ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ԶԱՐԴԵՂԷՆՆԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…
Կար ժամանակ երբ կիներ՝ օղերը կը դնէին իրենց ականջներուն վրայ, իսկ ապարանջանները՝ իրենց ձեռքերու դաստակներուն վրայ։ Տարիները թաւալեցան եւ սովորութիւն դարձած այդ երեւոյթները փոխուեցան, դէպի լաւ թէ գէշ՝ չեմ գիտեր, քանի ես պարզապէս կը ներկայացնեմ իրականութիւնը՝ ինչպէս որ կը տեսնեմ։
Երբ Ամերիկա հաստատուեցայ 1976 թուականին, վերոյիշեալ սովորոյթները տակաւին առկայ էին հոս։ Սակայն կամաց-կամաց փոփոխութիւններ սկսան ակներեւ դառնալ։ Այսպէս, օղերը տեղափոխուելով զետեղուեցան քիթերուն եւ շրթունքներուն վրայ եւ մինչեւ իսկ լեզուներուն վրայ…
Գալով ապարանջաններուն՝ անոնք ալ տեղափոխուելով հաստատուեցան սրունքներուն յատակը գտնուող կոճերուն վրայ։ Զարմանալիօրէն ալ՝ ոտքի մատները սկսան հագուիլ մատանիներ։ Հոս պէտք է նշեմ, որ այդ բոլոր զարդեղէնները կրնան ըլլալ զուտ ոսկիէ, կամ ալ պարզապէս ոսկեզօծ զարդեղէններ։
Է՜հ, դեռ ի՞նչ մնաց որ չփոխուի։ Եթէ քիչ մը համբերէք՝ ձեզի պիտի ներկայացնեմ վերջին նորոյթը, այդ մարզին մէջ։
Ուրեմն, վերոյիշեալ զարդարանքներուն վերջին թիրախը հանդիսացած է բերնի ատամները։ Հիմա խօսինք օրինակներով։ Թոյլ տուէք, որ բացատրեմ, թէ ինչե՜ր զետեղուած են ակռաներուն վրայ եւ այս բոլորը վասն ինչի, չեմ հասկնար։ Մի ոմն՝ Ռայսա Ֆլաուըրս, որուն վարի ատամներուն ութը լուսնոսկիով կամ ճերմակ ոսկիով պատուած են։ Իսկ վերի ատամներէն մէկը կը կրէ կարմիր վարդ մը եւ միւսն ալ արեւաքար մը։ Զայս կ՚անուանեն յառաջդիմութիւ՞ն…
Վերոյիշեալ դրոշմակներուն հեղինակն է 40 տարեկան Հելըն Հերիս անունով արուեստագիտուհի մը՝ որ նշանաւոր դարձաւ Նիւ Եորքի ադամանդներու շուկային մէջ։
Սեւամորթ ամերիկացի Հերիս՝ ակնարկելով իր արուեստի նորաձեւութեան, դիտել կու տայ, թէ ան իր կենցաղին մէկ մասն է եւ պիտի շարունակէ իր ստեղծագործութիւնը՝ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն։
Մենք՝ թէեւ չենք բաժներ իր պատճառաբանութիւնը, սակայն յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն եւ կը սպասենք անոր յաջորդ նորաձեւութեան՝ որ հաւանաբար շուկայ իջնէ ոչ շատ ուշ …
ԴԵՌԱՏԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ…
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Այտահօ նահանգի Պոյզի քաղաքէն։ Պատմութեան նիւթն է ութ տարեկան Տիլըն Հելպիկի պատկերազարդ գիրքը՝ «The Adventures of Dillon Helbig՚s Christmas», որ լոյս տեսաւ անցեալ Դեկտեմբերին։
81 էջերէ բաղկացած այդ գիրքը՝ որ Տիլըն աւարտած է չորս օրուան մէջ, երեւակայական ճամբորդութիւն մըն է դէպի անցեալը, որ թռիչք կ՚առնէ երբ իրենց տան կաղանդի ծառի վրայ զետեղուած աստղը՝ իբրեւ թէ կը պայթի…
Տիլըն այդ գիրքը կը պատրաստէ Քրիստոսի ծննդեան արձակուրդի ընթացքին եւ կ՚ուզէ, որ ամէն մարդ կարդայ զայն։ Ուստի, երբ իր մեծ մայրը զինք կը տանի տեղւոյն գրադարանը՝ ան գաղտնօրէն կը սպրդէ իր գիրքը վիպագրութեանց բաժնի դարակներէն մէկուն վրայ։
Երբ մայրը կ՚իմանայ եղածը, անմիջապէս կը հեռաձայնէ գրադարան եւ կ՚ուզէ, որ երթայ ու ետ վերցնէ այդ գիրքը։ Սակայն՝ ի զարմանք իրեն, գրադարանի պատասխանատուն՝ պրն. Հարթմըն դիտել կու տայ, որ գիրքը հրապուրած է զինք եւ կը փափաքի, որ մաս կազմէ իրենց հաւաքածոյին։
Ինչո՞ւ, որովհետեւ գիրքը այնքան ժողովրդականութիւն շահած է, որ զայն փոխ առնելով կարդալու համար՝ արդէն իսկ կազմուած է ցանկ մը, որ բաղկացած է 54 անձերէ։ Հոս պէտք է մատնանշեմ, որ այդ գիրքը միակ օրինակն է, որ հիմա գրադարանին կը պատկանի։
Ան կը հետեւցնէ նաեւ, որ եթէ իւրաքանչիւր փոխ առնող՝ գիրքը պահէ չորս շաբաթ, ցանկի անձերը պէտք է սպասեն չորս տարի, որպէսզի կարգը իրենց հասնի…
Առ ի գիտութիւն ըսեմ, որ վերոյիշեալ գիրքը՝ գրադարանի վիպագրութեանց բաժնէն ելլելով, տեղադրուած է պատկերազարդ վէպերու բաժնին մէջ։ Իսկ մենք Տիլընին ապրիս ըսելով՝ կը ցանկանք, որ այս երեւոյթը օրինակ հանդիսանայ ուրիշներուն ալ, որպէսզի անոնք ալ հետեւին իրենց երազներու իրականացման։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ