ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՐ ԽՕՍՔԸ

Յայտնի հասարակական գործիչ Սուրէն Սահակեան համոզուած է, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի համար յուսալի գործընկեր կը մնայ այնքան ատեն, որ կարմիր գիծերը չի հատեր։ Հայաստանի քաղաքական իրադարձութիւններուն շուրջ շօշափեցինք իր տեսակէտը։ Թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ան երկրի ներքին քաղաքական իրավիճակը։ Նոր լարուածութիւններ կրնա՞ն պատահիլ։ Այս կապակցութեամբ ան կ՚ըսէ հետեւեալը.

«Այնպիսի քաղաքականութիւն, ինչպէս ես կը պատկերացնեմ, Հայաստանի մէջ չկայ։ Քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ երազանքի եւ այդ երազանքը իրականացնելու զրոյցներու տեսքով։ Անոր շուրջ պէտք է համախմբում եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տեղի ունենայ։ Ասոր փոխարէն Հայաստանի մէջ կայ զրոյց այն մասին, թէ «անոնք» վատ են, ամէն ինչ սխալ կ՚ընեն եւ եթէ «մենք» իշխանութեան գլուխ գանք, ամէն ինչը լաւ պիտի ընենք։ Այս պատճառով նոյնիսկ չեմ ալ հետեւիր, թէ ինչ կը կատարուի փողոցին մէջ։ Թէ՛ նոր բան անպայման տեղի կ՚ունենա՞յ եւ թէ ինչքանո՞վ ան կը սրացնէ իրավիճակը, կախուած է նոր խօսքի բովանդակութենէն»։

-Ի՞նչ պէտք է ընեն իշխանութիւնները՝ ի վերջոյ երկխօսութեան սկսելու համար ընդդիմութեան հետ։

-Իրենք իրենց ընդդիմութիւն հռչակածներուն համար երկխօսութիւնը քաղաքական ինքնասպանութիւն կ՚ենթադրէ։ Այդ պարագային, անոնք յաջորդ ընտրութիւններուն հնարաւոր է, որ նոյնիսկ խորհրդարան չմտնեն։ Ի տարբերութիւն, իշխանական ուժին համար օդ ու ջուրի պէս պէտք է այդ երկխօսութիւնը, որպէսզի յառաջիկային առնուելիք ծանր որոշումներուն բեռը մասամբ ընդդիմութեան ուսերուն բարդեն։ Այդ առումով ես հակառակը կը տեսնեմ. մեծ ցանկութիւն մը՝ ստեղծելու համար այնպիսի հարթակ մը, ուր հնարաւոր կ՚ըլլայ սկսիլ ընթացք մը որոշումներ կայացնելու, երբ ընդդիմութենէն ոչինչ կախուած կ՚ըլլայ։ Այս ամէնը կայ՝ հակառակ անոր, որ այժմ Հայաստանի տեսակէտէ ծանր որոշումներ պէտք է կայացուին՝ համերաշխութեան, զիրար լսելու, հասկնալու ու յարգելու միջավայրին մէջ։ Ա՛յդ է այսօր պետական շահը, որ, ի դէպ, նախորդ ընտրութիւններուն ժողովուրդը մերժած է։

-Վարկած մը կայ, թէ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի ներկայութիւնը ձեւով մը կ՚ուժեղացնէ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքը։ Համամի՞տ էք։

-Հարցը միայն ձեր նշած անձերուն չի վերաբերիր, այլ այն շերտին, որ անցեալին երկրի կառավարման մաս կը կազմէր եւ դերակատար էր երկիրը այս վիճակին հասցնելու մէջ։ Եթէ կախարդութեամբ մը Սարգսեանն ու Քոչարեանը անհետանան, ապա ժողովուրդը անոնց կարկառուն լծակիցները նոյնպէս պիտի մերժէ։ Հարցը անձերը չեն, այլ երկրի կառավարման մասին, նախկին համակարգի կարկառուն բոլոր ներկայացուցիչներուն մասին պատկերացումներն են։ Այդ մտածելակերպը ժողովուրդը արդէն մէկ անգամ մերժած է եւ դժուար թէ համաձայնի ետ երթալ։ Ես կը կարծեմ, թէ այդ մարդոց համար դէպի կառավարման լծակներ ճանապարհը փակ է՝ առնուազն տասը տարիով։ Յետոյ կրնայ ըլլալ առիթ ունենան, եթէ այդ ամբողջ ընթացքին ցոյց տան, որ փոխուած են։ Այնպէս որ, այո՛, քանի դեռ Փաշինեանի ընդդիմութիւնը իրենք են (ընդ որում՝ իրարու արժանի), Փաշինեան վերընտրուելու խնդիր չ՚ունենար։ Անոնց գոյութիւնը պայմանաւորուած է մէկը միւսով։

-Եթէ ընդդիմութիւնը բոլորովին նոր անուններով ներկայանայ, ապա առիթ կ՚ունենա՞յ իշխանափոխութիւն իրականացնելու։

-Այն օրակարգը, որ Հայաստանի մէջ «իշխանափոխութիւն» կը կոչեն, ինծի համար իրական չէ։ Ընդդիմութիւնը կարող է յաջողութեան հասնիլ, եթէ հանրութեան յստակ բացատրէ, թէ ի՞նչ նոր Հայաստան կ՚ուզէ կառուցել, ո՞ր ուղղութամբ պիտի երթայ եւ ինչպէ՞ս անցում պիտի կատարէ ներկայի իրավիճակէն դէպի բաղձալի կէտը։ Ժողովուրդին համար ընկալելի այդ օրակարգը հնարաւոր է, որ վերածուի յեղափոխութեան։ Այդ մէկը, ըստ իս, Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունի։ Հայաստան չի կրնար արդիւնաւէտօրէն գոյութիւն ունենալ, եթէ իրատես ռազմավարութիւն մը չունենայ։ Այժմու միտումները շարունակելը կործանարար է, որովհետեւ հնարաւոր չէ անընդհատ նոյնը ընել, բայց ամէն անգամ այլ արդիւնքի մը սպասել։ Իմ համոզումս այն է, թէ իշխանական ուժի ներկայի մօտեցումները Հայաստանի համար գոյութենական սպառնալիք են։

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Փաշինեանի իշխանութեան նկատմամբ Մոսկուայի մօտեցումը։

-Չէզոք։ Հայաստանի մէջ իշխանաւորներ նշանակելու Մոսկուայի հնարաւորութիւնները գերագնահատուած են։ Մոսկուա անձերով չէ, որ ամուր օղակի մէջ բռնած է Հայաստանը, այլ հիմնարկներու եւ արտաքին քաղաքական շարժիչներու միջոցաւ։ Փաշինեան, ի հարկէ, Մոսկուայի համար Հայաստանի ամենալաւ ու ամենէն շատ ենթարկուող կառավարիչը չէ, բայց քանի դեռ կարմիր գիծեր չէ հատած, անոր հետ կը շարունակեն աշխատիլ։ Ընդհանրապէս, կ՚աշխատին անոնց հետ, որոնց կ՚ընտրէ ժողովուրդը։ Կրկնեմ, որ այս առումով անձերու հանդէպ Մոսկուայի վերաբերմունքի ազդեցութիւնը գերագնահատուած է։

-Ի՞նչ կրնաք ըսել Հայաստան-Թուրքիա գործընթացի մասին։

-Վստահ կարելի է ըսել, որ Հայաստանով բեռնափոխադրութեան, հաղորդակցութեան ուղիները պիտի բացուին, որովհետեւ այս բանը տարածաշրջանէ ներս ազդեցութեան տէր երկիրներու կենսական շահերէն կը բխի։ Բայց ըսել, որ այսպէսով Թուրքիոյ եւ մանաւանդ Ատրպէյճանի հետ յուսալի, գործընկերային յարաբերութիւններ կը ստեղծուին, դեռ շատ կանուխ է։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ըստ էութեան, կը կարծեմ, թէ անյոյս գործ մը կարելի է նկատել։ Կարծիք կայ, թէ Ռուսաստանի ճնշումէն խուսափելու նպատակով ճիշդ կ՚ըլլայ, որ Թուրքիոյ հետ բարեկամական յարաբերութիւններ սկսին։ Սա ամենամեծ խաբկանքն է, որուն որոշ մարդիկ անկեղծօրէն կը հաւատան։ Սակայն, այս մէկը խօսակցական շատ ծաւալուն նիւթ մըն է։ Ձեր հարցումին կրնամ պատասխանել՝ ըսելով, որ յարաբերութիւններու իբրեւ թէ կարգաւորման համար ներկայ ջանքերը պիտի յանգեցնեն, որ Թուրքիա Հայաստանէն պիտի ստանայ տուեալ պահուն հնարաւոր առաւելագոյնը, բայց յարաբերութիւնները պիտի մնան նոյնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 25, 2022