որոշ եղանակներուն, գարնան ու աշնան, այսինքն՝ ճիշդ այն ամիսները, երբ աւելի խոնաւութիւն կայ եւ գետնի երեսին ջուրեր կը հաւաքուին ու կանգնած կը մնան: Կ՚ենթադրէին, թէ այս կանգնած ջուրերէն վատ օդ կը բարձրանայ եւ կը թունաւորէ մարդիկը (մալարիա կը նշանակէ վատ օդ), բայց թէ ի՞նչ էր հիւանդութեան թոյնը, չէին գիտեր:
Քառասուն տարի առաջ միայն այդ թոյնը գտան, երբ լաւ քննեցին հիւանդներուն արիւնը:
Բայց նախ տեսնենք, թէ ի՞նչ է արիւնը:
Արիւնը հեղուկ մըն է (ջուր է), որու մէջ անթիւ-անհամար մանր գնդիկներ կը լողան, որոնց անունը արեան գնդիկներ դրած են:
Ասոնք այնքան մանր են, որ պարզ աչքով տեսնելը անկարելի է, այլ՝ միայն մանրադիտակի (մեծցնող գործիքի) միջոցով, որ առարկանները 1000-2000 եւ աւելի անգամ կը մեծցնէ:
Արեան գնդիկները երկու տեսակ են. կարմիր եւ սպիտակ: Կարմիրները շատ աւելի բազմաթիւ են, քան սպիտակները:
Կարմիր գնդիկներն են, որ արիւնին կարմիր գոյն կու տան: Եթէ այդ գնդիկները հանենք, արիւնը դեղնագոյն կը դառնայ:
Եթէ դողէրոցք ունեցողէ մը կաթիլ մը արիւն վերցնենք եւ մանրադիտակով զննենք, կը տեսնենք որ կարմիր գնդիկին մէջ մարմինիկ մը մտած է: Ատիկա ճի՛շդ մալարիայի մակաբոյծն է, այսինքն՝ էակ մը, որ արիւն ծծելով կ՚ապրի:
Ան արեան գնդիկին մէջ կը մտնէ, կը ծծէ անոր հիւթը ու կարմիր ներկը, ինք կը մեծնայ, կը կարմրի, իսկ կարմիր գնդիկը ընդհակառակը, երթալով կը տակարանայ, կը սպառի եւ իր գոյնն ալ կը կորսնցնէ: Մի քանի ժամուան ընթացքին այս մակաբոյծը կ՚ուտէ-կը քանդէ արեան գնդիկը եւ կ՚ուռիկը մեծնայ եւ ամբողջ գնդիկը կը լեցնէ: Այն ատեն ան՝ ի՛նքը կը հերձուի եւ ծնունդ կու տայ 3-16 մանր էակներու, որոնք նորածին մակաբոյծներ են: Յետոյ արնագնդիկի բարակ պարկը կը պատռուի, մակաբոյծները կ՚ազատին ու արիւնին մէջ կը լեցուին, ուր ալ կը մեծնան: Անոնցմէ ամէն մէկը դարձեալ կը մտնէ արեան նոր գնդիկի մը մէջ, նոյնպէս կ՚ուտէ այդ գնդիկը, ինչպէս իր մայրը ըրած էր, եւ նոյնպէս կը ցրուի եւ մատաղ մակաբոյծներ կու տայ. եւ այսպէս անվերջ:
Այս մակաբոյծներուն թիւ եւ համար չկայ: Ահագին քանակութեամբ կը լեցուին անոնք արեան մէջ եւ երկու ժամուան մը ընթացքին կը բազմանան եւ կ՚ոչնչանան ահագին քանակութեամբ գնդիկներ:
Գիտնականներուն ըսելով, այն միջոցին երբ կը սկսի հերձումը, կը սկսի նաեւ դողը: Ուրեմն, դողի պատճառը մակաբոյծներուն բազմանալն է: Քրտինքի ժամանակ այս մակաբոյծները ամբողջութեամբ կը կորսուին՝ այլեւս զանոնք արեան մէջ չենք գտներ: Յաջորդող կամ երրորդ օրը, դարձեալ դողէրոցքի ժամանակ, անոնք դուրս կու գան իրենց պահուըտած տեղերէն եւ դարձեալ արեան գնդիկներուն մէջ կը ցրուին: Եթէ դողէրոցքի նոպան օրը մէջ վրայ կու տայ, կը նշանակէ թէ մակաբոյծներն ալ օրը մէջ կը բազմանան. եռօրեայ դողէրոցքի պարագային՝ երեք օրը մէկ անգամէն:
Հիմա ընթերցողը կը հարցնէ ինծի.
-Բժի՛շկ, դուք կ՚ըսէք, թէ այդ մակաբոյծները արեան ամենէն գլխաւոր մասը կը փճացնեն, այն է՝ կարմիր գնդիկները, հետեւաբար ինչպէ՞ս է, որ դողէրոցք ունեցող հիւանդը երկար տարիներ առանց այդ գնդիկներուն կ՚ապրի:
Առանց կարմիր գնդիկներու մարդ ո՛չ միայն երկար տարիներ, այլ՝ ո՛չ մէկ վայրկեան կրնայ ապրիլ: Խնդիրն ալ ճիշդ այդ է, որ այդ գնդիկները դարձեալ կը գոյանան եւ արիւնին մէջ կը լեցուին ու փճացածներուն տեղը կը բռնեն: Իսկ եթէ դողը կ՚երկարի, բոլորն ալ գիտեն, որ հիւանդին գոյնը կը նետէ, ան կը նիհարնայ, թոյլ կ՚ըլլայ, գլխացաւեր եւ գլուխի պտոյտ կ՚ունենայ, եւ այլն: Ատիկա կը նշանակէ, որ հիւանդին արիւնը պակսած է, այսինքն՝ փճացած կարմիր գնդիկներուն քանակը շատ մեծ է, եւ նոր գոյացած գնդիկներուն թիւը փճացածներէն քիչ է եւ չի՛ լրացներ կորուստը: Հետեւաբար, արիւնը աւելի քիչ գնդիկներ կը պարունակէ իր մէջ, քան՝ անհրաժեշտ է: Ատկէ ալ յառաջ կու գայ քչարիւնութիւնը: Հիմա մենք գիտենք, թէ դողէրոցքը ի՞նչ հիւանդութիւն է եւ ի՞նչ բանէ կը յառաջանայ:
Դողէրոցքը կամ ճահճային տենդը կամ մալարիան հիւանդութիւն մըն է, որ յառաջ կու գայ անկէ, որ տեսակ մը մանր մարմինիկներ կը մտնեն արիւնին մէջ, այն տեղ կը շատնան եւ կ՚ոչնչացնեն արեան գնդիկները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ