«ԱՇԽԱՐՀ, ԱՅՈ՛, ՇՈՒՌ Է ԵԿԵԼ»

Արամայիս Պապայեանի հեղինակած երեք արարով, թատրերգութեան-կատակերգութեան վերնագիրն է, զոր ան գրած է 1968-ին: Թէեւ հեղինակը գրած է այս թատերախաղը աւելի քան յիսուն տարիներ առաջ, բայց կ՚արժէ մտածել վերնագիրին եւ անոր այժմէականութեան մասին: «Աշխարհը, այո՛, շուռ է եկել»: Աւելի քան յիսուն տարիներ առաջ գրուած ու օգտագործուած վերնագիրը այսօր որքա՜ն կը խօսի ներկայ աշխարհի մասին:

Երկուշաբթի, փետրուարի 6-ի առաւօտ կանուխ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ, որ սկիզբ առաւ Թուրքիոյ մէջ եւ հարուածեց նաեւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը: Ու տակաւին, ահաւոր ցնցումներ ապրած են մարդիկ Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ: Քուէյթ նստած՝ կը դիտեմ նկարները եւ կը հետեւիմ լուրերուն: Ցնցիչ է եւ մտահոգիչ: Աղէտը հասած է մեր դռներուն եւ խլած՝ նիւթական ու մարդկային զոհեր, նաեւ՝ հայեր: Եւ այս վերջինը աւելիով կ՚ապրեցնէ տագնապը, յուզումը եւ վախը:

Հալէպ քաղաքին հանդէպ ունիմ յատուկ ջերմութիւն: Ծնողքս բնիկ հալէպահայեր են եւ հօրեղբայրս՝ տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեան, իր համակ կեանքը եւ մասնագիտութիւնը դրաւ Հալէպի եւ Սուրիոյ հայրենիքին համար: Քանդումները դիտելով՝ կայ յուզումը, մտահոգութիւնը, տագնապն ու անորոշութիւնը: Հարց կու տամ՝ «Մեր Հալէպը տակաւին որքա՞ն տառապանք պիտի կրէ»:

Եթէ երկրաշարժը եւ Հալէպի ու Թուրքիոյ հայաշատ գաղութներու մարդկային եւ նիւթական վնասները կ՚ընկճեն, բայց անոնք կու գան աւելնալու ներկայ օրերու աշխարհի դիմագրաւած բազմաբնոյթ ու բազմազան տագնապներուն վրայ: Արցախը կը մնայ շրջափակուած՝ աւելի քան վաթսուն օրերէ ի վեր: Հայաստանը կ՚ապրի իր ներքին ու արտաքին՝ տարածաշրջանային եւ այլ մեծ ու մտահոգիչ վերիվայրումներ: Այս բոլորը՝ հայկական պրիսմակէն:

Արեւմտեան աշխարհը կ՚ապրի իր գերազատութեան եւ սանձարձակ կեանքի ու անոր արժեւորումներու համակարգ մը ստեղծելու իրականութիւններու մէջ: Պատանին ու պարմանուհին մինչեւ տասնհինգ տարեկան պէտք չունի որոշելու, թէ ի՞նչ սեռի կը պատկանի: Կրնայ որոշել եւ երեւի ընտրել այդ մէկը այդ տարիքէն ետք: Մա՞նչ, թէ՞ աղջիկ: Բայց ինչպէ՞ս կրնայ որոշել եւ ընտրել, երբ Աստուած ստեղծեց զինք, մեզ եւ իւրաքանչիւրս՝ մարդ եւ կին: Մարդը կու գայ այսօր շրջելու Աստուծոյ ստեղծագործութեան իրողութիւնը եւ կրթական ծրագիրին մէջ կը փորձէ ներմուծել արժէքի նոր գիտակցութիւն մը,  որ պիտի տնօրինէ ընկերային կեանքի նոր համակարգը:

Պատերազմներու շարանը կը շարունակուի: Եթէ կայ երեւցող եւ խօսուող պատերազմներ, բայց կայ նոյնքան լռելեայն եւ ուշադրութիւններէ հեռուն: Ուքրայնայի պատերազմը լուսարձակներու տակ է եւ կը խլէ կ՚անցնի ամէն ուշադրութիւն եւ հետաքրքրութիւն, քանի հոն կան տարբեր հաշուարկներ: Բայց կան, տակաւին, աշխարհի տարբեր կողմերու մէջ տագնապներ՝ Եմէն ու Լիպիա, ուր մանուկներ կը մահանան ու կը տագնապին սովամահութենէ եւ այլ դժուարութիւններէ, բայց աշխարհ կ՚անտեսէ զանոնք: Նոյն աշխարհը չ՚ուզեր տեսնել, որ շրջափակուած Արցախի մէջ կան աւելի քան երեսուն հազար մանուկներ, որոնք տարրական սնունդի պահանջը ունին:

Աստուած ստեղծեց բնութիւնը եւ տեսաւ, որ Բարի է: Աստուած մարդը դրաւ վերակացու, որպէսզի պահէ բնութիւնը իր Բարի պիտակին մէջ: Բայց աշխարհ հետամուտ է իրականացնելու իր քաղաքական եւ ռազմական շահարկումները՝ գերադասելով բնութեան պահպանումի տուեալները եւ ուր կը ձգտի կլիմայական փոփոխութիւններ ձեռնարկելու:

Կը հետեւիս տնտեսական ու ֆինանսական աշխարհի հսկայական ելեւէջներուն ու տագնապներուն: Մարդը կը դիզէ հարստութիւն՝ կեղեքելով իրաւունք եւ անտեսելով մարդուն նուազագոյն առանձնաշնորհումները: Գողութիւնը եւ կաշառակերութիւնը կը դարձնեն կեանքի եւ համակարգի արժէք: Բայց Աստուած ըսաւ՝ «Գողութիւն մի՛ ըներ»:

Վիճէյը Սրի Լանքայէն է: Աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր կ՚ապրի ու կ՚աշխատի Քուէյթ՝ որպէս վարորդ: Ուսեալ չէ եւ իր օրապահիկը կը վաստկի աշխատելով շաբաթը եօթ օր: Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժի յաջորդ օրը զիս կը տանէր աշխատանքի, չուշացաւ Վիճէյին հարցումը. «Մարդ ինչո՞ւ այսքան ագահ է եւ դրամ կը դիզէ ամէն ձեւերով, երբ մէկ վայրկեանի մէջ կրնայ մահանալ, ինչպէս շատեր՝ այս երկրաշարժին»:

Վիճէյին հարցումին ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի ուզէ պատասխանել:

Երեւի Հալէպի երկրաշարժը մղեց զիս մտնելու այս մտորումներուն մէջ եւ այս մտորումներուն մէջէն տեսնել՝ «Աշխարհը, այո՛, շուռ է եկել»: Մալխասեան «շուռ» բառը կը բացատրէ որպէս «խելայեղ, խելագարած, երես դարձնել, երես թեքել»: Կայ նոյն բառին այլ արմատը՝ «ժուռ»: Հոն կը բացատրէ՝ «շփոթած, շուարած, այս կամ այն կողմ դառնալու եւ բան մը գտնելու» նշանակութիւնները:

Աշխարհ շո՞ւռ, թէ՞ ժուռ է եկել: Երեւի՝ երկուքը: Երբ կը դիտես աշխարհի իրադարձութիւնները եւ մարդուն ապրած ու ստեղծած կեանքը, պիտի տեսնես, թէ ան որքա՜ն խելագարած է: Բայց ան նոյնքան երես կը դարձնէ իր գիտցած ու սորված կեանքի արժէքներուն եւ ճշմարտութիւններուն: Ան երեւի շփոթած է, եւ այս կամ այն կողմ կը դառնայ՝ նոր իրավիճակնե՞ր, թէ՞ նոր ճշմարտութիւններ փնտռելով:

Աշխարհը շուռ է եկել: Մարդը դարձեալ հեռացած է Բարիի պիտակէն եւ կը ստեղծէ չարը: Եթէ մարդ կը ստեղծէ չարը, նոյնքան կ՚ընէ նաեւ բնութիւնը: Եւ ահա երկրաշարժն ու բնութեան աղէտը:

Չեմ գիտեր՝ եթէ մարդկային աշխարհը կը մօտենայ իր վերջալոյսին: Կ՚ուզեմ մնալ ներկային մէջ եւ շարունակել ապրիլ այսօրը,  այնքան ատեն որ ունիմ զայն: Այսօրը ունի իր պատասխանատուութիւնը եւ պարտականութիւնները ու այս՝ մեկնելով քրիստոնէական մեր աստուածաբանութենէն եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութենէն: Աստուած ստեղծեց աշխարհը: Ստեղծեց նաեւ մարդը՝ իր պատկերով: Աստուած այս ստեղծագործութեան նայելով՝ տեսաւ, որ Բարի է: Բայց մարդը շեղեցաւ իր Բարի ինքնութենէն եւ ընտրեց չարը: Մեղքը:

Աստուած երբեք չյուսահատեցաւ մարդը ետ՝ իր Բարի նկարագիրին վերադարձնելէ: Ան ղրկեց իր Որդին՝ Քրիստոսը, որպէսզի հաշտեցնէ մարդը իրեն հետ: Հաշտեցնելու գործընթացը եղաւ Նոր Կեանքի միջոցով, զոր Քրիստոս շնորհեց մարդուն, եւ Ան կ՚ուզէ, որ մարդը Նոր Կեանքը ապրի եւ նոյնքան նաեւ ստեղծէ նորերը:

Բայց աշխարհը այսօ՞ր: Այո՛, շուռ է եկել: Մարդը դարձեալ հեռացած է իր ինքնութենէն եւ երեւի բնութիւնն ալ կը հետեւի մարդուն:

Պատանի տարիքէս միշտ ալ խորհրդաւոր էր ինծի համար Աստուածաշունչի Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքը: Մեզի կ՚ըսէին, որ հոն կը խօսուի աշխարհի վերջաւորութեան մասին, եւ թէ ինչպէս՝ պատերազմներ, երկրաշարժներ, աղէտներ պիտի պատահին եւ աշխարհ պիտի վերջանայ: Բայց սերտողութիւններուս մէջէն տեսայ, որ Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքը պէտք չէ դիտարկել որպէս աշխարհի վերջը պատկերացնող գիրքը, այլ կ՚արժէ կամրջել անոր բովանդակութիւնն ու նկարագրականները կեանքի մեր ապրած ներկայ օրերու իրականութիւններուն ու տագնապներուն եւ տեսնել, թէ ի՛նչ պէտք է ընել: Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքին մէջ կը խօսուի պատերազմներու եւ աղէտներու մասին, բայց հոն չի կենար: Կայ հրամայական պատասխանատուութիւնը. «Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէսզի մէկը չառնէ քու պսակդ» (Յայտնութիւն Յովհաննու 3:11):

Աստուած մեզի տուած է Բարիի ինքնութիւնը: Բարին Քրիստոսի միջոցով մեզի շնորհեց Նոր Կեանքի իրականութիւնը, որուն մէջէն պիտի փորձենք յաղթահարել բոլոր տագնապները, որքան ալ անոնք դժուար ըլլան: Այն, ինչ որ պիտի ընենք այսօր, այս հաւատքը, որ մեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսի Նոր Կեանքին մէջէն, պիտի փորձենք ամուր պահել, որքան որ փորձութիւնները շատնան: Աշխարհը իր շուռ եկած վիճակով պէտք չէ մեզ շեղէ ամուր կառչելէ եւ պահելէ մեր պսակը: Եւ պսա՞կը: Մեր հաւատքն է, մեր ինքնութիւնը եւ մեր արժէքը:

Շատ դժուար օրերու մէջ ենք: Մեր սրտին մէջ սեղմած ենք յուզում, արցունք, ցաւ, վիշտ ու տակաւին…: Այս բոլոր դժուար իրավիճակները պէտք է դիմագրաւել: Ուրիշ ելք չկայ:

Մարդկային կորուստները շատ են: Յարգանք անոնց յիշատակին:

Սգաւորները բազմաթիւ են: Մխիթարութիւն եւ համբերութիւն անոնց:

Մնացողներս: Կամք, որպէսզի մեր ունեցածը ամուր բռնենք, որովհետեւ պիտի պահենք պսակը:

Աշխարհը, այո՛, շուռ է եկել: Այս շուռ եկած աշխարհին մէջ կանչուած ենք հոսանքն ի վեր թիավարելու, որովհետեւ ունինք մեր պսակը եւ կանչուած ենք զայն ամուր բռնելու: Այս պսակը ուժ է: Ուժը, որ շուռ եկած աշխարհը պիտի կարենանք շիտակ եւ ճիշդ ուղղութեան բերել:

Եւ շիտակ ու ճիշդ ուղղութի՞ւնը: Բարին (վեր)ստեղծելուն մէջ է:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, փետրուար 2023

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023