ԱՊՐԻԼ Կ՚ՈՒԶԵՄ…

Վստահաբար շատերու համար ծանօթ է գիւղական կեանքէն ներս տեղի ունեցած կամ ունեցող գժտութիւնները, յատկապէս ջուրի, տարածքի, ծառերու, ճիւղերու, եւ այլնի առումով: Գժտութիւններ, որոնք երբեմն պարզ վիճաբանութիւններէ աւելի ուղղակիօրէն պատերազմի կը վերածուին, երբեմն ալ դժբախտ աւարտ կ՚ունենան՝ արիւնահեղութեամբ, եւ երբեմն ալ՝ հոգի փչելով…:

Այսօրուան պատմուածքը նման իրադարձութեան մը մասին է, որ ծնունդ առած է կիսով չափ իրական դէպքերէ եւ կիսով չափ ալ մեր մտածումներուն գիրի վերածումն են:

Երկրագունդի կեդրոնական տարածքներէն անկիւն մը, կար գիւղ մը, ուր կ՚ապրէին շուրջ վաթսուն ընտանիքներ: Այդ ընտանիքներուն մէջ կային չորս-հինգ մեծահարուստներ, շուրջ քառասունհինգ՝ միջին վիճակի ընտանիքներ եւ շուրջ մէկ տասնեակ ալ աղքատ ընտանիքներ, որոնք ամէն օր եթէ չկարենային աշխատանք գտնել՝ չէին յաջողեր օրուան աւարտին կտոր մը հաց տանիլ իրենց զաւակներուն: Այս աղքատ ընտանիքներէն մէկը՝ յատկապէս, շատ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր, եւ գրեթէ բոլոր գիւղացիներուն ուշադրութեան կ՚արժանանար, բացի մէկ հարուստ ընտանիքէ:

Այս հարուստ ընտանիքին անտարբերութիւնը կը կայանար այդ թշուառ ընտանիքին ունեցած կտոր մը հողին պատճառով: Երկար տարիներ, այդ երկու ընտանիքները՝ մի քանի սերունդներէ ի վեր գժտութիւններու մէջ էին եւ չէին կրնար համաձայնութեան մը հասնիլ: Գիւղացիները միշտ փորձած էին ու կը շարունակէին փորձել հաշտեցնել այդ երկու ընտանիքները, սակայն բոլոր փորձերը ապարդիւն կը մնային, եւ գժտութիւնը կը շարունակէր աճիլ ու խորանալ սերունդէ սերունդ:

Արդէն երրորդ սերունդն էր այդ երկու ընտանիքներուն, որոնք կը պայքարէին իրարու դէմ:

Հետաքրքրականը այս բոլորին մէջ այն էր, որ հակառակ անոր որ հարուստ ընտանիքը մեծ ունեցուածքի տէր էր, սիրուած ու յարգուած էր գրեթէ բոլոր գիւղացիներէն, ինչպէս նաեւ շրջապատող գիւղերու բնակիչներէն ալ յարգուած ու սիրուած էր, սակայն եւ այնպէս, չէր կրցած իր ուզածին պէս լուծել տալ այդ հարցը:

Միւս կողմէ, այդ թշուառ ընտանիքը, որուն թշուառութեան գլխաւոր պատճառը այդ հարուստ ընտանիքին հետ ունեցած գժտութիւնն էր, չէր հրաժարեր իր արդար իրաւունքէն, եւ ամէն կերպով կ՚աշխատէր տէր մնալ իր հողին ու իրաւունքին:

Այս երկու ընտանիքներուն գժտութեան պատճառը՝ թշուառ ընտանիքին ունեցած հողին մէկ մասն էր, որ կը գտնուէր այդ հարուստ ընտանիքին երկու հողերու մէջտեղը: Հարուստ ընտանիքը կ՚ուզէր այդ հողը սեփականացնել, որպէսզի իր ունեցած երկու հողերը միանային, ինչ որ բնական միտում մըն էր, որ սակայն դէմ յանդիման կը կանգնէր թշուառ ընտանիքի մերժումներուն…:

Թշուառ ընտանիքին մերժելու հիմնական նպատակը այն էր, որ այդ փոքր հատուածին մէջ ունէր ջուրի հոր մը, ուրկէ կը ջրէր իր փոքր այգին, ուրկէ իր ապրուստը կը հանէր: Հակառակ իր տուած բացատրութիւններուն, հակառակ բազմիցս իր կատարած զիջումներուն՝ կողմերը բաւարարող լուծումի մը յանգելու համար, սակայն թշուառ ընտանիքը միշտ դէմ յանդիման կը գտնուէր հարուստ ընտանիքին մեծամը-տութեան եւ միակողմանի պնդումներուն:

Գիւղացիները արդէն յոգնած էին միջամտողի ու բարեխօսի դեր կատարելէն, որովհետեւ յաճախ փորձած էին հաշտեցնել երկու դրացիները, սակայն ապարդիւն:

Գիւղացիներէն ոմանք իրաւունք կու տային հարուստ ընտանիքին՝ ըսելով, թէ իրաւացի է այդ ընտանիքին պահանջքը, քանի որ ան կ՚ուզէ իր երկու հողերը միացնել եւ մէկ ամբողջութեան վերածել, եւ հասկնալի չէ թշուառ ընտանիքին այդ յամառ կեցուածը:

Այս կարծիքին էին հիմնականին մէջ հարուստ գիւղացիները:

Անդին, միւս գիւղացիները սատար կը հանդիսանային աղքատ ու թշուառ ընտանիքին՝ ըսելով, թէ հարուստ ընտանիքին պահանջածը արդարացի չէ, ի վերջոյ այդ ընտանիքը բազմաթիւ ունեցուածքի ու հողերու տէր է, եւ եթէ այդ երկու հողի կտորները այդպէս մնան, ոչ մէկ ժխտական ազդեցութիւն կրնան ունենալ այդ ընտանիքին վրայ: Հակառակ կողմը, սակայն, եթէ այդ փոքր հողակտորը զիջի հարուստ ընտանիքին, այդպիսով ա՛լ աւելի թշուառութեան մէջ պիտի յայտնուի եւ ա՛լ աւելի պիտի ծանրանայ ու դժուարանայ իր գոյութեան համար տարած պայքարն ու ջանքերը:

Ի վերջոյ չէ՞ որ այդ խեղճ ընտանիքին ջուրի աղբիւրը՝ որ կեանքի խորհրդանիշն էր իրենց համար, այդ փոքր հողակտորին մէջն էր…:

Հաշտութեան այս փորձերը ո՛չ միայն տուեալ գիւղի գիւղացիները կատարած էին, այլեւ դրացի գիւղերուն բնակիչներն ալ, նոյնիսկ հեռաւոր զարգացած ու քաղաքակրթուած քաղաքներէ մարդիկ եկած էին եւ փորձած էին միջամտել, սակայն դարձեալ ի զուր անցած էին բոլոր այդ միջամտական փորձերը:

Այսպիսով այդ երկու ընտանիքները կը շարունակէին գժտուած մնալ՝ թշնամութեան աստիճանի:

Թշուառ ընտանիքը կը փորձէր ամէն կերպով պահպանել իր նախնիներէն իրենց ժառանգ մնացած այդ հողակտորը եւ շարունակել իր կեանքի պայքարը:

Միւս կողմէ, հարուստ ընտանիքը ամէն կերպով կը փորձէր խոչընդոտել այդ թշուառ ընտանիքին խաղաղ ու բնականոն կեանք մը ունենալու եւ կամաց-կամաց իր վիճակը բարելաւելու փորձերը:

Անգամ մը իր ոչխարերէն ու կովերէն մէկ քանին կը մտցնէր խեղճ գիւղացիին պարտէզը, որ մինչեւ անդրադառնար կատարուածին եւ հասնէր, արդէն կենդանիները բաւական բան փճացուցած կ՚ըլլային: Ուրիշ անգամ մը, գիշերով այլ գիւղերէ հրաւիրած մի քանի վատահամբաւ վարձկան մարդիկ կը ղրկէր անոր պարտէզը, որպէսզի վնաս հասցնէին ու գողնային բերքէն ու կենդանիներէն: Ուրիշ անգամ մը դարձեալ գիշերով կրակ վառել կու տար անոր պարտէզին չորս կողմը, եւ այդ թշուառ ընտանիքին անդամներն ու դրացի գիւղացիները մինչեւ յաջողէին կրակը մարել, մեծապէս վնասուած կ՚ըլլար խեղճ ընտանիքին պարտէզը:

Եւ այսպէս երկար տարիներ ու տարիներ…

Այս երկու ընտանիքներուն գժտութեան մասին տեղեակ էին նաեւ այդ գիւղին մօտիկ վանքի մը մէջ ապրող վանականները, որոնցմէ մի քանին, քանի՜-քանի անգամներ փորձած էին կողմերը հաշտեցնել, սակայն չէին յաջողած:

Այդ վանքին մէջ ապրող վանականներէն միայն մէկ վանական՝ տարիքով մեծ, որ այդ վանքին վանահայրն էր, երբեք չէր միջամտած կամ խօսած այդ երկու ընտանիքներու գժտութեան մասին: Վանահայրը, ըստ գիւղացիներու վկայութեան, պահած էր իր նախկիններուն՝ նախկին վանահայրերուն բռնած ուղին՝ չմիջամտելու այդ երկու ընտանիքներու գժտութեան, եւ միւս կողմէ սակայն, արգելք ալ չհանդիսանալ վանականներուն՝ փորձելու հաշտեցնել կողմերը:

Վերջին դէպքը, սակայն, լսելով մեծահարուստ ընտանիքի անդամներուն կատարած խուժանութեան մասին, այն է փորձել սպաննել թշուառ ընտանիքին տան գլուխը, իր մօտ կանչելով վանականներէն երկուքը կը թելադրէ անոնց, որպէսզի անմիջապէս գիւղ երթան եւ գիւղապետին ու երկու ընտանիքներուն՝ հարուստ եւ աղքատ, տեղեկացնեն, որ այդ գիշեր հաւաքուին գիւղապետին տան մէջ, որովհետեւ վանահայրը կը փափաքէր գալ եւ խօսիլ այդ երկու ընտանիքներուն հետ՝ գիւղապետին եւ գիւղացիներուն ներկայութեան:

Վանականները անմիջապէս կը շտապեն գիւղ, կը տեղեկացնեն գիւղապետին, որ կը սկսի պատրաստութիւն տեսնել, իսկ վանականները ամէն մէկը մէկ ընտանիքին քով կ՚երթան տեղեկացնելու համար անոնց եւս:

Երեկոյեան, վանահայրը այլ տարիքաւոր վանականի մը հետ կու գան գիւղ եւ կ՚ուղղուին դէպի գիւղապետին տունը, ուր հաւաքուած էին գիւղացիները, եւ երկու՝ արդէն իսկ թշնամի դարձած ընտանիքները:

Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքերէն ետք, ծեր վանահայրը իր խօսքը ուղղելով հարուստ ընտանիքի մեծաւորին՝ կ՚ըսէ.

-Թ…., ինչո՞ւ համար այսքան երկար տեւած ձեր գժտութիւնը չէ՛ք լուծեր, որպէսզի իրարու հետ հանգիստ ու խաղաղ ապրիք: Ի՞նչ են ձեր պահանջները:

Թ….ը զարմացած վանահայրի հարցումէն, քմծիծաղով կը պատասխանէ.

-Ինչպէ՞ս թէ, վանահայր, չըլլայ ուրիշ մոլորակի մը մէջ կ՚ապրիք եւ չէք գիտեր, թէ ի՞նչ են մեր պահանջները եւ ինչո՞ւ համար գժտուած ենք այդ անհասկցողներուն հետ…:

Վանահայրը միջամտելով վերջինս խօսքը, կ՚ըսէ.

-Այդ պատճառո՞վ սպաննել կ՚ուզէիք Հ….ն:

Թ….ն զարմացած եւ շուարած կը փորձէ արդարանալ.

-Բայց հայր իմ, ո՞վ ըսաւ, որ մենք այդպիսի բան ուզած ըլլայինք, քաւ լիցի, մեր ուզածը պարզապէս մեր հողերը միացնել էր, իսկ սպաննե՞լ…, չէ՛, չէ՛ հայր իմ, մենք այդպիսի մտածում իսկ չենք ունեցած:

Վանահայրը.

-Մի՛ ստեր, զաւակս, մի՛ ստեր, եթէ կը փափաքիս կանչել տամ Ա…ն, Թ…ն, Ք...ն, եւ բոլորին ներկայութեամբ հարցնենք, տեսնենք, թէ անոնք ի՛նչ կ՚ըսեն:

Թ….ն կարկամած, շուարած, գլուխը աջ ու ձախ կը պտտցնէր, որպէսզի իր աչքերը չհանդիպէին վանահօր աչքերուն:

Վանահայրը.

-Հը՞, զաւակս, ձայնդ չելաւ:

Թ….ն կը շարունակէր լուռ մնալ ու խօսիլ իր ընտանիքի միւս անդամներուն հետ: Նոյն ընթացքին վանահայրը իր խօսքը ուղղելով Հ….ին, կ՚ըսէ.

-Զաւակս, իսկ ձեր ուզածը ի՞նչ է: Ինչո՞ւ համար վերջ չէք տար այս գժտութեան:

Հ….ն հանդարտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կը պատասխանէ.

-Հա՜յր, մեր ուզածը վստահաբար դուք լաւ գիտէք եւ մեր վանականները տեղեկացուցած կ՚ըլլան ձեզի: Մեր ուզածը շատ պարզ է, կ՚ուզենք ապրիլ… Կ՚ուզենք ապրիլ մեր նախնիներէն մեզի ժառանգ մնացած այդ հողակտորին վրայ, որու մէջ ունինք հոր մը, եւ անկէ ելած ջուրով թէ՛ մենք կը խմենք եւ թէ՛ կը ջրենք մեր մշակած հողը…:

Վանահայրը միջամտելով անոր խօսքը եւ ուղիղ անոր աչքերուն մէջ նայելով՝ կ՚ըսէ անոր.

-Հ….ը, միայն ա՞յդ պատճառով: Զաւակս, ինչպէս դուն եւ բոլոր գիւղացիներդ գիտէք թէ՛ ես եւ թէ ալ ինձմէ առաջ այս վանքին վանահայրութիւնը վարած վանահայրերը չէինք միջամտած ձեր միջեւ եղող գժտութեան, որովհետեւ իմացած ենք, որ մեր եղբայրները միշտ փորձած են միջամտել ու հաշտեցնել ձեզ…: Սակայն, երէկ գիշեր երբ եղբայրներէն մէկէն իմացայ, թէ Թ….ը փորձած է սպաննել քեզ, այլեւս չէի կրնար անտարբեր մնալ ու չմիջամտել: Հիմա, խնդրանքս է քեզմէ, որպէսզի իրականութիւնը ըսես այս գտնուող բոլոր ներկաներուն, որպէսզի ո՛չ ոք չկասկածի քու եւ քու ընտանիքիդ իրաւացիութենէն: Կ՚ուզեմ, որ այսօր բացի ինձմէ եւ իմ կողքս նստող եղբօրմէս եւ քեզմէ ու քու ընտանիքէդ, միւս բոլոր ներկաները գիտնան իրականութիւնը:

Հ….ն զարմացած վանահօր ինքնավստահութեամբ ըսած խօսքերէն, պահ մը կը շուարի, սակայն ինքզինք չկորսնցնելով եւ նոյն հանդարտութեամբ ու ինքնավստահութեամբ՝ կ՚ըսէ.

-Հայր, քանի կ՚ուզէք, որ բոլորն ալ իրականութիւնը գիտնան, ուրեմն ըսեմ.

Մեծ հօրս հայրը անիրաւ կերպով զոհ դարձած է Թ….ին մեծ հօր հօրը կողմէ, որ սպաննած էր իմ մեծ հօրս հայրը աննշան անհասկացողութեան մը պատճառով: Դէպքը պատահած էր մի քանի գիւղացիներու ներկայութեամբ, որ վախնալով Թ….ին մեծ հօր հայրէն, նախըտնրած էին լուռ մնալ եւ ըսել, թէ իմ նախահայրս աշխատանքի ժամանակ ինկած էր եւ գլուխը քարի մը դպած… Եւ ամբողջ գիւղին մէջ այդ լուռը տարածուած էր ու բոլորն ալ առանց կասկածելու հաւատացած էին: Այդ դէպքէն տարիներ ետք, սակայն, երբ ներկաներէն մէկը մահամերձ վիճակի մէջ եղած է, կանչել տուած է վանքի վանահայրը եւ անոր խոստովանած է ամբողջ կատարուածը:

Այդ օրուան վանահայրը իմանալով իրականութիւնը, հանդիպած է իմ մեծ հօրս եւ անոր պատմած է իրականութիւնը: Մեծ հայրս, որպէսզի հեռու պահէ իր ընտանիքը անտեղի անախորժութիւններէ եւ դաժանութիւններէ, խնդրած է վանահայրէն, որպէսզի ո՛չ ոքի ըսէ իրականութիւնը, բացի եթէ զգայ, որ գժտութիւնը արդէն վտանգաւոր աստիճանի հասած է:

Այսպէս անցած են տարիներ ու տարիներ, եւ հիմա կը հասկնամ, որ ձեր նախորդները մեծ հօրս խնդրանքին հաւատարիմ մնալով, իրարու փոխանցած էք այդ գաղտնիքը, որպէսզի առաջքը առնէք անտեղի խժդժութիւններու:

Հ….ն պահ մը լուռ կը մնայ, աչքերը կ՚արցունքոտին, եւ իր խօսքը գիւղացիներուն ուղղելով՝ կ՚ըսէ.

-Իմ գիւղի հարազատ զաւակներ, ահաւասիկ իրականութիւնը, ահաւասիկ բուն պատճառը, թէ ինչո՞ւ համար մենք չենք ուզեր՝ աւելի ճիշդ, ո՛չ թէ չենք ուզեր, այլ չե՛նք կրնար այդ փոքր հողը զիջել մեր դրացիին, որուն ձեռքը մեր նախահօր արիւնով ներկուած է, իսկ այդ փոքր հողին վրայ մեր նախահօր արեան կանչն է, որ մենք ամէն օր կը լսենք, որ կը պատուիրէ մեզի, ըսելով թէ՝ շարունակեցէ՛ք ապրիլ այս հողին վրայ, որպէս արդար վրէժ անիրաւ կերպով թափուած իմ արիւնէն, շարունակեցէ՛ք ապրիլ գէթ համեստ ու խեղճ պայմաններով, սակայն կարեւորը ապրեցէ՛ք այս հողին վրայ:

Հիմա կը հասկնա՞ք սիրելի գիւղացիներ մեր կառչածութեան պատճառը այդ փոքր հողին…

-Մենք կ՚ուզենք ապրիլ, ապրիլ արժանապատուութեամբ, ապրիլ խաղաղ ու անխռով մեր պապենական հողին վրայ, որու մէջ թափուած է մեր նախահօր արիւնը եւ այդ արիւնն է, որ ապրելու յոյս կու տայ մեզի, որ կեա՛նք կու տայ մեզի: Եւ ի՜նչ ալ ըլլայ, մինչեւ մեր ընտանիքին վերջին անդամին արիւնահոսութիւնը մենք պիտի շարունակենք ապրիլ այս հողին վրայ, մեր պապենական հողին վրայ:

Ես, մենք, մեր ամբողջ ընտանիքը ապրիլ կ՚ուզեմ, ապրիլ կ՚ուզենք մեր պապենական հողին վրայ…

Յ.Գ. Ընթերցողներուն ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել, որ հակառակ վանահօր կատարած կարեւոր միջամտութեան, սակայն այդ երկու ընտանիքներուն՝ հարուստ եւ աղքատ, տակաւին չէ լուծուած, եւ վերջերս դարձեալ արիւնահեղութեամբ իր աւարտին հասած էր անոնց հերթական կռիւը: Սիրելի ընթերցողներուն կը յանձնեմ եզրայանգումներ կատարելը, թէ արդարութիւնն ու իրաւունքը ո՛ր մէկ ընտանիքին կողմն է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23-24 ապրիլ, 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022