ՀՈՎԻՒ. «ԱՅՍՕՐ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ՈՒՆԻ ԾՈՎ ԿԱՐԻՔՆԵՐ»

Սուրիոյ հայութեան երկար տարիներէ ի վեր դիմագրաւած կացութիւնը մօտէն ծանօթ է հայաշխարհին։ Ամբողջ երկրին մէջ հայերը ողբերգութեան մը կուրծք տուած են՝ ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներու պարագային։ Այս առումով ուշագրաւ են Դամասկոսի հայոց թեմի հոգեւոր հովիւներէն Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգսեանի խորհրդածութիւններն ու վկայութիւնները, որոնց սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Վերջին տարիներուն որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէք Դամասկոսի հայոց թեմէն ներս։ Այսօրուան դրութեամբ, ինչպէ՞ս է համայնքին վիճակը։

-Գոհութիւն Աստուծոյ եւ իմ որդիական երախտագիտութեան զգացումները Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ ինծի առիթ շնորհեց հովուական ծառայութիւնս մատուցանել արաբական երկիրներէն ներս: 2003-ին Նորին Սրբութեան հայրապետական տնօրինութեամբ եւ երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. ղըպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին հրաւէրով ուսման համար մեկնեցայ Եգիպտոս: Ուսումս ամբողջացնելէ ետք, ուրախութեամբ կ՚ուզեմ շեշտել, որ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեանի հրաւէրով ծառայութիւնս եւ ուսումս վերստին շարունակեցի Եգիպտոսի թեմէն ներս եւ հաճոյքն ունեցայ նշանակուելու Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ եւ Սուտանի հայոց այցելու հոգեւոր հովիւ: Նորին սրբազնութիւնը կարելին ըրաւ, որպէսզի լաւապէս նուիրուիմ իմ կրթութեան եւ ծառայութեան: Օգտուելով ընձեռուած հնարաւորութենէն՝ աղօթենք Սուտանի մէջ խաղաղութեան հաստատման, նաեւ համբերութիւն կը մաղթեմ Սուտանի հայ համայնքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Խունկի ու մոմի միախառնութեամբ աղօթքներս կը յղեմ Եկաւեան քոյրերու հոգիներու հանգստութեան համար: Շնորհակալութիւն ձեզի սիրելի եգիպտահայեր եւ սուտանահայեր:

Այդ փուլէն ետք, 2016 թուականին, դարձեալ Նորին Սրբութեան հայրապետական տնօրինութեամբ, հոգեւոր ծառայութիւնս շարունակեցի Իրաքի հայոց թեմէն ներս: Միջագետքի մէջ հնգամեայ իմ ծառայութեան ընթացքին ձեռնամուխ եղայ կազմակերպելու Աստուածաշունչի բացատրութեան դասընթացքներ, ստանձնեցի Հայ եկեղեցասիրաց կազմի (ՀԵԿ) հոգեւոր պատասխանատուութիւնը եւ «Զուարթնոց» դպրաց դասու երգեցողութիւններու պատրաստութիւնը: Վայելեցի իրաքահայ համայնքին ուշադրութիւնը, ընտանեկան հոգատարութիւնը եւ եղբայրական ջերմութիւնը: Շնորհակալութիւն յարգելի իրաքահայեր: Իսկ 2021 թուականին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ հոգեւոր ծառայութեան անցայ Դամասկոսի հայոց թեմէն ներս: Դամասկոսի հայ համայնքը պատերազմէն վերջ յայտնուեցաւ ծանր ու դժուարին կացութեան մը մէջ, ունեցաւ մարդկային անդառնալի կորուստներ, ինչ որ հոգեկան ու հոգեբանական ծանր հետեւանքներ ունեցաւ իրենց ընտանիքի անդամները կամ հարազատները կորսնցուցածներուն վրայ: Այսօր Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Դամասկոսի հայ համայնքը կ՚ապրի դառն իրականութիւն։ Համայնքի անդամներու մեծ մասը կը փորձէ լուծել իր ճիտին պարտքը եւ յաղթահարել օրուան հացը հայթայթելու մտահոգութիւնը: Ճիշդ է, որ Դամասկոսի Հայ Եկեղեցւոյ կառոյցները օժանդակութիւններ կը տնօրինեն իրենց հնարաւորութիւններով, սակայն այդ մէկը մեծ ովկիանոսին մէջ կաթիլ մըն է միայն: Այս բոլորին առընթեր, հարկ է նշել նաեւ, որ այժմ Դամասկոսի հայութիւնը ունի ծով կարիքներ։

Միւս կողմէ, կ՚ուզեմ յատկապէս շեշտել, որ Դամասկոս հոգեւոր ծառայութեան իմ նշանակմամբ ձեռնամուխ եղայ կազմել «Կռունկ» երգչախումբը, որ իր ելոյթներով ուրախութիւն, քաջալերանք եւ մխիթարութիւն կը պարգեւէ քաղաքի հայերուն։

-Յատկապէս պատերազմի աւարտէն ետք այսօր որո՞նք են Սուրիոյ ժողովուրդին, նաեւ Դամասկոսի հայ համայնքին առկայ մարտահրաւէրները։

-Պատերազմէն ետք Դամասկոսի հայ համայնքին համար հայապահպանումը կը մնայ միակ եւ մեծագոյն մարտահրաւէրը։ Ճիշդ է, որ Դամասկոսի Թարգմանչաց ճեմարանը կը գործէ, սակայն հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակը նոյնը չէ՝ մասնաւորապէս Գահիրէի Նուպարեան դպրոցին բաղդատմամբ, ուր առիթ ունեցած եմ դասաւանդելու:

-Շատեր նկատել տուած են, որ սփիւռքահայեր աւելի ամուր կապուած ու կառչած են Հայ Եկեղեցիին։ Ի՞նչ են իսկական պատճառները, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ երեւոյթը։

-Իմ համեստ կարծիքով, սփիւռքահայութեան եկեղեցիին կապուած ըլլալը կը պայմանաւորուի այն հանգամանքով, որ եկեղեցին հայրենիքէն դուրս հոգեւոր հայրենիքի խտացումն է: Սփիւռքահայը ունի այն համոզումը, թէ եկեղեցին հայրենիքի տարազաւորումի խորհրդական ներկայութիւնն է: Երկու հայերու աղօթքը լռութեան մէջ արձագանգն է մայր հայրենիքին, որ կը բխի մեր սիրելի հաւատացեալներու սիրտէն, հոգիէն եւ մտքերէն։

-Դամասկոսի մէջ կը գործեն նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները։ Առհասարակ ինչպէ՞ս է ձեր կապը այդ եկեղեցիներուն հետ։

-Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներուն հետ մեր յարաբերութիւններու մէջ եղբայրական եւ համերաշխ մթնոլորտ մը կը տիրէ՝ փոխադարձ յարգանքով ու վստահութեամբ։ Որպէս վկայութիւն կ՚ուզեմ նշել, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցին զիս քանի մը անգամ հրաւիրած է դասախօսութեան:

-Գաղութի հայութեան թիւը բաւական նօսրացած է։ Ներկայիս ինչպէ՞ս են արտագաղթի միտումները։

-Հայութեան թիւը նօսրացած է ու ցաւօք աւելիով կրնայ նօսրանալ։ Երեւոյթը պայմանաւորած է տնտեսական, ընկերային ճգնաժամով՝ յատկապէս ապագայի հանդէպ անորոշ տրամադրութեամբ: Սուրիա, ի մասնաւորի 2023 թուականի երկրաշարժէն ետք կը փորձէ ամոքել ու դարմանել առկայ վէրքերը, բայց այդ բոլորը բաւարար չեն գաղութէն հեռանալու միտումները ընդհանրապէս դադրեցնելու առումով։

-Եգիպտոսի առընթեր Սուրիան երկրորդ արաբական երկիրն է, ուր կը ծառայէք։ Այդ առումով ալ զինուած էք յատուկ փորձառութեամբ։ Ի՞նչ կը մտածէք արաբական աշխարհին մասին։ Բաց աստի, յաւելեալ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւն կա՞յ արաբներու հետ եւ որքա՞ն կարեւոր է այդ յարաբերութիւնը։

-Իմ համեստ կարծիքով՝ շփումը, յարաբերութիւններու պահպանումը եւ խորացումը անհրաժեշտութիւն է հայերու համար՝ ի մասնաւորի արաբական երկիրներուն հետ: Արդարեւ, քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու ձեռքսեղմումով կը հարստանայ Աստուծոյ մարդը՝ հոգիով, սիրտով ու միտքով, քանի որ կեանքը մեծ դպրոց մըն է, ինչպէս կ՚ըսէ արաբերէն առածը: Մենք ալ շփման եւ յարաբերութիւններու զարգացումով առիթ ունինք հարստացնելու եւ ճոխացնելու մեր փորձառութիւնը: Իմ խորին համոզմամբ, մարդը օրօրոցէն մինչեւ շիրիմ առիթ ունի ուսման, կրթութեան, դաստիարակութեան, փորձառութեան փոխանակման եւ այս պարագային ինչու չէ նաեւ արաբներու իմաստութեամբ հարստանալու։

-Ի՞նչ տպաւորութիւններ ունեցաք Հայաստանի մէջ՝ մանաւանդ որ ձեր կեցութիւնը յագեցած էր աշխատանքային ժամերով։

-Այո, հետաքրքրական շաբթուայ մը ընթացքին հոգեւոր ուրախութեան օրեր ապրեցանք աշխարհի չորս ծագերէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած միաբան մեր եղբայրներուն հետ՝ ի մասնաւորի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական հոգածութեան, ուշադրութեան ներքեւ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հոգեշահ խրատներու ու քարոզխօսութեան շնորհիւ: Տեղին է բարձրաձայնել, որ միաբանական մեր հաւաքներու շրջանակէն ներս երկօրեայ այցելութեամբ գտնուեցանք Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի սահմանամերձ շրջանները եւ մխիթարական ու խնամատարական մեր ծառայութիւնը մատուցեցինք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Մեր ուխտը վերանորոգեցինք ու հաւատարմութիւնը վերահաստատեցինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Նորին Սրբութեան ու դրախտավայր հայրենիքի նկատմամբ: Վերադառնալով մեր զանազան երկիրներէ ներս ծառայութեան, մենք ո՛չ միայն Սուրբ Էջմիածնէն միւռոն կը տանինք մեր հետ, այլեւ ափ մը հայրենիքի սուրբ մասունք՝ սփոփելու ու մխիթարելու համար մեր համայնքներու բոլոր զաւակները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023