ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Աւստրալահայ ազգային գործիչ Ստեփան Քըրքեաշարեան համոզուած է, թէ պատերազմի մէջ պարտուած որեւէ երկիր կարիքն ունի ազգային համաձայնական կառավարութեան։ Ան երկար տարիներ Աւստրալիոյ մէջ եղած է՝ գաղթականներու համարկման հարցերով պետական յանձնակատար։ Քըրքեաշարեան վերջերս այցելեց Երեւան եւ այս առթիւ հնարաւորութիւն ունեցանք իր տեսակէտները շօշափելու՝ Հայաստանի հրատապ օրակարգի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։
*
-Ի՞նչ առիթով կը գտնուիք Հայաստան։
-Որպէս հայ՝ հոգեպէս ես ինծի կապուած կը զգամ այս հողին։ Տասն տարիէ ի վեր գրեթէ ամէն տարի կու գամ Աւստրալիայէն, երբեմն տարին երկու-երեք անգամ։ Եկած եմ Հայաստանը զգալու, Հայաստանը վայելելու։
-Կրնա՞ք մեզի մանրամասնութիւններ ներկայացնել ձեր գործած ոլորտներու մասին։
-Համեստութիւնը մէկ կողմ դնելով, ես երեսուներեք տարի բարձր պետական պաշտօններ վարած եմ Աւստրալիոյ մէջ։ Յանձնակատարի՝ comissioner-ի պաշտօնով, ունէի որոշ իրաւասութիւններ, որոնք համապատասխան էին նախարարի մը ազդեցութեան։
Գործունէութիւն ծաւալած եմ երեք ոլորտներու մէջ։ Եղած եմ հիմնադիր տնօրէն Աւստրալիոյ «Special Broadcasting Service»ին եւ հիմնադիր տնօրէնը՝ պետական ձայնասփիւռի ցանցին։ Ինն տարի այդ պաշտօնը զբաղեցնելէ ետք արդէն հիմնած էի ռատիոյի ցանց մը, որ կը ձայնասփռէր մօտ 50-52 ռատիօկայաններու միջոցաւ, 63 լեզուով։ Ատկէ վերջ անցայ նահանգային գործունէութեան եւ նշանակուեցայ յանձնակատար։ Այդ պաշտօնի գործառոյթներուն մէջ էր բազմամշակոյթ ներգաղթեալներու միջեւ համարկումն ու համագործակցութեան ապահովումը։ Այդ ժամանակ Աւստրալիա սկսած էր մեծ թիւով՝ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ ընդունիլ այնպիսի երկիրներէ, որոնցմէ մինչեւ այդ թուականը մեր կողմերը ներգաղթող չէր եղած. օրինակ՝ Ափրիկէի երկիրներէ։ Ասոր զուագհեռ երկրին մէջ նկատելի սկսած էր դառնալ՝ մինչ այդ չեղած կրօններու հետեւորդներուն երեւելի աճը։ Մինչեւ այդ ժամանակ գրեթէ ոեւէ մէկ իսլամ չէր կրնար գալ եւ Աւստրալիա բնակիլ։ Ուրեմն մեծ թիւով իսլամներ եւ պուտտիստներ սկսան Աւստրալիա հասնիլ։ Այդ բոլորը կարիքն ունէին՝ պետական օրէնքներու փոփոխման, որպէսզի նաեւ հեշտացուին, յարմարեցուին այդ կրօններու հետեւորդներուն պահանջները։ Այդ բոլորին ներդաշնակ կազմակերպումը ինծի վիճակած պատասխանատուութիւնն էր։ Միւս կողմէ, նաեւ ցեղատեացութեան նման հարցեր ծագեցան եւ ժողովուրդին մէջ տագնապ մը ստեղծուեցաւ։ Տակաւին վախ ալ կար, որ նոր եկողները բնիկներուն հետ բախումներու կրնային բռնուիլ։ Այդ բոլորը համակարգելու համար նոր օրէնքներ պէտք էր մշակուէին եւ այդ բոլորին պատասխանատուութիւնը իմ եւ կազմակերպութեանս վրայ էր։
-Հայաստան այս այցը կը տարբերի՞ միւսներէն։
-Որոշ չափով այո՛, կը տարբերի։ Առաջինը՝ երեք տարիէ ի վեր չէի կարողացած գալ համաճարակի պատճառով։ Երկրորդը՝ եկայ 44-օրուայ պատերազմէն ետք, որով ջախջախիչ պարտութեան ենթարկուեցաւ հայրենիքը։
-Բնական է, որ հետեւեցաք ամբողջ պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն ետք ստեղծուած այս բարդ կացութեան։ Ինչպէ՞ս կը վերլուծէք։ Դէպի ո՞ւր կ՚երթանք։
-Երբ առաջին անգամ Հայաստան եկայ տասն տարի առաջ, որեւէ մտադրութիւն չունէի հետաքրքրուելու ներքին քաղաքականութեամբ։ Պարզապէս ուզեցի գալ եւ հոգեկան գոհունակութիւն զգալ հայրենիքիս մէջ։ Սակայն, երբ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը սկսաւ, անշուշտ, ես այդ ժամանակ Աւստրալիա էի, հետաքրքրութիւն ծագեցաւ մէջս Հայաստանի քաղաքական կեանքին նկատմամբ։ Որոշ չափով ուրախ էի, որ Թաւշեայ յեղափոխութիւն տեղի կ՚ունենար՝ այն իմաստով, որ, իմ կարծիքով, Հայաստանի ժողովուրդը այլեւս հասունցած էր՝ որպէս ժողովրդավար երկրի մը քաղաքացի եւ գիտէր, թէ ինքզինք եւ իր կամքը կրնար պարտադրել խաղաղ միջոցներով։ Տեսայ, որ ժողովըր-դավարական հիմնական սկզբունքը պիտի արմատանար Թաւշեայ յեղափոխութեամբ, սակայն յուսախաբ եղած եմ։
-Վերադառնալով Հայաստանի այսօրուան վիճակին՝ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այժմու պատկերը։
-Դժբախտաբար, ես շուարած եմ հետեւեալ պատճառներով։ Նախ եւ առաջ՝ տեղեկատուութեան ցանցերու մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ՝ հեռուստատեսիլը, նոյնիսկ թերթերը, բոլորովին անվստահելի են։ Ճշմարտութիւնը սուտէն զանազանելը դժուար է։ Մէկ կողմէ կան խմբագրական կազմերուն նախընտրանքները, միւս կողմէ՝ մամլոյ աղբիւրները գանձատրողներուն նախասիրութիւնները, նախապաշարումները։ Իմ փորձառութենէն գիտեմ, որ Հայաստանի մէջ կայ շատ լաւ կազմակերպուած քարոզչութեան համակարգ մը, որ ուղղակի կ՚ուզէ ժողովուրդին մէջ որոշ մտածումներ փոխել եւ ժողովուրդը որոշ ուղղութեամբ առաջնորդել։ Երկրորդ՝ ժողովուրդը վախի մէջ է։ Հսկայական վախ մը կայ երկու մարզերու մէջ։ Առաջինը՝ այսպէս կոչուած նախկիններն են։ Թէ ովքե՞ր են նախկինները՝ մասնաւոր բացատրութիւն չկայ, բայց ժողովուրդը վեր ի վարոյ կը հասկնայ, թէ նախկինները անոնք են, որոնք իշխանութեան վրայ էին 2018-էն առաջ եւ ոչ-նախկինները անոնք են, որոնք իշխանութեան վրայ են 2018-էն ասդին։ Եթէ ոեւէ առաջնորդի մը, ղեկավարի մը, կամ նոյնիսկ քաղաքական դէմքի մը անունը տաս, որ 2018-էն առաջ պաշտօնի գլուխ կը գտնուէր, ժողովուրդը անմիջապէս կ՚ըսէ. «Ո՛չ, անոնք նախկին են»։ Այդ վախը կը վերագրուի հետեւեալ մտայնութեան, որ եթէ ներկայ կացութիւնը փոխենք, ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Հոս փոխել ուզողները եւ չուզողները կը միանան՝ վախը կը միացնէ զիրենք։ Երկրորդը՝ վախ կայ, որ եթէ որեւէ իշխանական փոփոխութիւն ըլլայ, ապա պատերազմ պիտի ծագի։ Այս մտայնութեան մէջ թէ՛ մեր թշնամիները, թէ մեր բարեկամ պետութիւնները այս բոլորը քննած են եւ կը հասկնան։ Ուրեմն, երբ ամբողջ երկիրդ այսպիսի վախի մէջ է, շատ դժուար է գոհացուցիչ եւ արդար լուծում մը գտնել։ Թերեւս ժողովուրդը չէ անդրադարձած, բայց ես իմ փորձառութենէս գիտեմ, որ որեւէ պետութիւն՝ մանաւանդ այս մեծ պետութիւնները, որոնք իրենց քայլերը կը ծրագրեն, անպատճառ նկատի կ՚առնեն երկրի մը ղեկավարութեան, իշխանութեան եւ ժողովուրդին հոգեբանութիւնը։ Այս հոգեբանութեան մէջ երկիր մը, որ ռազմականօրէն պարտուած է, շատ դժուար է, որ գտնէ նոր դաշինքներ եւ դաշնակիցներ, որոնք իսկապէս պիտի օժանդակեն ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով։ Այս մթնոլորտին մէջ, պետութիւնը նախ պէտք է իր ամբողջ արտաքին քաղաքականութիւնը մանրադիտակով քննէ եւ վերակազմէ եւ, միեւնոյն ատեն, երկրին մէջ պէտք է ստեղծէ միասնականութիւն եւ ինքնավստահութիւն։
-Այս բոլորէն անդին, դուք ձեր կեանքի մեծ բաժինը սփիւռքի մէջ ապրած էք։ Ինչպէս շատ հայեր, դուք եւս (շատ հաւանաբար) Թուրքիոյ հանդէպ վերապահութիւններ ունիք եւ անոնց մէջ կան նաեւ պատմական ազդեցութիւններ։ Ինչպէ՞ս կը դիտէք Թուրքիոյ ներկայ դերը։
-Թուրքիոյ կապակցութեամբ երկու հարց կայ։ Մենք պէտք է քաղաքական իրատեսութեամբ ընդունինք, որ ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի գործակիցը, ներկայացուցիչը Թուրքիան է։ ԱՄՆ-ի ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, Թուրքիոյ միջոցաւ է։ Վաղը քաղաքական պայմանները կրնան փոխուիլ, սակայն ներկայիս ա՛յս է կացութիւնը։ ԱՄՆ-ի ամենէն կարեւոր ռազմական օդակայանը եւ ռազմախարիսխը Թուրքիոյ մէջ է։ Չենք կրնար անտեսել ատիկա։ Հայաստանն ալ չի կրնար անտեսել այդ մէկը։ Միւս կողմէ, բնաւ պէտք չէ զարմանանք, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ իր շահերը եւ անոր շահերը դէպի Արեւելք են եւ ո՛չ դէպի Արեւմուտք։ Ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը չի կրնար դէպի Արեւմուտք ըլլալ, որովհետեւ իր դաշնակիցները Արեւմուտքի մէջ են, իսկ իր տնտեսական, վաճառականական շահերը՝ Արեւելքի մէջ։ Հոն ինք հսկայական շահեր ունի։ Հոն կան տնտեսական գետիններ, որոնք կրնան օգտագործուիլ։ Ուրեմն այս բանը ընելու համար Թուրքիա պէտք է ճանապարհ ունենայ դէպի Արեւելք։ Դժուար է իրեն համար Իրանի միջոցաւ երթալ Արեւելք, Ռուսաստանի կողմէ ալ չի կրնար երթալ։ Հոն կայ Հայաստանը։ Եթէ ես Թուրքիոյ ղեկավարը ըլլայի, կ՚ըսէի, որ Հայաստանէն վազ անցնինք՝ վերացնենք կամ մերը դառնայ, որպէսզի մեր ճամբան բացուի՝ եթէ ոչ ռազմական ներկայութեամբ, ապա քաղաքական ներկայութեամբ։ Հայաստան չի կրնար անտեսել այս իրականութիւնը։ Թուրքիա երբեք ռազմական քայլեր առնելու պէտք չունի այս բանը ընելու համար։
-Ձեր կարծիքով՝ Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ այս փոթորիկէն դուրս գալ։
-Հայաստան անկախութենէն ի վեր չօգտագործեց սփիւռքի մէջ ունեցած իր արժէքները։ Օրինակի համար, Նիւ Զելանտայի՝ Հայաստանէն ամենէն հեռաւոր կղզիի ընդհանուր դատախազը հայ մըն է, որ հսկայական պաշար ունի օրէնսգիտութեան մէջ։ Միջազգային առումով աշխարհի ամենաբարձր պաշտօններէն մէկուն հասած անձ մը, որուն օգնութեան երբեք չէր դիմած Հայաստան։ Պենոն Սեւանը կար։ Ան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղարի տեղակալն էր։ Պատերազմի օրերուն Իրաքի մէջ ամբողջ շրջանի պատասխանատուն ինքն էր։ Այդպիսի անձի մը գիտելիքը, փորձառութիւնը, կարողութիւնը, ցանցը պէտք էր օգտագործուէր ի նպաստ Հայաստանի։ Չօգտագործուած հսկայական ներուժ ունինք եւ այդ մէկը մինչեւ այսօր չօգտագործուեցաւ։ Նշենք նաեւ ելեկտրակայանի, աթոմակայանի փակումը։ Այդ ժամանակ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հմտօրէն պէտք է ըսէր, թէ երկիրը չի կրնար գործել առանց այդ կայանին։ Նաեւ պէտք էր ըսել՝ եթէ վտանգաւոր է, եկէք դուք Ռուսաստան, Թուրքիա, ՄԱԿ, փող դրէք սարքեցէք։ Պէտք էր ըսել, որ պիտի չփակուի այս ելեկտրակայանը։ Սեպենք, թէ ելեկտրակայանը կարելի չէր բաց պահել, բայց ինչո՞ւ համար այդ գործարանները ծախուեցան։ Եթէ ելեկտրակայանը բանալու յոյս կար, ինչո՞ւ չպահպանեցիք այդ գործարանները եւ աղէտ բերիք ժողովուրդի գլխուն։ Ինչո՞ւ համար փճացուցիք արտադրութիւնները։ Աշխարհի ամենէն լաւ քաուչուկը Հայաստանի մէջ կ՚արտադրուէր։ Հայաստանի մէջ կ՚արտադրուէր ինքնաշարժ, Հայաստանի մէջ կ՚արտադրուէր դաշնամուր։ Ինչո՞ւ համար փակեցիք այդ բոլորը։ Փակեցիք, շատ լաւ, ինչո՞ւ համար քայքայեցիք։ Այս բաներուն դուք պատասխան պէտք է տաք։
-Այս բոլորը գիտնալէ ետք, ի՞նչ կարելիութիւններ ունինք այսօր։
-Նայինք ուրիշ երկիրներու, որոնք հսկայական պատերազմէ դուրս ելած են։ Օրինակ՝ եւրոպական երկիր մը, որ յաղթական դուրս եկած է պատերազմէն, բայց տնտեսապէս քայքայուած է, անմիջապէս կազմած է համաձայնական կառավարութիւն։ Սա չի նշանակեր, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող կառավարութիւնը կը հրաժարի երկիրը ղեկավարելէ, ընդհակառակը, սա աւելի կ՚ուժեղացնէ իշխանութիւնը երկու ձեւով։ Առաջին՝ կը լռեցնէ ընդդիմութիւնը, կ՚ըսուի անոր, որ համախոհական կառավարութեան անդամ է, պէտք է խօսի ներսը եւ ոչ թէ դուրսը։ Երկրորդ՝ ինք կը մնայ իշխանութեան գլուխ եւ վերջին որոշումը ինք կ՚առնէ։ Իմ կարծիքով՝ առաջին բանը, որ պէտք է ըլլայ, այդ ազգային համաձայնական կառավարութեան կազմուիլն է։
Բաց աստի, պէտք է կազմուի անկախ «think tank» մը, կեդրոն մը, ուր պէտք է հրաւիրել սփիւռքէն մասնագէտներ եւ անոնց ըսել, որ դուք ազատօրէն ձեր ծրագիրները կազմակերպեցէք եւ ներկայացուցէք մեզի։ Վստահ եմ, թէ անոնք շատ լաւ գաղափարներ կը ներկայացնեն պետութեան թէ՛ տնտեսական, թէ՛ գիտութեան, թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մարզերուն մէջ։ Այդ բոլոր մասնագէտները պէտք է գան Հայաստան, հոս պէտք է բերուին։ Այսօր, համացանցի կապի ներկայութեամբ, ֆիզիքական ներկայութեան կարիքն ալ չկայ։ Այս բոլորը մէկ հրամանագիրով, 24 ժամուան մէջ կարելի է իրագործել եւ որեւէ ձեւով չի խաչաձեւեր ներկայ բանակցութիւնները։ Պետութիւնը կրնայ ըսել, որ այդ մէկը իր ներքին աշխատանքն է։
Երկու ծայրայեղ մտածումներ, գաղափարներ կան։ Մէկը կ՚ըսէ «մահ կամ ազատութիւն», միսը կ՚ըսէ «խաղաղութիւն ամէն գնով»։ Այս երկուքին միջեւ պէտք է միջին գիծ մը, լուծման ընդունելի գիծ մը գտնուի։ Այլ լուծում չեմ տեսներ։
-Երբ Աւստրալիա վերադառնաք, ի՞նչ պիտի ըսէք Հայաստանով մտահոգուածներուն։
-Դժբախտաբար, իմ ըսելիքս պիտի ըլլայ, որ ես շփոթած եմ, ինչ որ կը տեսնեմ՝ անհասկնալի է, գոնէ ինծի համար։ Թերեւս ուրիշներու համար հասկնալի ըլլայ, բայց, մանաւանդ՝ ես պիտի ըսեմ, թէ ցաւալի է, որ ժողովուրդին ճշգրիտ տեղեկութիւն տալու աղբիւր մը չկայ։ Սա պէ՛տք է անպայման ըլլայ։ Անշուշտ, ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չէ ամէն գաղտնիք բացայայտել, բայց երբ իշխանութիւնը քեզի կ՚ըսէ, որ որոշ ծրագիր մը ներկայացուցած է Ատրպէյճանին եւ մերժուած է, այդ մէկը պէտք է ներկայացուի ժողովուրդին, որովհետեւ այդ մէկը գաղտնիք չի կրնար ըլլալ։ Եթէ դուն արդէն առաջարկդ ներկայացուցած ես թշնամիիդ կամ անոր, որուն հետ կը բանակցիս, այդ մէկը պետական գաղտնիք չի կրնար ըլլալ։ Եթէ բոլորը չես կրնար հրապարակել, պէտք է ժողովուրդին ըսես, թէ ինչ ուղղութեամբ կ՚ընթանան բանակցութիւնները։ Գոնէ այն չափով, որ ժողովուրդը գիտնայ, թէ ինչ վիճակի մէջ է երկիրը։ Դուն չես կրնար ժողովուրդին մէջ ստեղծել յոյսեր, որոնք սուտ են։ Երբ պատերազմի ժամանակ ամբողջ սփիւռքը կ՚ըսէր «յաղթելու ենք», ապա հետեւանքը ի՞նչ եղաւ. հսկայ յուսախաբութիւն։ Այսօր սփիւռքի մեծամասնութիւնը այլեւս չի կրնար հաւատալ Հայաստանէն եկած լուրերուն։ Եթէ այսօր մենք կ՚ուզենք ժողովուրդը յուսահատ չընել, ապա վաղը այդ նոյն ժողովուրդը ինքզինք ո՛չ թէ յուսախաբ պիտի նկատէ, այլ՝ խաբուած։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան