ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ՈՉԻՆՉ ԿԸ ՀԱՒՆԻՄ

«Ոչինչ կը հաւնիմ»,
Կ՚ըսէ Ճամբորդ մը հանրակառքին մէջ,
«Ոչ ձայնասփիւռը, ոչ առտուան թերթերը,
Ոչ ալ բերդերը բլուրներուն վրայ:
Կ՚ուզեմ լալ»:

Վարորդը կ՚ըսէ. 
«Սպասէ՛ կանգառ հասնինք,
Ապա առանձինդ լաց որքան որ կրնաս»:

Կին մը կ՚ըսէ. 
«Ես եւս՝ ոչինչ կը հաւնիմ: 
Գերեզմանս տղուս ցոյց տուի, 
Սիրեց զայն եւ քնացաւ՝ 
Առանց ինծի հրաժեշտ տալու»:

Համալսարանական մը կ՚ըսէ.
«Եւ ոչ ալ ես, ոչինչ կը հաւնիմ. 
Հնագիտութիւն ուսանեցայ եւ ինքնութիւնս 
Քարերուն մէջ չգտայ:
Արդեօք ես իրապէս ե՞ս եմ»:

Զինուոր մը կ՚ըսէ.
«Ես նոյնպէս՝ ոչինչ կը հաւնիմ. 
Անընդհատ կը շրջապատեմ ուրուական մը, 
Որ զիս կը պաշարէ»:

Ջղային վարորդը կ՚ըսէ.
«Ահաւասիկ մօտեցանք մեր վերջին
կանգառին, 
Պատրաստուեցէ՛ք իջնելու»:
Կը պոռան. 
«Կանգառէն անդի՛նը կ՚ուզենք, 
Յառաջացի՛ր»...

Մինչ ես կ՚ըսեմ. 
«Իջեցո՛ւր զիս հոս:
Ես ալ իրենց պէս եմ, 
Ոչինչ կը հաւնիմ, սակայն, 
Յոգնեցայ ճամբորդութենէն:
Իջեցո՛ւր զիս հոս»:

ՉԵՄ ՃԱՆՉՆԱՐ ՕՏԱՐԱԿԱՆԸ

Չեմ ճանչնար օտարականը 
Եւ ոչ իսկ՝ անոր հետքերը:
Յուղարկաւորութիւն մը տեսայ 
Եւ հետեւեցայ դագաղին
Ուրիշներուն պէս՝ գլխիկոր, յարգանքով:

Հարցնելու պատճառ մը չգտայ, 
Թէ ո՞վ է օտարականը 
Եւ ո՞ւր ապրեցաւ, 
Ինչպէ՞ս մահացաւ 
(Քանի մահուան պատճառները բազմաթիւ են, 
Որոնցմէ՝ ցաւը կեանքին):

Հարցուցի ես ինծի. 
«Արդեօք մեզ կը տեսնէ՞, 
Կամ կը տեսնէ՞ ոչնչութիւն մը 
Եւ կ՚ափսոսա՞յ վերջաւորութեան համար»:

Գիտէի, որ մանիշակներով ծածկուած
Դագաղը պիտի չբանայ, 
Որ մեզի հրաժեշտ տայ, 
Շնորհակալութիւն յայտնէ, 
Եւ շշուկով մը 
Ճշմարտութիւնը փոխանցէ, 
(Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը):

Թերեւս ան մեզի պէս, 
Այս պահուն, 
Իր շուքը կը ծալէ, 
Բայց ինք միակն էր, 
Որ այս առաւօտ չլացաւ 
Եւ չտեսաւ մեր վրայ 
Արծիւի պէս ճախրող մահը 
(Ողջերը մահուան հօրեղբօրորդիներն են, 
Իսկ մահացածները՝ 
Հանգիստ-հանգիստ քնացողները):

Եւ չգտայ պատճառ մը հարցնելու, 
Թէ ո՞վ էր օտարականը 
Եւ ի՞նչ էր անունը անոր 
(Ոչ մէկ կայծ կը փայլի անունին մէջ):

Իրեն հետեւողները քսան են, 
Բացի ինձմէ 
(ես եմ բացին): 

Եւ սրտիս մէջ կորսուեցայ 
Եկեղեցւոյ դրան սեմին. 
Թերեւս գրող մըն էր 
Կամ բանուոր մը 
Կամ գաղթական մը 
Կամ գող մը 
Կամ ոճրագործ մը... 
Ոչ մէկ տարբերութիւն, 
Քանի մահացողները 
Հաւասար են մահուան առջեւ... 
Չեն խօսիր, 
Թերեւս նաեւ չեն երազեր...

Կրնար օտարականին թաղումը իմս ըլլալ,
Սակայն հարց մը կը յետաձգէ զիս դէպի իրեն
Բազմաթիւ պատճառներով,
Որոնցմէ՝ մեծ վրէպ մը քերթուածին մէջ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021