ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲՆԵՐ
Սուրիահայերը առաջիններէն էին, որոնք զարգացուցին մարմնամարզը Սուրիոյ մէջ իր զանազան ճիւղերով, մանաւանդ այդ մէկը դրսեւորուեցաւ եւ գագաթնակէտին հասաւ ֆութպոլի մէջ: Սուրիոյ մէջ հիմնուեցան մեծագոյն երեք հայկական ակումբներ, որոնք զանազան մարզական խաղեր կիրառող խումբեր ունեցան ու տակաւին ալ ունին, ըլլան անոնք անհատական կամ հաւաքական խաղեր:
Հայկական մարզակումբները Սուրիոյ մէջ եղած են ախոյեաններ երկրի ֆութպոլի առաջնութեան մէջ եւ շահած են զանազան բաժակներ ու մրցանակներ՝ 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն: Միաժամանակ հայ ֆութպոլիստները եղած են Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականին աստղերը եւ հայ մարզիչները մեծ դեր ունեցած են թէ՛ երկրի ֆութպոլի եւ թէ՛ ազգային հաւաքականին զարգացման կապակցութեամբ: Անհատական մակարդակով ալ զանազան մարզաձեւերէ ներս բազմաթիւ մարզիկներ եղած են Սուրիոյ ախոյեաններ. օրինակ՝ թենիս, փինկ-փոնկ, քարաթէ, քունկֆու, պիլարտօ, աթլեթիզմ եւ այլն: Սկաուտական խումբերը նոյնպէս (որոնք այսպէս կամ այնպէս կ՚առընչուին մարզական աշխարհին հետ) իրենց նուագային, արշաւային ու բանակումային գործունէութիւններով մնայուն ներկայութիւն եղած են եւ տակաին են Սուրիոյ մարզական ու երիտասարդական կեանքին մէջ: Սուրիոյ առաջին սկաուտական շարժումներու հիմնադիրները կը համարուին հայկական ակումբները՝ 1930-ական թուականներէն սկսեալ:
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԵՐ, ՏՊԱՐԱՆՆԵՐ, ՄԱՄՈՒԼ
Սուրիահայերը իրենց կազմակերպուած կեանքի առաջին օրերէն ունեցած են հրատարակչական մեծ գործունէութիւն: Գեղարուեստական, գիտական ու քաղաքական եւ այլ տեսակաւոր գրականութեան հրատարակութիւնները կատարուած են պաշտօնական զանազան կողմերու պատկանող տպարաններու կողմէ, որոնցմէ ամենահիմնականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Բերիոյ թեմին պատկանող «Արեւելք» տպարանն է: «Արեւելք» տպարանը ունի երկար տպագրական պատմութիւն այլազան բնագաւառներու մէջ, սկսեալ հարսանեկան հրաւիրագիրներէ, մանկական նկարազարդումներէն մինչեւ մասնագիտական գիրքեր ու պարբերականներու հրատարակումն ու տպումը:
Եղած են տարբեր փոքրիկ տպարաններ կարգ մը յարանուանութիւններուն պատկանող: Կ՚արժէ անդրադառնալ նաեւ հրատարակչական մասնաւոր եւ անհատական ընկերութիւններուն, անոնք նոյնպէս մեծ գործ կատարած են հայ եւ արաբ գեղարուեսական ու գիտական գրականութիւն հրատարակելով եւ ներկայացնելով Սուրիահայ տարաբնոյթ միութիւններուն տեսակաւոր պարբերականները, տարեգիրքերն ու ծանուցողական-լրատուական ու տեղեկագրային հրատարակութիւնները շարունակաբար լոյս տեսած են Սուրիոյ մէջ: Հայերէն լեզուով դասագիրքերն ու պարբերաթերթերը յատկանշական արժէք կը ներկայացնեն արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դաշտին մէջ: Տպագիր մամուլի աշխարհին մէջ ազգային առաջնորդարանին պատկանող «Գանձասար» շաբաթաթերթը կը հանդիսանայ սուրիահայ կեանքի լրատուական-վաւերական ներկայացուցիչներու հիմնականներէն մին, որ կը հրատարակուի շաբաթօրեայ դրութեամբ եւ ունի յաւելուած թերթեր եւ «Գանձասար բացառիկ» տարեկանը:
Բնականաբար տասնեակներով պարբերականներ, թերթեր ու շաբաթօրեակներ եւ ամսագրեր հրատարակուած են թէ՛ միութենական կառոյցներու եւ թէ՛ անհատական նախաձեռնութիւններով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024