«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԻԱԿ»
Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ հարիւրաւոր քաղաքացիներ հաւաքուեցան Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ: Նշեմ, որ ընդդիմադիր «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը երէկ յայտարարած էր, թէ պիտի փորձէր ամէն գնով տապալել կառավարութեան այս օրուան նիստը։ Սակայն, մեր տուեալներով, Փաշինեան այսօր եւս յամառօրէն կը գլխաւորէ նախարարաց խորհուրդի ժողովը։ Հինգշաբթին դահլիճի հերթական նիստերու օրն է։
Նշենք նաեւ, որ ելոյթներ հնչեցին կառավարութեան շէնքին առջեւ, ուր մասնաւորապէս խօսք առին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչներ: Ի դէպ, ես կարողացայ առիթէն օգտուելով կարճ զրոյց մը ունենալ խորհրդարանի նախկին փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի հետ, որ իմ հարցին պատասխանելով ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը պէտք է համարել մեծագոյն աղէտը, եղեռնէն ետք։ Ան նաեւ նշեց, որ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն Փաշինեան քանիցս մերժեց ռուսական կողմի հրադադարի առաջարկները։ Ուստի, սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած հայ զինուորներու արիւնը Փաշինեանին վրայ է: Շարմազանով նաեւ դիտել տուաւ, որ Փաշինեան այլընտրանք չունի, կորսնցուցած է իշխանութեան գլուխ մնալու համար անհրաժեշտ բոլոր քաղաքական, ազգային նաեւ ընկերային յենարանները եւ ժողովուրդին տեսակէտէ ինք կը համարուի քաղաքական դիակ մը:
Այս բոլորէն անդին նշենք նաեւ, որ կը շարունակուի Երեւանի բողոքի հաւաքը, ընդդիմութիւնը տակաւին չէ որոշած, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի դիմէ, սակայն յստակ է՝ որ ընդդիմադիր գործիչներու մօտ զգալի է շարժումը շարուակելու վճռակամութիւնը: Ի դէպ, կան նաեւ խօսակցութիւններ, ըստ որոնց խորհրդարանի մէջ կարգ մը խմորումներ տեղի կրնան ունենալ՝ հաշուի առնելով, որ այս քաղաքական ճգնաժամը, ըստ որոշ մեկնաբանութիւններու, կարելի է լուծել սահմանադրական ճամբով։ Այսինքն՝ խորհրդարանը պէտք է գումարէ արտակարգ նիստ մը եւ զրկէ Փաշինեանը վարչապետի իրաւասութիւններէն։ Աւելի վերջ տեղի կրնայ ունենալ նոր ընտրութիւն մը: Այս առումով կը մնայ էական հարցում մը. արդեօք ընդդիմութեան կողմէ առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան պիտի ըլլա՞յ վարչապետի այն թեկնածուն, որուն անունը պիտի շրջանառուի կամ օրակարգի վրայ պիտի դրուի խորհրդարանին մէջ:
Այս բոլորէն անդին եւ աւարտելու համար այսօրուայ վկայութիւնները Երեւանէն՝ նշենք նաեւ, որ յուսալի է՝ թէ թէժ զարգացումներ չեն ըլլար, բախումներ չեն ըլլար։ Որովհետեւ ընդդիմութեան շուրջ համախմբուած ժողովուրդը, հանրութիւնը վճռական է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024