ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴՊՐՈՑ

Դպրոցական առաջին օրէն մինչեւ վերջին պահը ձեր կրթութիւնը հիմնական մասն է ձեր կեանքին: Ամբողջ ծանր աշխատանքն ու զուարճալի պահերը փորձել ամփոփելը կրնայ քիչ մը բարդ ըլլալ: Այսպիսով, անկախ անկէ, թէ աւարտական կատարեալ վերնագիր կը փնտռէք, կամ կը փորձէք պարզել, թէ ի՛նչ գրել տարեգիրքին մէջ, ահաւասիկ դպրոցական մէջբերումներ, որոնք կ՚օգնեն ձեզի գտնել ճիշդ բառերը:

Պարզապէս որոշեցէք ձեր նախընտրածը ստորեւ նշուածներէն, կամ գործածեցէք ատոնք ձեր սեփական հաղորդագրութիւնը գրելու համար:

ԴՊՐՈՑԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

Անկախ այն բանէն, թէ դուք կը փնտռէք կատարեալ մակագրութիւն ձեր դպրոցական առաջին օրուան նկարներուն համար, կամ պարզապէս քիչ մը ոգեշնչման կարիք ունիք ձեր առաջին դասէն առաջ, դպրոցական այս առաջին օրուան մասին արտայայտուած յայտնի անձնաւորութիւններու միտքերը կարծես ձեզի համար են:

«Մարդու կրթութեան ամենէն կարեւոր օրը դպրոցի առաջին օրն է, այլ ոչ թէ՝ աւարտական օրը»: Հարրի Վոնկ

«Այսօր ձեր մնացեալ կեանքի առաջին օրն է»: Չարլզ Տետերիխ

«Դուք սքանչելի վայրեր մեկնած էք: Այսօր ձեր առաջին օրն է: Ձեր լեռը կը սպասէ, այնպէս որ, ձեր ճամբան գացէք»: Տքթ. Սէուս

«Ես միշտ աւելի սիրած եմ դպրոցի առաջին օրը, քան՝ վերջին օրը: Առաջինները լաւագոյնն են, որովհետեւ անոնք սկիզբ են»: Ճենի Հան

«Դպրոցի առաջին օրը. այն օրը, երբ կը սկսի յետհաշուարկը մինչեւ դպրոցի վերջին օրը»: Անյայտ

«Բոլոր երեխաները իրենց դպրոցական ասպարէզին կը սկսին փայլուն երեւակայութեամբ, բեղմնաւոր միտքերով եւ իրենց մտածածով վտանգի դիմելու պատրաստակամութեամբ»: Քեն Ռոպինսոն

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴՊՐՈՑ

Եթէ ձեզի անհրաժեշտ է մղում, ոգեշնչում մը՝ առաջին օրը արթննալու եւ ձեր տան մէկ սենեակը կամ վիրչուալ դասարան ուղղուելու համար, ահաւասիկ ոգեշնչող խօսքեր.

«Դպրոցի զանգերը բարձրաձայն եւ յստակ կը հնչեն. արձակուրդը աւարտեցաւ, դպրոցը հոս է»: Վինիֆրետ Մարշալ

«Դպրոցի առաջին օրը միշտ նորաձեւութեան ցուցադրում է: Մնացեալ ուսումնական տարի՞ն: Ննջազգեստի երեկոյթ»: Անյայտ

«Եկէք՝ յիշենք. մէկ գիրք, մէկ գրիչ, մէկ երեխայ եւ մէկ ուսուցիչ կրնան փոխել աշխարհը»: Մալալա Եուսուֆզայ

«Տարուան ամենէն սիրած եղանակներէս մէկն է. վերադառնալ դպրոց: Փոքր եղած ատենս ես կը սիրէի նոր դպրոցական պարագաներ, նոր տարազ, եղանակներու փոփոխութիւն եւ նոր դասագիրք բանալու հնարաւորութիւն»: Տանա Փերինօ

«Աշխատանքի օրը փառաւոր տօն է, քանի որ ձեր երեխան յաջորդ օրը դպրոց կը վերադառնայ: Այն կը կոչուէր Անկախութեան օր, բայց այդ անունն արդէն ընդունուած էր»: Պիլ Տոտս

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Դասապահերու միջեւ «եռուզեռը», ձեր ընկերները, բոլոր արտադասարանային գործունէութիւնները. երկրորդական վարժարանին մէջ շատ բան կը կատարուի: Երբ հասնիք ուսումնական տարուան աւարտին, աւարտական երեկոյին առիթով արտայայտուած գաղափարներ.

«Եղիր այնքան լաւ, որ անոնք չեն կրնար քեզ անտեսել»: Սթիւ Մարթին

«Կրթութեան արմատները դառն են, բայց պտուղը՝ քաղցր»: Արիստոտէլ

«Անկախ այն բանէն, թէ ինչպէ՛ս կը զգաք, արթնցէք, պատրաստուեցէք եւ ներկայացէք»: Ռեճինա Պրեթ

«Երկրորդական վարժարանին մէջ իմ ամենէն շատ յիշածս այն յուշերն են, որոնք ես ստեղծած եմ իմ ընկերներուս հետ»: ՃԻ. Ճի. Ուաթ

«Երկրորդական վարժարանը ո՛չ ժողովրդավարութիւն է, ո՛չ բռնապետութիւն, ո՛չ հակառակ տարածուած կարծիքի՝ անիշխանական պետութիւն: Երկրորդական վարժարանը աստուածաիրաւական միապետութիւն է: Իսկ երբ թագուհին արձակուրդի կ՚երթայ, ամէն բան կը փոխուի»: Ճոն Կրին

«Երկրորդական վարժարանը այն է, թէ ո՛վ ես դուն, որովհետեւ ատիկա աւելի կարեւոր է, քան ուրիշը ըլլալը»: Նիք Ճոնաս

«Երկրորդական վարժարանի աւարտին ես, անշուշտ, կիրթ մարդ չէի, բայց գիտէի ինչպէս փորձել դառնալ»: Քլիֆթոն Ֆատիման

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ԴՊՐՈՑ

Միջնակարգ դպրոցը երբեմն դժուար կ՚ըլլայ, ուրեմն՝ ահաւասիկ խօսքեր, միտքեր, որոնք կրնան ձեզ ոգեշնչել: Ստորեւ հրապարակուած ցուցակէն որոշեցէք ձեր նախընտրածը եւ զայն գործածեցէք՝ օգնելու ձեզի ինչպէս վարուիլ գալիք լաւ, այնպէս ալ դժուար ժամանակներու մէջ:

«Միջնակարգ դպրոցը նման է երկրագունդի կեդրոնին: Ասիկա կախարդական ճամբորդութիւն է՝ լեցուած թզուկներով, հոպիթներով, թագուհիներով, թագաւորներով եւ քանի մը վատ կախարդներով: Խօսք իմաստուններուն. լաւ ընտրեցէք ձեր ճամբորդութեան ընկերները: Անոնք, որոնք քաջութիւն եւ բարոյական ուժ ունին համբերելու: Անոնք, որոնց շուրթերը կը փայլին կախարդական փայտիկներու պէս, վտանգի առջեւ կանգնելու ատեն: Այս ձեւով, երբ դուք կ՚անցնիք խճողուած միջանցքներէն, որոնք լի են վնասակար շեղումներով, կը հասնիք ձեր ցանկալի նպատակակէտին կամ գոնէ յաջորդ դասին»: Քիմպըրլի Տանա

«Միջնակարգ վարժարանի մէջ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարելը արկածախնդրութիւն է, գործ չէ»: Անկելա Պենեթ

«Բայց որքան մենք բոլորս իրարու կը մօտենայինք, այնքան աւելի շատ արտաքին շերտերը կ՚իյնային բացայայտելով, որ մենք բոլորս ունինք անապահովութիւններ, վախեր եւ երազներ: Եւ ատիկա շատ բնական է: Աստուած մեզ այդպէս ստեղծեց»: Էլիսոն Քենետի

«Օր մը միջնակարգ դպրոցը կ՚աւարտի եւ կը դառնայ երկրորդական դպրոց, իսկ ատկէ ետք կը դառնայ կեանք: Բոլոր այն բաները, որոնք դուք կը կարծէք, որ այժմ կարեւոր են, այլեւս չեն ըլլար»: Ուիմպի Քիտի օրագիրը

ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԽՕՍՔԵՐ ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍԻՆ

Կարեւոր է հիւմըրը գտնել մանրուքներու մէջ, երբ խօսքը կը վերաբերի դպրոցին: Ահաւասիկ օրինակներ.

«Երկար բացակայութենէ ետք դասարանին մէջ նկարագրելով իր առաջին օրը՝ ուսուցիչը ըսաւ. այդ նման էր միաժամանակ ջուրի տակ 35 խցան պահելու»: Մարք Թուէյն

«Ծա՛նր աշխատեցէք, խո՛ր քնացէ՛ք»:

«Տալլասի մէջ երկրորդական վարժարանի մը պատի թերթին վրայ գրուած է. «Անվճար ամէն երկուշաբթիէն ուրբաթ. գիտելիքներ: Բերէք ձեր սեփական բեռնարկղները»: Ի. Սի. Մաքենզի

«Ես միշտ պատրաստ եմ սորվելու, հակառակ անոր որ միշտ չեմ սիրեր, որ ինծի սորվեցնեն»: Ուինսթոն Չըրչիլ

«Դպրոցին մէջ կը սորվիս կեանքի մասին յիմար հարցումներ ուղղել»: Մարթի Ռուպին

«Դպրոց կը նշանակէ աշխատանք, իսկ աշխատանքը՝ մահ: Բոլորս երթանք քնանալու»: Էմմա Շենոն

«Դուք կրնաք քաշքշել մարմինս դէպի դպրոց, բայց իմ հոգիս կը մերժէ դպրոց երթալ»: Պիլ Ուաթըրսոն

«Մինչեւ այն ատեն որ ուսուցիչները քննութեան հարցարանները կու տան, դպրոցներուն մէջ միշտ աղօթք պիտի ըլլայ»: Անյայտ

«Առանց տպաւորիչ արտառոցութիւններու (eccentrics) եւ խենթ սիրտերու՝ ոչ մէկ դպրոց կ՚արժէ յաճախել»: Սոլ Պելօ

ՈԳԵՇՆՉՈՂ ԽՕՍՔԵՐ

Դպրոցական ոգեշնչող խօսքեր կան, որոնք կ՚օգնեն ձեզի, երբ դպրոցը կը դժուարանայ: Կ՚օգնեն աւելի յառաջանալու, երբ ամէն բան լաւ կ՚ընթանայ: Անոնք նոյնպէս հիանալի տեսք ունին ձեր դպրոցական անձնական թղթապանակներուն վրայ:

«Որքան կրնաս շատ սորվէ հիմա, քանի տակաւին փոքր ես, որովհետեւ աւելի ետք կեանքը շատ զբաղած պիտի ըլլայ»: Տանա Սքոթ

«Կրթութիւնը ապագայի մեր անձնագիրն է, որովհետեւ վաղը կը պատկանի այն մարդոց, որոնք այսօր կը պատրաստուին ատոր»: Մալքոլմ Էքս

«Սորվիլը գանձ է, որ ամէն տեղ կը հետեւի իր տիրոջը»: Չինական առած

«Կրթութիւնը աշխարհը բանալու բանալին է, ազատութեան անձնագիր»: Օփրա Ուինֆրի

«Ազատութեան ճամբան՝ հոս եւ երկրի վրայ ամէն տեղ, կը սկսի դասարանին մէջ»: Հիւպերթ Համֆրի

«Դպրոցը չորս պատեր ունեցող շէնք մըն է, որուն մէջ վաղը կայ»: Լոն Ուոթըրզ

«Ուշիմութիւն, առաւել նկարագիր, այս է իսկական կրթութեան նպատակը»: Մարթին Լութեր Քինկ

«Յաջողութիւնը գումարն է փոքր ջանքերու, որոնք կը կրկնուին օրէ օր»: Ռոպերթ Քոլիեր

ԴՊՐՈՑԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋ

Ուսումնական տարուան աւարտին հասնելէ ետք կարեւոր է յետադարձ հայեացք մը նետել եւ անդրադառնալ ձեր կրթութեան: Այս խօսքերը կրնան ձեզի օգնել ատիկա ընել, եւ անոնք կատարեալ յաւելումներ են ձեր աւարտական գաղափարներուն համար:

«Ըրէք այն, որ պէտք է ընէք, մինչեւ չկարողանաք ընել այն, որ կ՚ուզէք»: Օփրա Ուինֆրի

«Որքան բախտաւոր եմ, որ ունիմ բան մը, որ այդքան դժուար կը դարձնէ հրաժեշտը»: Ա. Ա. Միլն

«Երբեք ուշ չէ ըլլալ այն, որ դուն կրնայիր ըլլալ»: Ճորճ Էլիոթ

«Այն, որ կը զգացուի որպէս վերջ, յաճախ սկիզբն է»: Անյայտ

«Հակառակ անոր որ ոչ ոք կրնայ վերադառնալ եւ սկսիլ բոլորովին նոր սկիզբ, այսուհետեւ բոլորը կրնան սկսիլ եւ կատարել բոլորովին նոր աւարտ»: Քարլ Պարտ

«Եկէք՝ ընենք այն, որ կը սիրենք, եւ շատ բան ընենք»: Մարք Ճաքոպս

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021